Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ժիրայր Լիպարիտեան՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի աւագ խորհրդականը, դիւանագէտը եւ պատմաբանը, չի թաքցներ Հայաստանի մէջ ներկայ ռեժիմին իր բուռն պաշտպանութիւնը։ Պէտք է հասկնալի ըլլայ Պրն. Լիպարիտեանի գուրգուրանքը այս ռեժիմին նկատմամբ։ Ի վերջոյ այս ռեժիմը իշխանափոխութիւնը կատարեց Պրն. Լիպարիտեանի թաքուն օրհնութեամբ եւ աջակցութեամբ, ինչպէս եւ այս ռեժիմը հարազատօրէն որդեգրեց եւ կիրարկեց Պրն. Լիպարիտեանի վարքագծային տեսլականը՝ հանդէպ Արցախի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի։
Գիտէինք Տէր Պետրոսեանի իշխանութեան օրերէն, որ այս վարքագծային տեսլականը աղիտաբեր պիտի ըլլար Հայաստանին ու հայութեան համար։ Այսօր այդ աղէտը իրականութիւն է։ Բայց աղէտին հետեւանքով այսօր նաեւ վտանգուած է Պրն. Լիպարիտեանի փայփայած ռեժիմին գոյատեւումը։
Հետեւաբար, Պրն. Լիպարիտեան անմիջապէս փութաց ռեժիմի օգնութեան։
Օր մը առաջ, տարօրինակ ձեւականութեան հետեւող գրութիւն մը հրապարակեց՝ ի պաշտպանութիւն ներկայ ռեժիմին։ Տարօրինակ ձեւականութիւնը այն էր, որ Պրն. Լիպարիտեան ինքն իրեն 8 հարցեր կ՚ուղղէր եւ կու տար անոնց իւրաքանչիւրին պատասխանը։ Սխալ պիտի չըլլայ ըսել, թէ ասիկա մենազրոյց մըն էր, ուր հարց տուողը ինքն էր եւ հարցերուն պատասխանողն ալ ինքն էր։
Պրն. Լիպարիտեանի մենազրոյցին բովանդակութիւնը կարելի է ամփոփել հետեւեալ չորս կէտերու մէջ.- 1) Վազգէն Մանուկեան անկարող է հայրենիքը դիմակալող հարցերը լուծելու։ 2) Վազգէն Մանուկեան եւ իրեն աջակցող 17 կուսակցութիւնները ժողովուրդին աջակցութիւնը չունին եւ կը փորձեն կացութիւնը շահագործելով հակասահմանադրականօրէն իշխանութեան տիրանալ ։ 3) Այս պատերազմին պատճառը այն շրջանակներն են, որոնք վերջին 20 տարիներուն հարցը պատերազմով լուծելու քարոզչութիւնը ըրին։ 4) Ներկայ ռեժիմը օրինաւոր է եւ ժողովուրդին ընտրեալը։
Օրըստօրէ ծաւալող ժողովրդային ցոյցերուն ի պատասխան ձախող փորձ մըն է Պրն. Լիպարիտեանի այս մենազրոյցը։ Պատմաբանի, պետական մարդու եւ դիւանագէտի խոհուն եւ առարկայական բացատրութիւններ պէտք չէ փնտռել իր պատասխաններուն մէջ։ Հոն գործի վրայ է Լիպարիտեան աճպարարը, որ փոշի ցանելով եւ հայելիներ ցոլացնելով կը փորձէ նսեմացնել ժողովրդային շարժումը։ Թիրախը ներկայ ռեժիմը պահել է իշխանութեան վրայ, ճիշդ այնպէս ինչպէս կը ցանկան թուրքո-արեւմտեան պատուիրատուները։
Մէկ խօսքով, Պրն. Լիպարիտեան ութը պատասխաններ ունի, ութն ալ կ՛երգեն ներկայ ռեժիմի պահպանման մասին։ Ասիկա կը յիշեցնէ արջին երգը։ Արջն ալ ունի եօթը երգ, եօթն ալ տանձի մասին։
Սեդօ Պոյաճեան
Լոս Անճելըս
Դեկտեմբեր 9, 2020