Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Yerkir.am-ը ներկայացնում է ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Հայ դատի Կենտրոնական խորհրդի նախագահ Հակոբ Տեր-Խաչատուրյանի ելույթը, ներկայացված ՀՅԴ 131-ամյակի պաշտոնական հանդիսության ժամանակ.
Մեծայարգ հիւրեր, սիրելի հայրենակիցներ եւ ընկերներ,
ՀՅԴ Օրը աշխարհով մէկ կը նշուի որպէս կազմակերպութեանս կողմէ հայրենի ժողովուրդի եւ Սփիւռքի հայութեան ներկայացուող հաշուետուութեան պահ եւ Դաշնակցութեան դիրքորոշումները փոխանցելու առիթ:
Այսօր համահայկական առումով քաղաքական, պետականակերտ եւ ազգային ազատագրական պայքար մղող գլխաւոր կազմակերպութիւնն է ՀՅԴն որ կը գործէ ամենուրէք ուր հայ կայ՝ ծառայելով Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի բազմաշերտ կարիքներուն, սատարելով ընկերային արդարութեան հաստատման եւ աննահանջ առաջ մղելով հայ դատի աշխատանքներու թափը: Այս բոլորը կը կարողանանք իրագործել շնորհիւ մեր շարքերու եւ համակիրներու գաղափարապաշտ հիմքին, նպատակասլաց տեսլականի հանդէպ հաւատքին, մարտունակ ոգիին, անսակարկ նուիրումին, կուռ կարգապահութեան եւ ծառայելու անշահախնդիր պատրաստակամութեան:
2021ը ծանր տարի էր հայութեան համար: 2020-ի Արցախեան պատերազմի ընթացքին ամէն տարակարծութիւն մէկդի դրած` բնականաբար նուիրուած էինք հայութեան յաղթանակը ապահովելու գործին՝ տրամադրելով մարդոյժ ՀՅԴ պահեստազօրի ճամբով, ստեղծելով քաղաքական համաշխարհային հայանպաստ զօրաշարժ, յայտարարելով քարոզչական պատերազմ ընդդէմ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի շղթայազերծած քարոզչական գրոհին եւ կարեւոր նպաստ բերելով հանգանակութեան որ արձանագրեց աննախընթաց յաջողութիւն:
Կասկած չկար, որ համահայկական այս միասնութիւնը, ազգովին բռնցքուիլը անհրաժեշտ էին պատերազմի ընթացքին: Բայց պատերազմի աղիտալի արդիւնքը ցնցեց բոլորս: Հիասթափութիւնը ճնշող էր, մանաւանդ երբ յաղթանակի կեղծ տպաւորութիւններ ստեղծած իշխանութիւններուն շղարշը պատրեցաւ եւ մեր կորուստներու իսկական տարողութիւնը պարզուեցաւ:
Ազգային նուաստացումի առաջնորդած Հայաստանի ղեկավարը մերժեց արժանավայել կերպով ընդունիլ Արցախն ու Հայաստանը աղէտի պատասխանատուութիւնը, վճռեց ամէն գնով կառչած մնալ իր իշխանութեան աթոռին եւ ընդունեց պարտուողական պայմանները, որոնք այսօր ալ կը դրսեւորուին նորանոր միակողմանի զիջումներու արկածախնդրութեան պիտակով:
Ներկայիս դէմ յանդիման կը գտնուինք նորագոյն մարտահրաւէրներու, որովհետեւ պարտուած ու ազգային գաղափարախօսութենէ պարպուած Հայաստանի իշխանութիւնները հայրենի շահերը պաշտպանելու իրենց անկարողութիւնը փաստած են, շարունակական նահանջի մէջ են միջազգային բեմերու վրայ եւ ամէն տեսակի զիջումներու ալ` պատրաստ: Իսկ Արցախի իշխանութիւնն ալ դարձուցած են կամակատար, այսպիսով նսեմացնելով Արցախի ինքնիշխանութեան մակարդակը: Բարեբախտաբար Արցախի մէջ կան նաեւ ազգային եւ ինքնորոյն ոյժեր, որոնք ամուր կանգնած են պատնէշի վրայ եւ կը սատարեն Արցախի իրաւունքներու աներեր հետապնդման:
Առաւել՝ ՀՀ իշխանութիւնները անխնայ կը հրահրեն ներազգային բաժանումները իրենց պառակտիչ կոչերով եւ նախաձեռնութիւններով, քանդումի «Բաժնէ, որ տիրես»-ի քաղաքականութիւն որդեգրելով նաեւ Սփիւռքի նկատմամբ ... մինչդեռ թշնամիներով շրջապատուած եւ մեծ հարուած ստացած մեր հայրենիքին համար աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է համահայկական կուր միասնականութիւնը:
Հակառակ այս ծանր մթնոլորտին, Հայաստան-Սփիւռք լուրջ յարաբերութիւններու չգոյութեան, ՀՀ եւ ԱՀ իշխանութեան մօտ համահայկական տեսլականի բացակայութեան, ինչպէս նաեւ թագավարակի գործած եւ շարունակուող աւերներուն, ՀՅԴ Բիւրօն փորձեց իրագործել իր համահայկական ու հայրենի նախաձեռնութիւններու մեծամասնութիւնը 2021ի ընթացքին:
Այսպէս՝
Ա) Հայաստանի եւ Արցախի կապակցութեամբ՝
Տարին յատկանշուեցաւ Հայաստանի մեր կազմակերպութեան կողմէ տարուած ջանքերով՝ ՀՀ իշխանութեան աղիտալի քաղաքականութեան դէմ ընդդիմութիւն ձեւաւորելու, ժողովրդային ցոյցեր խթանելու, երիտասարդական դիմադրութիւն ստեղծելու, ինչպէս նաեւ՝ ԱԺ եւ ՏԻՄի ընտրութիւններու աշխոյժ մասնակցութեամբ:
ՀՅԴ-ի համար Արցախը եղած է եւ կը մնայ առանցքային խնդիր եւ մշտական ուշադրութեան առարկայ։ Հակառակ պատերազմի կորուստի կապակցութեամբ ԱՀ իշխանութեան ալ ունեցած պատասխանատուութեան, 2021ի ընթացքին աշխատեցանք Արցախին խնայել նորանոր ցնցումներ եւ կեդրոնացանք վերականգնումի աշխատանքներուն վրայ: Առաւել՝ ՀՅԴ աշխարհասփիւռ ընտանիքը՝ իր հայ դատի կառոյցներով, ուղեկից միութիւններով, երիտասարդական միաւորներով եւ համակիր շրջանակով, յաւելեալ թափով լծուեցաւ Արցախի դատը հետապնդելու եւ Արցախը վերականգնելու գործին:
Տարուան ընթացքին մշակուեցաւ նաեւ ՀՅԴ քաղաքականութիւնը երեք հիմնական հարցերու նկատմամբ
Առաջինը՝ Ազրպէյճանի ճնշումով եւ Թուրքիոյ օժանդակութեամբ առաջ քաշուող հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման եւ սահմանազատման ու սահմանագծման հարցերն են եւ անոնց առնչութիւնը` Արցախի հիմնախնդրին հետ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը ՀՀ իշխանութեան զգուշացուցած էր, որ այս պատրուակի տակ ո՛չ մէկ սահմանազատում, ո՛չ մէկ սահմանագծում պէտք է անդրադառնայ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան խնդրին, որմով կրնայ թաղուիլ Արցախի հարցը: ՀՅԴի համար 2020ի աղէտը ճակատամարտի մը կորուստն է միայն եւ պատերազմը, բոլոր ճակատներով եւ դրսեւորումներով, դեռ կը շարունակուի անկայուն հրադադարի մը քօղին տակ:
Երկրորդը՝ վերաթարմացուող հայ-թրքական յարաբերութիւններու կծիկն է: Մենք ունեցած ենք տխուր փորձառութիւնը 2008-2009 տարիներու ընթացքին, երբ հայ-թրքական արձանագրութիւններու պիտակին տակ փորձուեցաւ կարգավորել այդ յարաբերութիւնները:
Այն օրերուն մենք յայտարարեցինք, այսօր ալ նոյն կեցուածքը ունինք, որ մենք դէմ չենք յարաբերութիւններու հաստատման, մինչեւ այն ատեն որ անոնք չեն ըլլար նախապայմաններով, մինչեւ այն ատեն, որ մենք վար չենք դներ հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքները, մինչեւ այն ատեն որ չենք արտօներ, որ թրքական տնտեսութիւնը եւ ճնշումները ամբողջովին ողողեն Հայաստանը, եւ որ այդ յարաբերութիւնները չեն մշակուիր պարտադրանքի տակ: Այսօր սակայն մենք ականատեսն ենք, որ Թուրքիան ոչ միայն առաջ կը քաշէ նախկին նախապայմանները, այլեւ այսպէս կոչուած «միջանցքի» բացումն ալ հիմա աւելցուցած է այդ ցանկին: Մեզի համար յստակ է, որ պարտուած մթնոլորտի մէջ եւ թրքական ամէն տեսակի նախապայմաններու պարտադրանքին տակ կարելի չէ երեւակայել յարաբերութիւններու որեւէ բնականոնացում:
Իսկ երրորդը Հայաստանի գերիշխանութիւնը վտանգուած ըլլալու իրողութիւնն է. մենք յայտարարած էինք, որ Արցախը մեր դարպասն է եւ որ ան ՀՀ սահմաններու իսկ պաշտպանութեան առաջին գիծն է: Մեր թշնամիներու ախորժակները այսօր բորբոքած են Արցախի նկատմամբ իրենց ունեցած «յաջողութիւններու» բերումով եւ Ազրպէյճան ու Թուրքիա սկսած են թիրախաւորել նաեւ Հայաստանի տարածքը, նամանաւանդ Սիւնեաց աշխարհը:
Բ) Հայ Դատի ուղղութեամբ արձանագրուեցան կարեւոր նուաճումներ, որոնց կարգին.-
Գ) Սփիւռքի պարագային, հիմնական նախաձեռնութիւններն էին՝
Վերոյիշեալ վերլուծումներն ու 2021ի նախաձեռնութիւնները մեզ կ'առաջնորդեն մեր այսօրուան կարեւորագոյն դիրքորոշումներուն եւ ընելիքներուն՝
Սիրելիներ,
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համաշխարհային ընտանիքը պատրաստ է իր բաժինը բերելու որպէսզի կերտուի արդար եւ իսկապէս ժողովրդավար Հայաստան, հզօր բանակ եւ ազգային արժէքներու վրայ հիմնուած պետութիւն՝ համահայկական օրակարգի եւ ազգային պահանջատիրութեան տեսլականով: Պատրաստ ենք անվհատ աշխատելու նաեւ, որ ողջ հայութիւնը տէր կանգնի Արցախին, վերականգնէ անոր սահմանները, գօտեպնդէ իր հողերուն կառչած ժողովուրդը եւ ամրապնդէ անոր ազգային արժանապատուութիւնը:
Մենք փակած ենք 2020ի աշնան բացուած սուգի ու ընկճուածութեան էջը եւ համոզուած ենք, որ շուտով ականատեսը կ՛ըլլանք հայուն վերապրելու եւ վերականգնելու իւրայատուկ ոգիին, վճռակամութեան ու արիութեան վերադրսեւորումներուն:
Այսօր՝ սփիւռք եւ հայրենիք, միաձուլուած, պիտի փարին հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին, եւ անխնայ պիտի պայքարին թրքա-ազրպէյճանական հայատեաց եւ փանթուրանական ճակատին դէմ: Դժուար պայքար է, բայց` ոչ անկարելի: Ի վերջոյ բոլորս գիտենք, որ ո՛չ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, ո՛չ ալ հայ ժողովուրդը վհատած են, նոյնիսկ երբ իրենցմէ աւելի մեծ թիւով թշնամիներու դէմ պայքար մղած են եւ աղէտներէ ետք կերտած` մեծ յաղթանակներ:
Եւ այդ յաղթանակները մեր առջեւն են, որովհետեւ վստահ ենք, որ հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն, մենք ազգովին պիտի կերտենք նոր արշալոյս, համախոհութեամբ ճշդելով համահայկական օրակարգ որ կարողանայ համախմբել ողջ հայութիւնը:
Շնորհակալութիւն:
Տե՛ս նաեւ