կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-01-28 11:46
Առանց Կատեգորիա

Ռազմաքաղաքական դաշինքի հրամայականը

Ռազմաքաղաքական դաշինքի հրամայականը

Հայոց բանակի օրուան նշումի առիթով` անկախ արարողակարգային ելոյթներէն եւ հռչակագրային բնոյթի հրապարակումներէն, կ՛արծարծուին ընդհանրապէս պաշտպանական համակարգին առջեւ դրուած խնդիրները, զանոնք լուծելու ուղիներու մատնանշումները, կը նախանշուին ծրագրային գերակայ ուղղութիւնները:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանական համակարգը այսօր իր առջեւ դրած է ընդհանուր առաջադրանքներ:

– Արմատական քայլերու ձեռնարկել զօրակոչային գործընթացի թափանցիկութեան եւ արդարութեան բարելաւման:

– Ամրապնդել պետութիւն-զինուոր-ընտանիք մշտական կապը:

– Բարելաւել ժամկէտային զինծառայողներու պարենային եւ իրային ապահովման խնդիրները:

– Շարունակել արդիւնաւէտ համագործակցութեան զարգացումը Հայաստանի Հանրապետութեան դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն հետ ո՛չ միայն գործող պայմանագիրներու շրջագիծին մէջ, այլեւ` նոր պայմանաւորուածութիւններու ձեռքբերման:

– Բանակը հաշուետու եւ թափանցիկ դարձնելու միտումով ընթացքի մէջ են շարք մը օրէնսդրական փոփոխութիւններ, որոնք կոչուած են բարելաւելու, դիւրացնելու եւ արդիւնաւէտ դարձնելու կառավարման համակարգը, գնումներու գործընթացները, բարձրացնելու զինուած ուժերու մարտունակութիւնը:

– Ռազմարդիւնաբերութեան խթանման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկումը, ինչպէս նաեւ միջազգային համագործակցութեան շարունակական զարգացումը:

Եթէ ներքին առումով նշուած առաջադրանքներուն մէջ կայ յստակ միտում բանակի կամ ընդհանրապէս համակարգին մէջ գոյութիւն ունեցած չարաշահումներու չէզոքացման մեքենականութիւններու ճշդումի առաջնահերթութիւնը շեշտելու, ապա արտաքին ճակատի վրայ կայ ո՛չ միայն արդէն առկայ միջազգային պայմանաւորուածութիւնները շարունակել կիրարկելու, այլ նաեւ համագործակցութեան նոր ուղղութիւններու եւ ձեւաչափերու մէջ ներգրաւուելու մտադրութիւնը ընդգծելու:

Միջազգային համագործակցութիւնը չի սահմանափակուիր ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձերուն մասնակցութեամբ եւ ՀԱՊԿ-ի անդամակցութեամբ: Տարբեր ձեւաչափերով` ՄԱԿ, ամերիկեան, ռուսական նախաձեռնութիւններով իրականացուող խաղաղապահ առաքելութիւններու Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերը ներգրաւուած են եւ պատուով կը կատարեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը: Աֆղանիստանէն Քոսովօ, Իրաքէն Լիբանան եւ Սուրիա (մարդասիրական բնոյթի զինուորական մասնագիտական խումբ) հայ խաղաղապահ ջոկատները ո՛չ միայն ռազմական ոլորտի մէջ համագործակցութեան նոր փորձառութիւններ կ՛ապահովեն, այլեւ հայոց բանակի մարտունակութեան օրինակներ կը փոխանցեն:

Ներքին ընկալումով, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժեր կամ հայոց բանակ եզրերը օգտագործենք, կը հասկնանք անշուշտ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի մէջ գործող հայկական զինեալ ուժերը: Զինեալ ուժեր բառակապակցութիւնը այստեղ ունի նաեւ այժմէական իմաստ այն առումով, որ կառավարութեան որոշումով ոստիկանական ջոկատներ եւս հերթափոխ ծառայութիւն կ՛իրականացնեն պետական սահմաններուն կամ շփման գիծին վրայ: Այս մէկը շատ օրինաչափ երեւոյթ է` տրուած ըլլալով, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը շարունակէ մնալ Արցախի անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւորը:

Ռազմական երեւոյթները սակայն ունին իրաւական բաժին: Իրաւառազմական մօտեցումը կը յուշէ իրաւական տեսք տալ այս իրողութեան: Այստեղ է ահա, որ կը շեշտուի Երեւանի եւ Ստեփանակերտի միջեւ կնքուելիք ռազմաքաղաքական դաշինքի կարեւորութիւնը: Կրնայ հարց ծագիլ այստեղ, թէ Երեւանը ինչպէ՞ս կրնայ պայմանագիր կնքել երկրի մը հետ, որ չէ ճանչցած: Ճանաչումը համազօր կ՛ըլլայ բանակցութիւններէն դուրս գալուն. իսկ նման դաշինք մը կը հիմնաւորուի գլխաւոր երաշխաւոր ըլլալու հանգամանքով, մանաւանդ երբ Երեւանը պաշտօնապէս յայտարարած է այդ մասին: Յիշենք, որ ապրիլեան պատերազմի սանձազերծման օրերուն հանրապետութեան նախագահը յանձնարարեց արտաքին գործոց նախարարին ռազմաքաղաքական դաշինքի օրինագիծը պատրաստելու: Վերջերս նոյն անհրաժեշտութեան մասին կը խօսէր Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը:

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի այսօրուան սահմանները կը հսկեն հայոց միացեալ զինուած ուժերը: Անոնք նաեւ պատուով կը կատարեն իրենց խաղաղապահ առաքելութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ձեւաչափերով իրականացուող միջազգային համագործակցութեամբ:

«Ա.»