Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Բոլոր անոնք, որոնք ջերմ յոյսեր կը կապեն Քըլըճտարօղլուի յաղթանակին Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններու բեմին վրայ, պէտք է անպայման յիշեն, որ յանձին Քըլըճտարօղլուի մենք գործ ունինք քաղաքական մեծ փորձի տէր կուսակցական ղեկավարի մը հետ, որ ապրած է եւ կ՚ապրի – ինչպէս Էրտողա՛նը – թուրք խորքային պետութեան հրամայականներով եւ ի վերջոյ կը պատկանի Թուրքիոյ ծաւալապաշտ քաղաքականութեան մեծ ուխտին։
Հարցո՛ւմ. չկա՞ն արդեօք տարբերութիւններ Էրտողանի եւ Քըլըճտարօղլուի տեսլականներուն միջեւ։ Անոնք ոխերիմ հակառակորդներ չե՞ն։ Կե՞ղծ է միթէ կռիւը, որ անոնք կը մղեն իրարու դէմ։ Ոչ, կեղծ չէ։ Էրտողան եւ Քըլըճտարօղլու քաղաքական բուռն պայքարի մէջ են իրարու դէմ եւ անկասկած յստակ տարբերութիւններ գոյութիւն ունին իրենցմէ իւրաքանչիւրի ընտրական փաթեթներուն միջեւ։ Այն ինչ, որ տեղի կ՚ունենայ իսկական ընտրապայքար է։ Եւ սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ Թուրքիան բարդ բնազդներով առաջնորդուող պետութիւն է։ Ան օժտուած է բազմաթիւ դարերու պետական փորձով։ Թուրքիան գիտէ ինչպէս կառավարել իր փոխընտրութիւնները եւ հետեւաբար՝ դասակարգե՛լ իր առաջնահերթութիւնները ըստ իր ազգային գերագոյն շահերուն։ Ան կը վարէ բազմամակարդակ արտաքին քաղաքականութիւն եւ ունի լինելիութեան իր հաստատուած վարդապետութիւնը, որուն շուրջ ան կրնայ համախոհութեան բերել որոշիչ զանգուածը իր ներքին քաղաքական ուժերուն եւ ճամբայ կտրել։ Այս բանին ապացոյցը մենք տեսած ենք Թուրքիոյ ժամանակակից պատմութեան բոլոր հանգրուաններուն վրայ։
Ներքին ճակատի վրայ, թուրք պետութեան մնայուն խնդիրն է այսօր յաղթահարել բազմազգ պետականութիւն ըլլալու իր ամէնօրեայ հակասութիւնները։ Իր խնդիրն է տեւաբար ամրագրե՛լ պետութեան ներքին «միասնականութիւն»ը դիմելով բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն։ Ներառեալ՝ ցեղասպանութեա՛ն։ Հայոց պարագային, Թուրքիոյ ցեղասպանական քաղաքականութիւնը դրսեւորուեցաւ համիտեան, երիտթրքական եւ քեմալական իր հանգրուաններով եւ ան կը շարունակուի այսօր իսկ թուրքեւազրպէյճանական այն քաղաքականութեամբ, որուն կենդանի ականատեսն ենք Արցախի եւ Հայաստանի մնացեալ մասին մէջ։ Քեմալական «պետականաշինութեան» անքակտելի մասն է եղած Արեւելեան Հայաստանի վերջնական լուծարումը եւ Հարաւային Կովկասի հանգրուանային, բայց արագընթաց, թրքացումը։ Իր հիմնած կուսակցութեան գաղափարաբանական առաջադրութիւններուն էութիւնն իսկ է Կովկասեան տարածաշրջանի բազմատարրութեան ոչնչացումը յենուելով համիսլամական եւ համաթրքական լոզունգներու մոգական ուժին։ Դժբախտաբար ֆաշական այս ընդհանուր աշխարհահայեացքէն ծնած սոսկ տարատեսակներ են Թուրքիոյ երեք գլխաւոր կուսակցութիւնները այսօր, որոնք ունին մարտավարական տարբերութիւններ միայն, երբ հարցը կը վերաբերի անկախ Հայաստանի եւ Արցախի գոյութեան։
Հետեւաբար միշտ պէտք է յիշել, որ Քըլըճտարօղլու կը պատկանի վերոյիշեալ քեմալական ժառանգութեան անկախ այն բանէն, թէ ցեղային ի՞նչ ծագում ունի ան։ Որպէս Թուրքիոյ նախագահ՝ ան պիտի գործէ Թուրքիոյ կողմէ պատմականօրէն ձեւաւորուած աշխարհակարգային առաջադրութիւններով։ Ան պիտի սանձէ աշխարհակարգի ուժերը եւ յատկապէս հաշուի նստի Ռուսաստանի ուժային ներկայութեան հետ։ Ան պիտի զօրաշարժի ենթարկէ Թուրքիոյ փանթուրքիստական խաղաքարտերը տեւաբար զարնելով Մոսկուայի աքիլլէսեան կրունկներուն։ Ան պիտի ոտքի հանէ Եւրոպայի թրքական սփիւռքը իր ամենէն մութ բնազդներով։ Ան պիտի ցոյց տայ, որ ԱՄՆ պէտք ունի Թուրքիոյ յենարանին Միջին Արեւելքի հրաբխային խաղադաշտերուն մէջ։ Բնականաբար ան պիտի փորձէ այլ նրբութիւններով գործել բոլոր այս հիմնախնդիրներու հետապնդման պարագային քան Էրտողանը։ Բայց Թուրքիոյ լինելիութեան վարդապետութիւնն է, որ պիտի ուղղորդէ յաջորդ նախագահի քաղաքականութիւնը, ինչպէս՝ նախորդի՛ն։
Հայաստանն ու Արցախը տեղ պիտի ունենան Քըլըճտարօղլուի խաղատախտակին վրայ Թուրքիոյ ծաւալապաշտ քաղաքականութեան հաշիւներու դրուածքով միայն։ Ինչպէս իր նախորդները, Քըլըճտարօղլու եւս պիտի դիմէ ամէն միջոցի, որ Հայաստան եւ Արցախ մնան անօգնական թէ՛ Արեւմուտքի եւ թէ՛ Ռուսաստանի տարածաշրջանային առաջնահերթութիւններու խաղին մէջ։ Պատանդուած Հայաստան մը, պատանդուած Վրաստան մը եւ որոշ առումով՝ պատանդուած Իրան մը անպայման մաս պիտի կազմեն Քըլըճտարօղուի տարածաշրջանային հետապնդումներուն։
Այն իրողութիւնը, որ յանկարծ հրապարակայնութիւն կ՚ըստանայ Քըլըճտարօղլուի ալեւի ծագումը, կարելի է բացատրել ընտրական հաշուարկով։ Թէ՛ Էրտողան եւ թէ՛ Քըլըճտարօղլու համաթրքական իրենց տեսլականները այնուամենայնիւ պիտի համադրեն երկրի ազգային ենթաշերտերը սիրաշահելու զուգահեռ քաղաքականութեամբ։ էրտողան ցոյց տուած է անցեալին, որ ինք ատակ է հաղորդակցական այդպիսի նրբութիւններու։ Ան կրցած է լեզու գտնել քրտական շարք մը համայնքներու հետ։ Կրցած է համարձակ քայլերով բարեացակամութեան շօշափելի փաստեր տալ պոլսահայ համայնքի ղեկավարութեան։ Յստակ ճիգեր ըրած է հանրային պատկեր (image) կերտելու իրեն համար որպէս համապետական շահերու հոգածու ղեկավարի։ Հակառակ բոլոր այդ ճիգերուն սակայն, քրտական առաջնորդութեամբ քանի մը տարի առաջ հրապարակ իջաւ Ազգութիւններու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը տէր կանգնելով երկրի փոքրամասնական շերտերու քաղաքական շահերուն։ Կը թուի, թէ այս կուսակցութիւնը զօրակցութիւն խոստացած է Քըլըճտարօղլուի թեկնածութեան, բայց շատ բան կրնայ տակաւին վերադասաւորումներու ենթարկուիլ։ Քըլըճտարօղլու գիտէ, թէ ընտրապայքարի այս վերջին փուլին մէջ ինք չի կրնար անտեսել արդէն իսկ մեծ զանգուած մը ներկայացնող ներքին ազգութիւններու (իմա՛ քիւրտերու) քաղաքական ուժը։
Քըլըճտարօղլուն կը սերի հին հայկական Տերսիմի տարածքը զբաղեցնող ալեւի համայնքէն, ուր բնակչութեան մեծ տեղաշարժեր տեղի ունեցած են, հաւատափոխութեան գծով, անցնող հարիւր տարուան ընթացքին։ Ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին, այսօր ալեւի տարրը կը հաշուէ մօտ 14 միլիոն, որ արհամարհելի թիւ մը չէ եւ կրնայ դիւրաւ կարեւոր լուսանցք մը շնորհել Էրտողանի վրայ Քըլըճտարօղլուի ունեցած քուէական առաւելութեան։ Միւս կողմէ, Էրտողան հաստատուած հեղինակութիւն է երկրին մէջ քաղաքական իր անվիճելի խարիսխով եւ լիովին ի վիճակի՛ ՝ քաղաքական հրաշքներ կեանքի կոչելու։
Հայ քաղաքական միտքը պիտի կարողանայ Թուրքիոյ քաղաքական բեմի իրադարձութիւնները արժեւորել ըստ իրականութեան առարկայական տուեալներուն եւ հեռու մնալ մակերեսային նկատումներէ։ Քեմալ Քըլըճտարօղլուն նախ եւ առաջ քեմալականութեան առաջնորդն է Թուրքիոյ մէջ եւ մեր ազգային փորձը պէտք է մեզի թելադրէ, թէ Հայաստանն ու Արցախն ու Սփիւռքը ի՞նչ ռիսքեր ունին դիմագրաւելիք այս թեկնածուներէն մէկնումէկու յաղթանակի պարագային։ Ռիսքեր եւ սպառնալիքնե՛ր։
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Մայիս 3, 2023
Ուաշինկթըն