Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Երբ համայն հայութիւնը, հայրենիքի մէջ եւ ի սփիւռս աշխարհի, կը պատրաստուէր մեծ շուքով նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ խիստ ողջունելի եւ իր համախմբող բնոյթով յատկանշուած նախաձեռնութիւն մը:
Արդարեւ, Լoզանի պայմանագիրի 100-ամեակին ընդառաջ, նախաձեռնութեամբ կաթողիկոսարանի «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամի յանձնախումբին, Ապրիլ 22-24 կաթողիկոսարանին մէջ տեղի ունեցան նախապատրաստական խորհրդակցական նիստեր, որոնց բացի Արամ Ա. վեհափառ հայրապետէն եւ յանձնախումբի անդամներէն մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկը, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկը եւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայկական հարցի բաժինը ներկայացնող ակադեմականներ եւ գիտնականներ, ինչպէս նաեւ Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի թղթածրարի պատասխանատուն եւ կաթողիկոսարանի հիմնադրամներու յանձնախումբերու քարտուղար-գործավարը: Իսկ նկատի ունենալով հարցին քաղաքական ուղղուածութիւնը եւ անոր համահայկական բնոյթ ունենալը, այս նիստերուն վեհափառ հայրապետին հրաւէրով մասնակցեցան նաեւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու՝ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի, Հ.Յ.Դ.-ի եւ Ռ.Ա.Կ.-ի բարձրագոյն ղեկավար մարմիններուն ներկայացուցիչները:
Խորհրդակցական այս նիստերուն անհրաժեշտութեան մասին խօսուած էր մանաւանդ տարեսկիզբին տեղի ունեցած հանդիպումներու ընթացքին: Քննարկումներուն ընդհանուր նպատակն էր հայութեան ազգային պահանջատիրութեան պայքարի վերարժեւորումը՝ Լoզանի եւ Սեւրի պայմանագիրներուն յարաբերակցութեան ծիրին մէջ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու եւ մասնաւորաբար հայ փոքրամասնութեան իրաւունքներուն ուրուագծումը: Ինչպէս ծանօթ է, այս տարի Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծման 100-ամեակն է, որուն կը զուգադիպի նաեւ Լoզանի պայմանագիրին 100-ամեակը, որ եկաւ գծելու ժամանակակից հանրապետական Թուրքիոյ սահմանները, բայց որ չսահմանափակեց անոր ծաւալապաշտական ձգտումները, որոնք հետագային դրսեւորուեցան սուրիական Ալեքսանտրեթի սանճաքի կցումով, Հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւումով եւ վերջին տասնամեակներուն պարբերաբար իրաքեան ու սուրիական հողեր ներխուժումով, այդ երկու երկիրներու ինքնիշխանութեան խախտումով՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պատրուակին տակ, եւ բռնագրաւումով:
Լoզանի պայմանագիրով թշնամի Թուրքիան կարծեց, թէ վերջնականապէս տապանաքար կը դնէ Հայկական հարցին վրայ եւ անվերադարձ չեղեալ կը նկատէ հայկական պահանջատիրական պայքարի իրաւական հիմքերը հանդիսացող զոյգ փաստաթուղթերուն՝ Սեւրի պայմանագիրին եւ Ուիլսընեան Իրաւարար վճիռին վրայ, սակայն անցնող տասնամեակներուն եւ մանաւանդ Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակէն ետք հայ ազգի ծաւալած պահանջատիրական պայքարը եւ ցուցական քայլերը, իսկ քաղաքական որոշումի կեդրոններուն մէջ երբեմն երեւցող որոշ ազդանշանները ցոյց տուին, որ Հայկական հարցը յաչս աշխարհին կը մնայ ապրող հարց, իսկ Սեւրի պայմանագիրը, աշխարհաքաղաքական կացութիւններու փոփոխութեամբ, կրնայ դուրս գալ գզրոցներէն ու վերակենդանանալ: Ասոր մէջ ալ կը կայանայ Սեւրի եւ Լoզանի պայմանագիրներուն յարաբերակցութեան քննարկումը Ապրիլին թէ տարեսկիզբին տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին:
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նստավայրին մէջ տեղի ունեցած այս նախապատրաստական խորհրդակցական հանդիպումները, որոնք, ըստ կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքին տարածած լրատուութեան, իրենց շարունակականութիւնը պիտի ունենան նաեւ հետագային, կարեւոր կը նկատուին նաեւ այն առումով, որ առիթներ են սփիւռքահայ եւ հայրենական գիտական, հասարակական եւ քաղաքական ներուժն ու ներկայացուցիչները մէկտեղելու եւ անոնց միջեւ երկխօսութեան ու միտքերու փոխանակման հարթակ մը ստեղծելու՝ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ ներազգային երկփեղկումի եւ պառակտուածութեան մթնոլորտին պատճառով ներկայիս գրեթէ գոյութիւն չունին ակադեմական թէ քաղաքական դաշտերու ներկայացուցիչներուն միջեւ երկխօսութեան կամ բազմախօսութեան հարթակները՝ քննարկում ծաւալելու մեր ազգային կեանքը յուզող զանազան հիմնահարցերու շուրջ, որոնցմէ մէկն է ապագայի մեր ազգային օրակարգը ձեւաւորելը, օրակարգ մը, որուն այդքան կարիք ունինք մենք ազգովին, մանաւանդ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմին պատճառած զինուորական-քաղաքական աղէտէն ետք: Ազգային յստակ օրակարգի, տեսլականի չգոյութիւնը պատճառ պիտի հանդիսանայ հայրենիքի թէ սփիւռքի տարածքին ներկայ քաղաքական անորոշութեան եւ յուսալքութեան մթնոլորտի շարունակման, իսկ այդ օրակարգի ձեւաւորումով է միայն, որ մենք ազգովին կրնանք դուրս գալ մեր ներկայի ոչ բարւօք վիճակէն:
100 տարի առաջ՝ Լoզանի պայմանագիրին մէջ ընդհանուր գիծերու մէջ ուրուագծուեցան նաեւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները հանրապետական Թուրքիոյ մէջ: Անոնց բնորոշումը «ազգային փոքրամասնութիւն» չէր այլեւս, այլ «կրօնական փոքրամասնութիւն»: Թուրքիոյ՝ իր փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ որդեգրած կեցուածքը, զանոնք նկատելու սոսկ իբրեւ կրօնական փոքրամասնութիւն, նպատակ ունէր բնականաբար նօսրացած թիւով այդ հաւաքականութիւններուն զլանալ ամէն տեսակի իրաւունք, որ հետագային դուռ կրնար բանալ որեւէ տեսակի քաղաքական պահանջի: Արդէն ալ անոնք հիմա ի վիճակի չեն զուտ քաղաքական առումով պահանջ ներկայացնելու: Բայց դարձեալ, նոյնիսկ եթէ զուտ կրօնական-համայնքային դիտանկիւնէն պիտի քննենք հարցերը, օրինակ հայ համայնքին պարագային կան հարցերու կոյտեր, որոնք ուղղակի գլխացաւ կրնան պատճառել թրքական պետութեան: Սկսեալ հայկական կալուածներու սեփականատիրութեան հարցէն մինչեւ եկեղեցիներու վերանորոգման հարց, մինչեւ բիւրաւոր թաքուն հայերու հարցը, մարդիկ, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան սկզբնական շրջանին բռնի թրքացուած, քրտացուած կամ իսլամացուած հայերու ժառանգորդներն են եւ որոնք ներկայիս ինքնութեան հարց կը դիմագրաւեն Թուրքիոյ մէջ:
Ուրեմն, տեղի ունեցած եւ յառաջիկային տեղի ունենալիք խորհրդակցական եւ գիտական քննարկումները կը միտին այս հարցերուն շուրջ պատմագիտական, քաղաքական եւ իրաւական լուսարձակները սփռել՝ Լoզանի պայմանագիրի կնքումի 100-ամեակին առիթով: Նաեւ համահայկական դիրքորոշում ձեւաւորել համապատասխան հիմնահարցերուն շուրջ, այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ կարծես մրցավազք մը կայ ամէն գնով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները բնականոնացնելու, հոլովոյթ մը, որ դժբախտաբար կ՛արտացոլէ Լoզանի պայմանագիրի միտք բանին՝ վերջնականապէս թաղել Հայկական հարցը: Կարելի եղածին չափ լայն քաղաքական, պատմագիտական եւ ակադեմական շրջանակներու համախմբումը քննարկումի այսպիսի հարթակներու շուրջ գրաւական մըն է, որ գոնէ մտաւորական եւ քաղաքական միտքի մակարդակներուն վրայ Հայկական հարցը պիտի մնայ ապրող իրողութիւն:
ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Հայրենիք»