կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-09-05 12:03
Սփյուռք

Նախարարով` Համապատասխան Կառավարութեան Թիւին

Նախարարով` Համապատասխան Կառավարութեան Թիւին

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերու պետերուն հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յանդիմանական ոճով չխօսեցաւ, այլ` առաջարկեց բարեկարգումի ծրագիր մը, նկատել տալով, որ անիկա լիբանանցիներուն ընձեռուած վերջին առիթն է:

«Մաքրոն նշեց, որ եթէ լիբանանեան քաղաքական ուժերն ու պետութիւնը ձախողին բարեկարգումի այդ ծրագիրը գործադրել, ապա ինք յետս պիտի կոչէ իր նախաձեռնութիւնը, եւ մենք պիտի ստանձնենք պատասխանատուութիւնը: Մաքրոն պատժամիջոցներ պարտադրելու մասին ոչինչ ըսաւ», յայտնեց Յ. Բագրատունի:

Երեսփոխան Բագրատունի հերքեց այն տեղեկութիւնը, թէ Մաքրոն բարձրաձայն խօսած է եւ յանդիմանած Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատը: «Ընդհակառակն` ինչ որ տեսայ եւ լսեցի այն էր, թէ երբ Մոհամետ Ռաատ եւ կարգ մը այլ անձնաւորութիւններ անհրաժեշտ նկատեցին, որ հարցերը աւելի համապարփակ կերպով քննուին` կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ լիբանանեան ընդհանուր համակարգին իմաստով, Մաքրոն հաստատեց, որ իրեն համար առաջնահերթութիւնը տնտեսական բարեկարգումներն են եւ Լիբանանը ելեւմտական տագնապալի իրավիճակէն դուրս բերելը: Մաքրոն աւելցուց նաեւ, որ կարելի է լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ տարակարծութիւն պատճառող թղթածրարներուն քննարկումը յետաձգել», ընդգծեց երեսփոխան Բագրատունի:

Մաքրոնի կողմէ Հըզպալլայի զէնքին կատարուած ակնարկութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Մաքրոն նշեց, որ Հըզպալլայի զէնքին թղթածրարը այլ հարց է, որ աւելի ուշ կարելի է քննարկել: Ֆրանսայի նախագահը յայտնեց, որ իրենք Հըզպալլայի քաղաքական թեւին հետ կը գործակցին եւ Հըզպալլայի զէնքը անոր ունեցած քաղաքական գործունէութեան չեն խառներ: Մաքրոն ըսաւ, որ այս խորհրդարանը ընտրած է նախագահը, խորհրդարանը ընտրուած է ժողովուրդին կողմէ եւ օրինական է, եւ նախագահը ընտրուած է խորհրդարանին կողմէ եւ օրինական է` մինչեւ յաջորդ ընտրութիւններու կայացումը: Մաքրոն շեշտեց, որ եթէ յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւնները ներկայ ընտրական օրէնքին հիման վրայ կատարուին, ապա նոր կազմուելիք խորհրդարանը այս խորհրդարանին նման պիտի ըլլայ: Իսկ ընտրական նոր օրէնքի մասին լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ պատկերացում իսկ չկայ: Մաքրոն յայտնեց, որ տնտեսական եւ ելեւմտական բարեկարգումները երեք ամսուան ընթացքին պէտք է կատարել, որպէսզի Ֆրանսա նախաձեռնէ Լիբանանի օժանդակութեան», հաստատեց երեսփոխան Բագրատունի:

Այլ հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը զբօսաշրջութեան կամ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կառչած չէ, այլ` ի վիճակի է ստանձնելու շատ աւելի կարեւոր նախարարութիւններ, որոնք ոչ ոքի մենաշնորհն են: «Կառավարութեան կազմութեան ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւններուն ընթացքին վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպին յայտնեցինք, որ կառավարութեան պիտի մասնակցինք մեր նախարարով` համապատասխան կառավարութեան թիւին, ինչպէս նաեւ ընդգծեցինք, որ նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ լիբանանահայ համայնքին իրաւունքը պէտք է յարգուի: Մենք կառավարութեան մաս կրնանք կազմել ըլլայ ան քաղաքական թէ մասնագիտական կառավարութիւն, բայց եւ այնպէս պէտք է իմանանք, թէ ի՛նչ նախարարութիւն պիտի ստանձնենք: Մենք ոչ ոքի հաշուեյարդարի կռուախնձորն ենք եւ կ՛ուզենք պահպանել համայնքին ու կուսակցութեան արժանապատուութիւնը: Իսկ կառավարութեան կազմին կամ նախարարներու թիւին մասին ցարդ յստակ պատկերացում չկայ», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

aztagdaily.com