Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ակնկալելի էր, որ արտակարգ դրութենէն դէպի կեանքի բնականոն հուն վերադարձին համընթաց վերստին աշխուժանային բողոքի գործողութիւնները: Համակողմանիօրէն կայ գիտակցութիւն, որ Լիբանանի պարագային ի տարբերութիւն աշխարհը հարուածած պսակաձեւ ժահրին ստեղծած համատարած իրավիճակներուն, խնդիրը ըստ էութեան այլ բնոյթ ունի եւ ժահրին ստեղծած տագնապէն շատ աւելի առաջ ձեւ ու մարմին ստացած էր արդէն:
Պսակաձեւ ժահրի յաղթահարման համար յայտարարուած միջոցները պարզապէս կը յետաձգէին այն, ինչ որ ընկերային եւ քաղաքացիական բնոյթի գործողութիւններով սկսաւ եւ շատ արագ անցում կատարեց դէպի քաղաքական հարթութիւն:
Խորքին մէջ սակայն ընկերային-քաղաքացիականը արդիւնք էր արտաքին առումով զուտ քաղաքական դրդապատճառներով սկսած ելեւմտական եւ տնտեսական պաշարումին: Ապաշնորհ կառավարման պատճառով ենթահողը ձեւաւորուած էր. կը մնար երկիրը ենթարկել պաշարումի, որպէսզի ժողովրդային պոռթկումը սկսէր:
Պսակաձեւ ժահրին ստեղծած իրավիճակը պարզապէս կանգառային կարգավիճակ ունէր (թայմ աութ): Կառավարութեան հրաժարական, սեղմ եւ ապակուսակցական կառավարութեան կազմութիւն, եւ ապա ապահամայնքայնացումի բարձրաձայնում` արդէն կը խօսին համակարգային փոփոխութիւններու մասին: Փուլ առ փուլ ցուցարարները պահանջներ կը վերափոխէին: Վերջին շրջանին արդէն խաղաղ ցոյցերը կը վերածուէին քաղաքացիական անհնազանդութեան վայրագ դրսեւորումներու:
Հիմա արձանագրուածը կարծէք այս բոլորին խառնուրդն է: Քաղաքացիականն ու ընկերայինը իբրեւ անհրաժեշտ մղիչ գործօն առկայ են, սակայն քաղաքական առաջադրանքները կը ձեւաւորուին լիբանանեան քաղաքական բեմին հրամցնելով նոր օրակարգեր:
Բաժանարար գիծի ուրուականը ինքզինք զգալի կը դարձնէ Պէյրութի փողոցներուն վրայ ցոյց-հակացոյցի առաջնորդող մթնոլորտով: Աւելի հեռուէն դիտարկելով, կը կատարուի այն, ինչ որ տարբեր աշխարհագրական միջավայրերու մէջ բեւեռացումներով ճամբարներ կը յառաջացնէ արեւմտեանի եւ իրանեանի կամ ամերիկեանի եւ ռուսականի, հետզհետէ նաեւ ամերիկեանի ու չինականի միջեւ:
Հըզպալլայի զէնքի խնդիրի հանրայնացումի միտումները համարձակախօսութեամբ նոր օրակարգ փողոց բերելու նպատակը կը հետապնդեն: Այստեղ կ՛օգտագործուի արդէն դաւանանքային առումով ներիսլամական լարուածութիւնը` լիբանանեան մանրապատկեր ստեղծելով տարածաշրջանը յատկանշող սիւննի-շիի հակամարտութեան համապատկերին: Առընթեր` աշխարհի տարածքին Միացեալ Նահանգներու դէմ ծայր առած բողոքի գործողութիւնները կը հասնին Պէյրութ, իւրաքանչիւր կազմակերպելի հանրահաւաքի կամ ցոյցի (թէկուզ այս պահու դրութեամբ չեղեալ յայտարարուած) ետին այլեւս տեսանելի դարձնելով այս կամ այն պետութեան ձեռագիրը, ներշնչանքը կամ թելադրանքը:
Ցոյցերու տեսքով քաղաքական փրոքսի պատերազմի մասին է խօսքը, ուր Լիբանան անգամ մը եւս կը դառնայ բախումնային կէտ, գերպետական պարանաձգութիւններու խաղահրապարակ:
Մինչ, լիբանանեան թղթոսկիի անկումը, այդ պատճառով սրընթաց սղաճը, արտարժոյթի տագնապը եւ այդ պատճառով արտաքին աշխարհին հետ առեւտուր կատարելու հետզհետէ ճնշիչ սահմանափակումները կը յուշեն, որ Լիբանանի պարագային խնդիրը չ՛աւարտիր պսակաձեւ ժահրի չէզոքացումով: Հաւանաբար լուծումնային առումով անորոշ եւ չյուսադրող նոր ճգնաժամ մը կը սկսի, որ ֆինանսական կամ տնտեսական եւ հետեւաբար ընկերային երես ունի, սակայն ըստ էութեան քաղաքական է ամէնէն սուր բնոյթով:
Թելադրուող օրակարգերու, ցոյց-հակացոյցերու, կատարուած յայտարարութիւններու, փոխադարձ մեղադրանքներու բնոյթն ու տարողութիւնները կը յուշեն, որ Լիբանանը փուլ առ փուլ անցում կը կատարէ ներքաշուելով մեծ ծրագիրի մը մէջ, որ աշխարհաքաղաքական է. որ վերահսկելի քաոսի տեսութեամբ բաժանարար գիծերով եւ ներքաղաքացիական բախումներով կը յատկանշուի, որուն աւարտը կը մնայ անորոշ:
Կը թուի, որ համաշխարհային մակարդակով տնտեսական պատերազմի մէջ բեւեռները պիտի ըլլան Ուաշինկթընն ու Փեքինը: Այս բեւեռացումին ընդառաջ Ուաշինկթընը փորձ կը կատարէ իր պայմաններով Թեհրանի հետ մերձեցում կատարելու` կոտրելու համար Փեքին-Թեհրան-Ռուսիա առանցքը: Առ այժմ արդիւնք չեն տար այս փորձերը: Լիբանանը յայտնապէս կը դիտարկուի եւ կ՛ընկալուի այս առանցքին միջինարեւելեան արբանեակներէն մէկը, որուն նկատմամբ կը կիրարկուի պաշարման քաղաքականութիւն: Մինչեւ հիմա հնչող քաղաքացիական կարգախօսները ընկերային թէ քաղաքացիական բովանդակութեամբ արդարացի ըլլալով հանդերձ այս ճամբաբաժանին հասցնող ուղիներ էին: Երէկուան ցոյցերը ճանապարհային ցուցանակ էին, թէ երկիրը կ՛առաջնորդուի այդ ճամբաբաժանին:
«Ա.»
aztagdaily.com