կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-04-21 19:17
Հասարակություն

«Դրօշակի Պատերազմը»

«Դրօշակի Պատերազմը»

Չենք գիտեր, եթէ երբեք Փաշինեանը իր «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» յայտարարութեան մասին մտածեց որպէս «կաֆ», որպէս «լաւ չմտածուած» եւ «վաղաժամ» արարք: Եւ թերեւս իր լռութիւնը այդ մասին աւելի լրջախոհական է` նկատի ունենալով այդ յայտարարութենէն ետք կատարած իր միւս «կաֆ»-երը. «Մեզի պէ՞տք էր Շուշին» եւ այլն:

«Կաֆ»-ի մը իբրեւ հետեւանք` լիբանանեան «դրօշակի պատերազմ»-ը թերեւս զգաստութեան հրաւէր մը ըլլայ աւելի շատ ընդդիմութեան` խորհրդարանական թէ արտախորհրդարանական, եւ խորհրդանիշներու զգայնութեան հիման վրայ քաղաքական կիրքերու կամայ թէ ակամայ հրահրման նախաձեռնող թէ նպաստող դերակատարներուն` զգուշանալու նման լարուածութեանց անկանխատեսելի հետեւանքներէն:

22 նոյեմբեր 1985-ին քաղաքացիական պատերազմով պառակտուած Լիբանանը կը պատրաստուէր նշելու անկախութեան նոր տարեդարձ մը: Այդ օր տիւրզի համայնքի ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի Ընկերվարական-յառաջդիմական կուսակցութեան զինեալները, ենթարկուելով իրենց ղեկավարի հրահանգին, նախաձեռնեցին արեւմտեան Պէյրութի մէջ (մայրաքաղաքի այն բաժինը, որ կը գտնուէր իսլամ եւ ձախ հակումով խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ եւ ծանօթ էր իր արաբական որակումով` Ղարպիյէ) լիբանանեան դրօշները վար առնելու արշաւի մը: Որոշումին հիմնաւորումը այնպէս ալ յստակ չմնաց. պիտի ենթադրել ինչ-որ գաղափարախօսական հակադրութիւն/մերժում պետական խորհրդանիշի մը: Նախաձեռնութիւնը, սակայն, հանդիպեցաւ Ղարպիյէի մէջ տիրական եւ այն ժամանակ համալիբանանեան մակարդակով ընդհանրապէս շատ ազդեցիկ շիի համայնքի ղեկավար Նեպիհ Պըրիի գլխաւորած «Ամալ» շարժումի ընդդիմութեան: Հետեւանք` Արեւմտեան Պէյրութը ապրեցաւ երկու զինեալ, եւ ենթադրաբար դաշնակից, խմբաւորումներու բուռն բախումներու դժոխային չորս օրեր, որոնք իրենց ետին ձգեցին 65 զոհ, 225 վիրաւոր եւ համատարած քանդում: Միջադէպը պատմութեան անցաւ «Դրօշակի պատերազմը» բնութագրութեամբ:

Առանց բաղդատութեան փորձի յաւակնութեան, Երեւանի մէջ ընդդիմութեան ապրիլ 4-ի հաւաքին յաջորդած նախաձեռնութիւնը` Արցախի դրօշակը զետեղել կարգ մը հրապարակներու վրայ եւ անոր ի հակազդեցութիւն` Ազգային ժողովրդավար բեւեռի հետեւորդներու առած քայլը` Ֆրանսա հրապարակին վրայ Արցախի դրօշի ճերմակ ճեղքը ներկելու, որպէսզի այն եռագոյնի վերածուի, յիշեցուց լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի այդ արդէն մոռցուած միջադէպը, որ շատերուս յիշողութեան մէջ շատ ցաւալի կերպով տեղակայուած է` ի մտի ունենալով հարազատ զոհեր, որոնք ինկան այդ բախումներուն… Բայց եթէ բաղդատական վերլուծումը անհեթեթ է, երկու իրարմէ տարբեր միջադէպերու ծնունդ տուող, այսպէս ըսենք, «խորհրդանիշներու մեկնաբանութեան բախումը», որ, ըստ մակերեսային առաջին հայեացքի մը, մեկնակէտ հանդիսացած է կացութեան լարումին, կրնայ առիթ տալ ներկայ կացութեան խորքային պատճառականութիւնը հասկնալու փորձի մը:

Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը, ըստ երեւոյթին, Արցախի դրօշի զետեղումով ուզած է իշխանութիւններուն յիշեցնել հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններու ժամանակ եւ, ընդհանրապէս, իրենց հնչեցուցած «տարածաշրջանային խաղաղութեան դարաշրջան»-ի տեսլականին մէջ արցախեան հիմնահարցը չմոռնալու, չանտեսելու եւ չլքելու կենսական հրամայականը: Իրենք իրենց Փաշինեանի իսկական ընդդիմադիր նկատող, Հայաստանը ՕԹԱՆ-ի դաշնակից վերածելու նպատակը հետապնդող Բեւեռը, զոր այսօր երեւի պէտք է կոչել «արտախորհրդարանական ընդդիմութիւն», Արցախի դրօշակը եռագոյնացնելով` ի՞նչ պատգամ ուզեց յղել: Այդ պատգամը կարելի է մեկնաբանել յիշելով, եւ Բեւեռին յուշելով, Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը Ստեփանակերտի մէջ` «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»: Այսինքն ենթադրելով, որ Բեւեռը Արցախի դրօշը եռագոյնացնելով կ՛ուզէ Արցախը Հայաստանի մաս տեսնել, եւ ոչ թէ` առանձին պետական միաւոր, կարելի չէ զուգահեռ մը չտեսնել նախաքառասունչորսօրեայ պատերազմի Փաշինեանի այդ յայտարարութեան հաստատումին եւ Բեւեռի արարքին միջեւ:

Այսօր, սակայն, գիտենք, որ Փաշինեանի այդ յայտարարութիւնը առնուազն անլրջութիւն էր, մէկը` այն բազմաթիւ ամբոխահաճոյական իր ելոյթներէն, զորս ըրած է եւ կ՛ընէ յաճախ` մոռնալով, որ ինք պետական ղեկավար է, եւ հրապարակային իր ամէն մէկ խօսքը ունի իր կշիռն ու հետեւանքները: Բեւեռին ղեկավարները, իրենց կարգին, պիտի անդրադառնան, որ Փաշինեանի այդ յայտարարութիւնը ունեցաւ իր շատ ծանր հետեւանքները: Ընդ որում, Ազրպէյճանի հետ բանակցող Փաշինեանի կառավարութիւնն ու Ազգային ժողովի իր մեծամասնական խմբակցութիւնը միայն քար լռութիւն կը պահեն Արցախի մասին: Ընդունած են, որ Հայաստանը, կամ այս իշխանութիւնները, ըսելիք եւ ընելիք ոչինչ ունին կամ կրնան ունենալ ինչ-որ չափով տէր կանգնելու համար այն յանձնառութեան, զոր Հայաստանը ստանձնած էր Արցախի նկատմամբ 1994-ի զինադադարէն ետք: Փաշինեանական պոռոտախօսութիւնը ամէն ինչ զերոյէն սկսելու յաւակնութիւնը ունէր 2019-ին, այսօր ամէն ինչ զերոյի հաւասարեցուցած է: «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»-էն մնացած է միայն «վերջ»-ը, որուն հասցուց իր ոչ միայն նախկին քաղաքականութիւնը, ինքնին արդէն շատ խոցելի, բարելաւելու անկարողութիւնը, այլ պատերազմէն ետք իշխանութեան վրայ մնալով` այդ անկարողութեան շարունակականութիւն տուող իր… կարողութիւնը:

Բեւեռը ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս Փաշինեանի իսկական եւ արմատական ընդդիմադիր եւ հրապարակ կու գայ իր անիրապաշտութեամբ իսկ ամենաարմատական այլընտրանքով` խզել Ռուսիոյ հետ ամէն կապ եւ դիմել ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան, քանի, ըստ իրենց համոզումին, Ուաշինկթըն դռները լայն բացած է Հայաստանին առաջ, աւելի լայն, քան` Վրաստանին թէ Ուքրանիոյ… Պահ մը հարցականի տակ չդնելով Բեւեռի հետեւորդներու համոզումը, որ իրենց այլընտրանքը իրականանալի է, փորձենք հասկնալ, թէ ինչո՛ւ ճիշդ այս պահուն, երբ իշխանութիւնները քար լռութիւն կը պահեն Արցախի հիմնախնդրի շուրջ եւ կ՛առաջանան, ըստ պաշտօնական յայտարարութիւններու, հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններու գործընթացին մէջ, Բեւեռը իշխանութիւններուն իր ընդդիմութեան առաջին ճակատը կը բանայ ընդդիմութեան հետ լարուածութիւն ստեղծելով:

Սխալ չհասկցուինք: Ոչ ոք կ՛ակնկալէ, որ խորհրդարանական ընդդիմութիւնն ու Բեւեռը ամէն տարակարծութիւն մէկ կողմ դնեն եւ առաջնահերթային համարեն առնուազն հակակշիռ ստեղծել պարտուած իշխանութիւններուն վրայ, որպէսզի չկարողանան վերածուիլ Մոսկուայի եւ Անգարայի մէջ կայացած որոշումներու հլու կամակատարի եւ գիտակցին, որ մեծամասնութիւն ըլլալը չի նշանակեր ազգային լինելութեան հարցերուն մէջ միակողմանի որոշումներու իրաւունք ունենալ: Ինչպէս ամէն քաղաքական թերզարգացած հասարակութիւններու պարագային, հայրենի քաղաքական վերնախաւի մօտ ալ հարցերու անձնականացումը, երկխօսութեան ամէն կամուրջ այրելու բացառիկ տրամադրուածութիւնը կը բացառեն այն, ինչ որ նոյնիսկ ամենալարուած 1990-ականներուն կարելի կը թուէր` ազգային համախոհութեան նուազագոյն հասարակաց յայտարարներու շուրջ համաձայնութիւն եւ յանձնառութիւն:

Ատով հանդերձ, կարելի չէ նաեւ խուսափիլ այն հարցադրումէն, թէ արդեօ՞ք Բեւեռը, կամայ թէ ակամայ, իշխանութիւններու ընդդիմութեան լայն, այսինքն` ե՛ւ խորհրդարանական, ե՛ւ արտախորհրդարանական, դաշտի պառակտումին չի ձգտիր «դրօշակի պատերազմ»-ի այս հայկական տարբերակով բնորոշման միտք ի բանին նկատի առած, քանի, բարեբախտաբար, «պատերազմ» որպէս այդպիսին չկայ Երեւանի մէջ: Արդե՞օք ոչ իսկ խորհրդարանական ընդդիմութիւն ըլլալու նուազագոյն ժողովրդականութիւնը չունեցող Բեւեռը այս արարքով չի փորձեր նախ եւ առաջ քիչ մը բարելաւել իր ժողովրդականութիւնը ի հաշիւ ոչ թէ իշխանութեան համակիրներուն, այլ` ընդդիմութեան: Այսինքն, արդե՞օք Բեւեռին նպատակը նախ եւ առաջ խոհրդարանական ընդդիմութիւնը հարուածելն ու վարկաբեկելը չէ սեփական «ռէյթինկ»-ի բարելաւման համար: Եւ արդե՞օք իշխանութիւնները պիտի ունենան աւելի լաւ համոզիչ փաստ ռուս «ռազմավարական գործընկերոջ» առաջ ներկայանալու որպէս ամենաբանական այլընտրանք ի դէմս ժողովրդային զանգուածային շարժում յառաջացնելու անկարող ընդդիմութեան թէ ՕԹԱՆ-ի բացայայտ համակիր Բեւեռին:

Լիբանանեան «Դրօշակի պատերազմ»-ի չորսօրեայ աղէտալի անհեթեթէն ետք, Ուալիտ Ճոմպլաթ հրապարակային կերպով ընդունեց, որ «կաֆ» մը ըրած էր: «Լաւ չմտածեցի արարքիս մասին: Վաղաժամ էր: Արեւմտեան Պէյրութի բնակչութեան վրայ եւ «Ամալ»-ի հետ մեր յարաբերութիւններուն համար սուղ արժեց: Քաղաքին մէջ քանդումները ահաւոր են», ըսաւ ան լրագրողներուն: Չենք գիտեր, եթէ երբեք Փաշինեանը իր «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» յայտարարութեան մասին մտածեց որպէս «կաֆ», որպէս «լաւ չմտածուած» եւ «վաղաժամ» արարք: Եւ թերեւս իր լռութիւնը այդ մասին աւելի լրջախոհական է` նկատի ունենալով այդ յայտարարութենէն ետք իր միւս «կաֆ»-երը. «Մեզի պէ՞տք էր Շուշին» եւ այլն:

«Կաֆ»-ի մը պատճառով լիբանանեան «Դրօշակի պատերազմ»-ը թերեւս զգաստութեան հրաւէր մը ըլլայ աւելի շատ ընդդիմութեան, խորհրդարանական թէ արտախորհրդարանական, եւ խորհրդանիշներու զգայնութեան հիման վրայ քաղաքական կիրքերու կամայ թէ ակամայ հրահրման նախաձեռնող թէ նպաստող դերակատարներուն` զգուշանալու նման լարուածութեանց անկանխատեսելի հետեւանքներէն: Արեւմտեան Պէյրութի այդ աղէտալի ողբերգութիւնը վերջինը չեղաւ: Տիւրզի զինեալներն ու «Ամալ»ի հետեւորդները կրկին բախեցան իրարու փետրուար 1987-ին: Աւելի վայրագ, աւելի ատելավառ, աւելի արիւնոտ եւ աւելի քանդիչ:


Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ