կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2018-12-24 16:48
Աշխարհ

Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Հովիւ Յակոբ Քհնյ. Պզտիկեանին Ծաղկեայ Փիլոնի Շնորհում Եւ «Աթայեան Եղբարք» Նորակառոյց Սրահի Բացում

Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Հովիւ Յակոբ Քհնյ. Պզտիկեանին Ծաղկեայ Փիլոնի Շնորհում Եւ «Աթայեան Եղբարք» Նորակառոյց Սրահի Բացում

Աղբյուրը` Aztagdaily

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, երէկ` կիրակի, 23 դեկտեմբեր 2018-ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագի ընթացքին սրբազան հայրը խօսք առնելով յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդառաջելով իր խնդրանքին ծաղկեայ փիլոն կրելու իշխանութիւն շնորհեց եկեղեցւոյ երկար տարիներու հովիւ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեանին: Սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ հայ եկեղեցւոյ մէջ քահանայ հայրը իր ժողովուրդին թէ՛ տէրն է, թէ՛ ծառան, եւ երբ իր ծառայութեան ընդմէջէն ան Աստուծոյ ներկայութիւնը կեանք եւ ապրում կը դարձնէ, վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը կը յայտնէ հոգեւոր սպասաւորին եւ զանազան աստիճաններ ու պաշտօններ կը շնորհէ: Արդարեւ, իր ծառայութեան իբրեւ գնահատանք, Յակոբ քհնյ. Պզտիկեան կը ստանայ ծաղկեայ փիլոն կրելու իշխանութիւն: Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազանը խնդրեց ներկաներէն, որ յոտնկայս ունկնդրեն վեհափառ հայրապետին սրբատառ կոնդակը:

Յակոբ քհնյ. Պզտիկեան իր քարոզին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, որ առաջարկած էր վեհափառ հօր, որ իրեն շնորհէ ծաղկեայ փիլոն կրելու իշխանութիւն` խոստանալով շարունակել իր առաքելութիւնը` ծառայութեան ոգիով հասնելու ժողովուրդի բոլոր կարիքներուն: Ան նկատել տուաւ, որ ծաղկեայ փիլոնը միայն իրեն չի պատկանիր, այլեւ կը պատկանի եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ վեհափառ հայրապետին:

Քահանայ հայրը իր քարոզին մէջ օրինակ բերելով ճաշու աւետարանը, որ կ՛ըսէ` «ով որ իր անձը կը բարձրացնէ` պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ պիտի բարձրանայ», նաեւ Քրիստոսի պատմած փարիսեցիին եւ մաքսաւորին առակը, ըսաւ, թէ այս օրինակները մեզի կը սորվեցնեն երկու բան. խոնարհութիւն եւ զղջում: Խոնարհութեան խորհրդանիշը Քրիստոս դարձաւ, երբ իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց եւ մեզի սորվեցուց խոնարհութիւնը եւ հեռանալ հպարտութենէն: Սորվեցուց նաեւ զղջալ եւ ներել, որովհետեւ մեր կեանքին մէջ մենք հակամէտ ենք մեղք գործելու` աւելցնելով, որ Աստուած մեզ պիտի դատէ ողորմութեամբ եւ արդարութեամբ:

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ «Աթայեան եղբարք» նորակառոյց սրահի բացման հանդիսութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան սրբազան հայրը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, նաեւ գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Սրբազան հօր կողմէ սեղաններու օրհնութենէն ետք օրուան հանդիսավար Մարալ Մխսեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ան յայտնեց, որ իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ առնչուած տօնակատարութիւնները յատուկ նշանակութիւն ունին տուեալ եկեղեցւոյ շրջանի ազգայիններուն համար, որոնք այդ շրջանին մէջ ծնած եւ հասակ առած են եւ ունին յիշատակներ` աւելցնելով, որ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ համար ասիկա յիշատակելի օր է, որովհետեւ թաղականութիւնը եւ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը կրցաւ իրականացնել տարիներու փափաքն ու երազը, որն է սրահի բարեզարդումը: Արդարեւ, շնորհիւ Աթայեան եղբայրներուն, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ծուխը ունեցաւ գեղեցիկ եւ բարեզարդուած սրահ մը, որ պիտի կարենայ օգտագործել արժանաւորապէս: Մխսեան նաեւ շնորհաւորեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեանը ծաղկեայ փիլոն ստանալուն առիթով, ինչպէս նաեւ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, որ խնդրած էր Արամ Ա. վեհափառ հայրապետէն, որպէսզի քահանայ հօր շնորհէ ծաղկեայ փիլոն կրելու իշխանութիւն:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ սրահի վերանորոգման եւ բարեզարդման աշխատանքները ներկայացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք խօսք առաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Գօգօ Աւագեան: Ան նկատել տուաւ, որ Ս. Սարգիս եկեղեցին միշտ եղած է հոգատարութեան առարկան թաղեցիներուն, որոնք իրենց լուման ի սպաս դրած են եկեղեցւոյ վերաշինութեան աշխատանքներուն: Աւագեան հաստատեց, որ Ս. Սարգիս եկեղեցին կանգուն մնացած է շնորհիւ իրեն ձեռք երկարող նուիրատու ազգայիններուն ու իր մեծ ընտանիքին եւ թուեց բարերարներուն անուններն ու իւրաքանչիւրին ներդրումը եկեղեցւոյ բարեզարդման աշխատանքներուն մէջ: Ան յայտնեց, որ Անդրանիկ եւ Արա Աթայեան եղբայրները, հաւատարիմ մնալով իրենց մեծ հօր Անդրանիկ Աթայեանի բարեգործ եւ եկեղեցանուէր գործին, նոյնպէս հաստատ քայլերով իրենց լուման դրին սրահի կառուցման համար: Աւագեան յայտնեց, որ սրահի շինարարական աշխատանքներուն բծախնդրօրէն հսկած է Սագօ Գազանճեան` զայն պսակելով յաջողութեամբ:

Սրբազան հայրը խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Աթայեան եղբայրներուն` ի նպաստ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ պայծառութեան իրենց նախաձեռնութեան համար: «Մենք ինչ որ կ՛ընենք մեր շրջաններուն մէջ, կ՛ընենք լիբանանահայութեան եւ համայն հայութեան անունով: Թէ՛ մեր հայրենիքը, թէ՛ Արցախը եւ թէ՛ սփիւռքի մեր բոլոր համայնքները մէկ մարմին են, որովհետեւ բոլորս կը պատկանինք մէկ հայրենիքի, մէկ եկեղեցւոյ եւ մէկ ժողովուրդի», շեշտեց սրբազան հայրը` մաղթելով, որ բոլորս մեր կարողութիւններուն համեմատ նիւթաբարոյական եւ այլ շնորհներով մասնակցինք ազգակերտումի նուիրական առաքելութեան: Առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ լիբանանահայութեան պատմութեան մէջ կը նշմարենք, որ կեանքի դժուարին պայմաններուն մէջ իսկ մեր ժողովուրդը հրաշալի իրագործումներ արձանագրած է: «Բարերարութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ աւանդական երեւոյթ է եւ ուրախ պէտք է, ըլլանք, որ կը շարունակուի», ըսաւ սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ սերունդներ իրարու կը յաջորդեն, բայց կը մնայ եկեղեցին, կը մնայ դպրոցը, կը մնայ ակումբը, կը մնայ սրահը եւ կը մնայ հայ ինքնութիւնը եւ հայու ոգին, որ ոչ ոք կրնայ քանդել: Պէտք է արժեւորենք մեր արժէքները, որպէսզի մեր եկեղեցիները, դպրոցները, ակումբները եւ սրահները մեզմով կեանք առնեն եւ մեզմով առաւել արժէք ստանան: Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը կոչ ուղղեց գործածելու սրահը, համախմբուելու սրահին մէջ, որպէսզի կրկին վերանորոգուի եւ ընդմիշտ ծառայէ ժողովուրդի կարիքներուն:

Սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ Անդրանիկ Աթայեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին եւ սրբազան հօր, որ շատ հարազատօրէն, ընկերաբար եւ գուրգուրոտ հօր մը վերաբերումը ունեցած է իրենց հանդէպ, նաեւ իր եւ եղբօր անունով պատրաստակամութիւն յայտնեց միշտ սատար հանդիսանալու հայութեան:

Այնուհետեւ յուշանուէրներ յանձնուեցան Անդրանիկ եւ Արա Աթայեաններուն, նաեւ Սագօ Գազանճեանին, ապա տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:

Գեղարուեստական բաժինով իրենց մասնակցութիւնը բերին երգիչ Մանուկ Մինասեան, Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի ջութակի ուսուցիչ Յովհաննէս Գարախանեան, ինչպէս նաեւ սաքսոֆոնահար Ծովակ Թաշճեան: