Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ստորագրուած յանձնուողական յայտարարութեան փաստաթուղթը արցախեան պատերազմական գօտիի սահմաններէն հեռացած է եւ ներառած Հայաստանի տարածքներուն վրայ թրքական-ազրպէյճանական պահանջներու իրականացման յանձնառութիւններ: Նման պայմաններ ընդունելով` հայկական կողմը լրիւ ներքաշուած է Ազրպէյճան-Արցախ հակամարտութեան էութիւնը Հայաստան-Ազրպէյճան վերափոխելու Պաքուի երկարատեւ ռազմավարական ծրագիրին մէջ: Հրադադարի պայմանականութիւնը դէպի հայաստանեան տարածքներ առաջնորդելով եւ նման պայմաններու պաշտօնական վաւերացումով, Երեւան իր համաձայնութիւնը կու տայ բանակցութիւններէն Ստեփանակերտը դուրս մղելու ազրպէյճանական առաջադրանքին:
Այստեղ կայ սակայն հիմնական խնդիր: Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներու վերաբերող որեւէ փոփոխութիւն որեւէ ձեւով միանձնեայ իրաւասութիւններուն սահմաններուն մէջ չի տեղադրուիր:
Այսպէս. Հայաստանի Սահմանադրութեան յօդուած 121-ը կը հաստատէ.
«Հայաստանի Հանրապետութեան վարչատարածքային միաւորներն են մարզերը եւ համայնքները: Վարչատարածքային բաժանումը, կառավարութեան ներկայացմամբ, սահմանւում է օրէնքով»:
Աւելի՛ն. յօդուած 205-ի համաձայն`
«Վերպետական միջազգային կազմակերպութիւններին Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի փոփոխութեանը վերաբերող հարցերը լուծւում են հանրաքուէների միջոցով»:
Հիմա տեսնենք, թէ պարտուողական յայտարարութեան 2-րդ եւ 9-րդ կէտերը ի՛նչ կը բանաձեւեն:
«Աղտամի շրջանը եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան Ղազախի շրջանում հայկական կողմից պահուող տարածքները վերադարձւում են ազրպէյճանական կողմին մինչեւ 2020 թ. նոյեմբերի 20-ը (2-րդ կէտ)»:
Եւ`
«Տարածաշրջանում բոլոր տնտեսական եւ փոխադրական կապերն ապաշրջափակուած են: Հայաստանի Հանրապետութիւնն ապահովում է փոխադրական կապեր Ազրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջանների եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ` երկու ուղղութիւններով քաղաքացիների, փոխադրական միջոցների եւ ապրանքների անխոչընդոտ տեղաշարժը կազմակերպելու նպատակով: Փոխադրական հսկողութիւնն իրականացնում են Ռուսաստանի Դաշնութեան ԱԴS Սահմանապահ ծառայութեան մարմինները: Կողմերի համաձայնութեամբ կը տրամադրուի Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջանների հետ կապող նոր փոխադրական հաղորդակցութիւնների կառուցում (9-րդ կէտ)»:
2-րդ կէտը յայտարարութեան հետագային հրապարակուած բնագիրներուն մէջ կը բացակայի. այդուհանդերձ, երբ առաջին հրապարակուած տարբերակին մէջ ամրագրուած է, ապա կը տարուինք համոզուելու, որ այդ մասին կայացած է համաձայնութիւն:
Շարունակենք սահմանադրական տրամաբանութիւնը: Եթէ Ղազախի շրջանին մէջ հայկական կողմէն պահուող տարածքներու յանձնումը այսօրուան հայաստանեան սահմաններու փոփոխութիւն կ՛ենթադրէ, այդ կը նշանակէ, որ հակասութեան մէջ է փաստաթուղթը ստորագրողը Սահմանադրութեան հետ: Եթէ կ՛ընդունինք, որ վարչատարածքային փոփոխութիւն է եղածը, ապա անիկա կը պահանջէ համապատասխան օրէնք` Ազգային ժողովով հաստատուած:
Եթէ կը նկատենք, որ Նախիջեւանէն Հայաստանի վրայով դէպի Ազրպէյճան անցք տրամադրելը հայաստանեան տարածքի վրայ այլ գերիշխանութեան հաստատում է` թէկուզ խաղաղապահ տեսքով, ապա այդ մէկը կը նշանակէ տարածքի փոփոխութեան համար կազմակերպել հանրաքուէ:
Ըստ նոյն 9-րդ կէտին` կողմերու համաձայնութեամբ կը տրամադրուի Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն կապող նոր փոխադրական հաղորդակցութիւններու կառուցում: Հայաստանեան տարածքի վրայ նոր փոխադրական հաղորդակցութիւններու կառուցումը երկու պետութիւններու միջեւ կայացած պատերազմական գօտիին հետ չառնչուող եւ ըստ էութեան համաթրքական վաղեմի ծրագիրի հետ կապ ունեցող առաջադրանք է: Հայկական կողմը, առանց դիւանագիտական կապեր ունենալու, առանց հարցը խորհրդարանէն անցընելու եւ անոր սահմանադրականութեան հաստատումը ապահովելու միակողմանի զիջում կը կատարէ այս ձեւով:
Յայտարարութեան բովանդակութիւնը հեռացած է արցախեան գօտիէն եւ երկու պետութիւններու միջեւ հեռահար նպատակներ հետապնդող միակողմանի զիջումով փաստաթուղթ ստորագրած է: Նման խնդիրներ ոչ միայն օրէնքի կամ հանրաքուէի անհրաժեշտութիւնը կ՛ընդգծեն, այլ նաեւ` անոնց սահմանադրականութեան հաստատումը:
Առ ի յիշեցում, Սահմանադրութեան 6-րդ յօդուածի Ա. կէտը կ՛ըսէ.
«Պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններն ու պաշտօնատար անձինք իրաւասու են կատարելու միայն այնպիսի գործողութիւններ, որոնց համար լիազօրուած են Սահմանադրութեամբ կամ օրէնքներով»:
Այս յայտարարութեան հակաիրաւաչափ ըլլալու սահմանադրական նախադրեալներ կան: ՈՉ-ի շարժումի անցած ուղին մեզի կը յուշէ, որ այստեղ ոչ թէ վերապահութիւններ բանաձեւելու անհրաժեշտութիւնը կայ, այլ պարզապէս պաշտօնապէս յայտարարելու այս փաստաթուղթին հակասահմանադրականութիւնը: