կարևոր
2071 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-07-21 12:21
Քաղաքական

Թակարդը

Թակարդը

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ այնպիսի՜ խորամանկութեամբ եւ հնարամտութեամբ կը կատարէ իր պաշտօնը, որ վաղը մինչեւ իսկ մենք՝ հայերս յանցաւոր պիտի նկատուինք՝ մեզի երկարած «բարեսի՜րտ ձեռքը» չբռնելու մեղադրանքով:

Խօսքը՝ մեր, այսինքն՝ արցախահայութեան մասին է, նաեւ՝ Արցախի հայութեան իրաւունքներուն վերահաստատման ի խնդիր պայքար տանող բոլո՛ր հայերուն մասին։

Յանցաւոր պիտի նկատուինք, որովհետեւ, հեղինակութի՜ւն եղող Միշէլի (ան)տրամաբանութեամբ՝ կը մերժենք ու պիտի մերժենք մարդասիրական որեւէ օժանդակութիւն Ակնայի (Աղնա) ճամբով, եւ սա հաւանաբար հաշտ աչքով պիտի չդիտուի Միշէլի եւ իր շուրջ գտնուողներուն կողմէ, որոնք ամէն հնարք ի գործ կը դնեն՝ հարցերը Ատրպէյճանի նախահաշիւներով լուծման հասցնելու նպատակով։

Հարցին միւս երեսն ալ այն է, որ Երեւանի իշխանաւորը ըստ էութեան կը պարէ այս լարին վրայ, թէեւ բառեր չի խնայեր հաստատելու, որ Ատրպէյճան նոր ցեղասպանութիւն կը պատրաստէ:

Միշէլի եւ իրեն նման այլ տիպարներու համար, կարեւորը՝ իրե՛նց հայեցակէտո՛վ հարցը լուծելն է, եւ այնքան ատեն, որ լուծումը յառաջ կը տարուի Եւորպական խորհուրդի միջնորդութեամբ եւ հետեւաբար՝ լուսանցքի վրայ նետուած է Մոսկուան, ուրեմն յաջողութիւն արձանագրուած է։

Միշէլ եւ միշէլանման այլ ներկայացուցիչներ չեն ուզեր հասկնալ ու տրամաբանել, թէ Աղտամի ճամբով մարդասիրական մատակարարումներ կատարելու Ատրպէյճանի պատրաստակամութիւնը՝ լոկ պաշարուած բնակչութեան կարիքները ապահովելու համար չէ, այլ պարզ ու մեկին հասկցնել, թէ արցախցիին եւ հայութեան համար կայ միայն մէկ ճամբայ՝ տեղի տալ ալիեւեան լուծումին առջեւ, անձնատուր ըլլալ, որուն պիտի հետեւի ճերմակ կամ կարմիր ջարդ մը, այսինքն՝ նոր էջեր պիտի աւելնան Սումկայթի եւ Պաքուի փոկրոմներու հատորին վրայ։

Բերձորի ու Աղտամի ճամբաները իրարու հետ բաղդատելով կամ… խառնելով՝ շատ աւելի մտահոգիչ կացութիւն մը կը ստեղծուի: Հարց է, թէ Եւրոպական Խորհուրդը չի՞ նկատեր, թէ հիմնական փոփոխութիւններ կը կատարուին Արցախի հիմնահարցին ուղղութեան մէջ, եւ սա աւելի՛ եւս կը նուաստացնէ Փաշինեանի 9 Նոյեմբեր 2020-ին ստորագրած պարտութեան համաձայնագիրը։ Վստա՛հաբար գիտէ, բայց չգիտնալ կը ձեւանայ, որովհետեւ իրեն համար հարցը հոն չէ, ո՛չ ալ Արցախի տարրական իրաւունքներուն հաստատումը:

Շրջանցուած է ամբողջ կացութիւն մը, լուծման համեմատաբար աւելի ճիշդ ուղի մը, իսկ ահազանգ հնչեցնողը, փոխան Երեւանի՝ եղաւ Մոսկուան, շեշտելով, թէ ստորագրուած համաձայնութեան մէջ, յստակօրէն կը նշուէր Բերձորի միջանցքին բաց պահուելու կէտը: Մոսկուան այս յիշեցումը ըրաւ՝ մեկնելով իր շահերէն, սակայն եկո՛ւր, տե՛ս, որ այդ գիծին վրայ հայկական շահը որոշ չափով կը համապատասխանէ անոնց:

Փողկապով նախընթաց հանդիպումներու պահուն, յայտնապէս փրոթոքոլային կեղծիք մը թաքնուած կ’ըլլար։ Սակայն այս անգամ փողկապազուրկ տողանցքով մը՝ Միշէլ, Ալիեւ եւ Փաշինեան մերկացուցին ահաւոր կացութիւնը։ Դեռ շատ բան կարելի է քաղել Միշէլի լոյս ընծայած երկար յայտարարութենէն, որուն մէջ, ի միջի այլոց, դարձեալ կը շեշտուի, թէ Պաքու եւ Երեւան կը հաստատեն մէկզմէկու գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու յանձնառութիւնը, իսկ ասոնք կը հիմնուի այն ըմբռնումին վրայ, թէ Հայաստանի տարածքը 29 800 քառակուսի քիլոմեթր է, իսկ Ատրպէյճանի տարածքը` 86 600 քառակուսի քիլոմեթր: Այլ խօսքով, այն՝ ինչ որ Ալիեւ պահանջած էր, եւ Փաշինեան կնքած՝ երբ ԱՄԲՈՂՋ ԱՐՑԱԽԸ կը ճանչնար իբրեւ ատրպէյճանապատկան, իսկ իբրեւ «վրադիր», կ’ընդունէր Հայաստանի սահմանամերձ «հողամասնիկները» յանձնել Ատրպէյճանին:

Հպանցիկ ձեւով, «ի միջի այլոց»-ի տրամաբանութեամբ էր որ նշուեցաւ, թէ կը քննարկուի Արցախի հայ բնակչութեան վիճակը եւ Բերձորի միջանցքին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը, նշելով, թէ կացութիւնը ակնյայտօրէն կայուն չէ եւ չի բխիր ոեւէ մէկուն շահերէն: Եւ այս բովանդակութեան մէջ էր որ, իբրեւ «այլընտրանքային ճամբայ», հրապարակ եկաւ Պաքուի պատրաստակամութիւնը՝ Աղտամէն «մարդասիրական առաքումներ» կատարելու։ Ու մեր յիշողութեան մէջ դառնօրէն վերականգնեցաւ ազերիներուն փակած ճամբաները «այլընտրանքային ճամբաներով փոխարիներու» փաշինեանական հնարքները. Վստահաբար չէ մոռցուած, որ Գորիս-Կապան ճամբուն փակումէն ետք, Երեւանի «հնարամիտները» ցոյց տուած էին լեռնային դժուար անցանելի ճամբաներու «այլընտրանքը», կը ծրագրեն վաղն ալ «այլընտրանքային ճամբաներ» գտնել, երբ Տիգրանաշէնն ու Տաւուշի հողամասերը նուիրեն Ատրպէյճանի, որ բնականաբար Գորիս-Կապան կամ Բերձորի ճամբաներուն հետեւողութեամբ՝ անցակէտեր պիտի տեղադրէ նաեւ հոն:

Իսկ որքա՞ն պիտի ուշանայ այն օրը, երբ մեր ժողովուրդը պիտի գտնէ «ազգընտիր վարչապետ»-ին եւ անոր շուրջ խմբուածներուն՝ կորուստէ կորուստ տանող ու միայն թշնամիին նպաստ բերող ուղիին այլընտրանքը…

Լաբիւրինդոսային կացութիւն մըն , որ կը շարունակուի։ Պարտութիւնը ռազմական գետնէն փոխադրուած է դիւանագիտութեան դաշտ, կը ցատկէ անդունդէ անդունդ։

Ահաւորը այն է, որ մեր ղեկավարները չեն նկատեր հմտօրէն լարուած թակարդը, իսկ տեսնողներն ալ, արտաքին եւ ներքին ազդեցութիւններու հետեւանքով՝ մատնուած են անկարելի վիճակի․․․

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական