Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Փոքր Ասիոյ եւ Զմիւռնիոյ աղէտի 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած ելոյթներու շարքին, ուշագրաւ տեղ կը պահէ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած գիրքի ներկայացումը, որ տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 16 Յունուար 2023-ի երեկոյեան, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ։
Հայ դատի յանձնախումբի հրատարակութեամբ, յոյն երիտասարդ լրագրող Ալեքսանտրոս Փիղատասի երկրորդ գիրքն էր, որ ներկայացուեցաւ հանրութեան, նիւթ ունենալով՝ «Փոքր Ասիոյ աղէտէն 100 տարի ետք. պատմական երթ, գաղթականութիւն եւ յիշողութիւն»։
Ներկայացումը կատարեցին Յունաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար, Սահմանադրական օրէնքի համալսարանական դասախօս Եորղոս Քաթրուկալոս եւ «Փոնտիքի» շաբաթաթերթի տնօրէն, լրագրող Անտոնիս Տելաթոլաս։
Ելոյթին ներկայ եղան յունական քաղաքական աշխարհի անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին երեսփոխան եւ հայ-յունական խորհրդարանական խումբի նախագահ Տիմիթրիս Մարքոփուլոս, երեսփոխաններ Եանիս Ռակուսիս, Թոնիա Անտոնիու, Ֆոթինի Պաքատիմա, Թրիֆոն Ալեքսիատիս, երեսփոխան Նինա Քասիմաթիի ներկայացուցիչը, երեսփոխանական թեկնածու Տիմիթրիս Տիամանթիտիս, Նիքէայի Պոնտական միութեան նախագահ Թոտորիս Մաքրիտիս, Զմիւռնացիներու միութեան փոխնախագահ Սթաւրոս Մելիտոնիս։
Հայկական կողմէն ներկայ եղան Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, Հ.Կ.Խաչի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Համազգայինի Շրջ. վարչութեան անդամներ, բազմաթիւ ընկերներ, ինչպէս նաեւ հայ ու յոյն հասարակութիւն։
Ելոյթի բացումը կատարեց ընկ. Վազգէն Սավուլեան։
Բացման խօսքէն ետք, ցուցադրուեցաւ կարճ տեսանիւթ մը պատրաստուած Ալիս Ֆուրունճեանին կողմէ, որ կ՚անդրադառնար Զմիւռնիոյ աղէտին եւ կը ներկայացնէր գաղթականութեան վիճակը Յունաստանի մէջ։ Նկարներու ճոխ շարուածքով եւ Ա. Ֆուրունճեանի կողմէ ներկայացուած պատմականով, տեսանիւթը հարազատօրէն տուաւ այդ օրերու ողբերգական պատկերը։
Յաջորդաբար, բեմ հրաւիրուեցաւ նախկին նախարար Ե. Քաթրուկալոս, որ դրուատանքով խօսեցաւ գիրքի պարունակութեան մասին։ Ան գնահատեց հեղինակին աշխատանքը, որ խորանալով իր ընտրած նիւթին մէջ, ամբողջական գործի մը պատկերը կը ներկայացնէ։ Կարեւոր նկատեց գիրքի հրատարակութիւնը, որպէս մասնագիտական ուսումնասիրութեան գործիք։
Խօսողը շեշտեց, թէ պէտք է պահել պատմական յիշողութիւնը ամէն գնով։ Նաեւ, ան խօսեցաւ Փոքր Ասիոյ աղէտի դրդապատճառներուն մասին, որոնք յանգեցան մեծ ողբերգութեան։ Ան ուրուագծեց 20-րդ դարու առաջին տարիներուն՝ Երիտասարդ թուրքերէն սկսած մինչեւ Մուսթաֆա Քեմալ հասնող թրքական ազգայնութեան շարժումի ուռճացումը, որ պատճառ դարձաւ Հայոց եւ Պոնտական ցեղասպանութիւններուն, ապա քեմալական ահաւոր շարժումի երեւման։
Խօսողը նաեւ ընդգծեց կարգ մը մանրամասնութիւններ հրատարակուած գիրքէն, որոնք լոյս կը սփռեն գաղթականական աշխարհին վրայ, աւելի բացայայտ դարձնելով այդ օրերու ողբերգութիւնը եւ ապրուած օրերը։
Յաջորդ խօսողը եղաւ լրագրող եւ հրատարակիչ Ա. Տելաթոլաս, որ նախապէս գոհունակութիւն յայտնեց իր հրատարակած թերթի աշխատակից Ալեքսանտրոս Փիղատասի գիրքին համար։ Խօսելով գիրքի ներկայացուցած նիւթին մասին, շեշտեց, թէ 1922-ին կատարուեցաւ Արեւելքի քրիստոնեայ ժողովուրդներու ամենամեծ ողբերգութիւնը։ Գաղթականներու ժամանումը Յունաստան հեզասահ չեղաւ, ըստ խօսողին։
Թէեւ, ապաստան գտած մեծ զանգուածները իրենց հետ բերին նշանակալից քաղաքակրթութեան մը ժառանգը, իրենց մտային պաշարը, ձեռնհասութիւնն ու ստեղծագործական կարողութիւնները, այսուհանդերձ աւելի քան 15 տարիներ անցան, մինչեւ որ յունական պետութիւնը կարողանայ գաղթականներու հսկայ բազմութիւնները տեղաւորել բնակարաններու մէջ եւ ստեղծել կեանքի բարենպաստ պայմաններ։
Խօսելով Թուրքիոյ ռազմատենչ քաղաքականութեան մասին, ան յայտնեց, թէ պիտի սպասուէր, որ թրքական առաւելապաշտութիւնը կանգ առած ըլլար 1922-ին, սակայն այսօր եւս դրացի երկիրը կը շարունակէ իր յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը տարածաշրջանէն ներս։
Իր խօսքի աւարտին, Ա. Տելաթոլաս կարեւորութեամբ շեշտեց երիտասարդ լրագրող Փիղատասի աշխատանքը, որու պատմական վերլուծութիւնը կը հատէ լրագրողական սահմանները եւ կը տեղաւորուի գիտական շրջագիծէն ներս։ Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ գիրքը իր արժէքը կը պահէ երբ մամուլը ընդհանրապէս նահանջի մէջ է։
Վերջին խօսողը եղաւ գիրքի հեղինակ Ալեքսանտրոս Փիղատաս, որ անդրադարձաւ իր պատրաստած գործին մասին։
Յաջորդեց հետաքրքրական հարցումներու շարք մը, որոնք պատասխանուեցան գիրքը ներկայացնողներուն կողմէ։ Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ մտերմիկ զրոյց հեղինակին հետ, որ մակագրեց իր գիրքի նմուշները։