կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-02-15 23:44
Հասարակություն

Տէ՞րն ենք մեր երկրին

Տէ՞րն ենք մեր երկրին

Խորհրդարանական վերջին՝ Յունիս 20, 2021-ի ընտրութիւնները փակեցին իշխանափոխութեան օրակարգը։ Մեր ազգային կեանքէն ներս սկսաւ սողալ համակերպումի ընթացքը։

Այսօր հաստատուած է արուեստական խաղաղ գոյակցութիւնը մը՝ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ։ Այս խաղաղ գոյակցութիւնը կը պահպանուի այնքան ատեն, որ իշխանութիւնը կը շարունակէ գործել ի վնաս երկրին, իսկ ընդդիմութիւնը կը շարունակէ պայքարիլ խօսքով, մեղադրանքով եւ քննադատութեամբ։ Խաղաղ գոյակցութիւնը ապահովուած է այնքան ատեն, որ իշխանութիւնը կը շարունակէ ի գործ դնել օտարածին պատուէրներ, իսկ ընդդիմութիւնը կը զբաղի իշխանութեան տարածած կեղծ օրակարգերով։

Ընտրութիւններէն առաջ պատրանքը ունեցանք փրկութիւնը փնտռել քուէարկութեան մէջ՝ կոյր ու խուլ ձեւանալով այն իրականութեան, որ ընտրութեան մասնակիցներուն մօտ երեք հարիւր հազարը արդէն օտարացած աղանդաւորներ են եւ ժողովուրդի մեծ մասը պատրաստ է կաշառուելու ու ենթարկուելու իշխանական մաֆիոզ լծակներու ցուցմունքներուն։

Ի յառաջագունէ իշխանաւորներուն յաղթանակը ապահուած էր։ Հետեւաբար պատահեցաւ այն ինչ, որ բնականօրէն պիտի պատահէր։ Իշխանաւորները պահեցին ղեկը։ Աւելին, ընտրութիւններով իշխանաւորներուն ղեկավարութիւնը օժտուեցաւ օրինականացուած հանգամանքով։

Նախ քան այդ, երկիրը արդէն գրաւուած էր ներսէն։ «Ազգընտիր» իշխանութեան մը երեւոյթը եկաւ նուիրականացնելու ներքին գրաւումը։

Քաղաքական հաշիւներու ոչ մէկ տրամաբանութիւն եւ ներքին ցնցումներէն հեռու մնալու ոչ մէկ խոհեմութեան կոչեր կարող են արդարացնել այսօր տիրող արուեստական խաղաղ գոյակցութիւնը։

Որովհետեւ, տակաւին աւելի վտանգաւոր ու գերազանցօրէն աղետալի կորուստներ կը սպասէ երկրին։

Հետեւաբար, մեր առջեւ դրուած հաւաքական գոյութեան եւ սեփական հայրենիքի պահպանման մէկ ու միակ օրակարգ։ Այս օրակարգի ռազմավարական հիմնաւորումը կը կայանայ մէկ հարցումի մէջ – Հայաստանը հայուն կը պատկանի՞, թէ՞ ոչ։ Այս հարցումին վրայ աւելորդաբանութիւն պիտի ըլլան յաւելեալ քաղաքական վերլուծումներ եւ աշխարհաքաղաքական բացատրութիւններ։

Հարցը լինել չլինելու մասին է, մեր պատմական առաքելութիւնը շարունակելու մասին է, հայու եւ հողի յարատեւութեան մասին է։

Գիտակցելու ժամանակն է, որ տակաւին աւելի վատը կը գտնուի մեր առջեւ։ Այնքան վատ, որ խնդրական պիտի դարձնէ Հայաստանի գոյատեւելիութիւնը եւ մեր ժողովուրդի գոյութենականութիւնը։ Ասիկա ահազանգ չէ, քաղաքական իրականութիւն է։ Միայն իմացականութենէ եւ տեսողութենէ զուրկ, կամքէ եւ վճռականութենէ դատարկուած ապաշնորհ ղեկավարութիւն մը պիտի մերժէ տեսնել այս վտանգը։

Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ իւրաքանչիւր հայու սրբազան պարտականութիւնն է այսօր հարց տալ ինքն իրեն, թէ տէ՞րն է իր հայրենիքին ու ժողովուրդին։

Պատասխանը պէտք է ըլլայ պարզ ու մեկին՝ այո՛ տէրն ենք մեր երկրին ու ազգին։ Տէ՛րն ենք, որովհետեւ Հայաստանը կը պատկանի միայն հայուն, որ թէ օտարամուտ պատուիրատուներուն։

Ուստի, ներկայ իշխանաւորներու հետ խաղաղ գոյակցութեամբ կարելի չէ տէրութիւն ընել մեր երկրին ու ժողովուրդին։

Տէրութիւն ընելու համար կարելի չէ գոյակցիլ, այլ պէտք է մաքրագործել մեր ապագան վատացնելու լծուածները։

Արուեստականօրէն մեզի պարտադրուող խաղաղ գոյակցութեան էջը պէ՛տք է փակել։

Սեդօ Պոյաճեան

Փետրուար 15, 2022

Լոս Անճելըս