Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 25-ամեակը կը յատկանշուի առաւելաբար նորացուած սահմանադրութեամբ: Խօսքը շեշտակիօրէն կառավարման համակարգի կտրուկ փոփոխութեան մասին է:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը 25-ամեայ ճանապարհ պէտք է անցնէր ի վերջոյ ընտրելու համար կառավարման խորհրդարանական համակարգը: 25 տարին երկիրներու, պետութիւններու պատմութեան մէջ ակնթարթային նշանակութիւն ունի: Այսօրուան ամէնէն ժողովրդավար դիմագիծ եւ ըստ էութեան համարժէք հասարակարգ ունեցող երկիրները երկար 25-ամեակներ սպասած են, անցած են թագաւորական միանձնեայ դրութիւններէ, յեղափոխութիւններէ, պատերազմներէ, ի վերջոյ հասնելու համար այսօրուան արդիւնքին:
Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ արդարացման կարգով մեր կառավարման համակարգի այսօրուան ըմբռնումներուն երբեմնի անպատշաճ էութիւնը կ՛ուզենք ընդգծել: Այդ էջերը դարձուած են արդէն, եւ կառավարման շոգեկառքը արագակշռոյթ ընթացքով կ՛ուզէ (կ՛ուզե՛նք) ուղղուիլ դէպի յաւելեալ ժողովրդավարացում, դէպի իրաւական պետութեան կայացում:
Նորացուած սահմանադրութիւնը պատշաճ է այսօրուան հասարակարգային ըմբռնումներուն. երէկուան տարբերակն ալ կրնար մօտ կանգնած ըլլալ անոնց, եթէ կիրարկման ընթացքին նախանձախնդրութիւն ցոյց տային թէ՛ պետական եւ թէ՛ հասարակական շրջանակները:
Պէտք է սակայն դարձուած համարել էջը եւ աւելի պայծառատես հայեացքով նայիլ նորին:
Սակայն նորին վրայ հայեացք կեդրոնացնելու եւ էջ փակելու համար նախ պէտք է նկատել իշխանութիւն-հասարակութիւն թէկուզ ոչ բացարձակ առումով, այդուհանդերձ նկատելի անվստահութեան վիհը:
Այս իրողութեան անդրադարձուած է հրապարակայնօրէն երկրի ամէնէն բարձր դիրքերէն հնչեցուած յայտարարութիւններով, եւ ոչ միայն յայտարարութիւններով, այլ նաեւ ձեռնարկուած փոփոխութիւններով:
Թէ՛ իրաւապահ մարմիններու, թէ վարչակառավարման օղակներու, ընդհուպ մինչեւ վարչապետի եւ կառավարութեան փոփոխութիւն այդ վիհը վերացնելու մօտեցումէն կ՛առաջնորդուին:
Սխալ, էապէս սխալ պիտի ըլլար ի յառաջագունէ անիմաստ նկատելը այս փոփոխութիւնները, անվստահութիւն տարածելը, համոզուիլն ու համոզելը, որ եղածը ընդհանրապէս գեղագիտական շղարշային հպումներ են:
Հակառակ վերապահութիւններուն, հակառակ անվստահութեան եւ թերահաւատութեան, ժխտական մթնոլորտի դաշտի ստեղծումը ո՛չ պետութեան եւ ո՛չ ալ ընդհանրապէս հասարակութեան որեւէ շահ կ՛ապահովէ: Փոխուած է վարչապետը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ հրաժարած է կառավարութիւնը:
Իրենց հերթին կը փոխուին նաեւ որոշ նախարարներ, նախարարներու տեղակալներ, ընդհուպ նախագահականի աշխատակազմի կարեւորագոյն պաշտօնեաներ:
Անցումային փուլի մէջ է արդէն համակարգը: Քաղաքական բառամթերքով` համակարգային փոփոխութեան շօշափելի քայլերու մասին է խօսքը:
Երեւոյթը չի բացատրուիր միայն քատրային արմատական փոխարինումներով, այլ նաեւ թէկուզ առայժմ ոչ այնքան տեսանելի, այսուհանդերձ ուրուագծուող սահմանադրական փոփոխութեամբ ամրագրուած կառավարական նոր համակարգով:
Նորացուած սահմանադրութիւնը հիմնականին մէջ տնտեսական հարցերու ընդհանուր պատասխանատուութիւն ունեցող վարչապետին կու տայ նաեւ քաղաքական լիազօրութիւններ` զայն դարձնելով երկրին գործադիր իշխանութեան թիւ 1 ղեկավարը: Նորացուած սահմանադրութեան իրականացումը նաեւ փուլային է. այսինքն` գործող վարչապետն ու յառաջիկայ մայիսին ընտրուելիք խորհրդարանը փուլ առ փուլ կը ստանձնեն իրենց լիազօրութիւնները` չհակասելով գործող նախագահի երէկուան սահմանադրութեամբ ճշդուած լիազօրութիւններուն:
Մեր երկիրն ու պետութիւնը ուրեմն անցումային փուլի մէջ են դէպի ընդհանուր համակարգային փոփոխութիւններ. դրական լիցք պէտք է հաղորդել, հասարակութիւնը կարիքը ունի շօշափելու վստահելի քայլեր:
Ամէնէն ազդեցիկ քայլերը ընտրութիւններն են. միայն ազատ եւ արդար ընտրութիւնները կրնան շօշափելի դարձնել հաւատքի, դրական լիցքի ընկալելիութիւնը: Եւ վերջապէս, նորացուած սահմանադրութեան առաջնային նպատակը մեր երկրին ընդհանուր համակարգին յաւելեալ ժողովրդավարացումն է: 25-ամեակը նոր սահմանադրութեամբ կը յատկանշուի. պայման են նաեւ անոր կենսագործման եղանակներուն հաւաստիութիւնն ու ընկալելիութիւնը: Պէտք չէ կորսնցնել այս առիթը: