կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-05-20 21:07
Աշխարհ

Արժանթինէն Լիբանանին. «Welcome To My (IMF) World…»

Արժանթինէն Լիբանանին. «Welcome To My (IMF) World…»

1984ին, Արժանթինի մէջ ժողովրդավարութեան վերադարձէն մէկ տարի յետոյ, նախագահ Ռաուլ Ալֆոնսինի կառավարութիւնը դէմ յանդիման կու գար իր առաջին ճգնաժամին: Այդ տարուայ Ապրիլ 24ին, հրապարակային ելոյթի մը ընթացքին, Ալֆոնսին առաջին անգամ ըլլալով շրջաքայութեան կը դնէր «լիբանանացում» (libanización) յղացքը. «Կը կարծեմ որ կամ մենք մեր դրօշակները կը պարզենք մեր երկրին մէջ կամ ալ ուրիշներ կու գան մեր երկրին մէջ պարզելու դրօշակներ որոնք մերը չեն»: Թէ «ուրիշներ»ը որո՞նք էին Լիբանանի պարագային՝ այնպէս ալ յստակ չմնաց: Ոչ ալ այնքան ալ կարևոր է թէ Ալֆոնսին ի՛նչ ունէր իր մտքին մէջ: 1976-1983 արիւնարբու զինուորական բռնակալութենէն յետոյ, ժողովուրդին կողմէ ընտրուած առաջին իշխանութիւնը կը փորձէր պետութեան հաստատութիւնները վերակառուցել սահմանադրական ժողովրդավար կարգերու մէջ, 30 հազար «անհետացածներ»ու պատասխանատու զինուորական խունթան կանգնեցնել արդարադատ ատեանի առջև և տարածաշրջանային մասշտապով տնտեսական անկումի պայմաններու մէջ երկիրը փրկել գերգնաճի սպառնալիքէն: «Լիբանանացում յղացքը կասկածելիօրէն նորոյթ դառնալու սկսած է», կը գրէր սպանական Էլ Փաիսի Պուէնոս Այրէսի թղթակից Մարթին Փրիէթօ թերթի 25 Ապրիլ 1984ի համարին մէջ իր ստորագրած կարճ ակնարկով: Յղացքը պատկերաւոր յիշեցում մըն էր պարզապէս ներքաղաքական պառակտումին, որուն կենդանի օրինակը այն ժամանակ կու տար Լիբանանը:

Ալֆոնսին նախընթաց մը ստեղծեց այդ յղացքով:

1989ին, երբ ան ստիպուեցաւ նախագահական իր ժամանակաշրջանի աւարտէն վեց ամիս առաջ երկիրը յանձնել նորընտիր Գարլոս Սաուլ Մենեմի, Արժանթին կքած էր արտաքին պարտքի բեռան տակ, գնաճը ամսական 200 տոսկոս էր և մեծ քաղաքներուն մէջ ընկերային պոռթկումները ամենօրեայ էին: Արժանթինեան Ձախի ծանօթ մտաւորականներէն Գարլոս Կապեթթա, Էլ Փաիսի 19 Մայիսի թիւին մէջ Ալֆոնսինի պարտութեան մասին իր վերլուծումը կ’աւարտէր յիշեցնելով հրաժարեալ Նախագահին լիբանանացում յղումը կը զգուշացնէր որ երկիրը տակաւին կը գտնուէր պետական հարուածի կամ ներքաղաքական պառակտումի վտանգին դէմ յանդիման:

Խորխէ Ֆոնթեվէքքիա, արժանթինեան Փերֆիլ մետիա ձեռնարկութեան տէրն ու նոյնանման շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիրը, Ուրբաթ 15 Մայիս 2020ին, հրատարակութեան կայքէջին վրայ տեղադրած է «Աշխարհի արժանթինացումը» խորագրուած ակնարկ մը: Յղացքը ան փոխ առած է Իտալիոյ նախքին վարչապետ Էնրիքօ Լեթթայէն, որ, իր կարգին, գործածած է անդրադառնալու համար ՔՈՎԻՏ-19 համավարակի հետևանքով ԱՄՆի Դաշնային Պահեստի (Ֆետերըլ Ռիզըրվ) կողմէ տոլարի տպագրութեան այնպիսի կշռոյթով մը, որ կը յիշեցնէ երկար տարիներու ընթացքին Արժանթինի Կեդրոնական Դրամատան կողմէ փեսոյի տպագրութեան կշռոյթը: Տնտեսագէտներուն մօտ տարածուած համոզում է, որ երկրի քրոնիկ հիւանդութիւնը՝ գնաճը արդիւնք է թղթադրամի այս անվերահսկելի տպումին և արագ արժեզրկման:

Անկախ յօդուածի բովանդակութենէն, որ անդրադարձ մըն է արժանթինցի գործատէր Էտուարտօ Էլզսթայնի անգլերէնով հրատարակած Երրորդ Գլուխ (Չափթըր Թհրի) յօդուածին՝ համավարակի տնտեսական հետևանքներուն մասին, «արժանթինացում» յղացքը կրնանք թերևս գործածել որպէս պատկերաւորում լիբանանեան տնտեսական սուր ճգնաժամին և անոր հետևանքով իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Միջազգային Դրամական Ֆոնտին (ՄԴՖ) հետ բանակցելու՝ փոխատուութեան մը համար: Արդ, 1990ականներէն ի վեր Արժանթինը երկար ճամբայ մը կտրած է ՄԴՖին հետ, և կարելի է ըսել նաև որ ՄԴՖը երկար ճամբայ կտրած է Արժանթինի հետ, այնքան մը որ այս փոխադարձ սիրոյ և ատելութեան կապը մօտիկ անցեալին և թերևս այսօր՝ տարրալուծարանային փորձառութեան մը պարագայ կրնայ նկատուիլ համաշխարհային տնտեսութեան անկիւնադարձային պահի նախանշանի իմաստով:

Առանց Արժանթին-ՄԴՖ յարաբերութեանց պատմութեան անդրադառնալու, ոչ ալ տնտեսագիտական վերլուծումներու հաւակնելու, կարելի է Արժանթինի ՄԴՖ հանդէպ սէր/ատելութիւն կապը ամփոփել ժամանակագրական հետևեալ պատկերին մէջ:

1980ականներուն, ժողովրդավարութեան վերադարձի և ամբողջ Լատինական Ամերիկայի համար «կորսուած տասնամեակ»ի (զէրօ տնտեսական աճ, սղաճ, անգործութիւն և, մանաւանդ, արտաքին պարտքի տոկոսներու մարման անկարելիութիւն որով և միջազգային որևէ ֆինանսաւորում կը բացառուէր) ոլորտին մէջ, ՄԴՖը ժողովրդային լայն զանգուածներու ատելութեան առարկան էր: Միջազգային ֆինանսական հաստատութիւնը կը դիտուէր որպէս համաշխարհայնանալու սկսած նէօլիպերալ տնտեսական քաղաքականութեան տարածման գլխաւոր գործիքներէն մէկը:

1990ականներուն Արժանթինը որդեգրեց Ուաշինկթընի Համաձայնութիւնը (Ուաշինկթըն Քընսենսըս -Լատինամերիկեան Երկիրներու տնտեսական ճգնաժամը աւարտելու միտումով տնտեսութիւններու ազատականացման և սեփականաշնորհման տասը կէտերու փաստաթուղթը) և ՄԴՖի վերահսկողութեան տակ առաջ տարաւ շատ կարգապահ ելևմտական քաղաքականութիւն: Արտաքին պարտքը կար, տոկոսները նոյնն էին, բայց միջազգային դրամագլուխի հոսքը ապահովուած էր: Արտաքին պարտքին մասին խօսող չկար, ընդհակառակը նէօլիպերալ կուրուները կ’ողջունէին միջազգային ֆինանսներէն կախուածութիւնը որպէս ցուցանիշ տնտեսական յաջողութեան: Երկիրը միջազգային բեմերու վրայ «բնորդ»ի վերածուած էր, ՄԴՖի ամենէն ուշիմ աշակերտը, «փոսթըր չայլտ»ը… ՄԴՖի «բարի վարուց» վկայագիրները, որոնք անհրաժեշտ են միջազգային դրամագլուխին վստահութիւնը պահելու համար, կը շնորհուէին հաստատութեան մասնագէտներու քննիչ այցելութիւններու աւարտին: Արժանթինի վարքագիծը որպէս իր պարտքը, աւելի ճիշդը՝ անոր տոկոսները, վճարող երկիր վերահսկող մասնագէտներու յանձնաժողովը կը գլխաւորէր Թերէզա Տէր Մինասեան:

2001-2002ի տնտեսական փլուզումով առաջացած ընկերային խոր ճգնաժամէն յետոյ, երբ երկրի տնտեսութիւնը սկսաւ վերաշխուժանալ և իշխանութեան վրայ էր Փերոնականութեան կեդրոն-ձախ հատուածը, Արժանթին որոշեց ՄԴՖին վճարել իր ամբողջ պարտքը և վերջ տալ ֆինանսական կախուածութենէն՝ անհատական պարտատէրու հետ առանց արտաքին միջամտութեան բանակցութիւններ վարելու համար: Նոյն քայլին դիմեց նաև Պրազիլ, ուր իշխանութեան վրայ էր Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը: Ուաշինկթընի Համաձայնագրի թաւագլոր ձախողութենէն յետոյ դէպի Ձախ թեքած Հարաւային Ամերիկայի մէջ տարածաշրջանային համարկումի խնադավառ նոր գործընթաց մը սկսած էր փորձելով մէկ անգամ ընդմիշտ վերջ տալ ֆինանսական կախուածութենէն և տնտեսական աճին հետ իրականութիւն դարձնել հարստութեան աւելի հաւասար բաշխումը, ընկերային արդարութիւնը: ՄԴՖն, հետևաբար, բացակայ էր, մոռցուած և թէև երկիրը տակաւին կը պայքարէր իր արտաքին պարտքին մէկ մասը գնած «գիշատիչ» ֆոնտերուն դէմ (ֆինանսական կազմաւորումներ որոնք սնանկացած երկիրներու արտաքին պարտքը շատ ջնջին գումարներով կը գնեն՝ և անզիջողութիւն կը ցուցաբերեն անոր տոկոսներով մարման բանակցութիւններուն ընթացքին), քաղաքական որոշումը պարզ և մէկին էր՝ ոչ արտաքին պարտքին որ տնտեսական կախուածութիւն պիտի առաջացնէ:

ՄԴՖն ալ քսանմէկերորդ դարու առաջին երկու տասնամեակներուն կորսնցուցած էր իր հմայքը համաշխարհային բեմահարթակին վրայ: Ելևմտական կարգապահութեան իր անզիջողութիւնը յանգած էր տնտեսական ճգնաժամերու, որոնցմէ ամենէն աչքառուն Արժանթինն էր: Անոր վրայ պիտի աւելցնել իր նախավերջին Ընդհանուր Տնօրէնին սեռային գայթակղութեան միջադէպը Նիւ Եորքի մէջ, որ բնաւ չօգնեց իր պատկերի բարելաւման: Նոյնիսկ 2008ի ֆինանսական անկումէն յետոյ շատ քիչ եղան այն երկիրները որոնք ՄԴՖին դիմեցին:

ՄԴՖին համաշխարհային բեմահարթակ վերադառնալու, ուշադրութեան արժանանալու և լուսարձակներու տակ գալու նորագոյն պատեհութիւնը տուաւ կրկին Արժանթինը: 2015ի Դեկտեմբերին իշխանութեան հասած կեդրոն-աջ կառավարութեան մէջ Նախագահէն սկսեալ մինչև տնտեսութեան ամէն տեսակի մարզերու մէջ նախարարական թէ պետական առաջնահերթային պաշտօններ զբաղեցուցած անձիք ոչ միայն ջերմ հաւատացեալներ էին ազատշուկայականութեան այլ, որպէս ֆինանսական ձեռնարկատէր թէ համալսարանի դասախօս ու վերլուծող, անոր դերակատարներէն: Հաւատալով որ իրենց միջազգային համբաւն ու կապերը առանձին երաշխիք են դրամագլուխի քաշողականութիւնը ապահովելու համար, համոզուած որ տնտեսական բարեկարգումներու առանձին քայլը ֆինանսական հոսքերուն վրայ դրուած ամէն արգելքի վերացումն է, անոնք յաջորդ երկու տարիներուն ի գործ դրին ելևմտական քաղաքականութիւն մը, որ միայն արագացուց դրամագլուխի արտահոսքը առանց ապահովելու և ոչ մէկ հիմնական ներդրում: Մայիս 2018ին արդէն բացայայտ էր կրկին ՄԴՖի դուռը թակելու որոշումը: Յաջորդ մէկուկէս տարուայ ընթացքին, ՄԴՖին զէրօ պարտական երկիրը Քրիսթին Լակարտի, Տոնալտ Թրամփի և Արժանթինի նախագահ Մաուրիսիօ Մաքրիի աշխոյժ համագործակցութեամբ երկիրը դրին 57 միլիառ տոլարի պարտքի տակ: ՄԴՖն երբեք այսքան կարճ ժամանակամիջոցի մէջ այսքան մեծ գումար փոխ չէր տուած… Արտաքին պարտքին հետ աւելցան՝ սղաճը, անգործութիւնը և աղքատութիւնը, նաև՝ որոշ դասակարգի մը օֆֆշորային հաշիւները…

Այնպէս որ անցեալ տարուայ Դեկտեմբերին իշխանութեան հասած Փերոնական կեդրոն-ձախ կառավարութիւնը դէմ յանդիման գտնուեցաւ այդ պարտքի վճարման պայմանները վերատեսութեան ենթարկելու, և հետևաբար՝ տիֆօլթի սպառնալիքին դէմ յանդիման գտնուելու, մեծ մարտահրաւէրին: Հակառակ ատոր, կառավարութիւնը յստակօրէն դրաւ իր մօտեցումը. տիֆօլթի հասնելու տրամադրութիւն չկայ, բայց արտաքին պարտքը պիտի չվճարուի ի հաշիւ արժանթինցիներու սովին ու թշուառութեան: Անհրաժեշտ է նախ տնտեսութիւնը վերականգնել ապա միայն պարտքը վճարել, և այդ տրամաբապութեամբ ալ առաջ պիտի տարուին բանակցութիւնները: Արտաքին պարտքի մեծագոյն մարտահրաւէրը անհատական պարտատէրերն են, ուր «գիշատիչները» արդէն տեղ գտած են որպէս խորհրդատու բանակցութիւններու ընթացքին:

Արժանթինի կողմէ այդ ծանր պարտականութիւնը տրուած է երիտասարդ տնտեսագէտի մը՝ Մարթին Կուզման, որ Նւ Եորքի Համալսարանի իր ամպիոնը ձգեց ընդունելով մարտահրաւէրը: Կարևոր մանրամասնութիւն մը. Կուզման աշակերտած է Ճոզըֆ Սթիկլիթցին, ապա հետը աշխատած որպէս ուսումնասիրութեան հիմնական առարկայ ունենալով երկիրներու արտաքին պարտքը: Սթիկլիթց, ինչպէս և Փօլ Քրուկմըն և ուրիշներ որոնք դեռևս 1990ականներու երկրիրդ կէսին ձայն բարձրացնելու սկսած էին նէօլիպերալիզմին դէմ, անտեսուեցան Պարաք Օպամայի կողմէ 2008ին երբ ֆինանսական փլուզումը նիր առիթ մը տուած էր միջազգային համակարգը բարեփոխելու: Սթիկլիթց, որ մօտէն կը հետևի Կուզմանի առած քայլերուն, հիմա հաւանաբար առիթը ունի իր թէզերուն ճշդութիւնը փաստելու. Արժանթին, անգամ մը ևս, վերածուած է միջազգային ֆինանսական համակարգի բեկումնային պահուան մը ազդարարութիւնը տուող պարագայի: Եթէ երկիրը յաջողի բանակցութիւնները հասցնել յաջող աւարտի, ընդ որում համաշխարհային ֆինանսական քազինոյի մեծ խաղացողները ընդունին ռէալ տնտեսութեան աճի անհրաժեշտութիւնը որպէսզի ֆինանսներն ու ներդրումները ըլլան բարգաւաճումի գործօն, ապա և փոփոխութեան ինչ որ նշոյլ կարելի է տեսնել:

Համավարակը, անշուշտ, կացութիւնը աւելի բարդացուց: Արժանթինի տնտեսութիւնը, ինչպէս գրեթէ ամէն տնտեսութիւն մեծ անկում պիտի ապրի և ընկերային իրավիճակը կտրուկ պիտի վատանայ: Բայց Ալպերթօ Ֆեռնանտէսի կառավարութիւնը պարտատէրերուն կ’ըսէ. Արժանթին պատրաստ է վճարել իր պարտքը եթէ իր պայմանները ընդունուին, պատրաստ է նոյնիսկ վճարել միջազգային տոկոսէն քիչ մը աւելի՝ համաշխարհային իրավիճակի մը մէջ ուր միայն անորոշն է յստակը: Պարտատէրերը պատրա՞ստ են ոչ թէ վնասելու, այլ՝ նուազ շահոյթ ապահովելու…

Հետաքրքրականը Արժանթինի արտաքին պարտքի այս վտանգաւոր արկածախնդրութեան նորագոյն հանգրուանին ՄԴՖի զօրակցութիւնն է: Լակարտէն յետոյ միջազգային ֆինանսական հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն նշանակուեցաւ պուլկարացի Քրիսթալինա Ճիորճիեվան, որ, իր կարգին, դէմ յանդիման կը գտնուի ՄԴՖի օրհնութեամբ արտաքին ահաւոր պարտքի տակ մտած Արժանթինի տնտեսութեան փլուզումի վտանգին մէջ հաստատութեան անուղղակի պատասխանատուութիւնը բացատրելու բարոյական պարտաւորութեան: ՄԴՖի յանցանքը չէ Արժանթինի ձախողութիւնը. բայց նուազ կարևոր չէ հասկնալ թէ ինչպէս կ’ըլլայ որ այնքան կարճ ժամանակի մէջ այդ քանակով գումար փոխ տրուեցաւ երկրի մը, որուն տնտեսութեան արագ վերականգնումի մասին ոչ մէկ տնտեսագէտ կը համարձակէր նախատեսութիւն կատարել…

Հակառակ զինք իշխանութեան գլուխ բերած ժողովրդային լայն խաւին ժխտական ընկալումին ՄԴՖի նկատմամբ, Ֆեռնանտէսի կառավարութիւնը կապերը չխզեց ՄԴՖի հետ, ոչ ալ բախումի գնաց անոր հետ: Ընդհակառակը, նորընտրեալ Ֆեռնանտէսն ու նոր նշանակուած Ճիորճիէվան առաջին օրէն իսկ լեզու գտան իրարու հետ: Արժանթինը որոշած է չվերցնել պարտքի վերջին բաժինը՝ յստակ կանխանշան տալով որ կը նախընտրէ չաւելցնել արտաքին պարտքը: Ճիորճեվայի կեցուածքը պարտքի վերատեսութեան բանակցութիւններուն համար պարտատէրերուն ուղղուած պատգամ մըն է. Արժանթին չի կրնար այս պարտքը վճարել: Թէ Արժանթինն ու ՄԴՖն դաշնակիցներու վերածուած են՝ միջազգային ֆինանսներու տրամաբանութիւնը փոխելու հեռանկարով դժուար է հաստատել: Կը մնայ որ երկուքին շահերուն կը համապատասխանէ երկրի արտաքին պարտքի բանակցութիւններու յաջող հանգուցալուծումը և տիֆօլթի շրջանցումը:

Այս բոլորը կրնա՞ն ինչ որ չափով ծառայել Լիբնանանին որ ՄԴՖի հետ բանակցութիւններու այս «պրեմիերա»յով «արժանթինացման» նշաններ կու տայ: Ճիշդ է որ երկիրները ոչ միայն աշխարհագրականօրէն, այլև տնտեսական, քաղաքական ու սոցիալական համակարգի իմաստով իրարմէ շատ հեռու են: Բայց համաշխարհայնացումը ոչ միայն առիթ այլ և անհրաժեշտութիւն ստեղծած է միջազգային փորձառութիւններէն դասեր քաղելու: Ի դէպ, ՄԴՖին հետ սեղանակցութիւնը չէ միայն որ Լիբանանի արժանթինացման փաստեր կու տայ: Պարզ զուգադիպութիւն էր անշուշտ, որ անցեալ տարի Լիբանանի մէջ ընկերային լայնամասշտապ զօրաշարժը սկսաւ Հոկտեմբեր 17ին, այն օրը երբ 1945ին Էվա Տուարթէի ղեկավարութեամբ Արժանթինի աշխատաւորութիւնը հրապարակ իջաւ պահանջելու համար Խուան Տոմինկօ Փերոնի ազատ արձակումը: Յաջորդ տարի Փերոնը նախագահ ընտրելով երկիրը բեկումնային շրջադարձ կը կատարէր՝ սկիզբ տալով աշխատաւոր դասակարգի իրաւունքներու ամրագրման գործընթացին: Հոկտեմբեր 17 Արժանթինի մէջ կը նշուի որպէս «Փերոնական հաւատարմութեա օր»:Բայց այնքան ալ զուգադիպութիւն չէ Արժանթինի մէջ 2001-2 ընկերային պոռթկումի լոզունգի` «թող հեռանան բոլո՛րը» (քէ սէ վաժան թոտոս) համահունչութիւնը՝ «քըլլոն եանի քըլլոն» լիբանանեան յեղափոխութեան լոզունգին հետ: Երկու անզիջողութիւն որոնք կ’արտայայտեն ընկերատնտեսական արմատական բարեփոխումներու կենսական հրամայականը: Այն տարբերութեամբ որ Արժանթինի մէջ կայ քաղաքական այն ուժը որ կրնայ համախմբել կեդրոն-ձախ հակումները և նախաձեռնել բարեփխումներու: Լիբանանի մէջ այդ մէկը դեռևս պայմանաւորուած է համայնքայնութեան տրամաբանութեամբ: Նշենք նաև որ նախքին նախագահ Մաուրիսիօ Մաքրիի կինը՝ Խուլիանա Աուատա լիբանանեան ծագում ունի: Բայց ատիկա իսկապէս որ աննշան զուգադիպութիւն մըն է…

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Յատուկ «Ազդակ»-ին