Լոյս՝ հոգւոյդ, սիրելի ընկերուհի Ալվարդ։
Քու յախուռն, ձեռներէց, հայրենապաշտ, աներեր նուիրեալի խառնուածքովդ եւ միաժամանակ՝ գորովագին մօտեցումովդ դրոշմեցիր սերունդներ։ ՀՅԴի, ՀՕՄի մեծ ընտանիքները եւ հայ գրականութեան անդաստանը անկեղծօրէն կը սգան այս աշխարհէն մեկնումդ:
Ննջէ խաղաղութեամբ Գործիդ կարեւոր բաժինը կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ։
Վարձքդ կատար, յիշատակդ ալ՝ անթառամ։