կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2020-12-07 15:00
Արցախ

Նոր Քարտէս Եւ Նոր Սահման…Նոր Ողբ Եւ Նոր Աւեր

Նոր Քարտէս Եւ Նոր Սահման…Նոր Ողբ Եւ Նոր Աւեր

Քանի մը օրէն ամիս մը պիտի ըլլայ որ աւարտած է Արցախեան նորագոյն պատերազմը, սակայն անոր անբուժելի խոցն ու վէրքը շշմեցուցած է հայորդին:

Արտասովոր է կացութիւնը, վիճակը:

Յետ-պատերազմեան տուայտանքի եւ տառապանքի իւրայատուկ օրեր կ՛ապրինք:

Հիմա արդէն ա՛լ յայտնի է, որ պատերազմի աւարտի օրերուն իսկ, թշնամիին հակակշիռին տակ կը գտնուէին հարաւային շրջանները, ներառեալ Հատրութը: Անցեալ քանի մը օրերուն, եւ առանց փամփուշտ մը արձակելու՝ յանձնուեցան նաեւ Քարվաճառն ու Լաչինը, որոնք ընդհանրապէս մնացած էին անառիկ: Իսկ թէ նո՛յնքան անառիկ Շուշիին յանձնումը ինչպէ՞ս պատահեցաւ՝ այլ ողբերգութիւն:

Անտարակուսելիօրէն պէտք է ընդունինք, որ «Նոր պատերազմ, նոր հողատարածք» խօսքը կը պատկանի անկատար անցեալին: Այսօրուընէ սկսեալ, հարցը ներկան ու ապառնին են, որոնք կը բնորոշուին՝ նոր քարտէս եւ սահման…նոր ողբ եւ աւեր բացատրութեամբ:

Ինքնախոստովանութեան իմաստով յայտարարութիւններ, նշումներ, բացայայտումներ, քննադատութիւններ, յուշեր եւ յիշատակումներ:

Մէկը միւսը կ՛այպանէ: Մինչեւ իսկ նաւուն ընկղմած օրը պատասխանատու նաւավարը յանցանքը կը բեռցնէ նախկին նաւավարներուն, ալեկոծ ծովուն եւ նոյնիսկ նաւուն կարողութեան, նաւուն մէջ գտնուած ճամբորդներուն ուսերուն, առանց ակնթարթ մը գիտակցելու, հասկացողութիւն ցուցաբերելու, թէ ինքն է ղեկին տէրը ու վիթխարի ալիքներուն դէմ յանդիման եղող պատասխանատուն, չըսելու համար՝ այդ ալիքները տեսնող եւ կանխամիջոցի չդիմող նաւավարը:

Մէկ բան յստակ է. Նոյեմբեր 10-էն ասդին, Հայաստան հարուստ է վերլուծաբաններով, այնքա՜ն առատ՝ որ մարդս կը գայթակղի մտածելու, որ կարելի է անոնցմէ ստուար թիւ մը արտածել, յուսալով, որ անոնցմէ քաղուելիք եկամուտով՝ կրնանք զարկ տալ երկրի վատթարացող տնտեսական վիճակին բարելաւման:

Ակնթարթ մը մէկդի դնենք Հայաստանի «դիմատետրեան հանրապետութեան» ( Facebook Republic of Armenia) վարչապետին եւ անոր հլու կամակատարներու մտայղացած երկբայ վերլուծումներն ու աներկբայ ձախողութիւնը. կը տեսնենք, որ անդին, տասնեակներով այլ վերլուծաբաններ պատկերասփիւռի զանազան կայաններէ եւ համացանցի աշխարհին մէջ, իրենց կարծիքներն ու հաստատումները կը շռայլեն հանրութեան:

Կ’ընդունինք, որ անոնց շարքին, կան խոր եւ լուրջ գաղափարի տէր, ակադեմական մակարդակի վերլուծաբաններ, որոնք կը կազմեն ընտիր ցորենի միայն ու միայն մէկ փոքր մասնիկը, համեմատած մեծ քանակով որոմին, որուն փաղանգին մաս կը կազմեն քաղաքականութենէ չհասկցողը եւ զայն ուտելիքի հետ շփոթողը, պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսացողն ու փաղաքշական նախադասութիւններով լեզուամարզանք կատարողը:

Անհիմն ու անհեթեթ լաւատեսութեամբ եւ Լայպնիցեան տրամաբանութեամբ, այս նորելուկ վերլուծաբանները նոյնիսկ կը փորձեն ակներեւաբար հայորդին համոզել եւ անոր կլլեցնել յետ-պատերազմեան իրադարձութիւնները, նսեմացնելով՝ մեր նորագոյն պատմութեան տխրագոյն էջերէն մէկը խմբագրած՝ վարչապետ Փաշինեանի քստմնելի ոճիրը:

Այս ասեկոսէներու ամբոխահաճոյ խօսքերն ու բառամթերքը պումըրանկեան շարժումով մը իրենց վերադարձնելով՝ կրնանք պատասխանել.-

«Տղա՛ք, մեծցէ՛ք, հասունութեա՛ն հասէք,… ձեր աչքերն ու ականջները լա՛յն բացէք… »:

Գաղտնիք չէ այլեւս, եւ ո՛չ ոք իրաւունք ունի կոյր ձեւանալու. Քարվաճառի յանձնումէն ետք, Սոթքի հանքի բաժանումը թափթփած եւ անկազմակերպ ձեւով կատարուած է, Նախիջեւանը Ատրպէյճանի միացնող՝ Մեղրիի առաջարկուած ճամբան յաւելեալ առեւտուրի դուռ չի բանար, այլ փապուղի մը կը ստեղծէ, որուն ճամբով, օր մըն ալ Երեւանի Հիւսիսային պողոտային վրայ սպասարկուին ատրպէյճանական վառելանիւթ կամ ծխախոտ:

Դարձեալ հնչեցնենք ահազանգը. «Տղա՛ք, մեծցէ՛ք, հասունութեա՛ն հասէք,… ձեր աչքերն ու ականջները լա՛յն բացէք… Կործանումի սեմին ենք: Յանուն միասնականութեան, պարտուած երկրի մը ղեկավարը չի կրնար պաշտօնի վրայ մնալ: Ո՛չ ոք կրնայ ներել հայրենի հող յանձնողին: Գոնէ ամէնադոյզն յարգանքը ունենանք նահատակուած հերոսներուն, կորսուածներուն եւ գերիներուն հանդէպ»:

«Հայրենիք»
Պոսթըն – Խմբագրական