կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-10-11 18:25
Սփյուռք

Թուրքիոյ Սուրիա ներխուժելու անհիմն պատրուակները. «Գանձասար»-ի Խմբագրական

Թուրքիոյ Սուրիա ներխուժելու անհիմն պատրուակները. «Գանձասար»-ի Խմբագրական

Սուր­ի­ա­կան հո­ղեր թա­փան­ցե­լով Թուրք­իա բա­ցա­յայ­տօ­րէն, աշ­խար­հին աչ­քին առ­ջեւ, կը խախ­տէ մի­ջազ­գա­յին օրէնք­նե­րը, ապօ­րի­նա­բար ներ­խու­ժե­լով ան­կախ եւ ինք­նիշ­խան եր­կիր մը, հր­թի­ռա­կո­ծե­լով բնակ­չու­թեամբ հոծ շր­ջան­ներ, խլե­լով զո­հեր, տե­ղա­հա­նու­թեան են­թար­կե­լով խա­ղաղ բնակ­չու­թիւնն ու քան­դե­լով սուր­ի­ա­կան են­թա­կա­ռոյց­ներ եւ բնա­կա­րան­ներ:

Ան իր օդու­ժը եւ ցա­մա­քա­յին զի­նուո­րա­կան ու­ժե­րը օգ­տա­գոր­ծե­լով կը ներ­խու­ժէ Սուր­իա, հա­կա­ռակ Սուր­իոյ Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խա­րա­րու­թեան հն­չե­ցու­ցած դա­տա­պար­տում­նե­րուն, եւ Սոչիի թէ Աս­թա­նա­յի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին Սուր­իոյ գե­րիշ­խա­նու­թեան եւ տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան պահ­պան­ման իր բա­զում խոս­տում­նե­րուն:

Աւե­լին. թր­քա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կ՛օգ­տա­գոր­ծեն սուր­ի­ա­ցի գաղ­թա­կան­ներ, զի­րենք պար­տադ­րա­բար կը տե­ղա­փո­խեն հիւ­սի­սա­յին կարգ մը շր­ջան­ներ, իրենց քա­ղա­քա­կան շա­հե­րուն խա­ղա­քար­տե­րը դարձ­նե­լով տա­րի­նե­րէ ի վեր ան­տուն ու անօ­թե­ւան մնա­ցած սուր­ի­ա­ցի ճա­րա­զուրկ գաղ­թա­կան­նե­րը:

Սուր­իա ներ­խու­ժե­լու Թուրք­իոյ ներ­կա­յա­ցու­ցած պատր­ուակ­նե­րը ինչ­պի­սի՞ ախոր­ժակ­ներ կը թաքց­նեն իրա­կա­նու­թեան մէջ…

Թուրք­իոյ ներ­կայ նա­խա­գա­հը նախ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ իր երկ­րի ներ­քին հար­ցե­րը ար­տա­հա­նե­լու եւ սուր­ի­ա­կան տագ­նա­պին մի­ջամ­տե­լով գէթ իր կորսն­ցու­ցած ժո­ղովր­դա­կա­նու­թեան փոքր մէկ տո­կո­սը վե­րա­կանգ­նե­լու հա­մար:

Ըլ­լա­լով ԱՄՆ-ի դաշ­նա­կից, Թուրք­իոյ եւ ԱՄՆ-ի շա­հե­րը Սուր­իոյ հիւ­սի­սա­յին շր­ջա­նին մէջ, որոշ հար­ցե­րու մէջ զու­գա­հեռ­ներ ու­նե­նա­լով մէկ­տեղ, կա­տա­րե­լա­պէս չեն հա­մընկ­նիր:

ԱՄՆ եւ Թուրք­իա կը փոր­ձեն առա­ւե­լա­գոյնս օգտ­ուիլ Սուր­իոյ հիւ­սի­սա­յին շր­ջա­նը լար­ուած պա­հե­լու քար­տե­րէն: ԱՄՆ կը ձգ­տի քայ­քա­յել Սուր­իոյ մի­աս­նու­թիւնը եւ հիւ­սի­սա­յին շր­ջա­նին մէջ քր­տա­կան ինք­նա­վար մարզ մը ստեղ­ծել՝ իր լծա­կի­ցը դարձ­նե­լով Սուր­իոյ քիւր­տե­րուն մէկ թե­ւը: Մի­եւ­նոյն ատեն ԱՄՆ շատ լաւ կ՛ըմբռ­նէ, որ Սուր­իոյ հիւ­սի­սա­յին շր­ջա­նը հա­րուստ է ցան­քով, քա­րիւ­ղով, կա­զով եւ ջրամ­բար­նե­րով: Այս շր­ջանն է, որ առա­ւե­լա­բար վա­ռե­լա­նիւ­թի, ջու­րի, ջեր­մու­ժի ու ցան­քի պա­շար­ներ կը տրա­մադ­րէ Սուր­իոյ ողջ բնակ­չու­թեան: Ուս­տի Սուր­իոյ յատ­կա­պէս Ճե­զի­րէի շր­ջա­նը քայ­քա­յե­լով, ԱՄՆ կր­նայ ազ­դել Սուր­իոյ տն­տե­սու­թեան վրայ ու Իս­րա­յէ­լի շա­հե­րուն ծա­ռա­յե­լով անմ­ի­ա­բան ու քայ­քայ­ուած պա­հել ժո­ղո­վուրդն ու եր­կի­րը:

Թուրք­իա եւս հաշտ աչ­քով կը դի­տէ Սուր­իոյ քայ­քա­յու­մը, որով­հե­տեւ չի հան­դուր­ժեր կա­յուն ու ազ­գա­յին դի­մադ­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րող երկ­րի մը գո­յու­թիւնը իր հա­րե­ւա­նու­թեան: Երկ­րի մը, որուն տա­րածք­նե­րուն նկատ­մամբ տա­րի­ներ շա­րու­նակ ախոր­ժակ­ներ սրած ու պա­տեհ առի­թին սպա­սած է՝ ներ­խու­ժե­լու եւ գրա­ւե­լու սուր­ի­ա­կան հո­ղեր:

Միւս կող­մէ, Թուրք­իա չի ցան­կար իրա­կա­նա­ցած տես­նել Սուր­իոյ հիւ­սի­սա­յին տա­րած­քին մէջ քր­տա­կան ինք­նա­վար մարզ մը ստեղ­ծե­լու ԱՄՆ-ի հե­ռան­կա­րը: Աւե­լին. ան կը մի­տի չէ­զո­քաց­նել քր­տա­կան գոր­ծօ­նին ազ­դե­ցու­թիւնը Սուր­իոյ հետ իր սահ­մա­նին վրայ, որով­հե­տեւ քաջ գի­տէ, որ նման ինք­նա­վար շր­ջան մը պի­տի ընդ­լայ­նի ու ապա­գա­յին նե­րառ­նէ թր­քա­կան տա­րածք­ներ եւս:

Միւս կող­մէ, Թուրք­իա կը մի­տի շր­ջել Սուր­իոյ հիւ­սի­սա­յին շր­ջա­նի բնակ­չու­թեան ժո­ղովր­դագ­րա­կան պատ­կե­րը, այն­տեղ պար­տադ­րա­բար տե­ղադ­րել սուր­ի­ա­ցի այն գաղ­թա­կան­նե­րը, զորս պահ դրած էր իր տա­րածք­նե­րուն վրայ՝ այս օր­ուան սպա­սե­լով:

Թուրք­իա սուր­ի­ա­կան հո­ղե­րուն վրայ 32 քլմ. լայն­քով, 160 քլմ. եր­կայն­քով ապա­հո­վա­կան գօ­տի ստեղ­ծե­լով ու թա­փան­ցե­լով Սուր­իա, այդ տա­րածք­նե­րը իրեն են­թա­կայ պի­տի դարձ­նէ ու բնա­կեց­նէ սուր­ի­ա­ցի ծայ­րա­յեղ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րով, հե­տա­գա­յին, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սե­ղա­նին ի նպաստ այդ­պի­սի ծայ­րա­յեղ­նե­րուն առա­ւե­լու­թիւն­ներ ձեռք ձգե­լու եւ սուր­ի­ա­կան ըն­կե­րու­թեան դի­մա­գի­ծը փո­խե­լու հա­մար:

Այ­սօր յս­տակ է պատ­կե­րը Աֆ­րի­նի, Ճա­րապ­լու­սի, Ազէ­զի նման սուր­ի­ա­կան տա­րածք­նե­րու բնակ­չու­թեան եւ այն­տեղ երե­ւե­լի դար­ձած թր­քա­կան քա­ղա­քա­կան եւ տն­տե­սա­կան ազ­դե­ցու­թեան:

Ուս­տի, մի­ջազ­գա­յին օրէնք­նե­րը խախ­տե­լով սուր­ի­ա­կան հո­ղեր գրա­ւե­լու եւ Սուր­իոյ հիւ­սի­սա­յին շր­ջա­նի բնակ­չու­թիւնը տե­ղա­հան դարձ­նե­լու Թուրք­իոյ նկր­տում­նե­րը դա­տա­պար­տե­լի պէտք է ըլ­լան մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կով, որով­հե­տեւ անոնք ծա­ւա­լա­պաշտ երկ­րի մը ախոր­ժակ­նե­րուն հա­գուրդ տա­լու փոր­ձեր են, ոչ թէ պայ­քար ահա­բեկ­չու­թեան դէմ, կամ Թուրք­իոյ անվ­տան­գու­թեան պահ­պան­ման մտա­հո­գու­թե­նէն թե­լադր­ուած քա­ղա­քա­կան եւ զի­նուո­րա­կան յա­ռաջ­խա­ղացք:

Թուրք­իոյ անվ­տան­գու­թեան պահ­պան­ման երաշ­խի­քը երկ­րին ներսն իսկ է: Նա­խա­գահ Էր­տո­ղան պար­զա­պէս իր ներ­քին եւ ար­տա­քին ձա­խող քա­ղա­քա­կա­նու­թեան տա­պա­լու­մին առաջ­քը առ­նել կը փոր­ձէ, իսկ Սուր­իոյ մէջ երեք հիմ­նա­կան նպա­տակ կը հե­տապն­դէ.

Ա) Փո­խել Սուր­իոյ հիւ­սի­սա­յին շր­ջան­նե­րու ժո­ղովր­դագ­րա­կան պատ­կե­րը՝ ար­հա­մար­հե­լով տեղ­ւոյն բնակ­չու­թեան տար­բեր բա­ղադ­րիչ­նե­րուն խա­ղաղ գո­յակ­ցու­թիւնը:

Բ) Չէ­զո­քաց­նել իր սահ­ման­նե­րու մեր­ձա­ւո­րու­թեան քր­տա­կան գոր­ծօ­նին ազ­դե­ցու­թիւնը,

Գ) Ամ­րապն­դել Սուր­իոյ մէջ իս­լա­մա­կան իր լծակ­նե­րը ու անոնց ի նպաստ յա­ռա­ջի­կայ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն առա­ւե­լու­թիւն­ներ ապա­հո­վե­լու հա­մար գրա­ւել Սուր­իոյ հիւ­սի­սա­յին կարգ մը շր­ջան­ներ ու ծայ­րա­յեղ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րով բնա­կեց­նել այդ շր­ջան­նե­րը,

Դ) Վեր­ջա­պէս յա­գուրդ տալ սուր­ի­ա­կան հո­ղեր գրա­ւե­լու, կամ գէթ իր ազ­դե­ցու­թիւնը որոշ տա­րածք­նե­րու վրայ բա­նեց­նե­լու իր ախոր­ժակ­նե­րուն:

Մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քը բա­ւա­րար­ուե­լու չէ Թուրք­իոյ ներ­խու­ժու­մը դա­տա­պար­տե­լու կո­չե­րով: Անհ­րա­ժեշտ է ամէն գնով կանգ­նեց­նել Թուրք­իոյ ապօ­րի­նի ըն­թաց­քը՝ խնա­յե­լու մարդ­կա­յին նա­խ­ա­ա­տե­սուող աղէ­տը եւ վե­րա­կանգ­նե­լու տա­րա­ծաշր­ջա­նի խա­ղա­ղու­թիւնը: