Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Դիւրին է ածականներով լեցուն էջեր մրոտել եւ փաղաքշական նախադասութիւններով գովաբանական մը պատրաստել քեզ կերտած կրթօճախիդ մասին, սակայն, այդ պարագային, թէ՛ գրողը եւ թէ՛ կարդացողը անմիջապէս կը նկատեն, որ գրուածը կամ, աւելի ճիշդը՝ լեզուամարզանքը, պարզապէս առ ի յարգանք, պարտաւորութիւն կամ նոյնիսկ պարտադրանք է՝ բանտարկուած ձեւականին մէջ:
Հակառակն ալ ճիշդ է: Այսինքն, դժուար է յաճախած վարժարանիդ մասին յուշերդ ամփոփելը, անձնականն ու ընդհանրականը, համովն ու ոչ հաճելին իրարմէ զատորոշելը, մասնաւորապէս ուսուցիչներու մասին մէկ առ մէկ տեղեկութիւններ փոխանցելը. նոյնքան դժուար, որքան, երբ յառաջադէմ գաղափարներով տոգորուած հայերէնի եւ ֆրանսերէնի մեր ուսուցիչը՝ Գրիգոր Շահինեան, մեր գործը դիւրացնելու համար ազատ կը ձգէր, որ որեւէ նիւթ պատրաստենք եւ ներկայացնենք իբրեւ ամսուան շարադրութիւնը:
Հիմա աւելի անկեղծ ըլլամ եւ խոստովանութիւն մը ընեմ։ Երեք տարիէ ի վեր պարտականութիւն մը ունէի կատարելիք եւ անհանգիստ կը զգայի: Սկսած էի Լուսին Մալիքեանի (մահացած յունիս 2017-ին) մասին գրել, սակայն հեւքոտ աշխատանքով ծանրաբեռնուած առօրեան պատճառ եղած էր, որ չկարենամ ամբողջացնել յիշատակի գրութիւնս, իսկ չարաճճի համակարգիչս ալ գլխուս գէշ կատակ մը խաղացած էր եւ կիսատ-պռատ գրած տողերս կորսուած էին:
***
Թող ներեն բոլոր ուսուցիչներս (եւ ուսուցիչին առաջին արժանիքն ալ ներող ըլլալն է, չէ՞). երբ ստացայ Ճեմարանի 90-ամեակին նուիրուած՝ «Էր երբեմն Ճեմարան»-ը նկարագրելու հրաւէր-նամակը, երկար չմտածեցի: Որոշեցի ժամացոյցին սլաքները տանիլ բաւական ետ, այնքան մը ետ՝ մինչեւ հին օրեր, ու եթէ ուզեմ չափազանցել, կրնամ հասնիլ մինչեւ... աւազի սրուակներով ժամացոյցի օրերը։ Յիշողութիւնս հաւանաբար դաւաճանէ, մանաւանդ որ պատմելիքս` պատահածը, շատ աւելի առաջ է, քան մտքիս մէջ զարմանալիօրէն ուժեղ կերպով դրոշմուած՝ արաբերէն գրականութեան կարգ մը տողերը, որոնք ամենայն հեզասահութեամբ (սակայն առանց բան մը հասկնալու) այսօր ալ կրնամ ծայրէ ծայր արտասանել եւ գրել՝ դիւրացնելով պատասխանատու դաստիարակիս քլիշէ արձանագրութիւնը՝ վիճակացոյցին ետին. «Ժիր եւ ուշիմ աշակերտ։ Կը փոխանցուի Ժ. դասարան»...։
Հոսանքին ուղղութեան դէմ պիտի նաւարկեմ։ Բաւական դժուար է կեանք կոչեցեալ ովկիանոսին՝ անցեալի խորերն ու բացերը հասնիլը։ Սակայն հայ գրագէտը Նոյեան տապանէն հազարամեակներ ետք ալ յաջողած է նաւը լերան վրայ փոխադրել։ Չեմ յաւակնիր Կոստան Զարեանի գործը վերստեղծելու փորձ ընել, սակայն երբ նաւավարը Լուսինն է, իսկ նաւն ալ՝ իր դասարանը, հետեւաբար, մեզի պէս ճամբորդներուն՝ աշակերտներուս կը մնայ դիւրին պարտականութիւն մը, որ պարզապէս վայելելն էր այս հաճելի ճամբորդութիւնը՝ դէպի բարձր գագաթներ։
Կարելի է կատարել այլ հաստատում մը, թէ մանկապարտէզի ուսուցչուհին կրնայ շուտով մոռցուիլ, մինչդեռ կրթութեան առաջին քայլերը շատ աւելի արմատացած կը մնան մարդ էակի մտքի մթերանոցին մէջ։
Այդպէս էր օրիորդ Լուսինը, տիկին Լուսինը, կամ պարզ ու մեկին անունն ու մականունը՝ Լուսին Մալիքեանը, որ խանդ ու ժպիտ կը պատճառէր, յարգանք ու հետեւողականութիւն կը պարտադրէր:
Կայ ճեմարանականներու հունձք մը, որուն մտքին մէջ կերտուած բառարանին մէջ եթէ փնտռենք ժպիտ բառին հոմանիշը, յստակ է պատասխանը՝ Լուսին: Եռանդին հոմանիշ՝ կրկի՛ն Լուսին: Նուիրում՝ անգամ մը ե՛ւս Լուսին: Եւ դեռ երկար է հոմանիշներու շարքը:
Ծափ, ծափ եւ թմբկիկն (tambourine) ալ ձեռքին՝ երիտասարդ պարմանուհիի մը նման կը ցատկէր: Ապա, թմբկիկը ձեռքին մէջ ամրացնելով եւ անոր շուրջ կախուած բմբիռները շարժելով, կրկին ծափ եւ՝ անդադար ծափ։ Ամբողջ ուժով ոտքերն ալ գետին կը դոփէր: Շատ լաւ կը յիշեմ, իր աշակերտներուն եւ օգնականներուն հետ այնքան մը զօրաւոր կը դոփէր, որ, օր մըն ալ, տարեվերջի հանդիսութեան մը առթիւ կազմուած տախտակեայ բեմին փայտերը խարխլեցան ու վնասուեցան: Բեմը փուլ կրնար գալ. Լուսինը անմիջապէս լծուեցաւ վերակառուցման աշխատանքներուն, մօտէն հետեւեցաւ ու զարմանք պատճառեց ատաղձագործներուն. անոնք չէին կրնար երեւակայել, թէ Լուսինը նաեւ «բեմայարդար» էր:
Իսկ այդ թմբկիկը այնքան հաճոյքով ձեռքին կը դափէր, որ, կարծէք թէ, նոյնինքն թմբկիկն ալ հանգիստ կը զգար, թէ ճիշդ տիրոջ ձեռքերուն մէջ էր: Այդ օրերուն հռչակ կը սփռէր հանրածանօթ բանաստեղծ-երգիչ Պոպ Տիլընի «Mr. Tambourine Man»-ը, որուն իգական տիպարի թիւ մէկ թեկնածուն վստահաբար կրնար ըլլալ «Mrs. Tambourine» Լուսինը:
Ան կրցած էր Ճեմարանի հիմնադիր, մանկավարժ Լեւոն Շանթին գործը շարունակել՝ բոլորովին նոր աւիշ, մանկավարժական նոր դպրոցներու (Մարիա Մոնթեսորի, Ժան Օվիտ Տըքրոլի եւ այլն...) գաղափարներ ներմուծելով: Այսպէս «Կայսր» թատերական գործի հեղինակին պաշտօնը ամենայն հմտութեամբ ստացած էր «Կայսրուհի» մը... բառ մը, անոր ետին կանգնած նշանակութիւն մը, որմէ բոլորովին հեռու էր համեստ ու հեզ նկարագիրով՝ «Հին Աստուածներ»-ու հետքերով «Նոր Չաստուածուհի» Լուսինը:
***
... Յունիս 1964: Նշան Փալանճեան ճեմարանի մանկապարտէզի վկայականաց բաշխման օրն է: Վկայական ստանալէ առաջ բեմ պիտի բարձրանանք գեղարուեստական յայտագիրով մը, մեր շնորհքը ցոյց տալու: Այդ տարին որոշուած էր, որ պիտի ներկայացնէինք սպանացի յօրինող Մանուէլ Տը Ֆայայի «Կրակի ծիսական պար»-ը (Manuel de Falla - Danza Ritual del Fuego): Շաբաթներ շարունակ փորձեր կը կատարէինք:
Լուսին, իր գործընկերներուն հետ, ամենայն բծախնդրութեամբ կը հետեւէր փորձերուն: Կþուզէր, որ անսխալ ըլլայինք: Մենք ալ լուրջի առած էինք այդ, քանի մը վայրկեան տեւողութիւն ունեցող՝ կրակի հետ ծէսն ու պարը, որ կարծես տեւեց... ժամեր: Այսօր ալ, երբ ունկնդրեմ այդ կտորը, յիշողութեանս մէջ բան մը կը թելադրէ, որ, կարծէք թէ, Լուսինն է այդ գործը յօրինողը, եւ ո՛չ թէ Տը Ֆայան:
Ես իմ դերս պէտք եղածէն աւելի լուրջի առած էի։ Ի ծնէ արեւու, տաքի եւ կրակի թշնամի՝ կարծես Վարդանանց սուրբ պատերազմ կը մղէի կրակին դէմ... նահատակուելու ի գին:
Կրակի պարէն ետք ինչպէ՞ս կարելի էր պաղարիւն մնալ վկայականներու բաշխման պահուն...: Հազիւ անունս լսած, հապճեպով յափշտակեցի այդ ծալլուած թուղթը եւ կայծակնային թռիչքով մը մօտեցայ համբուրելու հաստ ապակիներով ակնոց կրող ծերունիի մը վիթխարի ձեռքը: Է՜հ, Հայաստանի նախկին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի ներկայութիւնը մոռցնել տուած էր թէ՛ ամէն մէկ աշակերտին անունը ամենայն համբերատարութեամբ կարդացող Լուսինը, եւ թէ պատասխանատու տնօրէններ՝ Մուշեղ Իշխանը, Գառնիկ Բանեանն ու Հրաչ Տասնապետեանը: Ներկաները կը ծիծաղէին, նկատելով այդ անհամբեր տղուն սլացքը, որ անշուշտ վերադարձաւ բեմահարթակ եւ, տիկին Լուսինին կանչին ընդառաջելով, վերստին կատարեց իր պարտականութիւնը՝ խոնարհելով շնորհակալութիւն յայտնեց, ներողամտութիւն շահեցաւ եւ ապա պատշաճօրէն վերստին ստանձնեց վկայականը:
***
Այսպէս, քանի մը տարի մանկապարտէզին մէջ, ապա՝ նախակրթարանի եւ աւելի ուշ տարիներուն միշտ ալ կը տեսնէինք Լուսինը, շարունակ բազմազբաղ։ Մանկապարտէզը իր բնակարանն էր, որուն նուիրուած էր հոգուով եւ սրտով։
1973-74... Ճիշդ ամիսը չեմ յիշեր, սակայն օրը՝ երեքշաբթի էր, արտադպրոցական իւրայատուկ «Սինէ-քլապ»-ի օրը: Ճաղատ մարդ մըն էր, որ ֆրանսերէն լեզուով կը ներկայացնէր այդ օրը ցուցադրուելիք ժապաւէնը, ապա ընդհանրապէս տեղի կþունենար հարց-պատասխան: Այդ օր աշակերտներուս շարքին էր նոյնինքն Լուսինը՝ քանի մը այլ մանկապարտիզպանուհիներու ընկերակցութեամբ: Պատճա՞ռ... Ցուցադրուելիք ժապաւէնը՝ ֆրանսացի նոր ալիքի բեմադրիչ Ֆրանսուա Թրիւֆոյի «L՚enfant sauvage»-ն («Վայրենի մանուկը») էր: Իրական կեանքէ առնուած, շատ փոքր հասակին անտառին մէջ կորսուած եւ վայրենի անասուններու պէս անտառաբնակ դարձած պատանիի մը մասին էր ժապաւէնը. Թրիւֆօ, որուն ժապաւէններուն մէջ միշտ ալ մանուկը առաջնահերթ դեր ստանձնած է, հմտօրէն կը ներկայացնէր այդ վայրենի եւ անուս էակին հանդէպ կիրարկուած գուրգուրանքը՝ մանկաբոյժ-մանկավարժի մը կողմէ, որ կþուզէր ամէն գնով փրկել անբախտ պատանին:
Այդ ժապաւէնին մասին երկար մանրամասնութիւններ կամ վերլուծումներ ընել չէ նպատակս, այլ կանգ առնել այն իրականութեան առջեւ, թէ Լուսինը որքա՜ն լուրջի առած էր իր մասնագիտացած մանկավարժի բնագաւառը՝ շարունակ քայլ պահելու եւ պրպտումներ կատարելու բերկրանքով. ան եկած էր դիտելու արտասովոր եւ իւրայատուկ մանուկի մը կեանքը ներկայացնող ժապաւէնը:
***
Տարիները սահեցան: ... Ու աւելի քան երկու տասնամեակ Մարսէյի մէջ գործելով, ան վստահաբար միեւնոյն գուրգուրանքն ու նուիրումը ցուցաբերեց, այս անգամ Հանրի Վերնէոյի (Աշոտ Մալաքեան) «Մայրիկ»-ին քաղաքին ճեմարանի երդիքին տակ:
«L՚education developpe les facultes, mais ne les cree pas» («Կրթութիւնը կը զարգացնէ կարողութիւնները, բայց չի ստեղծեր զանոնք»), կը յայտնէ ֆրանսացի գրագէտ-փիլիսոփայ Վոլթէր (1694-1778): Մինչդեռ Լուսին Մալիքեանի գործելաձեւը թէ՛ կը ստեղծէր եւ թէ՛ կը զարգացնէր աշակերտին կարողութիւնը:
Վստահ եղէ՛ք. այս օրերուն, երբ աշխարհը ցնցող համաճարակին պարտադրանքով առցանց կը կատարուին դասաւանդութիւնները, Լուսինը ձեւը պիտի գտնէր խանդավառելու, ներգրաւելու։ Ան այն տպաւորութիւնը պիտի ստեղծէր, որ, կարծէք թէ, համակարգիչի պաստառէն դուրս սահելով՝ պիտի փայփայէր, կսմթէր իր աշակերտները մէկ առ մէկ, առանց խտրութեան, մինչեւ իսկ անոնց ձեռքերէն բռնելով՝ մոգական գաւազանով մը պիտի փոխադրէր պաստառէն ներս՝ դրախտային «Փոքրիկ Անին» եւ «Պետիկն ու գայլը» դասագիրքերուն աշխարհը: Ան «Քորոնա» ժահրին դէմ ալ յաղթական դուրս պիտի գար, նապաստակի ցցուն ականջներով, ժպտուն մկնիկներու կամ բադի կտուցներու նման համակրելի դիմակներով...: Լուսինը գիտէր յուսալքութիւնն ու լացը վերածել երջանկութեան եւ խնդուքի։
Այո՛, կը կրկնեմ, անբաժանելի էին Լուսինն ու իր ժպիտը:
Ի՜նչ ժպտուն ժպիտ, ի՜նչ լուսաւոր լուսին:
Հիմա որ աւարտեցի այս գրութիւնը, որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլայի զայն ներկայացնել պարոն Գրիգոր Շահինեանին, իբրեւ շարադրութեան պարտականութիւն, այն զգացումով ու համոզումով, որ իսկական մանկավարժի մը յանձնած պիտի ըլլայի այլ գլխագիր մանկավարժի մը մասին յապաղումով եւ յապաւումով մրոտած էջերս...։
ԶԱՒԷՆ ԹՈՐԻԿԵԱՆ
Մասաչուսէց - ԱՄՆ
Ծանօթ.- Ճեմարանի նուիրահաւաքին մասնակցելու համար սեղմել հետեւեալ կապը` www.djemaran.edu.lb/donate