կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-10-07 15:00
Սփյուռք

Մեր միակ վախը վախնալն է

Մեր միակ վախը վախնալն է

Արցախի դէմ շղթայազերծուած շարունակուող յարձակումը Թուրքիոյ համընդհանուր պատերազմն է հայութեան դէմ։ Այս պատերազմի ճամբով Թուրքիա կը հետապնդէ եռեակ թիրախներ.–

ա) Անդամահատել Արցախը Հայաստանէն,

բ) Գլխատել Հայաստանը,

գ) Քանդել Սփիւռքի հայ գաղութներու կարողականութիւնը։

Այս երեք թիրախներուն նուաճման նպատակն է ի՛րականացնել Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական դարաւոր երազը՝ փանթուրանիզմը, որ Հանրապետական Թուրքիոյ հաստատումով վերածուեցաւ համաթրքականութեան։

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մշակած ու հետապնդած վարքագիծը, հիմնուած է համաթրքականութեան վրայ։ Յայտնապէս սովորութիւն դարձած է Էրտողանի այս վարքագիծը պիտակաւորել իբրեւ Նոր Օսմանականութիւն (Նէօ Օթոմանիզմ)։ Բայց, թէ՚ ըստ ձեւի եւ թէ ըստ էութեան, անոր հարազատ ու ճիշդ անուանարկումը փանթուրքիզմ՝ համաթրքականութիւն է։

Էրտողանի համաթրքականութիւնը կ՛ընթանայ երկու ուղղութիւններով՝ դէպի Միջին Արեւելք ու Միջերկրական Ծով, եւ դէպի Անդրկովկաս։

Միջին Արեւելքի ու Միջերկրական Ծովի ուղղութեամբ թրքական արկածախնդրութիւնները բախեցան ու կը բախին խոչընդոտներու։ Այս շրջաններէն ներս տնտեսական, քաղաքական թէ զինուորական միջոցներով թրքական ազդեցութիւնը տարածելու գործը շօշափելի արդիւնքներ իրականացնել չկարողացաւ։ Այսուհանդերձ, ան կարողացաւ նոր հակառակորդներ առաջացնել Արաբական, Կիպրական եւ Յունական մակարդակներու վրայ։

Այժմ Թուրքիա նախաձեռնած է իր Անդրկովկասեան ուղղութեան։

Իր նախահայրերուն նման, Էրտողան Եւրասիոյ տարածքին տիրական եւ առաջնորդող ուժ ըլլալու ախորժակները կը փայփայէ։ Այս ուղղութեան թրքական կիզակէտը Անդրկովկասն է։ Իսկ նպատակն է մէկ կողմէ արեւելեան ճամբով միանալ Ատրպէյճանէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիոյ իր ցեղակիցներուն, միւս կողմէ՝ հետամուտ ըլլալ Թուրքիան վերածելու Կասպեան քարիւղի փոխադրութեան ճանապարհի: 

Այս ճանապարհի հասանելիութեան դիմաց կանգնող գլխաւոր խոչընդոտը Հայաստանն է։

Առկայ է Թուրքիոյ դիմաց աշխարհագրական խոցելի կէտ մը։ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան սահմանակիցներ չեն: Դէպի Ատրպէյճան անցքին դիմաց ցցուող թումբը Հայաստանն է։

Էրտողան գիտակից է, որ այս խոչընդոտը իր պատմական արմատները ունի։ Անցեալին Երիտասարդ Թուրքերը փորձած էին զայն վերացնել Ցեղասպանութեան ճամբով։ Հակառակ այդ փորձին, կոտորակուած Հայաստանն ու հայութիւնը մնացին ու կը մնան իբրեւ համաթրքականութեան երազը սանձող աշխարհաքաղաքական ներկայութիւն։ 

Էրտողանի այս պատերազմը ծրագրուած է ու կը գործադրուի հայկական ներկայութիւնը անէացնելու հաշիւներով։ Հայաստանը գլխատելու համար նախ պէտք է անդամահատէ Արցախը Հայաստանէն, որովհետեւ Հայաստանի պաշտպանութեան վահանն է Արցախը։ Արցախի անկումով կը դիւրանայ Հայաստանի գլխատումը՝ Նախիջեւանի տարածքէն Սիւնեաց աշխարհի գրաւումով։ Ասոր զուգահեռ, ուժաթափել Սփիւռքի գաղութները, որոնք Հայաստանի պաշտպանութեան ռազմաճակատներն են արտաքին աշխարհի տարածքին։ 

Թրքական ռազմական գործողութիւնները այսօր կ՚ապացուցեն, թէ Հայութեան դէմ ուղղուած հարուածները պիտի ըլլան անխնայ եւ անգութ։ Մենք ստիպուած ենք ըլլալու աւելի անխնայ՝ մեր հարուածներուն մէջ։ Մենք պարտաւոր ենք թշնամիին հասկցնելու, թէ իրենք շատ աւելի սուղ գին պիտի վճարեն՝ ռազմական սարքերու եւ զինուժի կորուստներու ճամբով, մինչեւ նոր տարածքներու գրաւումով։ 

Ոչ մէկ ուժ բարոյական իրաւունքը կրնայ ունենալ մեզ մեղադրելու մեր հարուածներուն համար, մեր նոր գրաւումներուն համար։ Ակրեսորը մենք չենք, մենք ակրեսորը պատժողն ենք։ Տարածաշրջանի եւ Արեւմուտքի ուժերը պէտք է գիտակցին, որ Հայ Զինուորը այսօր կը կատարէ այն գործը, որ իրենք պէտք է վաղուց կատարած ըլլային Էրտողանի պատերազմախառն արկածախնդրութիւններուն եւ ճիհատիստ վարձկաններուն դէմ։ 

Հետեւաբար պէտք է յաղթենք Ատրպէյճանի դէմ։ Ատրպէյճանը յաղթելով պարտութեան կը մատնենք Թուրքիան։

Մենք ոչինչ ունինք վախնալիք։ Մեր միակ վախը վախնալն է, որ չունինք, չենք ունեցած եւ պիտի չունենանք։։

Հոկտեմբեր 7, 2020

Սեդօ Պոյաճեան