Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի խորհրդարան մուտք գործելու պահուն ընդգծեց նորակազմ կառավարութեան աշխատանքի առիթ տալու անհրաժեշտութիւնը:
Ան նկատել տուաւ, որ լիբանանեան պետութեան իրագործելիք հիմնական երեք աշխատանքներն են մսխումի կասեցումը, փտածութեան դէմ պայքարն ու Լիբանանի պարտքերու վերադասաւորումը:
Տիապի Կառավարութիւնը Ստացաւ
Խորհրդարանի Վստահութիւնը
Խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին սկսաւ գումարել կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի քննարկման իր լիագումար նիստը, որուն սահմանադրական ըլլալուն մասին շարք մը երեսփոխաններ առարկեցին` նկատի ունենալով, որ օրինաթիւ չէր գոյացած, սակայն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց: Ան շեշտեց, թէ բոլորս` առանց բացառութեան, նախանձախնդրութիւն ցուցաբերած ենք իսկական ժողովրդային շարժումին եւ անոր պահանջներուն գործադրութեան:
«Սակայն այսօր ժողովրդային շարժումը պէտք է բացատրութիւն տայ եւ մեզի ու դատական իշխանութիւններուն դիմաց արդարացնէ, թէ արդեօք կ՛ընդունի՞ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն վրայ գործուած յարձակումները: «Գո՞հ է, որ հինգ երեսփոխաններու եւ նախարարներու ինքնաշարժներ վնասուած են, եւ երեսփոխան Սելիմ Սաատէի վրայ յարձակում գործուած է ու ան վիրաւորուած է», հարց տուաւ Պըրրի:
Ան ընդգծեց, որ խորհրդարանը բոլորին համար պիտի գոյատեւէ եւ ոչ թէ սադրանքներու համար:
Պըրրի հաստատեց, որ խորհրդարանի նիստը գումարուեցաւ 67 երեսփոխաններու ներկայութեամբ` շեշտելով, որ օրինաթիւ գոյացած էր:
Վարչապետ Հասսան Տիապ նիստին սկիզբը յայտնեց, որ լիբանանեան պետութեան նկատմամբ վստահութիւնը միայն գործերով կարելի է վերականգնել: «Անիկա երկար ճամբայ մըն է, որ կարիքը ունի ժողովուրդին հետ ճշմարտութեամբ առերեսուելու»:
Վարչապետը շեշտեց, որ իրենց պարտականութիւնն է լիբանանցիներուն իրականութիւնը ըսել, այլ խօսքով` անոնց իմացնել, որ իրենց առած ճակատագրական քայլերը դժուար են եւ ցաւ պիտի պատճառեն:
Տիապ յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը կը պարունակէ դատական եւ օրէնսդրական բարեկարգումներ` աւելցնելով, որ տնտեսական առումով պիտի որդեգրուին որոշ քայլեր` բարելաւելու համար երկրին տնտեսութիւնը, զայն վերածելով եկամտաբեր տնտեսութենէն արտադրողական տնտեսութեան:
Տիապ նկատել տուաւ, որ կառավարութիւնը յանձնառու է կարելի եղածին չափ արագ կերպով աշխատելու եւ գործադրելու իր ծրագիրը, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել Լիբանանը:
Իր խօսքին աւարտին Տիապ խորհրդարանին ներկայացուց կառավարութեան մշակած աշխատանքային ծրագիրը:
Առաւօտեան նիստին խօսք առաւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ, որ յայտնեց, թէ իրենք կառավարութեան կը շնորհեն իրենց վստահութեան քուէն` հակառակ անոր որ այդ կառավարութիւնը իրենց խումբին չի նմանիր:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ իրենց դիմաց գոյութիւն ունեցող միակ այլընտրանքը տեղքայլն է եւ անիշխանութիւնը, որ կրնայ զիրենք առաջնորդել յաւելեալ փլուզումի:
Պասիլ կոչ ուղղեց` Լիբանան վերադարձնելու իւրացուած գումարները, ինչպէս նաեւ պաշտպանելու դրամատուներուն մէջ փոքր գումար ունեցողները, որոնք 95 առ հարիւր համեմատութիւն մը կը կազմեն: Ան նաեւ անհրաժեշտ նկատեց Կեդրոնական դրամատունը նիւթական հաշուեքննութեան ենթարկել` հաստատելով, որ Կեդրոնական դրամատունը պետութեան տրամադրութեան տակ կը գտնուի: Ան ընդգծեց, որ իրենք կը մերժեն արտաքին աշխարհին բանեցուցած ճնշումին տակ կքիլ եւ յանձնուիլ պաղեստինցի գաղթականները բնակեցնելու առաջարկին:
«Կառավարութեան աշխատանքի առիթ պիտի ընծայենք, իսկ եթէ ան արագ կերպով չգործէ, ապա ոչ ոքի պիտի սպասենք եւ մենք պիտի ըլլանք զայն առաջին ձախողեցնողը», նշեց Պասիլ:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ իր խօսքով կոչ ուղղեց` կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ կայացնելու` հիմնուելով ներկայ ընտրական օրէնքին վրայ:
Երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ ընդգծեց, որ նորակազմ կառավարութիւնը պիտի գործէ նախորդ կառավարութեան ճիշդ հակառակ կերպով: Ան զգուշացուց Լիբանանը հարուածելիք սովի ալիքէն:
Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան ընդգծեց, որ պլոքը իր վստահութեան քուէն պիտի չշնորհէ կառավարութեան:
Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար նշեց, թէ իրենց հարցը այն է, որ այդ կառավարութիւնը ներկայացուցչական կառավարութիւն մըն է եւ ոչ թէ իսկական: Ան մերժեց վստահութեան քուէ շնորհել կառավարութեան` նշելով, որ անոր աշխատանքային ծրագիրը յարիր է 17 հոկտեմբեր 2019-էն առաջ տիրող ժամանակաշրջանին:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ յայտնեց, որ նորակազմ կառավարութիւնը յոյս կը ներշնչէ` աւելցնելով սակայն, որ ելեկտրականութեան ծրագիրին պարագային կառավարութիւնը կը հիմնուի սխալ քաղաքականութեան վրայ:
Երեսփոխան Միշել Տահեր շեշտեց, որ եթէ կառավարութիւնը խոստանայ յառաջիկայ մարտին եուրոպոնտի պարտաւորութիւնները չվճարել, ապա ինք պատրաստ է իր վստահութեան քուէն շնորհելու անոր:
Առաւօտեան ժամը 10:30-ին, իր ինքնաշարժին մէջ գտնուած ընթացքին ցուցարարներուն յարձակումին ենթարկուած Ղովմի կուսակցութեան երեսփոխան Սելիմ Սաատէ, որ վիրաւորուած ու փոխադրուած էր հիւանդանոց, կէսօրէ ետք վերադարձաւ խորհրդարան, ուր արտասանած իր խօսքով ան խստիւ դատապարտեց Լիբանանի դրամատնային համակարգը եւ լումայափոխներուն տրուած սանձարձակ իրաւունքները:
Երեսփոխան Միշել Մուաուատ նշեց, որ ինք իր վստահութեան քուէն պիտի չշնորհէ կառավարութեան` աւելցնելով, որ ինք չի կրնար նաեւ վստահութիւն շնորհել որեւէ ընդդիմութեան, որ իշխանութեան մաս կազմած է եւ երկրին մէջ արձանագրուած փտածութեան մեղսակից է:
Երեսփոխան Շամել Ռուքոզ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն գրառումով մը յայտնեց, որ ինք պոյքոթի պիտի ենթարկէ խորհրդարանի լիագումարին իր մասնակցութիւնը:
Յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Պըրրի յայտարարեց մէկ ժամուան դադար մը:
Երեկոյեան ժամը 5:00-ին, խորհրդարանը շարունակեց իր լիագումարը, որուն ընթացքին խօսքեր արտասանեցին նաեւ շարք մը այլ երեսփոխաններ:
Երեսփոխան Ժիհատ Սամատ յայտնեց, որ նորակազմ կառավարութիւնը դիմակաւորներու կառավարութիւն մըն է, որուն կարելի չէ վստահիլ, որ չի կրնար երկրին դիմագրաւած մարտահրաւէրները դիմակայել:
Երեսփոխան Եասին Ժապեր շեշտեց, որ իրենք կառավարութեան վստահութեան քուէ պիտի շնորհեն, որովհետեւ ան վերջին առիթի կառավարութիւնն է:
Երեսփոխան Ժորժ Ատուան հաստատեց, որ իրենք կառավարութեան վստահութեան քուէ պիտի չընծայեն, այլ անոր աշխատանքներուն պիտի հսկեն:
Ան կոչ ուղղեց խորհրդարանին հանդէպ լիբանանցիներուն վստահութիւնը վերականգնելու` կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններու ընդմէջէն:
Երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ Խորհրդակցական հանդիպում պլոքը Տիապի կառավարութեան պիտի շնորհէ իր վստահութիւնը:
Այս ելոյթներէն ետք վարչապետ Տիապ նշեց, որ իր կազմած կառավարութիւնը քաղաքականացած կառավարութիւն մը չէ, այլ` անկուսակցական մասնագէտներու կառավարութիւն մը:
Ան հաստատեց, որ իրենք պիտի աշխատին ամբողջ Լիբանանի եւ բոլոր լիբանանցիներուն համար` շեշտելով, որ Լիբանանի անդունդն ի վար գլորուելու վտանգը վերացական չէ, «եւ մենք կը փափաքինք Լիբանանը դուրս բերել այդ վտանգէն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ երկիրը կարելի չէ ձորին բերնէն դուրս բերել, «երբ ոմանք մեր ետին կը սպասեն` մեզ անդունդը գլորելու նպատակով», նշեց ան:
Վարչապետ Տիապ նկատել տուաւ, որ իրենք կը փափաքին խորհրդարանի վստահութեան քուէին արժանանալ, ինչպէս նաեւ կը խնդրեն խորհրդարանին զօրակցութիւնն ու գործակցութիւնը` կարենալ յաջողցնելու համար իրենց ստանձնած աշխատանքները:
Ապա խորհրդարանը կատարեց քուէարկութիւն, որուն ընթացքին լիագումարին ներկայ 84 երեսփոխաններէն 63-ը թեր քուէարկեց, 20-ը` դէմ, իսկ երեսփոխան Միշել Տահեր մնաց ձեռնպահ:
Այսպիսով Տիապի կառավարութիւնը ստացաւ իր վստահութեան քուէն:
Նիստին աւարտին կառավարութիւնը ստացաւ երեսփոխաններուն շնորհաւորութիւնները:
Նշենք, որ վստահութեան քուէ ստացած Տիապի կառավարութիւնը վաղը` հինգշաբթի, 13 փետրուարին, նախագահական պալատին մէջ պիտի գումարէ իր անդրանիկ ընթացիկ նիստը:
Միւս կողմէ, ժողովրդային շարժումին մաս կազմող ցուցարարները առաւօտեան ժամը 7:00-էն սկսեալ «Նահար» օրաթերթի շրջակայքը, Նահատակաց հրապարակին վրայ, Զոքաք էլ Պլաթի մէջ, «Մոնրօ» պանդոկի շրջակայքը, ինչպէս նաեւ ծովային ճամբուն վրայ մեծաթիւ ներկայութիւն էին եւ ամէն գնով կը փորձէին արգիլել երեսփոխաններուն եւ նախարարներուն խորհրդարան հասնիլը:
Լիբանանեան բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը խիստ ներկայութիւն էին ճամբաներուն, մայրուղիներուն ու հրապարակներուն վրայ եւ ամէն գնով արգիլեցին ցուցարարներուն կողմէ ճամբաները փակելու փորձերը:
Բոլոր շրջաններուն մէջ ալ բախումներ արձանագրուեցան ապահովութեան ուժերուն եւ ցուցարարներուն միջեւ:
Ապահովութեան ուժերուն կողմէ մեծ թիւով արցունքաբեր կազեր արձակուեցան ցուցարարներուն վրայ` զանոնք ցրուելու միտումով:
Իսկ խումբ մը ցուցարարներ յաջողեցան «Լը Կրէյ» պանդոկին կից գտնուող քարէ պատնէշը մասամբ վերացնել, սակայն անոնք ենթարկուեցան պատնէշին ետին գտնուող ապահովութեան ուժերու ջրցան մեքենաներուն «հարուածներուն»:
Ցուցարարները անխնայ քարկոծեցին աղիւսէ արգելքներուն ետին գտնուող ապահովութեան ուժերը:
Ապահովութեան ուժերը ցուցարարներէն պահանջեցին իրենց շարժումը պահել խաղաղ բնոյթի մէջ եւ անկարգութիւններուն ու խուլիկանութիւններուն վերջ տալ:
Բանակը բազմիցս կոչ ուղղեց ցուցարարներուն` պահպանելու իրենց շարժումին խաղաղութիւնը, ընդգծելով, որ այդ շարժումը անհրաժեշտութիւն է բոլորին պաշտպանութեան համար:
Բանակը հաստատեց, որ ապահովութեան ուժերը քարկոծելը, խուլիկանութիւնն ու պետական եւ սեփական կալուածներու քանդումը կ՛աղաւաղեն ժողովրդային շարժումին պահանջները եւ ոչ թէ կը գործադրեն զանոնք. այդ քայլերը ազատ կարծիք արտայայտելու ծիրին մէջ չեն իյնար:
Յետմիջօրէին ցուցարարները հրկիզեցին «Պլոմ» դրամատան Ռիատ Սոլհի մասնաճիւղը եւ բանակին ու ապահովութեան ուժերուն արձակած արցունքաբեր կազերէն խուսափելու համար թաքստոց գտան Մոհամետ Ամին մզկիթը:
Երեկոյեան ժամը 5:00-ին ցուցարարներուն թիւը մեծաւ մասամբ նօսրացաւ:
aztagdaily.com