կարևոր
0 դիտում, 8 տարի առաջ - 2016-04-08 11:53
Հասարակություն

«Ազդակ»-ի խմբագրական՝ 1-5 ապրիլ. հավանական քաղաքական շարժառիթներ (Ա)

«Ազդակ»-ի խմբագրական՝ 1-5 ապրիլ. հավանական քաղաքական շարժառիթներ (Ա)

Արցախ-Ազրպէյճան սահմանագօտիին վրայ Պաքուի կողմէ շղթայազերծուած պատերազմի հաւանական շարժառիթները փորձել ընկալելու համար նախ պէտք է բացառել յանկարծակիութեան գործօնի վարկածը: Մտաբերել նախ, որ պատահածը տարողութեան նշաձողի բարձրացում է այն առումով, որ վերջին ժամանակաշրջանին, թէեւ ելեւէջներով, այսուհանդերձ մնայուն պետական վարքագիծի վերածուած էր Պաքուի ռազմական այս վարքագիծը` արձակազէններով, հետախուզական թափանցման փորձերու գործողութիւններով, հրթիռակոծումներով:

Ռազմական այս պահուածքային հետեւողականութիւնը կը համալրուի քաղաքական կեցուածքով. Պաշտօնական Պաքուն առիթ չէր փախցներ միջազգային ամէն հարթակ օգտագործելով բանակցային գործընթացի ձեւաչափը տեղափոխելու այնպիսի հարթակ, ուր Թուրքիան պիտի ներգրաւուէր իբրեւ երրորդ կողմ:

Աւելցնենք, Ազրպէյճանի ներքին պայմաններու սրացումը` միջազգային շուկային վրայ քարիւղի արձանագրած կտրուկ արժեզրկումը, քարիւղային համակարգի վրայ ստեղծուած պետութեան դրամանիշի անկումը, ազրպէյճանական ընդդիմութեան հետզհետէ աւելի համարձակ տեսք ստանալը եւ ալիեւեան իշխանութեան դէմ ներազրպէյճանական բեւեռի ձեւաւորման նախադրեալներու երեւումը. միւս կողմէ` Ազրպէյճանի աւագ եղբօր դիմագրաւած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներու միաժամանակեայ ահագնացումը, Անգարայի կողմէ Թուրքիա-Սուրիա սահմանագիծին մեծ մասին վրայ վերահսկողութեան կորուստը, քրտական վտանգի ծաւալայնացումը եւ դրացիներու հետ բազմակի խնդիրներու յառաջացումը ի յայտ բերած էին Անգարայի եւ Պաքուի ճգնաժամային սլաքները համադրելու անհրաժեշտութիւն:

Սուրիական պատերազմի օրերուն, Պաքուին չմիանալը Անգարա-Ռիատ դաշինքին, այլ ընդհակառակն` նոյն այդ օրերուն Ալիեւի մեկնումը Թեհրան եւ ապա Մոսկուա-Պաքու կապերու սերտացման միտող փոխադարձ յայտարարութիւններու գուցէ պարտադիր քայլերը ստիպած էին երկու պետութիւններուն բանալ կովկասեան նոր ճակատ խաղաթուղթերը խառնելու, աշխարհաքաղաքական ուշադրութիւն շեղելու եւ նոր ուղերձներ ուղարկելու գերտէրութիւններուն: Իսկ այս ծիրին մէջ աւագ եղբօր համար ամէնէն անհանգստացուցիչ տարրը ռուս-ամերիկեան, թէկուզ սահմանային խնդիրներու շուրջ, ուղղակի-անուղղակի համաձայնութիւններ են ի հաշիւ Անգարային:

Նոր ճակատի բռնկումը անյետաձգելի էր. պահ մը այս բոլորը քննարկելի թեմաներ նկատելով համոզուինք, որ ինչ որ ալ ըլլան բուն դրդապատճառները, Պաքուն իր հերթական եւ սովորական դարձած յարձակողապաշտութեան նոր տարողունակութիւն չէր տար առանց Անգարայի համաձայնութեան, եթէ չենք ուզեր անպայման Անգարայի ուղղակի պատուէրը նկատել այս բոլորին մէջ:

Անշուշտ այս բոլորին մէջ բնական է, որ հայկական կողմը բացասական ընդունէր իր ռազմավարական հիւսիսային գործընկերոջ կողմէ սպառազինական գործարքները Պաքուի հետ: Ի վերջոյ, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) համակարգին դէմ է, որ կը յարձակի Պաքուն ոչ միայն Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծի երկայնքին, այլ նաեւ ուղղակի Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմաններուն եւ սահմանամերձ գիւղերուն դէմ:

Չեն բացառուած հակամարտութեան տարողութիւնը բարձրացնելով բանակցային գործընթացը վերաշխուժացնելու եւ մինչեւ խաղաղապահ ուժերու տեղակայման աշխարհաքաղաքական օրակարգը քննարկման բերելու տեսութիւնները: Ուժերու բաղադրութեան մասին հակոտնեայ են գերտէրութիւններու եւ միջազգային զինուորական կառոյցներու պատկերացումները: Բայց այս արդէն զուտ կանխատեսական վարկածի սահմաններուն մէջ կը մնայ` տրուած ըլլալով, որ անոր նախադրեալները գէթ հրապարակուած յայտարարութիւններուն մէջ չեն երեւնար:

Սկսուած պատերազմը Պաքուի տարիներու վրայ երկարող զինուորական վարքագիծի ցայտուն դրսեւորումն է. իր տարողութիւնը նկատի ունենալով անկարելի է, որ ապահոված չըլլայ Անգարայի համաձայնութիւնը, եթէ ոչ ուղղակի պատուէրը: Մնացեալը` աւելի հեռահար աշխարհաքաղաքական ծրագիրներու իրականացման ընթացքին առնչութիւններ տեսնելու տարբեր դիտանկիւններու հետ կապ ունի: Այստեղ կայ նախայարձակ. եւ կայ այդ նախայարձակումին կանաչ լոյս տուող երկրորդ պետութիւն: