Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 25 Յուլիս 2020-ի յետմիջօրէին ընթացք առին համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտական խմբապետական առցանց համագումարին աշխատանքները, մասնակցութեամբ միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի 27 շրջաններու եւ Իրանի «Արարատ», «Սիփան» եւ «Նայիրի» միութիւններու 70 բարձրաստիճան խմբապետներու։
Համագումարի բացման աշխատանքներուն հետեւեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումի Եւրոասիական տարածաշրջանի կոմիտէի նախագահը, սկաուտական գիրքերու եւ «Արարատեան» կարգի աշխատանքային խմբակներու անդամներ, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան ներկայացուցիչը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան տեղեկատուական արհեստագիտութեան յանձնախումբի մասնագէտներ, ընդամէնը՝ 85 մասնակիցներ։
Համագումարը նախատեսուած էր գումարել այս օրերուն (26 Յուլիսին) Գիւմրիի մէջ, սակայն Քորոնայի համաճարակը շրջեց այդ կարելիութիւնը եւ զայն փոխադրեց առցանց հարթակ։
Բացման նիստը, որ ուղղակի հեռասփռուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դիմատետրի էջով, սկսաւ առցանց՝ Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգներու ներկայացումով։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան սկաուտական աշխատանքներու պատասխանատու Թալին Օրտողլեան բարի գալուստ մաղթեց մասնակիցներուն եւ անդրադարձաւ անցեալին կատարուած սկաուտական խմբապետական համագումարներու կարեւորութեան եւ ընդգծեց, որ «Այս համագումարն է, որ պիտի գծէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան գալիք տարիներու տեսլականը»։
Օրտողլեան մատնանշեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը հաւատալով համագումարին ունեցած կարեւորութեան եւ շրջանցելով Քորոնայի համաճարակին համաշխարհային դժուարութիւնը, ինչպէս նաեւ մեկնակէտ ունենալով «սկաուտական կեանքը աշխոյժ պահելն ու կարգ մը աշխատանքներու ծրագրումը կատարելու հեռանկարը՝ կազմակերպեց առցանց այս հաւաքը, քաջ գիտնալով որ ան չի կրնար փոխարինել ֆիզիքական ներկայութեամբ կատարուած համագումար մը»։
Կեդրոնական Վարչութեան պաշտօնական խօսքը փոխանցեց ատենապետ Վաչէ Նաճարեան։
Նաճարեան իր ողջոյնի խօսքէն ետք անդրադարձաւ համագումարին աշխատանքին, որուն միջոցով «Բարձրաստիճան խմբապետներուն իրաւունքը կը տրուի երիտասարդներու ձայնը հասցնելու միութեան ամէնէն բարձր մարմնին եւ ժողովին»։ Նաճարեան ներկայացուց համագումարին նպատակները եւ շեշտեց, որ համագումարը «Պիտի հաստատէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի երկրորդ 100-ամեակի սկաուտական աշխատանքներուն ուղեգիծը, եւ խմբապետները իրենց փորձառութեամբ ու գիտելիքներով մասնակից պիտի դառնան միութեան ապագայ ուղիին մշակման»։
Իր կարգին, Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումի Եւրոասիական տարածաշրջանի կոմիտէի նախագահ Բագրատ Եսայեան ողջունեց ժողովն ու ժողովականները։ Ան այսօրուան ժամանակաշրջանը համեմատեց շուրջ 25 տարի առաջուան պայմաններուն՝ Արցախեան ազատամարտի շրջանին, երբ հայկական բոլոր կառոյցները համախմբուած էին հայրենիքի շուրջ։ Ան ընդգծեց, որ այսօր եւս նման պայմաններ կը տիրեն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, ու հաստատեց որ նորահաս սերունդին մօտ հայկական ինքնութեան պահպանման գործին մէջ կարեւոր ընելիք ունի Հ.Մ.Ը.Մ.ը, ու իր ունեցած պատմական յաջող փորձառութիւնը այսօր եւս ան ի գործ կը դնէ մեր ժողովուրդին համար՝ յանձնառութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ տէր կը կանգնի մեր ժողովուրդին, հայրենիքի դրօշը բարձր պահելով։
Այնուհետեւ, համագումարի մասնակիցներուն իր բարեմաղթութիւններն ու ողջոյնի խօսքը փոխանցեց Համաշխարհային Սկաուտական Բիւրոյի ընդհանուր քարտուղար Ահմատ Հընտաուի, որ մեծապէս գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ դժուար պայմանները յաղթահարելով յառաջ երթալու մղեց բոլորը։
Պաշտօնական խօսքերու աւարտին, համագումարի աշխատանքներու վարիչ Թալին Օրտողլեան ներկայացուց բացման նիստին օրակարգն ու ընթացքը։ Ապա, ան ներկայացուց համագումարին մասնակիցները՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ եւ աշխատանքային խմբակներու ներկայացուցիչներ։
Օրակարգի առաջին կէտով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդպոնական Վարչութեան տեղեկատուական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վահէ Շահինեան՝ Գանատայէն, ներկայացուց խմբապետական առցանց ֆորումի ստեղծման մանրամասնութիւնները։
Յաջորդեց կարճ դադար մը, որմէ ետք՝ առցանց երկրորդ նիստով մասնակից շրջաններու խմբապետները փաուըր փոյնթերով ներկայացուցին իրենց շրջաններու սկաուտական աշխատանքները, թիւերը, դժուարութիւններուն ու ապագայի ծրագիրները։
Չորս ժամուան նիստերէ ետք, համագումարին մասնակիցները բաժնուեցան աշխատանքային երեք խմբակի, որպէսզի յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին առանձնաբար քննարկեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութիւնը յուզող հիմնական հարցեր եւ Շաբաթ, 8 Օգոստոսին, նոր նիստերով ներկայացնեն եւ բոլորին կողմէ հաստատեն իրենց ներկայացուցած բանաձեւերն ու առաջարկները։
ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ
Համագումարի բացման նիստերու քննարկումներէն ետք, մասնակիցները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայկական յաղթական ու քաջարի բանակին, որուն գոյութիւնը նկատեցին ամուր երաշխիք մեր հայրենիքի ապահովութեան ու անկախութեան, իսկ անոր սխրանքները ներշնչող օրինակ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «կամաւոր բանակ»-ին։