կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-09-07 15:19
Սփյուռք

Խորհրդարանի Գերկայունութիւնն Ու Դիւրաբեկութիւնը

Խորհրդարանի Գերկայունութիւնն Ու Դիւրաբեկութիւնը

Խորհրդարանական համակարգի անցումի հիմնական առաջադրանքներէն էր նաեւ բազմակուսակցական Ազգային ժողով ունենալը, ուր բանավէճը, տարբեր մօտեցումները, իրողապէս բազմակարծիք հարթակ ստեղծելը պիտի նպաստէին գաղափարներու բիւրեղացման, ծրագիրներու համադրումին եւ այդ բոլորով իսկ հիմնովին սատարէին գործադիր-օրէնսդիր հակակշիռ գործողութիւններու գործընթացի կայացման:

Ազգային ժողովի ներկայ պատկերը գուցէ հեռու է այդ առաջադրանքի իրականացումով ստեղծուելիք իրավիճակէն: Սխալ պիտի ըլլար սակայն եզրայանգում կատարելը, թէ խորհրդարանական համակարգը կամ գործող Սահմանադրութիւնը չի համապատասխաներ իր իսկ առաջադրած նպատակներուն: Այս խորհրդարանը յատուկ պայմաններու մէջ ձեւաւորուեցաւ եւ խորքին մէջ անցումային շրջափուլի մը համապատասխան պատկեր կը ներկայացնէ: Ուր իշխանափոխութեան գերխանդավառ մթնոլորտի մէջ հասարակութիւնը իշխանափոխութիւն իրականացուցած ուժին եւ աւելի ճիշդը զայն մարմնաւորած անհատին կը քուէարկէ նախ նախորդը տապալած ըլլալուն եւ ապա արմատական անմիջական համակարգային փոփոխութիւններ տեսնելու մղումով: Այս երեւոյթը միայն Հայաստանի Հանրապետութեան չի վերաբերիր բնականաբար:

Պետական մտածողութենէ մեկնած իշխանութիւնը ի՛նք շահագրգիռ պէտք է ըլլայ հակակշիռ գործընթացներ ձեւաւորելու համար: Մանաւանդ գերկայուն մեծամասնութիւն գոյացուցած խորհրդարան ունեցող իշխանութիւնը, ուր գործադիր-օրէնսդիր իրար լրացնող անարգել միտումները գրեթէ բոլոր հիմնական հարցերուն զգալի կը դառնան:

Այս պայմաններուն մէջ, ի՛նչ հաստատութիւններ են, որոնք կրնան լրացնել խորհրդարանէն բացակայող ընդդիմութեան ունենալիք հակակշիռի դերը:

Ա. Արտախորհրդարանական կուսակցութիւնները
Բ. Զանգուածային լրատուամիջոցները
Գ. Քաղաքացիական շարժումները

Արտախորհրդարանական կուսակցութիւններու այսօրուան ունեցած վարկանիշերը հեռու են ժողովրդային լայն խաւերու վրայ ազդելու հնարաւորութիւններէն: Թէկուզ մշակուած ծրագիրներով, այլընտրանքային առաջարկներով, կառուցողական քննադատութեամբ թերիները սրբագրելու յայտարարութիւններով, անոնք յայտնապէս, գէթ ներկայ պայմաններուն մէջ իրավիճակ ստեղծելու եւ հակակշռելու դերակատարութենէն զրկուած են:

Զանգուածային դասական լրատուամիջոցները հանրային կարծիքի վրայ ազդելու նուազ հնարաւորութիւն ունին, քան ընկերային ցանցերը: Այստեղ արդէն կը զիջին որակն ու բովանդակայինը: Մինչ պաշտօնական լրատուամիջոցը, որքան ալ սուր քննադատական շեշտերը պահէ, պարտաւորութիւնը կ՛ունենայ ինքնազսպումի քայլերու դիմելու, ապալրատուութիւն չտարածելու. հարկադրանքին տակ կ՛ըլլայ տուեալներու բացակայութեամբ մեկնաբանութիւն կամ հաստատում կատարելու պարագային դատարանին առջեւ կանգնելու: Մինչ համացանցային կամ երեւութապէս անհատական մամուլը ելեկտրոնային տարածքներու վրայ հասարակութեան բեւեռացման կը ծառայէ` տեղի տալով կիրքի ու ատելութեան տարածման: Ըսել կ՛ուզուի, որ դասական մամուլը կամ պաշտօնական լրատուամիջոցները ընդհանրապէս հեռու են չորրորդ իշխանութեան դեր կատարելու գործառոյթները իրականացնելէ:

Կը թուի, որ ներհասարակական կամ ընդհանրապէս ներհայաստանեան գործընթացներուն վրայ այս պահու դրութեամբ ամէնէն ազդեցիկ ուժերը քաղաքացիական շարժումներն են: Այս տեսութիւնը կարելի էր արծարծել ո՛չ միայն նախկին իշխանութիւններուն օրով` նման աքթիվիստական շարժումներու ստեղծած իրավիճակները նկատի ունենալով, այլ նաեւ ընդհանրապէս համաշխարհային մակարդակի վրայ գրանցուող իրադրութիւններուն հետ հաշուի նստելով:

Ուրեմն այսօր, հակակշիռ գործողութիւն իրականացնելու համեմատական ամենալայն հնարաւորութիւնը ունին քաղաքացիական շարժումները` բնապահպանական, մշակութային, կրթական եւ այլ ոլորտներու առումով:

Աշխարհի մէջ բնապահպանական շարժումը շուտով վերածուեցաւ քաղաքական ուժի եւ տարբեր խորհրդարաններու մէջ նկատառելի տեղ գրաւեց կանաչներու տարազով:

Այսօրուան խորհրդարանը ըստ էութեան նաեւ ձեւաւորուած է երէկուան քաղաքացիական շարժումներու աքթիվիստներէ: Խորքին մէջ ուրեմն երէկուան եւ այսօրուան աքթիվիստները փոխհակակշռումի գործընթացներու ներքաշուած են, օրինակ, Ամուլսարի հարցով:

Յայտնապէս մեր երկիրը անցումային շրջան մը կը բոլորէ քաղաքացիականէ քաղաքական շարժումներու ձեւափոխման առումով: Այդ իսկ պատճառով նաեւ գերկայունութիւնը ունի յատուկ դիւրաբեկութիւն: Ինչպէս տարբեր երկիրներու, մեր երկրին մէջ եւս կրնանք ականատես ըլլալ, տարբեր հանգրուաններու փուլ եկող, նոր անուն ընտրող, վերափոխուող, դիմափոխուող եւ ծրագրափոխուող խմբակցութիւններու: Ներկայ աշխարհակարգը յատկանշուած է գերարագ յարափոփոխութեամբ: Ընդհանուր այդ միտումներէն անմասն չեն մնար նաեւ պետութիւններն ու խորհրդարանները:

Քաղաքական որեւէ ուժ արտախորհրդարանէն խորհրդարան անցում կատարելու համար այս իրականութիւններուն հետ հաշուի նստելու պարտաւորութեան տակ է: Խնդիրը` էականն ու գաղափարականը պահելով ներկայ օրինաչափութիւններուն կամ գործող կանոններուն հետ քայլ պահելու հրամայականին կը վերաբերի:

Շահան Գանտահարյան