կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-04-18 13:19
Սփյուռք

«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Ապագայի Արցախի Տեսլականով

«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Ապագայի Արցախի Տեսլականով

Արցախի ընտրութիւններու աւարտով, յառաջիկայ հինգ տարիներու համար նոր էջ մը բացուեցաւ։ Նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլին՝ Ապրիլ 14-ին, մեծ անակնկալ մը չէր սպասուէր։ Հաւանաբար պսակաձեւ ժահրի ստեղծած ահազանգային կացութիւնը նկատի չունենալն ու ընտրական գործընթացը առանց յետաձգումի շարունակելը նկատուի աւելի անկիւնադարձային եւ յիշատակելի, քան արդիւնքները։

Խրթին, անբնական ու բարդ ժամանակաշրջանի մէջ տեղի ունեցան ընտրութիւնները: Ժահրին հետ առնչուող առողջապահական հարցերէն անկախ, նաեւ ներքին լարուած նախընտրական մթնոլորտը դժուարութիւններ ու անելներ ստեղծած էր։ 

Հոս տեղին է հարցադրել, թէ յատկապէս Մարտ 31-ի համապետական ընտրութիւններուն (ներառեալ նախագահական, որ չնչին տարբերութեամբ առիթ տուաւ Բ․ փուլի) ընտրողներու աննախադէպ մասնակցութիւնը ապացո՞յց մըն է, որ Արցախի ժողովուրդը խորապէս կը գիտակցի իր պատասխանատուութեան երկրի ապագային նկատմամբ:

Արագ վերլուծում մը կատարելով եւ վերջին ամիսներուն անցուդարձերը նկատի ունենալով, ի՞նչ կարելի է եզրակացնել։

Առաջին հերթին, Արցախի սահմանադրութեան համաձայն, միաժամանակ տեղի ունեցան թէ՛ նախագահական եւ թէ՛ խորհրդարանական ընտրութիւնները եւ, առաջին անգամ ըլլալով, Ազգային ժողովը կազմուեցաւ միայն համամասնական ընտրակարգի հիման վրայ:

Այս համապետական ընտրութիւններուն ստեղծած հեւքին կողքին, նախագահական ընտրութիւններուն բազմաթիւ թեկնածուներու ներկայութիւնը, տասնեակէ մը աւելի հաշուող կուսակցութիւններու (որոնցմէ մէկ քանին միայն վերջերս հիմնուած) եւ դաշինքներու կողքին, ստեղծած էր աննախընթաց կացութիւն մը։ Պարզ թուաբանական հաշիւով մը եւ հաւասարապէս բաժնելով թեկնածուներն ու քուէարկողները, եօթ հազարէն քիչ աւելիին բաժին կ՛իյնար թեկնածու մը։

Անշուշտ պատկերը այդպէս չէր, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք թեկնածուներուն թէ՛ բարոյական եւ թէ՛ նիւթական պատրաստութիւնն ու պատրաստակամութիւնը։

Շատեր աւելի քան տարի մը առաջ սկսած էին իրենց ընտրարշաւը։ Անշուշտ, արծարծուելիք նիւթէն աւելի նիւթականն էր, որ բաւական կ՛օգտագործուէր, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք սահմանադրական ներկայ դրութիւնը, որ յառաջիկայ տարիներուն անմիջական վերատեսութեան կարիքը ունի։

Արցախի վաղամեռիկ նախագահ Արթուր Մկրտչեան, որ պարզ զուգադիպութեամբ մը, անարգ ոճիրի արդիւնք․․․ 28 տարի առաջ սպաննուած էր Բ․ փուլի ընտրութեան օրն իսկ՝ Ապրիլ 14-ին, միշտ ալ կը շեշտէր, թէ երկրի անվտանգութիւնը, կայուն զարգացումը, անհրաժեշտ բարեփոխումներու, տնտեսական զարգացումը, ընկերային արդարութիւնն ու օրէնքի գերակայութեան ապահովումը անյետաձգելի աշխատանքներ են:

Արդեօք ներկայ պայմաններուն, յատկապէս ի մտի ունենալով ժողովրդավարական սկզբունքներու արմատաւորումը եւ հանրային վստահութեան ձեւաւորման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները, ներկայ նորընտիր նախագահով եւ Ազգային Ժողովով կարելի պիտի ըլլա՞յ ձեւաւորել գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւնները․․․եւ այդ ալ յանուն ազատ, անկախ եւ կայուն զարգացող Արցախի։

hairenikweekly.com