Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Վարչապետ Փաշինեանի կոչը` դատարաններու ելքն ու մուտքը արգելակելու, ազդարարեց յեղափոխութեան երկրորդ փուլի իրականացման մեկնարկը: Յանկարծակի այս որոշումը ուշագրաւ է այն առումով, որ կը փոխարինէ երկրորդ փուլի նախապէս յայտարարուած բնոյթը: Խօսքը տնտեսական յեղափոխութեան մասին է, որ յայտարարուած էր վարչապետին եւ գործող մեծամասնութեան կողմէ` օրէնսդիր եւ գործադիր հաստատութիւններու արմատական իշխանափոխութենէն ետք:
Երկրորդ փուլի անուանակարգային փոփոխութիւնը եւ մանաւանդ անոր յայտարարուած քաղաքական պահը անմիջապէս մտածել կու տան հանրապետութեան երկրորդ նախագահին նկատմամբ երաշխաւորութիւնը ընդունելու եւ զայն ազատ արձակելու դատարանի որոշումին մասին: Օրէնսդիրէն եւ գործադիրէն ետք յայտարարուած էր տնտեսական յեղափոխութեան մեկնարկը:
Այստեղ բնականաբար կը ձեւաւորուի հարցադրումը. եթէ դատարանը չբաւարարէր երաշխաւորութեան միջնորդութիւնը, դատական համակարգը արմատապէս փոխելու նախապէս յայտարարուած որոշումը փուլերու հերթափոխութեան պիտի ենթարկուէ՞ր եւ վերածուէ՞ր անմիջականօրէն մեկնարկելի հրատապ օրակարգի: Տրամաբանութիւնը շարունակելով կարելի է ըսել, թէ Քոչարեանի նկատմամբ տրուած որոշումը շարժիչ գործօնի դեր կատարեց արդարադատական յեղափոխութեան անցումին:
Մէկ կողմէ կը յայտարարուէր, որ գործող իշխանութիւնը որեւէ կերպով միջամտութիւն չէր ունենար դատական գործընթացներուն, միւս կողմէ չբաւարարող որեւէ վճիռ տեղի կու տար դատարաններու արգելակման որոշումներու:
Խորհրդարան ելքն ու մուտքը արգելակելու կամ ճամբաներ փակելու մեթոտաբանութիւնը կիրարկուած էր եւ ժողովրդային շարժման համար ազդեցիկ միջոցի վերածուած` առաջադրուած կարճաժամկէտ նպատակներ իրականացնելու առումով: Երկու ուղղութեամբ ալ միջոցները օգտագործուած էին նախ գործադիր, ապա օրէնսդիր հաստատութիւնները կտրուկ փոփոխութիւններու ենթարկելու: Նոյնը կը կիրարկուէր այս անգամ դատականի պարագային: Եւ եթէ յատկապէս առաջինի պարագային օրուան գործող իշխանութեան դէմ կը կիրարկուէր մեթոտը, այս պարագային իշխանութեան գործադիր-օրէնսդիր (մեծամասնութեամբ) թեւերուն նեցուկը կը վայելէին պետականութեան երրորդ իշխանութեան դէմ ընթացող գործողութիւնները:
Իրաւականութեան գերակայութիւնը եւ հանգուցալուծումները բացառապէս իրաւական եւ սահմանադրական դաշտերու մէջ ապահովելու հրապարակային յանձնառութիւններ ստանձնած իշխանութիւնները ինչո՞ւ կը դիմէին դատական համակարգի արգելակումին, երբ խորհրդարանական համակարգով ղեկավարուող պետութեան խնդիրներու լուծման հիմնական բանալին կը գտնուէր խորհրդարանին մէջ, ուր կը գործէ կայուն մեծամասնութիւնը:
Այս հարցը հաւանաբար կը յանգի այն եզրակացութեան, որ երկրորդ նախագահին նկատմամբ կայացուած ազատ արձակման որոշումը զայրոյթի ալիք բարձրացուցած էր ժողովրդային որոշ խաւերու մօտ, որոնց նկատմամբ անհրաժեշտ էր իրականացնել լիցքաթափման գործողութիւն: Այստեղ արդէն այս առաջադրանքը սկսած էր գերադասուիլ իրաւական սկզբունքին:
Նկատի առնուած էր միաժամանակ լիցքաթափման կարճատեւ գործողութիւն: Նոյն օրը արգելակման շղթաները քակելու կոչ կը կատարէր վարչապետը. հեռարձակուող ուղերձէն ժամ մը ետք:
Այդ ուղերձին մէջ յանձնառութիւնը կը վերընդգծուէր սահմանադրութիւնն ու իրաւականութիւնը գերադասելու. մանաւանդ, երբ արդարադատութեան արմատական բարեփոխման որոշումի ճանապարհային քարտէսի 5-րդ կէտը կը յստակացնէր`
«Ազգային ժողովում պէտք է տեղի ունենայ օրէնսդրական համապատասխան աշխատանք` մեր երկրի համար կենսական այս օրակարգը կեանքի կոչելու եւ Հայաստանում իրապէս, երաշխաւորուած անկախ դատական համակարգ ունենալու համար: Եթէ սրա համար անհրաժեշտ լինի իրականացնել սահմանադրական փոփոխութիւններ, մենք պէտք է գնանք նաեւ այդ քայլին, եթէ պէտք լինի դա անել համաժողովրդական հանրաքուէով, մենք պէտք է գնանք նաեւ նման լուծումների»:
Ըստ էութեան, այստեղ կ՛ամփոփուի դատական համակարգի առնչութեամբ առաջադրուած արմատական փոփոխութեան եղանակը: Եւ եթէ Ազգային ժողովն է միջավայրը այդ բոլորի լսումներուն, քննարկումներուն, քուէարկութիւններուն եւ որոշումներուն, ապա ի՛նչ նշանակութիւն կ՛ունենան արգելակումները, մեղադրանքները, վերագրումները, հրաժարականի պահանջները:
Սահմանադրութեան 7-րդ գլուխի 162-175 յօդուածները ամբողջովին տրամադրուած են դատարաններուն եւ Բարձրագոյն դատական խորհուրդին` նշանակման, արձակման, լիազօրութիւններուն, գործառոյթներուն, ուր ուղղակի թէ անուղղակի հաշուետուութիւնը կը կատարուի Ազգային ժողովին: Մանաւանդ խորհրդարանական հանրապետութեան Ազգային ժողովին:
Ազգային ժողովն է գերադաս եւ միակ այն հարթակը, որ արմատական բարեփոխումներ կրնայ կատարել առաջադրուած համակարգին: Նոյնիսկ հանրաքուէով կատարուելիք սահմանադրական փոփոխութեան որոշումին յանգելու համար նախ Ազգային ժողովի հարթակը պիտի ճշդէ անոր անհրաժեշտութիւնը:
Իրաւականութիւնը գերադասելու սկզբունքներուն նկատմամբ կատարուած հրապարակային յանձնառութիւնները անհրաժեշտ է, որ յարգուին: Յարգուին` ո՛չ միայն գործող պետական գործիչներու հեղինակութեան կամ վարկանիշի պահպանման, այլեւ ուղղակի պետականութեան շահերու գերադասման նպատակով:
Գործող Սահմանադրութիւնը, պետական այլ հաստատութիւններէ դատական համակարգի էական տարանջատման, ամբողջական անկախացման մասին իրաւադրոյթներ ամրագրած է: Սահմանադրական կարգերու ամբողջական գործադրման համար կայ զուտ իրաւական դաշտի մէջ աշխատելու անշրջանցելի հրամայականը: Եւ այդ հրամայականի կատարման համար սահմանադրական միջավայրը` Ազգային ժողովը:
aztagdaily.com