Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հետեւեալ աշխատութիւնը ծնունդն է Ժիրայր Լիպարիտեանի «Արմենփրէս»-ի մէջ լոյս տեսած «Ի՞նչ խնդիր են լուծում Վազգէն Մանուկեանը եւ 17-ը․ ութ հարց եւ ութ պատասխան» յօդուածին, որ իր կողմէ վարկաբեկելու ամուլ ճիգ մըն է ներկայիս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական եւ քաղաքացիական պայքարին, որ կը միտի ներկայ իշխանութեան հրաժարականին:
Որպէսզի «Իմ պատասխանները» հասկնալի ըլլան, տուած եմ նաեւ Լիպարիտեանի հարցադրումներն ու իր իշխանամէտ, «գերագոյն դաւաճան»-ը (խմբ․- Նիկոլ Փաշինեան) եւ իր հայրենակործան խմբակը արդարացնող տեսակէտները: Փոքր տառերովը իր հարցերն ու պատասխաններն են:
Հարցում․- Արդեօք լուծո՞ւմ են Նոյեմբերի 10-ի յայտարարութեան ստեղծած իրավիճակը:
Ժիրայր Լիպարիտեան․- Ոչ, որովհետեւ Վազգէն Մանուկյանը լեզուական ճարպիկութեամբ լոկ խաղում է ժողովրդի սրտի լարերի հետ։
«Մենք չեն հաշտուի այդ յայտարարության հետ» ասելուց անմիջապէս յետոյ նա ասում է. «Մենք չենք կարող հրաժարուել դրանից»։
Իմ պատասխանը.
Նախ՝ «գերագոյն դաւաճան»-ը ստեղծած է այդ ստորագրուած վատահամբաւ յայտարարութեան իրավիճակը. ո՛չ Վազգէն Մանուկեանը եւ ո՛չ 17 կուսակցութիւններէն որեւէ մէկը: Անոր փոփոխութիւնը «ԱՅՍՕՐ» կարելի չէ, բայց աստիճանաբար, ժամանակի ընթացքին եւ հայրենասէր իշխանութեան մը ջանքով՝ անպայմա՛ն, ո՛չ միայն զայն բարեփոխելով ի նպաստ Հայաստանի (կը շեշտեմ Հայաստանի, որովհետեւ այդ «յայտարարութեան» ոչնչացումի գլխաւոր թիրախը ո՛չ թէ Արցախն է, այլ Հայաստանը. վկայ՝ Համաթուրանականութիւնը) եւ Արցախի, այլեւ զայն բարեշրջելով: Անշուշտ ոչ արտասահմանէն գնուած իշխանութեամբ, որ Շուշին «ՏԺԳՈՅՆ» կը տեսնէ, երբ ամբողջ հայութիւնը եւ ինչու չէ նաեւ անոր ծանօթ աշխարհը զայն Անդրկովկասի «ԳՈՀԱՐ»-ը կը յայտարարեն:
Առ ի հայերէնի հասկացողութիւն քեզի՝ Ժիրայր Լիպարիտեան, «Մենք չենք հաշտուիր այդ յայտարարութեան հետ»-ը բոլորովին ալ չի հակասեր «Մենք չենք կարող հրաժարուել դրանից»-ին. այսօր չենք կարող հրաժարուիլ, բայց չհաշտուելով կը ձգտինք թեթեւցնել բերուած աղէտը:
Հ․- Արդեօք նրանք լուծո՞ւմ են զոհուած ու վիրաւոր զինուորների հետ կապուած հարցերն ու նրանց ընտանիքների ծանր խնդիրները:
Ժ․Լ․- Ոչ մի փաստ չկայ, որ նրանք մտահոգ են այդ հարցերով, որ նրանք տարբեր մօտեցում են ունենալու, քան որեւէ մէկը, որն իշխանութեան մէջ է։
Նրանք օգտագործում են այդ ընտանիքների եւ ընդհանրապէս մեր ժողովրդի անասելի ծանր վիշտն ու բարկութիւնը, ինչպէս նաեւ ժողովրդի մի մասի յուսախաբութիւնը ժողովրդավարութիւնից՝ հասնելու համար իշխանութեան:
Հասնել նրան, ինչին ժողովրդի քուէով չկարողացան հասնել։ Դա է եղել պատմութեան մէջ իշխանութեան հասնելու հիթլերների ճանապարհը։
Իմ պատասխանը.
Երեւի իշխանական թեւն ու իր խօսնակներէն մէկը (որ կրնայ նոյնինքն Ժիրայր Լիպարիտեանն ալ ըլլալ) չեն լսեր 17-ի յայտարարութիւնները թէ՛ հաւաքներուն եւ թէ՛ մամուլի ելոյթներուն ընթացքին:
Իշխանական խաւը ամբողջ պատերազմին տեւողութեան եւ անկէ ետք, իբրեւ թէ ցոյց տուաւ իր մտահոգուիլը մեր հերոս զինուորներու վիճակով եւ կորածներու ու զոհուածներու ընտանիքներու դիմումներով. չէ՞ որ իրենք իրենց համար պարգեւավճարներ քուէարկելը աւելի կարեւոր է քան հերոսներուն ճակատագրով զբաղիլը… չէ՞ որ հասարակական կայքերու մէջ «գերագոյն դաւաճան»-ին զօրակցող օգտատէրեր վերոյիշեալ, իրենց զինուոր զաւակները փնտռող ծնողներուն վրայ լուտանքներ թափելը մարդակայնօրէն աւելի հիմնական է…
Իսկ խոցուած ընտանիքներու ծանր վիշտը օգտագործելու փաստը «գերագոյն դաւաճան»-ի անձնակազմը ցոյց տուած է իր տիրապետութեան 2,5 տարուան միջոցին տեղի ունեցած դատավարութիւններուն ընթացքին:
Գալով ժողովրդային քուէին, ան տեղի կ’ունենայ արդարամիտ իշխանութեան ղեկավարութեամբ, ո՛չ թէ բռնատիրութեան վերածուած, Ժողովրդային շարժումը վիժեցուցած եւ ազնիւ հայուն քուէն սուտով (եւ ինչու չէ նաեւ այլ միջոցներով) բռնազաւթած գնուածներու օրակարգով ու օրով:
Հ․- Արդեօք լուծո՞ւմ են իշխանութեան օրինակարգ փոփոխութեան խնդիրը:
Ժ․Լ․- Ոչ, պարզապէս պահանջում են, որ իշխանութիւնը Մանուկեանին յանձնուի եւ վերջ։
Իմ պատասխանը.
Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իւրաքանչիւր ասպարէզ զերոյական աստիճանի ու նախընթացը չունեցող ձախողութեան հասցնողը եւ յաղթանակներ կերտած մեր զոյգ հանրապետութիւնները թէ՛ զինուորական եւ թէ՛ հոգեկան պարտութեան տարածը՝ ինքնակամ, անցնցում պէտք է հեռանար իշխանութենէն, իր խմբակին մէկ մասն ալ երկրէն, եւ ո՛չ թէ սպասէր 17 կուսակցութիւններու ու Վազգէն Մանուկեանի կոչին:
Հ․- Արդեօք լուծո՞ւմ են վտանգուած ժողովրդավարութեան խնդիրը:
Ժ․Լ․- Ոչ, որովհետեւ Մանուկեանի պատկերացմամբ՝ վարչապետն ու իր թիմը, այսինքն՝ կառավարութիւնն ու Ազգային ժողովը պէտք է հեռանան եւ իշխանութիւնը Մանուկեանին յանձնեն, իր խօսքով՝ մի տարի ժամանակով, առանց նոր ընտրութիւնների։
Արդէն տեսնում ենք անհանդուրժողականութեան նախանշանները, երբ Մանուկեանը այլ պետութիւնների գործակալ, այսինքն՝ դաւաճան է հռչակում ժողովրդի մէկ կարեւոր մասին, նրանց, ովքեր իր եւ իր ընկերների հետ համաձայն չեն։ Եւ նա խօսում է նրանց «մաքրելու մասին»։ Ի՞նչ էք կարծում, ի՞նչ է սա նշանակում:
Իմ պատասխանը.
Ժողովրդավարութիւնը քանդուած է «գերագոյն դաւաճան»-ին կողմէ վերջին 2,5 տարուան ընթացքին, սահմանադրական բազում խախտումներով, դատարաններու բռնի շրջափակումով, Ազգային ժողովի պաշարումով, մամուլի զանազան ընդդիմախօսներու հալածանքով ու բանտարկութեամբ, մենաշնորհեալներու իրեն կամակատար դարձնելով (չէ որ բազմաշնորհեալներ պիտի գործէին երկրին մէջ…), անփորձ ու անգործունեայ իր խմբակիցներու կամ ազգականներու պաշտօնէութեան նշանակումներով, եւայլն, եւայլն…
Վազգէն Մանուկեանը այլ պետութիւններու գործակալ չի հռչակեր «ժողովուրդի մէկ կարեւոր մաս»-ին, այլ անոնց որ օտարերկրեայ նիւթական (եւ այլ) յատկացումներով կը սնանին ու կ’ապրին, եւ անոնք մեր հայրենի «ժողովուրդի մէկ կարեւոր մաս» չեն վստահ, փաստ՝ 2018-ի Դեկտեմբերին «Իմ քայլ»-ին քուէարկած բազմահազար հայորդիներու նոյն «Իմ քայլ»-ական իշխանութեան դէմ բազմաթիւ ցոյցերը զանազան ասպարէզներու մէջ ձախողումներու եւ խոստումներու դրժումներուն դէմ:
Իսկ անոնք, որ վերջին պատերազմին նախօրեակին եւ ընթացքին բանակի հապճեպ պաշտօնազրկումներ կատարած են, արգիլած նախկին պատերազմներուն յաղթանակած հրամանատարները գործուղելու ճակատներ, հակառակ իրենց պատրաստակամութեան, ԱԱԾ-ի (Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան) տնօրէնը կասկածանքի համար պաշտօնազրկած, բայց Արցախ գործուղած գերագոյն հրամանատարներու մօտ, եւ անտրամաբանական զինուորական գործողութիւններու ցուցմունքներ տուած, հակառակ հայրենասէր հրամանատարներու կամքին, արժանի չե՞ն մաքրուելու մեր երկրէն… դէպի բանտերը:
Հ․- Արդեօք լուծո՞ւմ է քաղաքական օրինակարգութեան հարցը:
Ժ․Լ․- Ոչ, որովհետեւ իրենք իշխանութիւն են պահանջում իրե՛նց համար, այլապես «գազազած» մարդկանց հրաւիրում են վարչապետ «յոշոտելու»:
Իմ պատասխանը.
Ժիրա՛յր, տես թէ ո՞վ որու կը յոշոտէ կամ կը փափաքի յոշոտել…
Ամէն հաւաքի եւ անկէ «անմիջապէս» առաջ, ընդդիմախօսներ, կուակցութիւններու ղեկավարներ եւ երիտասարդներ կը ձերբակալուին, բայց բարեբախտաբար ազատ կ’արձակուին «խելագարի ձեռքը ինկած» նոյն ձերբակալող ոստիկաններուն եւ դատաւորներուն կողմէ:
Ո՞վ աւելի ծայրայեղական եւ անօրինական քայլերու կը դիմէր կամ կը դիմեն ներկայիս. «գերագոյն դաւաճա՞ն»-ը 2018-ի իր ցոյցերուն եւ հաւաքներուն ընթացքին, թէ՞ 2020-ի պատերազմի պարտութեան յայտարարութեան եւ իր ամբողջական ղեկավարման ձախողութեան պատճառով անոր հրաժարականը պահանջողները:
Հ․- Արդեօք լուծո՞ւմ են հարցը՝ Արցախի եւ արցախցիների համար փրկելու այն, ինչը տակաւին կարելի է փրկել Նոյեմբերի 10-ի յայտարարութիւնից յետոյ:
Ժ․Լ․- Ոչ. թէեւ Մանուկեանն ասում է՝ դա է անելու, սակայն ոչ մի քննադատութեան չի ենթարկում իր եւ իր դաշնակիցների մտայնութիւնը, որի հետեւանքով հասանք այս պատերազմին։ Նաեւ իր 17-ի ընկերները այս՝ քսանից աւելի տարիների ընթացքում ստեղծել են Ղարաբաղեան խնդիրը լուծելու մի քսղաքականութիւն, որով իրենց յոյսը՝ խաղաքարտը դրել են պատերազմի՛ վրայ, եւ ո՛չ խաղաղութեան, կամ աջակցել են այդ մտայնութեանը:
Ոչ մի պատճառ չկայ այժմ մտածելու, որ սրանից յետոյ տարբեր արդիւնքի են հասցնելու մեր խնդիրը։
Նա Հայաստանի դիւանագիտութիւնը ի սկզբանէ ձախողութեան է դատապարտում։
Դրա գինը կարող է լինել նաեւ մնացեալի կորուստը։
Իմ պատասխանը.
Այս պատերազմին հասան մեր երկու հանրապետութիւնները բացառապէս «գերագոյն դաւաճան»-ին պատճառով՝ թէ՛ արտաքին եւ թէ՛ ներքին ձախաւեր կամ գործակալական քաղաքականութեան պատճառով:
Նախկին իշխանութիւնները (ի բացառեալ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախագահութեան վերջին տարիներէն) պահած են մեր երկու հանրապետութիւնները կանգուն եւ անձեռնմխելի, դո՛ւն եւ «գերագոյն դաւաճան»-ը ընդունիք կամ ո՛չ. փաստը՝ մեր յաղթանակները եւ բարձր արժանապատուութիւնը այդ ժամանակաշրջանին:
Վազգէն Մանուկեանը կը յայտարարէ Հայաստանի դիւանագիտութիւնը բերել համահունչ մեր դաշնակիցներու տրամադրութիւններուն, փրկելու համար հայրենիքը պարտուողականութենէն, որուն մէջ դերակատար եղած էիր նաեւ դո՛ւն:
17-ի յաջողութիւնը միայն կրնայ փրկել քու կոչած «մնացեալ»-ը եւ առաջնորդել յուսալի բարեշրջումներու:
Հ․- Արդեօք այս պատերազմից եւ պատմական մասշտապի պարտութիւնից յետոյ նրանք դաս չե՞ն քաղել:
Ժ․Լ․- Թերեւս քաղել են, սակայն ո՛չ այն դասը, որ մնացեալներիս համար յստակ է։
Ինչպէս նախագահ Արմէն Սարգսեանը եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն էին արել անցեալ Օգոստոսին, Վազգէն Մանուկեանը եւ իր ընկերներն այժմ իրենց պատերազմն են հռչակում Թուրքիոյ դէմ, երբ Մանուկեանը յայտարարում է, թԷ Հայաստանը միանալու է Թուրքիայի դԷմ կազմուող պետութիւնների որեւէ խմբի։
Ընդհանուր գծերով՝ Թուրքիան գործում է Ռուսաստանի հետ։ Թուրքիան անսակարկ դաշնակիցն է եւ գլխաւոր զօրակցողը՝ Ատրպէյճանի։ Ո՞ր երկրների հետ է բանակցելու կամ հաշուի նստելու Մանուկեանը, որպէսզի նոյեմբերի 10-ի յայտարարութիւնից առաւելագոյն օգուտը ստանանք։ Շուեյցարիայի՞ (խմբ․- Զուիցերիա)։
Մանուկեանի եւ իր ընկերների մօտ ոչ մի նշոյլ չկայ զգօնութեան եւ իմաստնութեան, որոնք անհրաժեշտ են այս կացութիւնից դուրս գալու համար։
Ընդհակառակը. տեսնում ենք, որ փոխանակ անցեալի սխալներն ընդունելու, առաւել խորանալով այդ սխալների մէջ՝ փորձում են ցոյց տալ, որ իրենք սխալ չեն գործել։ Եւ դա սկսում են պատմութեան ու նոյնիսկ անմիջական անցեալի դէպքերի նենգափոխութեամբ։
Իմ պատասխանը.
«Գերագոյն դաւաճան»-ն ու իր շքախումբն են որ այս պարտութենէն դաս քաղելու պարտադրանքին տակ են եւ ո՛չ թէ դաւաճանութեան շարունակուող ալիքին վրայ սաւառնողներուն նախապէս զգաստութեան հրաւիրած եւ այժմ ալ անարիւն հեռանալու կոչ ուղող հայրենասէրները:
Զգօնութեան ու իմաստութեան նշոյլն անգամ գոյութիւն չունի վերոյիշեալ շքախումբին մէջ, եւ անոր «ճերմակ թուղթի վրայ ստորագրողները» բացայայտեցին այդ՝ իրենց իշխանութեան առաջին իսկ օրերուն եւ յամարօրէն շարունակեցին (ըստ ինծի՝ վստահաբար թելադրուած եւ ապսպրուած) երբ հարուածեցին հայ մշակոյթը, գիւղատնտեսութիւնը, հանքարդիւնաբերութիւնը, բնապահպանութիւնը, կրթական համակարգը, հայ լեզուն, կրօնական ազգային հաստատութիւնը, բանակի յաղթանակած հրամանատարութիւնը…
Հ․- Արդեօք պետականութեան ուժեղացման խնդի՞րն են լուծում:
Ժ․Լ․- Ի՞նչ ճանապարհով են ուզում այդ «ուժեղացումը» իրագործել, երբ առաջարկում են անտեսել Սահմանադրութիւնը, Ազգային ժողովը եւ մենատիրութիւն հաստատել։
Վազգէն Մանուկեանն ու իր 17 գործակիցները այս հարցերից ոչ մէկը չեն լուծում։ Թէ ինչ հարց են լուծում, թողնում եմ ընթերցողի դատողութեանը։ Եթէ ճիշդ է, որ վարչապետ Փաշինեանը պէտք է հեռանայ, ապա դա չի նշանակում որ նրա պաշտօնը պէտք է ստանձնի մէկը կամ մի խումբ, որը ոչ միայն արտաքին քաղաքականութեան դաշտում արկածախնդրութիւնից բացի այլ բան չի անելու, այլեւ նուազագոյն յարգանքը չունի Սահմանադրութեան, պետական կառոյցների եւ ժողովրդավարութեան նկատմամբ։
Պատմութեան մէջ ամենամեծ վնասը հասցրել են նրանք, ովքեր գործել են որպես «փրկիչներ» եւ «ժողովրդի ցաւը ապրողներ», եւ ովքեր այդ «զգացմունքի» հիման վրայ էլ իշխանութիւն են պահանջել ու ստանալուց յետոյ այն ի չարն օգտագործել։
Իմ պատասխանը.
Սահմանադրութիւնը, Ազգային ժողովը անդամահատելու եւ մենատիրութիւն հաստատելու Վազգէն Մանուկեանին ու 17 կուսակցութիւններուն դէմ գանգատ ներկայացնելու ո՛չ մէկ իրաւունք ունին «գերագոյն դաւաճան»-ին ու իր կամակատարներուն պաշտպանները. անոնք հեռաւոր անցեալ թող չերթան, այլ միայն վերջին 2,5 տարին յետադարձ դիտելով, պայծառօրէն թող տեսնեն անոնց գործադրութիւնը նոյնինքն իրենց պաշտպանեալներուն կողմէ, եւ քանիցս:
Իբրեւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան նախկին անդամ եւ քաղաքականութեան ծանօթ անձ, չե՞ս տեսներ, որ արտակարգ կացութիւններու ընթացքին երկիրներ կը դիմեն բացառիկ միջոցառումներու եւ ո՛չ թէ կը պահեն կառոյցը քարուքանդ դարձուցած խմբակցութիւնը, մանաւանդ երբ դաւաճանական յստակ բազմաթիւ տուեալներ ալ կան: Նաեւ բոլորովին չես տեսած համաթուրականութեան սպառնալիքը ի դէմս Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի եղբայրութեան կամ գիտակցաբար ընտրած ես չտեսնել զայն:
Վերջապէս, կը ցաւիմ վճռակամօրէն հաստատելու վերջին տողերդ, որ «Պատմութեան մեջ ամենամեծ վնասը հասցրել են նրանք, ովքեր գործել են որպէս «փրկիչներ» եւ «ժողովրդի ցաւը ապրողներ», եւ ովքեր այդ «զգացմունքի» հիման վրայ էլ իշխանութիւն են պահանջել ու ստանալուց յետոյ այն ի չարն օգտագործել»։
2018-ին այսօրուան «գերագոյն դաւաճան»-ը նոյն հիմքով սկսաւ իր կեղծ «քայլ»-ը, բարձրացաւ հարթակ, ժողովուրդին մէկ կարեւոր մասին խաբելով գրաւեց իշխանութիւնը (նոյնիսկ այս 17-էն քանի մը կուսակցութիւն) եւ զայն օգտագործեց ո՛չ միայն իր անձնական շահին, այլեւ մեր երկու հանրապետութիւններուն քանդումին ու հայութեան պատիւին ջլատումին:
Բարեբախտաբար միշտ յոյս կայ եւ բարի օրերու տեսլական կ’երեւի, բայց «առանց Նիկոլի Հայաստան»-ի մէջ:
Սարգիս Տաղտէվիրեան
Դեկտեմբեր 8, 2020
hairenikweekly.com