կարևոր
3328 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-01-04 09:02
Աշխարհ Արցախ

Թախծոտ Ամանոր մը

Թախծոտ Ամանոր մը

․․․Նաեւ տրտմագին է այս տարուան Ամանորը։

Արցախը պաշարող եւ շնչահեղձ ընող ամանորը նոյն վիճակին մատնած է բոլորս, առանց բացառութեան, այսինքն ողջ հայութիւնը՝ Արցախի սահմաններէն անդին, մինչեւ հայաշխարհի չորս ծագերը։

Միայն անմարդկային ու դժնդակ պայմաններու մէջ ապրող Արցախի 120 հազար «բանտարկուած» բնակչութեան մասին չէ խօսքը, այլ նաեւ՝ Ովկիանիայէն մինչեւ Լատին Ամերիկա շնչող հայորդիներուն, անցնելով անշուշտ Հին ու Նոր Աշխարհներէն եւ բնականաբար «հիներու» (աւելի հինցած) եւ «նորերու» (նոյնքան հինցած) Հայաստանէն։

Եթէ «Ձմեռ Պապ»-ին արգիլուած է մուտք գործել Արցախ, նաեւ արգիլուած պէտք է ըլլայ անոր շռնդալից ներկայութիւնը ամէնուրեք՝ հայորդիի երդիքէն ներս։

Այո՛․․․ Սրտաճմլիկ եւ աղիողորմ է կացութիւնը։

Մեր պարտականութիւնն է գիտակցիլ, թէ ո՛ւր հասած ենք։ Ինչպէ՞ս դուրս պէտք է գալ այս յորձանուտէն։ Ինչպէ՞ս պիտի պայքարինք ԿՈՐԾԱՆՈՒՄին դէմ։ Բառը վտանգաւոր է, բայց չխուսափինք եւ չպահուըտինք անտեղի խոստումներու ետին։ Ահազանգը շատո՜նց հնչած է եւ Արցախի վերջնական շրջափակումն ու մեր անկարողութիւնը (բոլորին) պարզապէս նորագոյն փաստն է։

Հայ Բանաստեղծը, ակնթարթ մը իր անձնական վիճակէն արտացոլանք մը արտայայտելով՝ գրած էր․ «Աստուծոյ ծաղրն է Աշխարհն ալ արդէն․․․»։ Առանց երկմտանքի, եւ քայլ պահելով Պետրոս Դուրեանի այս խօսքերուն հետ, կարելի է հաստատել, թէ մենք հայորդիներս ալ ծաղրի վերածուած ենք աշխարհի աչքին։

Եթէ ներկայի ահաւոր կացութեան ստեղծման մէջ մեծագոյն դերը թշնամիինն է , յանցանքին անմասն չենք ՄԵՆՔ՝ հայորդիներս, բոլորս, առանց բացառութեան։

Կենսոլորտին հետ ոչ մէկ կապ ունեցող եւ դեռ երկու տարի առաջ քիմիական զէնքերով Արցախի բնութիւնը ապականած ազերիները, այս անգամ զէնքը մէկդի դրած, իբրեւ «բնապահպաններ»՝ որոշած են «մաքրագործել» Արցախը։ Անոնք իբրեւ թէ հնարամտութեամբ կրցած են համոզել ռուսական խաղաղապահ ուժերը, որոնք կը մեղադրուին իբրեւ մեղսակից կամ կրաւորական դիտող։

Այսպէս, պարզ ու մեկին, առանց կրակոցի կամ ռմբակոծումի պաշարուած է Արցախը, ուր հետզհետէ կը բացայայտուի առաջնահերթ սննդանիւթերու, դեղերու եւ ապրուստի տարրական պէտքերու պակասը։ Տագնապը աւելի եւս կը շեշտուի, երբ ի մտի ունենանք, որ պաշարուածներու շարքին են աւելի քան երեսուն հազար մանուկ, որոնք կ’երազէին «Ձմեռ Պապ»-ին դիմաւորել, սակայն յայտնապէս կարմիր զգեստով ու սպիտակ մօրուքով բարի ծերուկն ալ պիտի չկարենայ Արցախ մտնել, իսկ «Ձմեռ Պապ»-ը, իր եզակի ներկայութեամբ եւ տիպարով, տարիք չի ճանչնար, նորածինէն մինչեւ ալեհերը։

«Ձմեռ Պապ»-էն միայն մէկ նուէր կարելի է պահանջել։ Միեւնոյն նուէրը՝ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ․․․ բոլորին, բոլոր հայորդիներուն։ Պէտք է շտապօրէն իր ծրարէն դուրս բերել եւ բանալ այդ նուէրը եւ առանց այլեւայլի գործի լծուիլ։

ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ․․․ այսինք հայրենիքն ու պետութիւնը գերադաս նկատել իշխանութէնէն, հաւաքականութիւնը՝ «ես»- էն, Հայրենի հողը՝ «իմ հող»-էն։

ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ՝ թափանցիկ գործող եւ արդարամիտ ղեկավարութեան մը շուրջ, որուն պարտականութիւնն է ճիշդ ձեւով գործել եւ պայքարիլ։

Այո՛. թախծոտ է ամանորը, ուրիշ հայ բանաստեղծ մը յիշեցուցած է, թէ «Պարզապէս Դաւիթն այստեղ է կռուել:

Պարզապէս Նարեկն այստեղ է գրուել: Պարզապէս գիտենք ժայռից վանք կերտել‚ Քարից շինել ձուկ‚ եւ թռչուն՝ կաւից», իսկ մէկ ուրիշը՝ «…Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար»:

Պարոյր Սեւակ կ՛եզրակացնէ․ «Մենք քիչ ենք‚ սակայն մեզ հայ են ասում»: Հայուն արիութիւնն ու ստեղծագործութիւնը Սեւակի օրով չեն ծնած, այլ Սեւակն ու ուրիշներ թարգմանները եղած են դարաւոր ճշմարտութեան: Դարեր՝ որոնց վրայ նորեր կրնան աւելնան վստահաբար:

«Հայրենիք » – Պոսթըն

Խմբագրական