կարևոր
2536 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-01-12 10:47
Քաղաքական

Մարաթոնային ասուլիս

Մարաթոնային ասուլիս

«Մի խoսի’ք այն մասին, թէ ինչ կատարած էք կամ ինչ պիտի կատարէ՛ք»

Թոմըս Ճեֆըրսըն, Ա․Մ․Ն․-ի երրորդ նախագահ (1801-էն 1809)

Գրեթէ չորս ժամ տեւեց Հ․Հ․ վարչապետին հետ կատարուած մամլոյ ասուլիսը՝ Յունուար 10-ին։ Սա առաջին բաց հանդիպումն էր լրագրողներու հետ, երկա՜ր ժամանակէ ի վեր: Ան յետ-պատերազմեան փուլին սովորութիւն դարձուցած էր մէկ նշանակեալ լրագրողի հետ զրոյցներ ունենալը, այն ալ՝ ի սկզբանէ ճշդուած հարցումներու ձեւաչափով…

Փակագիծ մը բանալով, արձանագրենք, որ մրցանիշը կը պատկանի Ուքրայինայի ղեկավար Զելենսքիին, որ իր երկրին մէջ ներկայի պատերազմին պայթումէն առաջ, խեղկատակ դերասանի ասպարէզէն թռչած էր երկրի ղեկին եւ 12 ժամ տեւողութեամբ մամլոյ ասուլիս մը տուաւ Հոկտեմբեր 10, 2019-ին, բարելաւելով Պելառուսիոյ բռնատէր Լուքաշենքոյի եօթը ժամ տեւողութեամբ «մենախօսութիւն»-ը։

Դժուար եղաւ հետեւիլ վարչապետ Փաշինեանի այս երկար ասուլիսին։ Պատճառները բազում են եւ անիմաստ է մէկ առ մէկ խօսիլ այդ պատճառներուն մասին: Արդեօք օրին, ուքրայինացիները ինչպէ՞ս կրցած են կառչած մնալ պաստառին, կամ արդեօք քանի՞ անգամ գլուխը բարձին դրած են ու վերադարձած…։ Զելենսքի թերեւս իր դերասանական ձիրքերով կրցած էր ներգրաւել ունկնդիրն ու ակնդիրը։ Լուքաշենքոյի մասին իր երկրին մէջ կարծիք յայտնողը վստահաբար գրաքննութեան պիտի ենթարկուի կամ արգելափակուի։

Վերադառնանք Հայաստան:

Այս անգամ տարբեր ձեւով կազմակերպուած էր ասուլիսը։ Անցեալին, հարցումները կը յղուէին եւ կեդրոնացեալ ոճով՝ վարչապետի մամլոյ խորհրդականներէն մէկն էր որ կը կարդար զանոնք։ Այս անգամ հաւանաբար յիշող եղած է, թէ Հայաստան «ժողովրդավարութեան պասթիոն» է, այդքան վրան-բաց խաղ կարելի չէ կրկնել, ուրեմն, հրաւիրուած էին խումբ մը լրագրողներ եւ լրատուական սպասարկութիւններու ներկայացուցիչներ։ Ուշագրաւ էր, որ բացակայ էին կամ հրաւիրուած չէին ընդդիմադիր հոսանքին պատկանող լրագրողներ…

Հարց կը մնայ թէ սկիզբէն պատրաստուա՞ծ էր «սենարիօ»-ն, այսինքն հարցումներն ու պատասխանները սկիզբէն դասաւորուա՞ծ էին․ չ’արժեր նման հաւանականութիւն վերածել «մատի փաթթոց»-ի, սակայն անպայման որ պէտք է կանգ առնենք բովանդակային հարցերու վրայ…անշուշտ եթէ պէտք է անպայման իմաստ ունեցող բովանդակութիւն փնտռել ըսուածներուն մէջ:

Նախ անդրադառնանք աղաղակող ընդհանրութեան մը. վարչապետը յաճախ խօսեցաւ կմկմալով, որ ինքնին բառացուցական է, յետոյ, պարզեց ինքնահակասումներու եւ ինքնաժխտումներու ամբողջ ցուցատախտակ մը, որ չէր կրնար խուսափիլ քիչ թէ շատ բանիմաց քաղաքացիներէ: Օրինակի համար, ան քանի մը շաբաթ առաջ Ատրպէյճանը կ’ամբաստանէր նոր ցեղասպանութիւն պատրաստելու յանցանքով, եւ ահա դարձեալ կ’ըսէ, թէ ինք կը հաւատայ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի հետ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծելուն, եւ իբրեւ գործնական ուղի՝ կը տեսնէ, որ Երեւանի համար յստակ է, թէ Պաքու եւ Ստեփանակերտ պէտք է սեղանի շուրջ նստին եւ ուղղակի խօսակցին, քննարկեն հիմնահարցի ապագան, այսինքն՝ «Արցախը Հայաստան է ու վերջ»-ը հիմա մոռցուած է, Երեւան ըսելիք-ընելիք չունի։ Արդեօք նմանօրինակ խօսքերն ու հաստատումները (շարքը երկար է) կը համընկնի՞ն ղեկավարութեան կիրարկած ուղղութեան, կամ, աւելի՛ն՝ ներկայ իրավիճակին, երբ Բերձորի միջանցքը մէկ ամիսէ ի վեր փակ կը մնայ եւ բացայայտ է, որ Պաքու անընդունելի կը նկատէ Ստեփանակերտի հետ որեւէ ձեւի բանակցութիւն, գործնապէս ճամբայ հանած է Արցախի վերջնական հայաթափման իր վաղեմի ծրագիրները։ Հեգնանքը շատ աւելի ողբերգական հնչեղութիւն ստացաւ, երբ գրեթէ նոյն ժամերուն, Պաքուի բռնապետը ասուլիս մը տալով, այս ու նման կէտերու իր պահանջները կը յիշեցնէր Հայաստանին…

Այլ կէտ մը. վարչապետը ամէնայն լաւատեսութեամբ արտայայտուեցաւ Յունուար 1-էն սկսեալ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ օդային ուղիղ բեռնափոխադրութիւններու արգելքի վերացման մասին, նշելով, թէ որոշումը տրուած է երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման յատուկ ներկայացուցիչներու բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք: Ի դէպ, «ջայլամ»ը կ’ուզէ, որ մենք ալ չտեսնենք, թէ Հայաստանի շուկաները շատո՜նց ողողուած են թրքական արտադրութիւններով: Անշուշտ շարունակելով հայ-թուրք յարաբերութիւններու մասին իր չնաշխարհիկ նկատողութիւնները, ան վերստին նշեց որ Եւրոպայի ազգային խումբերու ախոյեանութեան մրցաշարքին, երկու երկիրները միեւնոյն խմբակին մէջ են, ուրեմն… «ֆութպոլային քաղաքականութիւն» վերստեղծելու առիթ։ Անդին, Թուրքիա կրկին ու կրկին կը յայտարարէ, թէ ինք լիարժէքօրէն զօրավիգ է Ատրպէյճանին եւ Հայաստանի դիմաց անոր շարած նախապայմաններուն (որոնցմէ մէկն ալ «Զանգեզուրի միջանցք»-ն է), իսկ Երեւանը տակաւին կը տուայտի «թուրքերը նախապայման չունին»ի պատրանքին մէջ:

Եւ ահա, անուղղակի արձագանգ մը: Շարունակելով իր ցնորաբանութիւնները, վարչապետը շեշտեց Մեղրիի ճամբով Թուրքիա-Հայաստան-Իրան-Ատրպէյճան երկաթուղիի հաստատման կարեւորութիւնն ու… «Զանգեզուրի միջանցք»-ին հաստատումը։ Սակայն, յստակ յիշատակում չեղաւ Արցախի շրջափակման ահաւոր իրավիճակին մասին։ Լրջօրէն չքննարկուեցաւ 120 հազար հայորդի հաշուող Արցախի դաժան ու դժնդակ կացութիւնը։ Իսկ երբ լրագրող մը (սա արդեօք ի սկզբանէ դասաւորուա՞ծ էր) փորձեց ահազանգել, թէ հայրենի սահմաններուն տէր կանգնիլը անկարելի ըլլալով՝ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ պաշտպանել Արցախի անկախութիւնը, արդէն բացայայտ դարձաւ, թէ ո՛ւր կ’ուղղուի «Արցախէն ձեռք պէտք է լուանք»-ի տրամաբանութիւնը:

Զանազան եւ զարմանազան հարցումներ, որոնց պատասխաններուն մէջ, «հիներ»-«նորեր», «սպիտակ-սեւ»ի մաշած ձայնապնակները դարձեալ նուագուեցան: Անշուշտ չմոռցուեցան «Ռուսիան բարեկամ եւ գործակից կը նկատենք»-ն ու անոր զօրակայանին ներկայութենէն բխող վտանգները: Լսողներն ու առհասարակ հասարակութիւնը համոզուեցա՞ւ, որ Ռուսիոյ ու զինակիցներուն հետ միացեալ զօրավարժութիւնները սպառնալիքի տակ կը դնեն Հայաստանը, կը գրգռեն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զայրոյթը…: Ու արդեօք պէտք է սկսինք հարց տալ, թէ ապահովութիւնը պիտի գայ թուրքերու եւ ազերիներու հետ միացեալ ռազմափորձերո՞ւ ճամբով: Չէ՞ որ Ալիեւ ակնարկութիւն կատարեց, թէ Հայաստան պէտք չունի զէնք գնելու, թէ՝ ապահով զգալու համար, կը բաւէ որ բարեկամանայ Ատրպէյճանի հետ։

Ընդհանուր առմամբ, ինչպէ՞ս կարելի է բնութագրել այս գրեթէ չորս ժամ տեւողութիւն ունեցող մարաթոն-ասուլիսը։ Թոմըս Ճեֆըրսընի վերոյիշեալ իմաստուն խօսքը հարազատօրէն կը ցոլացնէ ասուլիսին իսկական պատկերը։ Այլ խօսքով, երբ մարդ ըսելիք չունի, նաեւ ուղղակի եւ անուղղակի ձեւերով, եւ քանի՛երորդ անգամ ըլլալով բացայայտ կը դարձնէ, թէ ընելիք ալ չունի, անկարող է եւ սպառած մեքենավար մը, իր անկարողութեան բեռները մի՛շտ ու մի՛շտ կը ճգնի նետել ասոր-անոր ուսերուն, օր ըստ օրէ կը կորսնցնէ դաշնակից ու բարեկամ-զօրակիցներ, երբ անոր խօսքերէն կարելի է հետեւցնել, թէ փրկութեան յոյսերը կը կապէ… Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ, ատկէ անդին, կը մնայ, որ հայրենիքի ճակատագիրով մտահոգ մարդիկ մտածեն փրկութեան հնարքներու մասին:

«Հայրենիք»– Պոսթըն
Խմբագրական