կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-01-03 11:47
Հասարակություն

Բարի Դարձնենք Մեր Նոր Տարին

Բարի Դարձնենք Մեր Նոր Տարին

Վաղը նոր տարի կը բացուի. հայ մարդն ալ կ’ըսէ՝ բարին ալ հետը։

Բայց նոր օրուան բարիին հեղինակը, բեմադիրը եւ դերակատարը հայ մարդն ինք է։ Ինք կը ծրագրէ ու կը գործէ, որ բարի ըլլայ նոր օրը, նոր տարին։

Հայոց նոր տարին ալ, նոր ամիսն ալ, նոր շաբաթն ու օրը հայ մարդիկ բարի պիտի դարձնեն, որ այն բարի եւ արգասաբեր ըլլայ։

Անգործ ու անշարժ, անծրագիր մնալով մենք չարիք, արիւն, աւեր ու պարտութիւն քաղեցինք։

Այս գիշեր՝ Ամանորը դիմաւորելու պահուն երբ բաժակ բարձրացնենք առանձին, ընտանեօք թէ ընկերներով կամ անծանօթներու հետ, միահամուռ ուխտենք նոր տարին իր բոլոր օրերով բարի դարձնել ԳՈՐԾՈ՛Վ, ՄՏԱԾՈՒԱԾ ԵՒ ՆՊԱՏԱԿԱԴՐՈՒԱԾ։

Եւ բարին ինչպէ՞ս ճարել այս դարանակալ, չար ու դաւաճան աշխարհի երեսին։ Մեծ ուսուցիչը կ’ըսէ՝ եղէք աղաւնու նման միամիտ եւ օձի նման խորամանկ։ Ներազգային կեանքին միաբան ու հաւատարիմ պիտի դառնանք, եւ օձի նման խորամանկ արտաքին կեանքին մէջ։

Տարեվերջի այս խոհերով առաջնակարգ կարեւորութիւնը պիտի ընծայենք Սփիւռքին, զի այն մեր լայն պատուհանն է աշխարհի վրայ բացուած, Սփիւռքը իր բոլոր բաղկացուցիչներով ու տարբեր մշակոյթներու մերուածներով հսկայ թիւ ու կարողականութիւն ըլլալէ անդին, է՛ նաեւ ազգային հիմնական հարստութիւնը։

Այս հարստութիւնը գաղափարապէս կեդրոնախոյս է, ցրուած։ Իր կազմակերպուածութիւնը նախատեսուած է փոքրաթիւ համայնքի համար, որ հազարումէկ թելերով կապուած է իր մայր երկրին։ Այդպէս էր, այդպէս չէ այլեւս։ Ժամանակը շատ բան փոխած է։

Պատկերացնենք Սփիւռքը՝ էակ մը, որ իր բնական միջավայրէն, իր ար- մատներէն խզուած է, որ օրըստօրէ կը նուաղի եւ դիմադրականութիւնը կը կորսնցնէ։ Առողջապէս տկարացած մարդոց յատուկ խնամքի առարկայ կը դարձնեն, իսկ աւելի վատթարացած վիճակներուն՝ վերակենդանացման բաժանմունք կը տեղափոխեն, ուր արհեստական շնչառութեան սարքերու կը միացնեն, ներարկումներ կը կատարեն, սրտի աշխատանքը կը փորձեն կանոնաւորել. բաներ՝ որոնք կեդրոնացուած խնամք կ’ենթադրէ եւ թանկ արժէ։

Ցեղասպանութենէն եւ Հայաստանէն բռնագաղթէն գոյացած Սփիւռքը ազգային իմաստով անբնական պայմաններու մէջ կը գոյատեւէ արդէն հարիւրեօթը տարի եւ տասնամեակէ տասնամեակ կը հիւծի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի բնորոշմամբ՝ կը մաշի։ Սիւները, որոնց վրայ բարձրացուած է իր ազգային գոյատեւման կառոյցը՝ ընտանիք, դպրոց, եկեղեցի եւ օժանդակները՝ ակումբ, մամուլ, հասարակական կազմակեր- պութիւններ, այլեւս անզօր են հաւաքական հայութեան հիւծման, մաշումին առաջքն առնելու։ Տասնամեակները իրենց հետքը թողած են, սերունդ փոխ- ւած է, ըմբռնումները եւ մօտեցումները նախորդներէն տարբերած են։

Առ այդ ալ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, տարիներ առաջ ազդարարութիւնը հնչեցնելէ ետք, 2022-ը հռչակեց Սփիւռքի վերակազմակերպման տարի։ Կը նշանակէ՝ յատո՛ւկ լուսարձակի տակ առաւ զայն եւ հրաւիրեց հայ հանրոյթի ուշադրութիւնը անոր վրայ, ակնկալելով լայն ու գործօն մաս-նակցութիւն, առաջին հերթին Սփիւռքի խնամատարութեան կոչուած կառոյցները նորոգելու եւ անմիջական կարիքները բաւարարելու։

Մեր խորին համոզումով, ինչպէս մարմնի անշարժութեան մատմուած եւ գործառոյթը կորսնցուցած որեւէ անդամ, որուն բաւարար արիւն չի հասնիր է վերջոյ դատապարտուած է թափելու, այդպէս ալ հանրային կեանքին մէջ անհատ թէ հաւաքականութիւն երբ անգործութեան կը մատնուի, հետզհետէ անպիտան կը դառնայ, կ’այլասերի ու ի վերջոյ կը մահանայ։

Մեր նախնիներու ստեղծած կառոյցները կրաւորական դարձած են, մար-դիկ պէտք է դիմեն անոնց, որպէսզի անոնք օգուտ տան։ Երբ մարդիկ չեն դիմեր հայկական վարժարան, եկեղեցի, համայնքային կեդրոն, ակումբ, անհաղորդ կը մնան մամուլին ու գիր-գրականութեան, անոնք անզօր կը մնան։ Տասնամեակներու ընթացքին տարբեր ձեւերու դիմուած է այս կրաւորականութիւնը յաղթահարելու, որոնք եթէ յաջողած են որոշ ժամանակ, հետզհետէ գրաւչութիւնը կորսնցուցած են։

Մեր դիտարկմամբ, ոչ թէ շինութիւնը, հրատարակութիւնը, գիրը գրաւիչ դառնալէ կը դադրի, այլեւ անոնց բովանդակած, կրած իմաստը՝ գաղափարը, անոնց ԱՆՇԱՐԺՈՒԹԻՒՆԸ, կրաւորականութիւնը շրրջապատի սրընթաց ընթացքին յարաբերաբար։
Մեր կարծիքով, ա՛ս է որ յատուկ ուշադրութեան կը կարօտի։

Իսկ գաղափարը, ընդհանրապէս հայապահպանումը, որուն կը ծառայեն մեր բոլոր կառոյցներն անխտիր, եթէ կրաւորական ըլլալէ դադրի եւ դառնայ շարժունակ, յարաշարժ եւ ստեղծագործ, արդէն խնդիրները կրնան տարբերիլ, որոշ նուաճումներ արձանագրելէ եւ լաւապէս ներկայացուելէ, գովազդուելէ ետք։

Հայապահպանումը վերացական ըմբռնում է, երբ հայ մարդը չէ որդեգրած զայն։ Հետեւաբար հայ մարդն է որ պիտի կրէ շարժունակութեան բնոյթը։

Պէտք է իմաստ ու շօշափելի նպատակ ունենայ որեւէ աշխատանք կամ ձեռնարկ, որպէսզի ներգրաւէ նորահասին՝ չափահասէն առաջ, հեռանկար մը բանայ, որուն հետապնդման կարելի է թէ՛ մասնակցիլ եւ թէ հասնիլ։ Հայապահպանումը թերեւս տասնամեակներ առաջ քաշողականութիւն մը ունէր հասարակ հայ մարդուն համար, որ՝ օրինակ, տպարան կու գար եւ՝ եթէ հարկ ըլլար, կը սպասէր, նոր հրատարակուած թերթի համարը իր հետ տուն տանելու եւ կարդալու համար։ Այսօր նման բան չենք հանդիպիր, որովհետեւ այդ սերունդին տեղ գրաւած են նորն ու նորագոյնը։

Եթէ մտադիր ենք շարժունակութիւն եւ նոր աւիւն հաղորդել հայ մարդուն, ապա անհրաժեշտ պիտի ըլլայ գործընթաց մը սկսիլ, որուն ծրագրումին ան- միջական մասնակից դարձնել ենթական, ներքին զարգացող տինամիզմ մը հաղորդելու անոր եւ յառաջ մղելու։ Հնարաւորութիւններու կը կարօտի որեւէ գաղափարի իրագործում. աւանդական կառոյցները շարժունակութեամբ վարակուելու համար ի՛րենք պիտի հոգան այդ հնարաւորութիւնները եւ որ-դեգրել թէ՛ գործը, թէ՛ արդիւնքը։

Թերեւս հեշտ է նկարագրելը, դժուարը իրագործելն է, գաղափարը ներշնչելէ ետք, ներդաշնակութիւնը պահելը, մարդկային եսերը զսպելը, անհարթութիւններն ու դժուարութիւնները կարգաւորելը։ Չենք ուզեր մանրամասնութիւններու մէջ մտնել։ Կը փորձենք վիճակի ախտաճանաչում կատարել եւ դարման առաջարկել, այն համոզումով որ կարելի է համայնքներու մէջ մարդոց հաւաքական կեանքը թէ՛ աշխուժացնել եւ թէ հետզհետէ ընդհանրական՝ աւելի հարցերու լուծման շուրջ համախմբել զիրենք, որոշ չափով եւ ժամանակով առողջացնելով հայ կեանքը։

Սակայն, մինչեւ ե՞րբ։ Բնական է հարցադրումը եւ նոյնքան բնական է պատասխանը. դէպի հոն, ուրկէ մեր նախնեաց արտաքսեցին, Դէպի Երկիր։

Դէպի Երկիր ճամբան հարթ ու պատրաստ չէ, առաջին հերթին Սփիւռքի հայուն մէջ։ Արտաքին բոլոր արգելքները եթէ այսօր հրաշքով յաղթահարուին, առանց յաւելեալ աշխատանքի ու ճիգի հայ մարդն այսօր հայրենադարձուելու չէ տրամադրուած իր գերակշիռ մեծամասնութեամբ, ինչպէս ներկայացուցած է փրոֆ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան՝ անդրադառնալով մեր հարցումներուն, զոր ընթերցողը կրնայ կարդալ մեր ներկայ համարին մէջ։

Հրաշքներ չկան, չեն պատահիր, եթէ հրաշագործ մը չըլլայ, որ մեր խորին համոզումով իւրաքանչիւր հայ իր մէջ կը կրէ այդ զայն։ Հրաշագո՛րծ է, ինչպէս արի մարտիկ է, մտածող ու գիտուն, արհեստաւոր։

Սիրելի ընթերցող, տարուան մեր վերջին համարը լաւատեսութեամբ մը կը փակենք, որ անցած տարի չունէինք եւ այս տարի ալ կրնայինք չունենալ, եթէ չհաւատայինք հայ մարդուն հզօրութեան։
Բարի կաղանդ բոլորիդ։

ՅՈՒՍԱԲԵՐ-ի Խմբագրական