Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
«Թուրքիա միակ մտասեւեռում մը ունի. անխտիր ամէ՛ն միջոց, ամէ՛ն ռազմախաղ, ռազմավարական ամէ՛ն նենգութիւն գործ դնել` միանգամ ընդմիշտ գերեզմանելու համար Հայ Դատը»:
Սարգիս Զէյթլեան (1930-1985)
Դժուար մարտահրաւէրներ՝ ամէն օր, եւ նոր պատնէշներ… Զարմանալի իրավիճակի մէջ ենք:
Կիզակէտը Հայ Դատն է:
Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած մեծարանքի հաւաքն է, որ տեղի պիտի ունենայ այս շաբաթավերջին, Տիթրոյթի մէջ: Կ՚արժէ խօսիլ կացութեան մասին, լոպիինկի ոլորտէն ներս: Ոլորտ մը՝ որ վերջին տարիներուն սկսած է հետզհետէ աւելի հեղձուցիչ դառնալ, ստեղծելով անել կացութիւններ:
Պէ՞տք էր որ հասնէինք այս օրերուն, ուր Հայ Դատը, իր արտաքին յարաբերական լայնածաւալ գործունէութեան կողքին, ստիպուած ըլլար նաեւ ժամանակ տրամադրել ներքին քարոզչական գործունէութեան:
Այո՛, այս է կացութիւնը դժբախտաբար: Տարիներ շարունակ միջազգային լոպիինկի աշխարհէն ներս գործելով, թէ՛ թուրք եւ թէ ազերի քարոզչական մեքենային դէմ վիթխարի աշխատանք տանելէ ետք, Հայ Դատին առջեւ այսօր բոլորովին տարբեր խրամատ մը փորուած է:
Ներազգային իմաստով, խախտած է Հայ Դատ հասկացութիւնը, այնքան մը, որ կարիքը կը զգացուի ձեռնարկելու յատուկ դաստիարակչութեան, նոյնիսկ սկսելով հայրենի դպրոցներէն ներս, յատուկ ծրագրերով եւ դասախօսութիւններով:
Սարգիս Զէյթլեանի վերոյիշեալ հաստատումը ժամանակավրէպ չէ: Ընդհակառակը, թուրք-ազերի նենգամտութիւնը սկսած է վտանգել հայորդիին ազգային շահերը:
Այսօր, հայրենիքէն ներս աղաւաղուած է Հայ Դատի խոր իմաստն ու դերակատարութիւնը: Կիսատ-պռատ հաստատումներ, զիրար հակասող բացատրութիւններ ստեղծած են լաբիւրինդոս մը:
Սփիւռքի զանազան գաղութներէ ներս կը գործէ Հայ Դատը, սակայն Հայաստանի Հանրապետութիւնն է, որ կը նկատուի իր հիմնական կռուանը:
Հայ Դատի ծրագիրը լայնածաւալ է, իր քաղաքական, իրաւական, ընկերային, տնտեսական, բարոյական, տարածաշրջանային, մշակութային, տնտեսական հայեցակէտերով:
Դեռ աւելին, Հայ Դատի ծրագիրը չ՚ընդգրկեր միայն Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք տարածուող շրջանն ու նոյնինքն ոճիրին հետեւանքները՝ Արեւմտահայաստանի ամբողջական հայաթափումը՝ ջարդ ու բռնագաղթ, հայութեան հետքերուն հետեւողական ջնջումը, այլ անոնց վրայ գումարուած են յաջորդող տարիներուն՝ խորհրդային օրերուն, անարդարօրէն խլուած եւ դրացի այլ երկիրներու նուիրուած հողաշերտերը, մասնաւորաբար Նախիջեւանն ու Արցախը:
Հայորդիին համար յստակ պէտք է ըլլայ, թէ ինչի՛ մասին կը խօսուի:
Պարզ ու մեկին. Հայ Դատի հետապնդում եւ կենսագործում՝ կը նշանակեն մեր ժողովուրդին իրաւունքներուն, ԲՈԼՈ՛Ր ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ վերահաստատումը, հայուն պետականութիւնը հզօրացումն ու մէկ, միասնական եւ ամբողջական հայրենիքին վերականգնումը. եւ սա իւրայատուկ գաղափարախօսութիւն մըն է:
Այս մեկնակէտով ու այս նկատումներով է որ այս շաբաթավերջին պիտի մեծարուին այս նպատակին տարիներ շարունակ իրենց նիւթաբարոյական լուման տրամադրած հայ թէ օտար ՀԱՅ ԴԱՏի պաշտպաններ: Վախճանական նպատակը՝ թոյլ չտալ, որ Թուրքիա եւ գործակիցը՝ Ատրպէյճան գերեզմանեն մեր Դատն ու հայրենիքը:
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական