կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-07-06 19:49
Սփյուռք

Գրելու դասը

Գրելու դասը

Զբօսանքի պահ մըն էր, կարճ զբօսանքը։ Սեւակին հետ վերի յարկի մեր դասարանէն իջած եւ մտած էինք գրադարան, Արփին մեզի բարեւած էր, մենք սեղանին վրայէն «Ազդակ» թերթը առած էինք եւ սովորականին պէս սկսած էինք ոտքի վրայ աչքէ անցընել զայն։ Այն ատեն պէտք էր որ 10-րդ դասարան ըլլայի. Սեւակը դեռ Ամերիկա չէր գացած, Ճեմարանը Պուրճ Համուտի մէջ հաստատուած էր արդէն մօտ չորս տարիէ ի վեր։

Թերթին ներսի էջերուն մէջ էր որ կարդացի այնքան հարազատ թուացող յօդուածի մը վերնագիրը. «Վերադարձ»։ Ակնթարթային ցնցում մը, յետոյ արագ հայեացք մը գրութեան տակը. անունս։ Կասկած չկար. ես էի, յօդուածս էր, լոյս տեսած էր Մեծ Եղեռնի ոգեկոչումներու ծիրին մէջ Ցեղասպանութեան մասին աշակերտական յօդուածներ հրատարակելու նախաձեռնութեան մը շրջագիծին մէջ։ Ուրախութիւնս, կը յիշեմ, բարձրաձայն արտայայտած էի. յօդուածս «Ազդակ»-ին մէջ էր, երազային էր, առաջին անգամն էր…

Յետոյ անպայման եղած էր սթափելու պահ մը, մանաւանդ որ այս բոլորը տեղի կ’ունենային Սեւակին կողքին. ի վերջոյ ի՛նքն էր մեր դասարանին լաւագոյն հայերէն շարադրութիւնները գրողը։ Պարոն Շահինեանը երբ կը վերադարձնէր սրբագրուած մեր շարադրութիւնները, լաւագոյնները տրցակին ամէնէն վերը կը պահէր, միշտ հոն կ’ըլլային երեք կամ չորս ձեռագիրներ, կը սկսէր այդ քանի մը հատը դասարանին առջեւ կարդալ, անոնցմէ լաւագոյնը կը պահէր վերջին ընթերցանութեան համար։ Սեւակին գրութիւնները յաճախ այդ վերջինն էին, պարոն Շահինեանին ամէնէն սիրածը, նախընտրածը. այնքան հաճելի էր զանոնք ունկնդրելը։ Սեւակին շարադրութիւնները կը յատկանշուէին բարձր երեւակայութեամբ եւ երգիծանքային նրբութեամբ։ Կը յիշեմ անոնցմէ մէկը, որուն հերոսները հայաստանեան «անեկդոտ»-ներու յայտնի դէմքեր՝ Վարդանիկն ու ընկ. Մարգօն էին։ Սեւակը Վարդանիկին աշխարհը վերստեղծած էր իր ձեւով, միայն հերոսներուն անունները նոյնն էին, քանի որ ան ամբողջ պատմութիւն մը յղացած էր իրեն յատուկ երգիծանքով։

Իսկ «Վերադարձ»-ս չէր կարդացուած դասարանին մէջ. անիկա չէր եղած պարոն Շահինեանին նախասիրածներուն շարքին։ Պարզապէս վերադարձուցած էր հեղինակիս՝ սրբագրութիւններով միասին։ Թէ ինչպէ՞ս ձեռագիրը Մեծ Եղեռնի ոգեկոչումներու մէկ յանձնախումբին ձեռքը անցած էր եւ անկէ ալ հասած էր «Ազդակ»-ի ներսի էջերուն մէջ, բնաւ չեմ յիշեր։ Թերեւս սոյն յանձնախումբը հայկական դպրոցներէն շարադրութիւններ ուզած էր, պարոն Շահինեանն ալ նպատակայարմար գտած էր իմ ձեռագիրս ուղարկել։ Իր բարի սովորութեան համաձայն շատ հաւանաբար զիս ալ տեղեակ պահած էր այս մասին։ Գրութեան պատմութիւնն ալ Ապրիլ 24-եան մթնոլորտն էր, այս մէկը շատ լաւ կը յիշեմ։ Հերոսը՝ հայկական կեանքէ հեռու ապրող լիբանանցի հայ երիտասարդ մըն էր, չէր խօսեր հայերէն, այլասերած մըն էր։ Վստահ եմ, որ այս վերջին բառն ալ քանի մը անգամ գործածած էի։ Յետոյ չեմ գիտեր ինչ կը պատահի, բայց ներկայ կ’ըլլայ Ապրիլ 24-ի հսկումի արարողութեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Հոս տիրող մթնոլորտը առիթ կ’ըլլայ, որ զանազան հարցեր ծագին երիտասարդին մէջ իր ինքնութեան մասին, իր հայութեան մասին։ Կարճի կապեմ. երբ Մայրավանքէն դուրս կ’ելլէ, ան այլեւս տարբեր մարդ մըն է, հայ մըն է, «վերադարձ» ապրած է…

Ահաւասիկ ընդհանուր նիւթը առաջին յօդուածիս, որ լոյս կը տեսնէր «Ազդակ»-ին մէջ։ Անդրադարձա՞ծ էի այն ատեն, որ անբնական բան մը կար, երբ ուսուցիչիս կողմէ դասարանին մէջ չգնահատուած ձեռագիրս տեղ կը գտնէր Լիբանանի հայկական ամէնէն տարածուած թերթին մէջ։ Վստահ եմ, որ նկատած էի։ Բայց հարցը այն էր, որ հետագայ ամիսներուն շարադրութիւններուս պատումային միջավայրն ու հերոսները ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի կրէին այս մտաւոր դասէն։ Կը շարունակէի նոյն ոճով գրել, նոյնիսկ ժամանակները արագ-արագ կը նահանջէին շարադրութիւններուս էջերուն մէջ՝ կը փոխադրուէի մինչեւ 19-րդ դարու վերջերը, կը փորձէի յղանալ հայկական յեղափոխական կեանքէ դրուագներ, ստեղծել ամէնէն վիպապաշտ հերոսները, տոգորուած էի հայկական այդ անցեալով, պայքարի եւ հերոսութեան այդ պատումներով։ Հետեւա՞նքը. շարադրութիւններս կը շարունակէին մնալ պարոն Շահինեանի տրցակին ամէնէն վարերը։

Յուսախաբութիւն…

Այդ ատենները գրելը սկսած էի շատ սիրել, կարդալը՝ աւելի։ Կը կարդայի քիչ մը ամէն բան, բայց կը կարդայի մանաւանդ հայ յեղափոխականներու յուշեր, անոնց մղած պայքարի պատմութիւնը։ Մեր դպրոցի գրադարանը շատ հարուստ էր 19-րդ դարու վերջերու եւ 20-րդ դարու սկիզբի այս պատմութեան վերաբերող գրականութեամբ։ Ճիշդ է, որ տարբեր ժամանակներու մէջ կ’ապրէինք, բայց Լիբանանի պատերազմի տարիներն էին, ռումբ, զէնք, մահ, վախ, նահատակութիւն, քանդում, զինեալ բախում, տեղահանութիւն, գաղթ, առեւանգում, սահմանագիծ, դաւաճանութիւն, անցարգել, ահաբեկչութիւն, բողոքի ցոյց, աւազապարկ, հերոսութիւն, բռնութիւն՝ մեր սովորական առօրեան աս էր, այս միջավայրին մէջ հասակ առած էինք։ Թերեւս այս էր պատճառը, որ հայկական 19-րդ դարը այնքան հարազատ կը հնչէր 1980-ականներու կէսերուն պատանիի իմ հոգեմտաւոր աշխարհիս։

Ամէն պարագայի կը շարունակէի կարդալ եւ գրել նոյն թափով, նոյն ձեւով, նոյն նիւթով…

Կը յիշեմ՝ ուրիշ անգամ մը երկար, շատ երկար շարադրութիւն մը գրեցի. այս անգամ նիւթը ֆետայական խումբի մը մղած կռիւներն էին. լեռներէն կ’իջնէին, մարտեր կը մղէին, կրկին լեռ կը բարձրանային, եւ այսպէս անխնայ, ահաւոր, էջեր շարունակ։ Ժամանակները կրկին սահեր գացեր էին գրիչիս տակ, եւ հասեր էինք անցեալի Տարօն եւ Վասպուրական։ Գրելը կը սիրէի, այո՛, բայց որքան տանջանք էր այս ձեւի պատմութիւններ յղանալն ու գրառելը, անծանօթ եւ խորթ հերոսներ ստեղծելը։ Ահագին ալ ժամանակ կը խլէր։ Պարոն Շահինեանը ամբողջ գրութիւնը կարդացեր էր, վկայ էին իր սրբագրութիւնները, բայց իր տրցակին մէջ շարադրութիւնս կարծես թէ շարած էր ժամանակագրական կարգով՝ ամէնէն վարերը, չէր արժանացած դասարանային ընթերցանութեան։

Ցաւալի էր…

Աւարտական դասարանի տարեվերջը պէտք էր ըլլար։ Չեմ յիշեր ինչո՞ւ, չեմ յիշեր ինչպէ՞ս, որոշեր էի անգամուան մը համար ծայրայեղ վիպապաշտ հերոսներ արտադրող գրիչիս այլ հրամաններ տալ։ Որոշեր էի գրել մեր աւարտական դասարանին մասին, հերոսներս դասընկերներս պիտի ըլլային… Ճեմարանի մէջ վերջին շարադրութիւնս էր։

Հոս ալ երկար գրած էի։ Մօտ 25 աշակերտ էինք դասարանին մէջ, ամէն մէկուն պէտք էր քանի մը պարբերութիւն յատկացնել, զուարճալի խօսքեր, երգիծանք։ Բայց գրած էի ներշնչումով, հաճոյքով, խորտակած էի այդ ատեն ահագին թուացող հոգեբանական պատնէշներ։ Յետոյ, եկած էր վճռական պահը։ Պարոն Շահինեան դասարան մտած էր, հանած էր շարադրութիւններու տրցակը, նոյն կարգով, լաւագոյնները ամէնէն վերը, մէկը-միւսին ետեւէն կարդացած էր իր սիրածները, մնացեր էր վերջինը…

Ժպիտը դէմքին, որ աւելի շատ երգիծական շարադրութիւն մը կարդալ պատրաստուողի ժպիտն էր, ըսած էր, թէ հիմա ալ պիտի կարդամ Վահէին շարադրութիւնը…

Այդ պահուն, իմ կողմէս դիտուած, պարոն Շահինեանին գեղեցիկ ժպիտը յաջողութեանս հայելին էր, արժանացեր էի լաւագոյնին, նուաճեր էի գագաթը։

Ուրախ էի…

ՎԱՀԷ ԹԱՇՃԵԱՆ