Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Փարիզէն հազիւ վեց մղոն հարաւ-արեւմուտք գտնուող Սեւրի շրջանն ալ, Օգոստոսի շոգ օրերուն, իր կարգին «վարակուած» կ՛ըլլայ ամառնային արձակուրդի տենդով: Ընդհանրապէս, հեւքոտ կեանքը մեռած ու «սառած» կ՛ըլլայ այդ օրերուն, մինչեւ իսկ շրջանի հանրահռչակ յախճապակիի գործարանները կը մատնուին անշարժութեան, ու այդ շրջանը այցելող զբօսաշրջիկը անակնկալի կը մատնուի, տեսնելով ամառնային արձակուրդին պատճառով քանի մը շաբաթ փակ մնացող դռներն ու անաղմուկ եւ անշշուկ անշարժութիւնը:
Հարիւր տարի առաջ, 10 Օգոստոս, 1920-ին, քաղաքին մէջ վաղուց մարմին առած գործարաններէն քանի մը կառոյց անդին, քաղաքապետութեան շէնքին մէջ, եւ հակառակ տօթին ու գոլին, մեծ պետութիւններու ղեկավարներ ու ներկայացուցիչներ, գլխաւորութեամբ դաշնակից պետութիւններու` Ֆրանսայի, Մեծն Բրիտանիոյ, Իտալիոյ եւ Ճափոնի, բանակցութեան սեղանի շուրջ հաւաքուած էին՝ Օսմանեան փուլ եկած կայսրութեան ենթակայ բազմաթիւ երկիրներու անկախացումը հաստատելու համար, դասաւորելու անոնց բարոյական, նիւթական եւ քաղաքական հատուցման իրաւունքները, այսինքն, անոնց վերադարձնելու այն՝ ինչ որ անարդարօրէն խլուած էր:
Խնդրոյ առարկայ երկիրներուն շարքին էին Փորթուգալ, Պելճիքա, Լեհաստան, Չեխոսլովաքիա, Ռումանիա, Յունաստան, Եուկոսլաւիա (այդ օրերուն՝ Սերպ-Խրուաթ-Սլովէն պետութիւնները), ՀԱՅԱՍՏԱՆ: Սեղանին միւս կողմը նստած էր կայսերական պարտեալ Գերմանիոյ դաշնակիցը՝ նմանապէս մեծ պարտեալը՝ Թուրքիա:
Դաշնակից ու յաղթական մեծ պետութիւններու ներկայացուցիչներուն կողքին, տեղ գրաւած էին փոքր դաշնակիցներուն պատուիրակները, որոնց կարգին՝ Հայաստանի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ պատուիրակութեան նախագահ Աւետիս Ահարոնեանի: Փոքր դաշնակիցներն ալ յաղթական էին. Հայաստան այս անգամ «հերիսայի կաթսայ»ին մօտեցած էր Սարդարապատի եւ ուղեկից ճակատամարտերուն մէջ կռանած «երկաթեայ շերեփ»ով…
Յաղթականներուն դիմաց, իբրեւ ամբաստանեալ նստած էին պարտեալ Օսմանական Թուրքիոյ պատուիրակները` Ռիզա Թեֆիք Պօլիւքպաշի, Մեհմետ Հատի փաշա, Տամաթ Ֆերիտ փաշա, իրենց կողքին ունենալով Ֆրանսայի մէջ դեսպանը Ռեշատ Խալիսը:
Թրքական բանակը չարաչար պարտուած էր «արեւելեան» բոլոր ճակատներուն վրայ. իր հոգեվարքը կնքող Օսմանեան կայսրութեան ներկայացուցիչները եկած էին անձնատուր ըլլալու եւ… դիւրացնելու ջարդարար ղեկավարներու գլխիկոր փախուստը:
Սեւրի դաշնագիրը ստորագրող մեծ ու փոքր պետութիւնները, որոնց կարգին՝ ԹՈՒՐՔԻԱ,
ի շարս այլ յօդուածներու՝ 89-րդ յօդուածը ստորագրելով, պաշտօնապէս եւ հանգամանօրէն ճանչցան ԱՆԿԱԽ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆի իրաւունքները, որոնք հետագային պիտի ընդգրկէին Վանի, Էրզրումի, Պիթլիսի եւ Տրապիզոնի նահանգները, իբրեւ արդիւնք ամերիկեան արդար որոշումի մը:
Այո՛… Սեւրի մէջ, միջազգային յանձնառութեամբ ստորագրուած դաշնագրին արդիւնքն էր Միացեալ Նահանգներու օրուան նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի քարտէսը՝ «Ուիլսընեան սահմաններ»-ը:
Դաշնագրի ստորագրումէն երեքուկէս ամիս ետք, Նոյեմբեր 1920-ին, նախագահ Ուիլսըն իրեն յանձնուած պարտականութիւնը բծախնդրօրէն եւ արդար դատողութեամբ կատարելով, մեծ դաշնակիցներու ժողովին ներկայացուց իր իրաւարարական վճիռը, իբրեւ անբաժանելի լրացուցիչ՝ Օգոստոս 10-ի դաշնագիրին:
Բայց… աւա՜ղ:
Ռազմաքաղաքական գետնի վրայ, դէպքերը այնքան մը սրընթաց էին, որ Ուիլսընեան վճիռէն հազիւ շաբաթ մը ետք, Հայաստան ստիպողաբար ինկաւ Խորհրդային Միութեան տիրապետութեան տակ: Յաղթական դաշնակիցներու գործակցութիւնն անգամ հարցականի տակ մտաւ եւ գոնէ Հայաստանի դիտանկիւնէն, կարճ ատեն մը ետք Սեւրի դաշնագիրը կորսնցուց իր ազդեցութիւնը: Եթէ Հայաստանի խորհրդայնացումը գլխաւոր պատճառն էր Սեւրի նսեմացումին, պէտք չէ անտեսել նաեւ այն, որ Միացեալ Նահանգները ինք եւս հաւատարիմ չմնաց իր նախագահի յանձնառութեան:
Թուրքիոյ հանդէպ «գթասրտութիւն» ցուցաբերող եւ անոր հետ իրենց շահակցութիւնը գերադասող դաշնակիցները, այսինքն՝ Ա. Աշխարհամարտին Թուրքիոյ թշնամիներն ու չէզոք իրաւարարները, երեք տարի ետք Յուլիս 1923-ին, ստորագրեցին Լօզանի դաշնագիրը. Սեւրը ստորագրած՝ անկախ Հայաստանը գոյութիւն չունէր իբրեւ անկախ պետութիւն, դարձած է խորհրդային կայսրութեան մէկ արբանեակը, մասնիկը, զրկուած՝ իր ճակատագիրը տնօրինելու իրաւունքէն: Հայաստան ներկայացուցիչ չունեցաւ Լօզանի մէջ, եւ Սեւրով ամրագրուած Հայաստանն ու Հայ Դատի յաղթանակը դրուեցան մոռացութեան ծածկոյթի տակ:
Սեւրը չմեռաւ սակայն: Սեւրը ի զօրու է նաեւ այսօր:
Դաշնագրին ստորագրումէն հարիւր տարի ետք, նաեւ վաղը, Հայաստանի անկախ պետութիւնն ու ամբողջ հայութիւնը ո՛չ միայն իրաւունք ունի խօսելու Սեւրի մասին, այլ մանաւանդ հետապնդելու անոր յօդուածներուն ճերմակի վրայ սեւով արձանագրուած՝ անժամանցելի իրաւունքներուն կենսագործումը: Հայը, ի Հայաստան եւ Սփիւռքի տարածքին, յանձնառու է ու պիտի մնայ Սեւրին, ո՛չ ոք իրաւունք ունի մեզմէ խլելու անոր կենսագործման մեր իրաւունքը: Մեր ճամբան կ’երկարի նաեւ Սեւրէն անդին…
09 օգոստոս 2020
hairenikweekly.com