կարևոր
3604 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-09-08 20:27
Արցախ Քաղաքական

Արցախի վերազարթնումը

Արցախի վերազարթնումը

Բեղուն է սեպտեմբերեան վերամուտը, որ միայն դպրոցներու եւ այլ կրթական հաստատութիւններու «դռնբաց»-ին հետ կապ չունի։

Յատկապէս շրջափակեալ Արցախին համար իւրայատուկ է այս վերամուտը։ Անցեալ Դեկտեմբերէն ի վեր հետզհետէ ծանրացող տագնապները իրենց անմիջական ներգործութիւնը կ’ունենան բնակիչներու սննդառութեան, ահա նաեւ դպրոցներու վրայ, խափանելով շատ բան:

Եւ իսկապէս: Երբ վերամուտ կ’ըսենք, այդ եզրը անմիջականօրէն կ’առնչուի կրթական կեանքին: Քաղաքական գետնի վրայ՝ վերազարթնում մըն է, որ կը կատարուի։

Այո՛․․․ վերազարթնո՛ւմ, վերակառուցո՛ւմ եւ մինչեւ իսկ աշխարհահայեցողութեան վերամշակո՛ւմ:

Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը իր հրաժարականը յայտարարեց մօտաւորապէս 10 օր առաջ, 31 Օգոստոսին, հետեւաբար, Սեպտեմբեր 9-ին, Արցախի Ազգային ժողովը պիտի ընտրէ նոր նախագահ մը։

Կասկածէ վեր է, որ դաժան պայմաններու տակ կը կատարուի այս ընտրութիւնը, խորապէս ցնցուած, պաշարուած ու մահուան դատապարտուածի վիճակին մատնուած Արցախի մէջ։ Շուշին եւ միւս տարածքները, որոնք բռնախլուեցան 3 տարի առաջ, կարծէք թէ մղուած են յետին բեմ, մնացեալ տարածքին մէջ սոսկ ապրելու իրաւունքն է, որ գրաւած է ամբողջ բեմը, որովհետեւ վիճակը հասած է հոն, որ իւրաքանչիւր մարդ օրական միայն կէս հաց կը ստանայ վերջին օրերուն, կարգ մը դպրոցներ փակուած են, որովհետեւ մանուկներուն սննդանիւթը հոգալու ի վիճակի չեն…

19 Բաղրամեան պողոտայի բնակիչները արհամահանքով եւ երեւութական կրաւորականութեամբ կը հետեւին այս ընտրութիւններուն: Արցախը շատո՜նց դուրս ինկած է անոնց հոգածութենէն, մասնաւորաբար այն օրէն, երբ վարչախումբը Ստեփանակարետին ցոյց տուաւ Պաքուի հետ բանակցելու ճամբան…: Աւելի՛ն, առերեւոյթ կրաւորական կեցուածք որդեգրելով՝ կը փորձեն ամէն գնով վարկաբեկել, հարցադրումի եւ նոյնիսկ կասկածի տակ առնել այս ընտրութիւնը։

Դժբախտաբար այս երկդիմի տիպարները ո՛չ զգացողութիւնը, ո՛չ ալ գիտակցութիւնը ունին, որ իրենք ալ մեծ դեր ունին Արցախի կորուստներուն եւ տագնապին ծանրացման մէջ, թէ՝ պարտաւոր են հոգածու ըլլալ պատմական Հայաստանի մէկ մասնիկը եղող Արցախի պահպանման եւ Հայաստանի անցագիր կրող 120 հազար բնակիչներուն ապրուստի պայմաններուն ապահովման: Ի՜նչ սպասել վարչախումբէ մը, որ նոյնինքն Հայաստանի սահմաններուն վրայ քանի մը օրէ ի վեր ազերիական ուժերու կուտակումը կը դիտէ այնպիսի ակնոցով, որ կարծէք թէ այլ երկրի մը դէմ սպառնալիք ըլլար, մէյ մը բարեկամն ու դաշնակիցը կը մեղադրէ, յաջորդ օրը Մ.Ա.Կ.-ը պատասխանատուութեան կը կանչէ, իսկ ինք ձեռնածալ նստած՝ պաշտպանական ո՛չ մէկ շօշափելի քայլի կը դիմէ, դիւանագիտական համակարգը , ամառ օրով՝ ձմեռնաքունի մատնած է…

Սակայն ՔՊ-ական վարչախումբը՝ 19 Բաղրամեանի վարձակալները (նա՛եւ վարձկանները) չեն գիտակցիր, որ իշխանութիւնները գնայուն են, պետութի՛ւնն է մնայունը։ Ա՛յն պետութիւնը, որուն հիմերը կը սասանեն ամէն օր, բոլոր ոլորտներուն մէջ:

Վստահ ենք, ու համա՛յն հայութեան սպասումն է, որ Արցախի ղեկավարութիւնը միակամ պիտի գործէ՝ լրջօրէն քննարկելով ստեղծուած դժնդակ կացութիւնը, առանց Հայաստանի ներկայ իշխանաւորներուն հլու կամակատարն ու խամաճիկը դառնալու։

Այս օրհասական պայմաններուն մէջ գործ կայ կատարելիք, թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին գետիններու վրայ։ Վերջին շրջանին, Արցախի քաղաքական ուժերը մեծ մասով ցոյց տուին, որ յանձն առած են պարտականութիւնը՝ միասնական ոգի ստեղծելու, համախմբուելու եւ համաձայնութեամբ գործելու։ Ձեռքերու միացումով դէպի յառաջ շարժելու կամքը ուղեցոյց պիտի ըլլայ ո՛չ միայն արցախցիին, այլ նաեւ Հայաստանին ու ողջ հայութեան, այնպէս՝ ինչպէս եղաւ Արցախեան Շարժումի արշալոյսին օրերուն:

Սփիւռքը այս իմաստով միակամ է իր կուսակցութիւններով, հիմնարկներով, կառոյցներով, եւ շարունակ կը մարտնչի ի խնդիր արցախահայութեան պատմական իրաւունքներու արդար լուծման: Սեպտեմբեր 2-ին, Սփիւռքի բազմաթիւ օճախներուն մէջ կազմակերպուած հանրահաւաքները, նստացոյցերն ու քայլարշաւները կը փաստեն, թէ այս օրհասական ժամերուն «բիւզանդական վիճաբանութիւններ»-ը, անհիմն եւ անհեթեթ դարձած տարակարծութիւններն ու երկրորդական հարցերը մէկդի դրուած են։

Դիւանագիտական գետնի վրայ մանաւանդ՝ վիթխարի աշխատանք կայ իրագործելիք. քանի մը շաբաթ առաջ, Մ․Ա․Կ․-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին թափթփած ներկայանալն ու ապարդիւն մնալը շատ բան ցոյց տուաւ, մինչդեռ անդին, հայ-դատական ճիգերով՝ ամերիկեան խորհրդարանին մէջ քննարկումները եւ Ատրպէյճանի հասցէին հնչած՝ ցեղասպանի ամբաստանութիւնները այլ ուղի ցոյց տուին…

Հայաստան – Արցախ – Սփիւռք եռամիասնական համակարգը անյապաղ պէտք է գործէ, թիկունք կանգնելով Արցախի համաձայնական նախագահին։

Արցախի նոր նախագահի ընտրութիւնը պիտի մարմնաւորէ վերազարթնումը, պիտի նշէ նոր մեկնարկ մը: Մեկնարկ՝ որ ամրագրէ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ տեսնելու որեւէ ընտրանքի մերժում, իսկ վախճանակէտը՝ Արցախի հողային եւ քաղաքական բոլոր իրաւունքներուն վերատիրացումը:

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական