Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Սովորական, փառաբանող, զգացումներ շոյող, ժամանակաւոր, ինքնագոհ եւ ընթացիկ երգի մը մասին չէ խօսքը, այլ անիկա կեանքով, քրտինքով, արեամբ ու զոհողութեամբ շաղախուած համանուագ մըն է:
Այո՛, անանձնականութեան եւ նուիրումի կեանքի համանուագ (life symphony):
Գաղափարի ասպետներու նուիրուած կարօտի երգ մըն է անիկա, որ չունի չափուած-ձեւուած խազեր, ենթակայ չէ տեսական օրինաչափութիւններու, ազատ է իր էութեամբ, չի հաւատար խաբուսիկ կանոններու, անկաշկանդ եւ տիեզերահունչ է, յարաշարժ, սլացող դէպի աստուածութիւններ, միշտ կենդանի եւ անսպառ:
Հզօր աստուածներու դարաշրջանէն ժառանգուած երգ մըն է, որուն ակունքը հազարամեակներու դրոշմն ու սերմը կը կրէ, որ անթառամ ու կենարար է, չհինցող, անկաշառ եւ փայլատակող, խտացուած եւ ուժեղացած զգացումներու արձագանգն է, կարծրատիպեր ու միջակութիւններ չհանդուրժող կանչ մըն է, ահեղ ու տառապալից արգանդի մը արգասիքն է:
Աւելի՛ն. անիկա ծնունդն իսկ է իր հարազատ միջավայրին, հաւաքական ապրումներուն եւ իտէալներուն, ազգին ու հայրենիքին:
Առանց չափազանցութեան յայտնենք, թէ անիկա հայրենի հողին ընդերքէն ճայթքող օրհնաբեր շարականն է, աստուածամերձ լեռներուն եւ անդնդախոր ձորերուն ուժեղ ղօղանջն է, լեռներու արքայ Արարատի գագաթէն արձակուած ըմբոստացումի եւ ազատատենչութեան բիւրեղ երաժշտութիւնն է, դէպի յաւիտենականութեան գոգը սլացող մեր նախնեաց ձայնին ահագնագոռ դղրդիւնն է, ժամանակին դէմ պայքարող իրերայաջորդ սերունդներու արդար ընդվզումին լուռ մեղեդին է:
Մեր երգն է, ազգինը, արեամբ երգուած, զտարիւն մեր տղոց կողմէ յօրինուած եւ յափշտակուած, յանուն հայ ժողովուրդի անվտանգութեան, պաշտպանութեան եւ հայրենիքի փրկութեան:
Անվարան ընդգծենք, թէ կարօտի այս տեսակի երգը չունի հեղինակ, այլ ինք ստեղծուած, գոյառած եւ ինքզինք պարտադրած հեղինակութիւն մըն է, հմայքի գագաթ մը, անձնազոհութեան տիպար, առաքելատիպ, անշահախնդիր ապրումներու եւ երիտասարդական խանդավառութիւններու ջահ մըն է, միշտ բոցավառ եւ անշէջ, հերոսակերտ ու պատմաւանդ երգ մը:
Յայտնենք, որ նման հերոսաշունչ երգեր կրնան հրամցնել սոսկ այն տղաքը, որոնք ի վերուստ օժտուած են աստուածներու կարողականութեամբ, ունին եզակի ներաշխարհ, շունչ ու ապրում, խանդ ու եռանդ, բայց մանաւանդ` ծառայական գերազանց յատկութիւն, որակ, պահուածք եւ աշխարհահայեցողութիւն:
Ի դէպ, հայոց ժամանակակից պատմութեան էջերուն արձանագրուած է անուն մը պայծառակերպ, որ ծնունդն էր եղած իր հարազատ միջավայրին, շրջապատին ու գաղափարական ընտանիքին, ազնուական հոգիով հայորդի մը, քաջութեամբ լիացած երիտասարդ, հերոսապաշտ դաստիարակ, անմնացորդ ծառայող, անկեղծութեամբ եւ գաղափարապաշտութեամբ անկրկնելի, տիպար դաշնակցական ու մեծ հայրենասէր:
Սերժ Թովմասեան:
28 մարտ 1976:
Լիբանանահայութեան տարեգրութեան մէջ անկիւնադարձային թուական մը:
Ժամանակին հպատակող թուական մը չէ անիկա, ոչ ալ մոռացութեան տրուելիք յուշ մը, հակառակ այն իրողութեան որ Լիբանանի քաղաքացիական խօլ ու քանդիչ օրերու սկզբնաւորութիւնը կը յիշեցնէ, այդուհանդերձ իր մէջ կը պարփակէ գաղափարի ասպետներու խորհուրդն ու մեծութիւնը ըմբռնելու եւ ճանչնալու իմաստ, որուն կենդանի օրինակը կը հանդիսանար բոլորիս սիրելի ու անկրկնելի ընկեր Սերժ Թովմասեանը:
Այդ օր կը նահատակուէր անզուգական ընկեր մը, գիտակցաբար, արիաբար, առանց երկմտանքի իր սուրբ ափերով կը բռնէր մահուան կրակը, իր Վահագնի կուրծքով կը փաթթուէր ուժանակին, ստոյգ մահէ փրկելով տասնեակէ մը բաղկացած փաղանգ, նորահաս սերունդի տղաներ, որոնց կը փոխանցէր իր գիտելիքները, յանուն շրջաններու ապահովութեան եւ մարտական դաստիարակութեան:
Եւ այդ օրէն ասդին, մեր խենթ ընկերոջ անունն ու մականունը, սրբազան արարքն ու անձնազոհութիւնը կը շարունակեն ղօղանջել անդադար, երգել բարձրագոռ, խթանել մեզ տիւ եւ գիշեր` իբրեւ անուն մը անպարագծելի, մարդկային կերպար մը եզակի, գաղափարի նուիրեալ մը օրինակելի, հաւատաւոր ու մեծ դաշնակցական մը անհասանելի, նուիրեալ ռազմիկ մը իրաւ ու կենդանի գործի, տիպար մը անձնդիր գործիչ` ժողովրդասէր ու հայրենապաշտ:
Այո՛, ասպետական ուխտաւոր մըն էր Սերժ Թովմասեան, որ աշխարհ էր եկած յատուկ առաքելութեամբ եւ մտասեւեռումով: Ան ծնած էր ըլլալու երգ մը, որուն բառերը իր արեամբ գրեց, ըլլալու երաժշտութիւն մը, որուն մեղեդին իր հոգիով արձանագրեց, եղաւ համանուագ մը, որ ինք խմբավարեց, եղաւ ասուպ մը, որ յեղափոխականութեամբ լուսաւորեց ու համակեց իր շրջապատը եւ հեռացաւ այս կեանքէն աստուածներու խոհականութեամբ ու վայելչութեամբ:
Անոր Արարատասէրի երգը շարունակեց արձագանգել, նուաճել երիտասարդ սերունդի հոգիները, գերել գաղափարի նուիրեալ տղոց միտքերը, ամրացնել պատանիներու սրտերը, եւ միշտ քամահրել թուլացած, մեղկացած, վեհերոտ եւ կեղծ անհատներու դէմքերը:
Անոր բիւրեղ երգը պիտի շարունակէ իր հոգեցունց երթը, պիտի մնայ պատնէշի վրայ, պիտի մեզ արթնցնէ մեր թմբիրէն, զգաստութեան հրաւիրէ բոլոր անոնք, որոնք փառասիրութեամբ, յաւակնոտութեամբ, խեղճութեամբ եւ ստապատիր վարքագիծերով են համակուած:
Անոր ասպետական հոգիէն ճառագայթած կարօտի երգը միշտ ալ պիտի թակէ նուիրեալ եւ ուխտապահ երիտասարդներու սիրտերը, պիտի ոգեւորէ զանոնք եւ տէր կանգնի բոլոր անոնց, որոնք հաւատարիմ են դաշնակցական գաղափարական արժէքներու եւ աշխարհահայեացքին, իւրայատուկ ըմբռնումներուն եւ հաւատամքին:
Անոր գերազանց անձնազոհութեան դիմաց միայն աստուածութիւններ կրնան խոնարհիլ, որովհետեւ ան հեգնեց մահը, սլացաւ կրակին եւ փրկեց սերունդ մը, որ այսօր կ՛ապրի ազատ ու անկաշկանդ:
Ան իր երգով ու հաւատարմութեամբ միացաւ իրեն պաշտելի Քրիստափորին, Ռոստոմին ու Զաւարեանին, անկրկնելի ֆետայիներու, հրաշք ազատամարտիկներու եւ մեծահոգի դաշնակցականներու պանթէոնին, եւ իր կարգին դարձաւ մի լեգենտ, որ արժանացաւ անմահութեան դափնեպսակին:
Սիրելի՛ ընկեր Սերժ Թովմասեան,
Իրերայաջորդ սերունդներ երգեցին քու երգդ, պիտի շարունակեն երգել ապահովաբար, եղան քեզ մօտէն ճանչցողներ, իսկ շատեր քեզ ճանչցան քու սրբազան արարքիդ ընդմէջէն:
Գաղափարական աշխարհիդ եւ հաւատամքիդ մեծութիւնը, անզուգական ընկերասէրի ու անբասիր դիմագիծիդ պայծառութիւնը պիտի շարունակեն լուսաւորել մեր միտքերն ու հոգիները, որոնք այնքան դալկացած են այս օրերուն, որոնք այնքան խեղճացած են վերջին տասնամեակներուն:
Դուն եղար այն տիպարը, որ յօրինեց դաշնակցականի սեփական երգը, խոնարհութեան, ազնուութեան, քաջութեան եւ ժողովրդասիրութեան համանուագը, որուն համար պիտի ապրիս ու երգես երկա՜ր:
Վարձքդ կատար, անգի՛ն ընկեր: