Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Բարձրահասակ ու հաստ ակնոցներով ծերուկը երերուն քայլերով մուտք գործեց սրահ: Մտածեցի, որ, յարկը շփոթելով, սխալմամբ մտած է մեր մօտ: Զինք տեսնելով քար կտրած չարաճճի տղոց խումբը, որուն ե՛ս ալ մաս կը կազմէի, այդ օրուան առաւօտեան ժամերէն սկսեալ, ընդոստ ոտքի ելած էր: Ցած ձայնով բոլորս բարեւելէ ետք՝ ժպտուն դէմքով ծերուկը սրահի երկրորդ դուռէն դուրս ելաւ. ընկերներս ըսին, որ Ճեմարանի տնօրէն Սիմոն Վրացեանն էր:
Գործողութեան վայրը Նշան Փալանճեան ճեմարանի գիշերօթիկի մանչերու ննջասրահն էր, ուր այդ ժամանակ (1957-58 տարեշրջանի վերամուտ) յիսունի չափ պատանիներ՝ իրենց վրայ Սըրի հոգածու խստութեան շուքով, այդ իրիկուն քուն պիտի մտնէին. իսկ յաջորդող օրերու, ամիսներու, տարիներու առաւօտները, միշտ նոյն ժամուն, մեր բարի, ազնիւ, մարդասէր պատասխանատուն իր սենեակը մեր սրահէն բաժնող փոքր պատուհանի ապակիին վրայ ածելիի գործիքով կանոնաւորութեամբ իջեցուցած հարուածներու տարափով կեանքի պիտի հրաւիրէր իր պաշտպանեալները: Այո՛, այդ տղաքը Սըրին պաշտպանեալներն էին. անոնք իրենց տուներէն հեռու, շա՜տ հեռու, բազում անդամներն էին նոր ընտանիքի մը, որուն առաձգական ծաւալին մէջէն, նաեւ իր հասակին շնորհիւ, միշտ կը սլանար Անթուան Քեհեայեանի ժամանակէն առաջ ճերմկած գլուխը: Սըրը մեր պահապան հրեշտակն էր. ձեր գիտցած թեւաւոր հրեշտակներէն չէ՛. ան իսկակա՛ն մարդակերպ հրեշտակ էր:
Ինչե՜ր ապրուած են այդ սրահին մէջ. իսկական սէր ու խաղաղութիւն, իսկական պատերազմ: Սովորական, տրամաբանական, ամէն օր պատահող եւ արագօրէն մոռցուած բաներ: Նաեւ ցկեանս ուղեղներուն մէջ յամեցող յիշատակներ. նոյնիսկ՝ հրաշքներ:
Փառահեղ հրաշքներէն մէկը պատահեցաւ արդէն առաջի՛ն տարին՝ ճեմարանական մկրտուելէս քանի մը ամիս ետք: Այդ գիշեր Սըրը եւ իր օգնականը, վստահելով իրենց պաշտպանեալներու վարք ու բարքին, միասին գացեր էին վայելելու շարժապատկերի քաղաքի բազմաթիւ սրահներէն մէկուն մէջ ցուցադրուող նշանաւոր ժապաւէններէն մէկը: Գրեթէ ամէն մարդ, ծրագրուած ժամուն, այսինքն՝ ժամը 9։00-ին, անկողին մտած էր: Այդ նոյն ժամուն կը սկսէր Սըրին եւ իր օգնականին ֆիլմը. նոյն ժամուն սկսաւ նաեւ մե՛ր ֆիլմը: Դերակատարները՝ վերի դասարաններու աշակերտները. քաջալերող հանդիսատեսները՝ նորելուկներս: Նախ կարգով իւրաքանչիւրը սկսաւ իր անկողինէն ոռնոց մը արձակել, յետոյ՝ խմբական ձայներ աջէն ու ձախէն, աւելի վերջ՝ բոլորը մէկ միահամուռ: Աղմուկ, իրարանցում, բայց՝ առանց տեղափոխութեան: Այսպէս՝ աւելի քան ժամ մը: Յետոյ, բաւական ուշ ժամու մը, վարի սերտողութեան սենեակէն մէկ-մէկ սկսան բարձրանալ այդտեղ յաջորդ օրուան դասերը պատրաստող աշխատասէրները: Առաջին բարձրացողներէն մէկը եղաւ Վարանդը, որ յայտնաբար յոգնած՝ փորձեց լռեցնել իր ընկերները, որոնք, քաջալերուելով անոր ձայնին ուժգնութենէն, աւելի՛ եւս բարձրացուցին եւ իրե՛նց ձայնը: Վարանդը հարկադրաբար միացաւ աղմկարարներուն: Կատարեալ համերգ. իններորդի վերջին արարը. մինչ այդ, վարինները կը շարունակէին ժամանել: Յանկարծ, այդ աղմուկին մէջ, սանդուխներէն լսուեցաւ ամէնէն աշխատասէրին՝ Յարութին երսանկներուն ծանր ու խուլ բոմբիւնը. թա՛խխ, թա՛խխ, թա՛խխ: Յարութը շա՛տ յոգնած էր: Փորձեց գործադրել Վարանդին ոճը, բայց ինքն ալ ձախողեցաւ: Յանկարծ հնչեց իր թաւ ու եպիսկոպոսական ելեւէջներով ձայնը. «Տղա՛ք. եկէ՛ք «Հայր Մեր» մը ըսենք եւ աս թաշխալան վերջացնենք»: Զարմանալիօրէն համաձայնութիւն գոյացաւ եւ կէս գիշերուան բացարձակ լռութեան եւ մութին մէջ սկսաւ ճեմարանական տէրունական աղօթքը: Անսխալ եւ տպաւորի՛չ: Հրա՜շք: Թաղի տուներու, գրեթէ բոլորը՝ հայկական, լոյսերը սկսան վառիլ: Ի՞նչ պատահեր էր արդեօք. Ճեմարանի տղաքը կ’աղօթէի՜ն: Շանթը պարտուա՛ծ էր:
Հետագային լսեցինք, որ հրաշքին յաջորդ օրը դրացիներ եկեր են շնորհաւորելու տնօրէն Սիմոն Վրացեանը դպրոցին տուած դաստիարակութեան համար: Չէին գիտեր, որ մեր գիտցածը ... ինքնադաստիարակման բաժանմունքէն էր: Չէին կրնար գիտնալ նաեւ, որ հողաթափէն աւելի երսանկ նախընտրող Յարութը «Թռչնոց բոյն»-էն էր: Ճեմարանը բոլորի՛ն ուխտավայրն էր. նոյնիսկ՝ հաւատացեալներունը:
Երկրորդ հրաշքը պատահեցաւ նոյն տարին՝ դպրոցական տարեշրջանի աւարտին: Ինչպէս գիտէք, լիբանանցիները սովորութիւն ունին ատենը անգամ մը քաղաքացիական մեծ կամ փոքր պատերազմ մը կազմակերպելու: Այս մէկը սկսաւ մայիս 6-ին՝ Նահատակաց օրը, հրապարակագիրի մը սպանութեամբ: Ճեմարանն ու իր բնակիչները վտանգուած էին, որովհետեւ այդ շրջանին նախագահական պալատը կը գտնուէր Քանթարի թաղին սկիզբը՝ Ճեմարանէն հազիւ երկու հարիւր քայլ հեռաւորութեան վրայ: Սըրը, ցկեանս վիրաւոր իր ոտքերը զինուորական գործողութիւններու ծրագրման դեր կատարող տեսչարանի սեղանին վրայ փռած, ջամբեց ինքնապաշտպանական իր գիտելիքները. մեզի սորվեցուց, թէ ինչպէ՞ս պէտք է պաշտպանել Ճեմարանը թշնամական յարձակումի մը պարագային՝ ներխուժողներու ուղղութեամբ քարեր արձակելով: Յաջորդ օրը, բարեբախտաբար, մեզի անծանօթ տղաք եկան այդ պարտականութիւնը ստանձնելու. անոնց եւ մեր միջեւ սերտ բարեկամութիւն ստեղծուեցաւ: Մահճակալները չորրորդ յարկ թողնելով՝ մեր անկողինները, ապահովական նկատումներով, իջեցուցինք գետնայարկ: Սըրը տանիք ելլելը արգիլեց. ամերիկահայ Գալուստը մտիկ չըրաւ, տանիք ելլելուն պէս նախագահական պալատէն ճամբայ ելած փամփուշտը եկաւ եւ իր գլուխէն կէս մեթր անդին մխրճուեցաւ պատին մէջ: Այս դէպքէն ետք տանիք ելլող չմնաց. Սըրն ալ լուր չունեցաւ:
Իսկ օր մը, ահա՛, ես առանձին ականատես եղայ տարեշրջանի երկրորդ հրաշքին: Մահճակալներուն հետ մեր իրերն ալ մնացեր էին չորրորդ յարկ՝ մեր պահարաններուն մէջ: Պահարանը բացի եւ տեսայ, որ կախուած տաբատիս երկու փողքերն ալ փամփուշտէ մը ծակած են: Տասը օր ետք արդէն տուն ճամբուեցանք: Ես տաբատիս շնորհիւ հերոսացեր էի. քիչ մնաց նահատա՛կ ալ պիտի ըլլայի. հարկաւ՝ անհաճոյ մակդիրով: Մայրս տարիներով պահեց վիրաւոր տաբատս: Կ’երեւի իբրեւ փաստ՝ պահապան Աստուծոյ գոյութեան. Ան ճիշդ վայրկեանին զիս հեռու պահած էր վտանգուած պահարանի հարեւանութենէն:
Յաջորդ տարեշրջանի ուսումնական աշխատանքը սկսաւ միամսեայ յապաղումով: Նախորդ տարուան նման ննջասրահը հաւաքուած կը շաղակրատէինք, երբ ներս մտաւ Վռամը. հազիւ բարի եկար, բարեւ ու բարի իրիկուն փոխանակած՝ ան ետեւի գրպանէն պզտիկ ատրճանակ մը հանեց եւ դէպի ննջասրահի պատուհաններու շարքը հատ մը կրակեց. պատուհանի մը ապակիներէն մէկուն վրայ փոքր ծակ մը նկատեցինք եւ անմիջապէս վարագոյրով ծածկեցինք: Մէկը ահազանգեց՝ թէ Սըրը կու գայ: Ճիշդ այդ վայրկեանին, մեր բախտէն, դրացի թաղերէն մէկուն մէջ անակնկալ սկսած կրակոցին հետ՝ այլայլած դէմքով Սըրը մտաւ: Սըրին «Ի՞նչ կայ տղաք»-ին պատասխանը պարզ էր՝ «Սը՛ր, այս ապուշները նորէն սկսան»: Այս ձեւո՛վ վերջացաւ Լիբանանի վեցամսեայ առաջին քաղաքացիական պատերազմը: Երկար ատեն՝ ծակած ապակիին առջեւ վարագոյրը տեղէն չշարժեցաւ՝ ննջասրահը մաքրող տիկին Եղիսաբէթին լուռ մեղսակցութեամբ:
Այսպիսի եղելութիւններ բազմաթիւ էին. սակայն տեղ ու ժամանակ կար նաեւ բան սորվելու. վերջաւորութեան թէ՛ իբրեւ մարդ, թէ իբրեւ հա՛յ մարդ ինքզինքը միշտ անհանգիստ զգալով՝ կեանքի մէջ ընելի՛ք գտնելու: Երկուքին՝ մարդկայինի եւ ազգայինի խառնուրդը տարիներու ընթացքին ծնունդ կու տար իւրայատուկ մարդու տեսակի մը. բայց նոյնիսկ ժամանակաւոր կերպով Ճեմարան աշակերտածները պահած են ազատ մանկավարժութեան ազդեցութիւնը, որուն հետեւանք են համարձակութիւնը, համեստութիւնը, անկեղծութիւնն ու արդարամտութիւնը՝ Շանթեան բարոյական արժէքներու ամբողջ համակարգի առկայութիւնը ճեմարանականի հոգւոյն եւ ուղեղին մէջ:
Այսպէս, ուրախութեամբ եւ ազատութեամբ ընթացաւ ճեմարանական մեր կեանքը: Ճեմարանին դրացի մեր դասընկերները կը նախանձէին, որ մենք, այսինքն՝ գիշերօթիկներս, մինչեւ ուշ գիշեր Ճեմարանի պարտէզին մէջ սլքտալու եւ դաշտին վրայ, սերտողութեան ժամերէն դուրս, մեր ուզած ատենը խաղալու առիթ ունէինք: Մենք ալ կը նախանձէինք իրենց, քանի իրենք ուզած ատեննին սառնարան մը բանալով իրենց սրտին փափաքած զովացուցիչը եւ ուտելիքը սպառելու կարելիութիւնը ունէին: Վերջապէս, ամէն բարիք նոյն տեղը գտնելը միշտ դժուար եղած է: Մեր ամէն ինչը կանոնակարգուած էր. ամէն ինչ օրէնքով էր. բայց ի՞նչ արժէք ունի այն օրէնքը, որ զանց ընելու կարելիութիւնը չի տար զայն գործադրողին: Մենք չարաչար կ’ապաւինէինք Սըրի բարութեան եւ, յաճախ, առատաձեռնութեան:
Ես բախտաւորներէն եղայ. գոնէ այդպէս կը զգամ: Պէյրութի մէջ համալսարանական տարիներուս արտօնութիւն ունեցայ Ճեմարան իմ կեցութիւնս շարունակելու: Այս ընթացքին աւելի խորապէս ծանօթացայ Սիմոն Վրացեանի հոյակապ կերպարին: Անկեղծ, իր մարմնին պէս ուղիղ, անխնայ. դրական եւ ժխտականի մօտեցող յատկանիշներու խառնուրդ մը, որ միայն իր անուն-ազգանունով կարելի է ամփոփ ձեւով բնորոշել. եւ այդ տարիքին՝ փառաւորապէս աշխատունակ: Սիմոն Վրացեանը կարելի էր սիրել կամ չսիրել, բայց աներկբայօրէն պարտաւոր կը զգայիր զինք ամբողջ էութեամբդ յարգելու. ըստ ինծի, աւելի ճիշդ ու արդար էր երկուքը միաժամանակ ընել՝ սիրելը եւ յարգելը:
Հակառակ իր վատ տեսողութեան, ան օգնութիւն չէր ընդուներ մէկ մայթէն դիմացի մայթը անցնելու ժամանակ. պարտադրաբար ներկաներէն մէկը կը հետեւէր անոր քայլերուն՝ զգուշութեան հրաւիրելով անցնող ինքնաշարժներուն վարորդները: Սակայն թակարդը ուրիշ տեղ լարուած էր. ան պարզապէս ինկաւ. կոտրեցաւ ազդրոսկրը. տագնապի չմատնուեցաւ. իր գործը շարունակեց անկողինէն: Սըրն էր զինք հիւանդանոց հասցնողը. ան միաժամանակ դարմանող բժիշկին եւ մեր արկածեալին միջեւ թարգմանը հանդիսացաւ: Բժիշկներու սովորական հարցումներէն մէկը հիւանդին տեսողութեան որակին մասին կ’ըլլայ. պատասխանեց. «Ըսէ՛ իրեն, որ սիրած մարդիկը հեռուէն կը տեսնէ. իսկ չսիրածները քովն ալ նստին, չի՛ տեսներ»: Գիտէ՞ք, չէ՞, որ մշտապէս արթուն միտքերը կը յատկանշուին իրենց տեւական սրամտութեամբ եւ ինքնաքննադատութեան երանգ մատնող ինքնաճանաչմամբ: Իր նշանաւոր ինքնաբնորոշումն էր՝ «նախկին վարչապետ, ներկայիս՝ վարժապետ»:
Եկաւ օրը, երբ պէտք էր Պէյրութէն հեռանալ ուսումս այլուր շարունակելու համար: Գացի իրմէ հրաժեշտ առնելու. ան պատասխանեց. «Դուն այլեւս չե՛ս վերադառնար»: Իմ բոլոր հաւաստիացումներովս չկրցայ զինք հակառակին համոզել: Կ’երեւի շատ անճարակ էի. արդեօք՝ յուզուա՞ծ: Խղճի խայթի հետքերը մինչեւ այսօր առկայ են. ես այդ օրն ալ վստահ էի, որ Լիբանան պիտի վերադառնամ, բայց լուրջ ճիգ չթափեցի զինք համոզելու: Մեր բաժանումէն շուրջ վեց ամիս ետք ան փակեց իր յոգնած ու տկար, բայց միաժամանակ խորաթափանց աչքերը:
Ես Ճեմարան վերադարձայ իբրեւ ուսուցիչ՝ ութ տարիներու բացակայութենէ ետք: Ո՛չ միայն այդ. մերձաւորներս մեզի համար տուն վարձած էին Ճեմարանին դիմացը, ուրկէ ամէն օր մեր աչքին առջեւ կը փռուի Ճեմարանի դաշտը եւ չորրորդ յարկի երբեմնի ննջասրահը: Պարտէզին մէջ են Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանը, Սիմոն Վրացեանը, Բարսեղ Կանաչեանը եւ Գէորգ Կառվարենցը: Աւելի քան տասնամեակ մը առաջ, պայմաններու բերումով, անոնց միացաւ բոլորին հոգեւոր հայրերէն՝ Քրիստափոր Միքայէլեանը:
Հաշիւը քիչ առաջ ըրի. կեանքիս շուրջ 72 առ հարիւրը անցուցած եմ կա՛մ Ճեմարանի մէջ, կամ՝ անոր դիմացը: Հետեւաբար երջանիկ կը զգամ ինքզինքս եւ ճակատագիրին՝ երախտապարտ:
ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Պէյրութ, 8 յուլիս 2020