կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-01-04 23:27
Սփյուռք

Օնթարիոհայ Ազգային Միացեալ Խորհուրդը վիրաւորուած զինծայառողներուն համար բժշկական սայլակներ կ՚առաքէ Հայաստան

Օնթարիոհայ Ազգային Միացեալ Խորհուրդը վիրաւորուած զինծայառողներուն համար բժշկական սայլակներ կ՚առաքէ Հայաստան

«Հորիզոն» – Գանատայի Օնթարիօ նահանգի հայկական կազմակերպութիւններն ու միութիւնները համախմբող Օնթարիոհայ Ազգային Միացեալ Խորհուրդի «Բժշկական Իրերու Հաւաք» նախաձեռնութիւնը մեկնարկած է վիրաւորուած եւ ապաքինող զինծայառողներուն եւ կամաւորներուն համար նախատեսուած սայլակներու եւ անթացուպերու երկրորդ հաւաքագրումը։

Գանատացի Ռուբնարին ընտանիքը մասնակցեցաւ բժշկական իրերու հաւաքի վերոնշեալ արշաւին, նուրելով 25,000 գանատական տոլար արժողութեամբ սայլակներ, անթացուպեր եւ այլ իրեր։ Օնթարիոհայ Ազգային Միացեալ Խորհուրդի ատենապետ Սեւակ Քիւփէլեան այս առթիւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է գանատացի բարերար ընտանիքին՝ իրենց մարդասիրական օժանդակութեան համար։

Յունուար 4-ի դրութեամբ աւելի քան 40 սայլակներով համալրուած մարդասիրական նուիրահաւաքը տակաւին կը շարունակուի։

Նշենք, որ Օնթարիոհայ Ազգային Միացեալ Խորհուրդի նախաձեռնութեամբ առաջին առաքումով հայրենիք ուղարկուած են 50 սայլակներ եւ բժշկական վերականգնողական սարքեր։