Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին կատարած յայտարարութիւնը մտահոգիչ է: Բանակցային սեղանին վրայ դրուած է Արցախի հակամարտութեան լուծման փուլային տարբերակը: Հայկական կողմը արտաքին գործոց նախարարի թէ Ազգային ժողովի արտաքին գործերու յանձնախումբի նախագահի ճամբով անուղղակի-ուղղակի կը յայտարարէ, որ որեւէ քննարկելի փաստաթուղթ չէ դրուած բանակցային սեղանի վրայ:
Մինչ արտաքին գործոց նախարարը հանդիպումները` կողմերու մօտեցումները քննարկելու ըսելաձեւով կը բացատրէ, յանձնախումբի նախագահը նախկին տարբերակներու տարրերուն գծով կողմերու մօտեցումներուն ներկայացումով կը պարզաբանէ ցարդ կայացածը` աւելցնելով, որ բանակցային սեղանին գոյութիւն չունի որեւէ փաստաթուղթ:
Խնդիրը այստեղ մտահոգիչ է այլ իմաստով եւս: Նման յայտարարութիւն կատարողը համանախագահող պետութեան ներկայացուցիչն էգ առաւել եւս այնպիսի պետութեան, որ գերմիջնորդի իրողական կարգավիճակ ունի այս ամբողջ գործընթացին մէջ: Բանակցային փաստաթուղթի մասին շրջանառութեան մէջ դրուած է նախապէս լաւրովեան կամ քազանեան փաստաթուղթը, որուն հիմքը ըստ փորձագիտական մօտեցումներուն մատրիտեան սկզբունքներն են: Այդ սկզբունքներու վերանուանումը` լաւրովեանի, կը յուշէ ռուսական կողմի համաձայնութիւնը նման կարգաւորման:
Հիմա նման յայտարարութիւն փուլային կարգաւորման ճանապարհային քարտէսի վերարծարծման համազօր է եւ այդ առումով ալ մտահոգիչ: Հայկական կողմի հերքումը կարելի չէ անտեսել, բայց անհրաժեշտ է յաւելեալ յստակացում եւ պարզաբանում:
Ամբողջ բանակցային գործընթացին մնայունօրէն ինքնորոշման իրաւունքի գործադրումը գերակայ ուղղութիւն պիտի շարունակէ մնալ հայկական կողմին համար: Հայաստանի Հանրապետութիւնը Արցախի եւ արցախահայութեան անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւորն է, որ կը մասնակցի բանակցութիւններուն: Հակամարտութեան բովանդակային խնդիրներու քննարկման պարագային բանակցային սեղան պէտք է վերադառնայ Ստեփանակերտը:
Իսկ անվտանգութիւնը կը շարունակէ խախտել Ազրպէյճանը: Վերջինը` անօդաչու սարքի տեսքով: Անվտանգութեան խախտումները պիտի շարունակուին, այնքան ատեն որ չի գործադրուիր շփման գիծի երկայնքին անվտանգութիւնը երաշխաւորող գործիքակազմի տեղադրումը, որոշուած` ապրիլեան պատերազմէն ետք Վիեննայի մէջ:
Ներկայ փուլին Հայաստանի Հանրապետութիւնը իբրեւ անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւոր բացառապէս պիտի բանակցի իրականացնելու համար Վիեննայի մէջ որոշուած եւ միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչներու համաձայնութիւնը ունեցող բոլոր կէտերը: Բանակցութեան հիմք ունենալով 94-ի հրադադարը, որ նաեւ իբրեւ միակ եռակողմ համաձայնութիւն տեղ գտած է Վիեննայի յայտարարութեան մէջ: Բանակցելի է նաեւ ապրիլեան պատերազմի պատճառով խախտած շփման գիծի վերականգնման խնդիրը: Շփման գիծը հիմք պիտի ունենայ դարձեալ 94-ին հաստատուածը:
Անվտանգութեան երաշխաւորման գործիքաւորումէն ետք միայն կարելի է սկսիլ բովանդակային բանակցութիւններուն, ուր արդէն նախապայման է Ստեփանակերտի ներկայութիւնը:
Տեղին չէ նաեւ անվտանգութեան գօտի կամ պաշտպանութեան գիծ եզրաբանութեան օգտագործումը: Ինքնորոշման սկզբունքը գերակայ է նաեւ այստեղ: Գործող Սահմանադրութիւնը հանրաքուէով, հետեւաբար ժողովրդային կամարտայայտութեամբ Արցախը չի բաժներ գօտիներու: Ըստ Սահմանադրութեան, մինչեւ հակամարտութեան վերջնական լուծումը Արցախի իշխանութիւնը կը տարածուի մինչեւ այսօրուան փաստացի սահմանները: Արցախը իր տարածքային ինքնորոշումը կատարած է սահմանադրականօրէն:
Մինչեւ այս բոլորը, անվտանգութեան երաշխաւորի իրաւակարգը ամրապնդելու համար Երեւանը պէտք չէ ուշացնէ Ստեփանակերտի հետ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքումը:
«Ա.»