Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Գործակցաբար ՄԱԿի Մարդկային բնակավայրերու ծրագիրին եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան՝ Ուրբաթ, 19 Յուլիսի առաւօտեան, Պուրճ Համուտի եւ մօտակայքի շրջաններու հայ թէ ոչ-հայ բնակիչներ հետզհետէ սկսան հասնելու Պուրճ Համուտի Մարաշ թաղամասէն դէպի Արաքս թաղ տանող փողոցը, ուր երաժշտախառն խանդավառ մթնոլորտի մէջ անոնք ծանօթացան եւ տեղեկացան շրջանին համար նախատեսուող կանաչ տարածքները աւելցնելու ծրագիրին: Մասնակցող կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ այցելուներուն տուին անհրաժեշտ տեղեկութիւններ նախատեսուող ծրագիրին մասին:
Նախաձեռնութեան վայրը այցելող բնակիչները իրենց կարծիքը արտայայտեցին՝ թղթիկներու վրայ արձանագրելով կամ պատերուն վրայ առաջարկուող գեղատեսիլ տեսարաններուն գծով իրենց նախասիրած պատկերին վրայ խորհրդանշական պատկերաւոր թղթիկներ (իմոժի) զետեղելով:
«Ազդակ»ի հարցումներուն պատասխանելով՝ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան պարզեց ծրագիրին հիմնական գաղափարը, որ կը միտի նոյն ժամանակ կենսոլորտային, ընկերային եւ բարեզարդման քայլերու ձեռնարկել՝ գործակցաբար ՄԱԿի Մարդկային բնակավայրերու ծրագիրին եւ լեհական օժանդակութեան կեդրոնին: Անիկա կը միտի վերաշխուժացնել Պուրճ Համուտի այս թաղամասերը՝ ջանալով շրջանին մէջ կանաչ տարածքները աւելցնել եւ այս մասին շրջանի բնակիչներուն կարծիքները ունենալ:
Իրենց կարգին, ՄԱԿի Մարդկային բնակավայրերու ծրագիրի ներկայացուցիչներ Ռոնի Ժալխ եւ Լէյտի Մանուկեան «Ազդակ»ի հարցումներուն պատասխանելով՝ սեղմ գիծերու մէջ բացատրեցին այս ծրագիրին հիմնական քայլերը: Ռոնի Ժալխ յայտնեց, թէ նախաձեռնութիւնը «Վայրերու պատրաստութիւն» (Փլէյս մէյքինկ փրաճեքթ) խորագիրով կը միտի բնակիչները մասնակից եւ հաղորդակից դարձնել ծրագիրին՝ ժողովրդավարական ոճով իրենց կարծիքը արտայայտելով:
Ըստ Ժալխի՝ կը նախատեսուի, որ ծրագիրը ընթացք առնէ յառաջիկայ ամիսներուն, գործակցաբար Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ «Միջազգային օժանդակութեան լեհական կեդրոն»ին:
Իսկ Լէյտի Մանուկեան նշեց, թէ ծրագիրը կը մեկնարկէ Լիբանանի մէջ Լեհաստանի դեսպանատան նախաձեռնութեամբ, յանձին Միջազգային օժանդակութեան լեհական կեդրոնին («Փոլիշ սենթըր ֆոր ինթըրնեշընըլ էյտ») եւ գործակցաբար Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան: Մանուկեան յայտնեց նաեւ, թէ նախաձեռնութիւնը կը միտի ուսումնասիրութիւններ կատարել շրջանի բնակարանային շէնքերուն տեսքին մասին եւ ըստ կարիքի պիտի վերանորոգէ զանոնք ու գեղեցկացնէ անոնց արտաքին տեսքը՝ նոյն ժամանակ ջանալով աւելցնել շրջանին մէջ կանաչ տարածքները:
Նմանապէս, «Գարակէօզեան» հաստատութենէն Ռաքել Քեչեճեան յայտնեց, թէ տրուած ըլլալով, որ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը կը գործէ շրջանին մէջ եւ կը գործակցի Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հետ, ինչպէս նաեւ՝ անոր բնակիչները կ՛օգտուին անոր ընձեռած ընկերային թէ բժշկական բարեսիրական ծառայութիւններէն՝ նպատակայարմար նկատուեցաւ, որ «Գարակէօզեան» հիմնարկը եւս ներկայ գտնուի եւ իր մասնակցութիւնը բերէ այս ձեռնարկին: «Մեզ ալ կը հետաքրքրէ այս նախաձեռնութիւնը, յատկապէս որ այս թաղերը պէտք ունին նման նախաձեռնութիւններու», ընդգծեց Քեչեճեան:
Այս առիթով «Գարակէօզեան» հաստատութեան հիւանդապահուհիներէն Նայիրի Ինճէեան եւ պրազիլցի ու քոլոմպիացի երկու այլ հիւանդապահուհիներ տեղւոյն վրայ անվճար բժշկական եւ արեան գերճնշումի քննութիւն կատարեցին այցելուներուն՝ անոնց թելադրելով այցելել «Գարակէօզեան» հիմնարկը եւ օգտուիլ անոր ընձեռած ընկերաբժշկական ծառայութիւններէն՝ խորհրդանշական գիներով:
Ձեռնարկը տեւեց մինչեւ կէսօրուան ժամը 12: