Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ժողովրդային պոռթկումէն 41 օր ետք, լիբանանեան թատերաբեմը կը շարունակէ մնալ ընդհանուր անորոշութեան եւ անբաղձալի հաւանականութիւններու կամ անակնկալներու մէջ:
Ժողովրդային ցոյցերը, ճամբաներու փակումը, նստացոյցերը, երբեմն փողոց ընդդէմ փողոց սահմանափակ ընդհարումները ցարդ, բացի կառավարութեան հրաժարումէն, լուծումներու ենթահող չկրցան պատրաստել:
Քաղաքական կողմերը, իւրաքանչիւրը իւրայատուկ օրակարգով եւ նպատակով, աստիճանաբար սկսան քաղաքական սրումի տանիլ իրավիճակը:
Կառավարութեան հրաժարականը դուռը լայն բացաւ քաղաքական եւ տնտեսական լուրջ տագնապի, որուն լուծումը ցարդ դրական ընթացքով չի դրսեւորուիր:
Հիմնականին մէջ ընկերային ու տնտեսական բարեկարգումներու, ինչպէս նաեւ փտածութիւնը քանդելու պահանջով փողոց իջած ժողովուրդը այսօր, քաղաքական կողմնորոշուածութեամբ եւ շրջանային ու միջազգային ուժերու կեցուածքներով, նոր կառավարութեան կազմութեան գծով սկսաւ արտայայտել քաղաքական տեսակէտներ, որոնք դժբախտաբար շուքի մէջ ձգեցին իրաւազրկուած քաղաքացիին արդար պահանջները:
Երկիրը ամբողջ տագնապի մէջ է:
Ժողովուրդը կ՛եռայ, հեռանկարը պղտոր է:
Երկրի քաղաքական որոշումը իրենց մենաշնորհին վերածած «հսկաները», հակառակ արտայայտուած բարի կամեցողութեան, ցարդ չկրցան ըմբռնել իրական խնդիրն ու առաջադրել ընկերային, ֆինանսական, կենցաղային եւ տնտեսական լուծումներ:
Ամիսներէ ի վեր ակնկալուած անելը, դրամատնային անելը արդէն իրականութիւն է, որուն գինը կը վճարէ հիմնականին մէջ երկրի աղքատ ու միջակ դասակարգը, այլ խօսքով` լիբանանցի ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը:
Իսկ տագնապը կը շարունակուի` օրըստօրէ աւելի սեղմելով օղակը իր օրապահիկը արդէն իսկ դժուարութեամբ ապահովող քաղաքացիին վիզին:
Կը փակուին փոքր հաստատութիւններ:
Մեծ գործատէրեր, առիթը պատեհ նկատելով «կը ձերբազատուին» իրենց լիբանանցի պաշտօնեաներէն եւ բանուորներէն:
Ու յանկարծ, պատերազմի օրերուն, ռմբակոծումներու ենթարկուող դրամատուները կը մղուին գործադուլ հռչակել` ապահովելու համար պաշտօնեաներու անվտանգութիւնը…
Եւ ողբերգութիւնը կը շարունակուի…
Աղքատը աւելի կ՛աղքատանայ:
Միջակ դասակարգի քաղաքացին աղքատութեան դռները կը թակէ:
Երկրի տնտեսութիւնն ու ելեւմուտքը իր ձեռքերուն մէջ պահած, շահագործած, իւրացուցած, փտածութիւնը արուեստի վերածած եւ երբեմն ալ օրինականացուցած մենաշնորհեալ գործատէրերը, դրամատէրերը, դրամատուներու տէրերը, որոնք տակաւին չեն կրցած մարսել իրենց կուտակած հարստութիւնը, կը շարունակեն քամել քաղաքացիին արիւնը, ապօրինի դասաւորումներ կատարել օտար դրամանիշի կապակցութեամբ, փախցնել իրենց գումարները արտասահմանեան հաշիւներու եւ շարունակել չարաշահումները:
Փաստօրէն, անոնք նոյնիսկ կը զօրակցին շարժումին, կը ֆինանսաւորեն կարգ մը կողմեր, ուտեստեղէն կը բաժնեն անոնց, որպէսզի ապահովեն իրենց հարստութիւնը:
Եւ յանկարծ, օր մը, պիտի տեսնենք զիրենք օտար մայրաքաղաքներու լաւագոյն ճաշարաններուն մէջ, ինչպէս այսօր անոնք կը շարունակեն զբաղեցնել ցուցարարներու քիթին տակ եղող զբօսավայրերու ամենասուղ սեղաններն ու աթոռները:
Բացայայտօրէն կռիւը աղքատի եւ շահագործողի խնդիրն է այսօր Լիբանանի մէջ:
Դասակարգային ամենախոր խրամատին ամրապատման լաւագոյն օրինակին ականատես ենք այսօր:
Հիմնական տագնապը, Լիբանանի «ազատ» տնտեսութեան, մենաշնորհներու գոյատեւման եւ յաւելեալ արժէքի կուտակման լուրջ եւ քանդող տագնապին դէմ յանդիման ենք այսօր:
Օգտուողները` Լիբանանին թշնամի կողմերն են անկասկած:
Օգտուողները` յղփացած «կէտերն» են անկասկած:
Այս իրողութեան պէտք է գիտակցին իրաւազրկուած զանգուածները անկասկած:
Պէտք է գիտակցիլ, որ դրամատէրերու սադրանքին զոհը կ՛ըլլայ աղքատը, թշուառը, իրաւազրկուածը:
Լիբանանի մէջ պատահածը, իր անուանակոչութենէն անկախ, դասակարգային պայքարն է:
Պէտք չէ զոհ երթալ մեծամեծներու սադրանքին:
Տակաւին կարելի է փրկել երկիրը, եթէ ամբողջութեամբ վերանայինք ընկերային, ելեւմտական ու տնտեսական համակարգը:
Իրաւազրկուածը յաւելեալ տալիք չունի:
Յաւելեալ դրամի կուտակումին տէրը ինք պարտաւոր է զիջիլ:
aztagdaily.com
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ