կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2018-12-24 13:30
Հասարակություն

«Համազգային». 90-ամյակից դեպի 100-ամյակ

«Համազգային». 90-ամյակից դեպի 100-ամյակ

Աղբյուրը`Hairenikweekly

2018 տարուան փակումին հետ, պիտի փակուի նաեւ «Համազգային»ի հիմնադրութեան 90-րդ տարեդարձի յիշատակումը եւ այս միութեան դրօշին տակ գործողները՝ կամաւոր թէ արհեստավարժ, իրենց աչքերը պիտի սեւեռեն դէպի 100-ամեակ ու անկէ անդին։

Սովորութիւն է, որ տարեդարձերը վերածուին կերտուած ճամբուն գնահատման, իրականացումներով հպարտանալու, քննական ինքնագնահատումի եւ, անոնց հիմամբ՝ դէպի նոր հորիզոններ սեւեռելու առիթի։ 2018 տարին եղաւ այդպիսին. արձանագրուեցան շնորհաւորանքի արտայայտութիւններ, տեղի ունեցան մշակութային բազմայարկ ձեռնարկներ ու յոբելենական հանդիսութիւններ, որոնք առաւել կամ նուազ չափով լուսարձակի տակ բերին «Համազգային»-ի առաքելութիւնն ու վաստակը. ընդհանուր պատկերին մէջ, յատուկ ուշադրութեան առարկայ էին այն ձեռնարկները, որոնք իրականացան Հալէպի մէջ, որ հազիւ 2 տարի առաջ փակեց իր կամքէն անկախ տեղի ունեցած ահաւոր պատերազմին էջը եւ կþաշխատի թօթափել պարտադրեալ կէս-անդամալուծութեան թմբիրը։ Միւս գաղութներու ձեռնարկները արհամարհելի չէին, սակայն Հալէպի ու ընդհանրապէս Սուրիոյ մեր գաղութի պարագան կը զատորոշուի մեր պատմութեան ներկայ փուլին, ինչպէս որ Լիբանանը իւրայատուկ ու դաժան պայմաններու մէջ մշակոյթին հաւատարիմ մնաց 1975-էն մինչեւ 90-ական տարիներ, այսօր ալ կը հանդիսանայ ամէնէն շարժունակ շրջանը։

***

«Համազգային»-ի աշխարհատարած մեքենան այսօր կը գործէ կամաւորներու հսկայական բանակով մը, որուն կողքին կայ նաեւ արհեստավարժներու փոքրաթիւ խումբ մը։ Իւրաքանչիւր անցնող տարի նոր մղոն մը կþարձանագրէ այն ճամբուն վրայ, որ բացուեցաւ 90 տարի առաջ, մեր պատմութեան պատգամին խորապէս գիտակից սերունդի մը կողմէ։ Այդ սերունդը ունէր նաեւ անպարագիծ տեսլական ու մտքի հզօր թռիչք։ Աղբալեան, Շանթ եւ գործակիցները սոսկական զբօսաշրջիկներ չէին մեր մշակոյթի անդաստանին մէջ, այլ մասնակի՛ց էին մշակոյթի արարման, պահպանման ու ծաղկումին։ Ազգային-քաղաքական գործիչներ ըլլալու կողքին, անոնք էին նաեւ գրական քննադատ, վիպագիր ու թատերագիր, հրատարակչականի ու դպրոցի հիմնադիր, թատերական, երգչախմբային-երաժշտական ու գրական շարժումներ նախաձեռնող ու անոնց մղում տուող ռահվիրաներ՝ սփիւռքեան առումով։ Անոնք հայութեան կեանքի կեդրոնական թատերաբեմը մտած էին լայն դուռներէ, գործնապէս վկայելով, որ հաւատարիմ դրօշակիրներն էին Հայ Մշակոյթի հիմնադիրներուն ու կերտիչներուն։ Խորապէս ըմբռնած էին Մեսրոպ Մաշտոցի ու գործակիցներու պատգամը, որ սկիզբ առած էր «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխարատ…» նախադասութեամբ եւ զարգացած՝ այնպիսի նախաձեռնութիւններով ու գործերով, որոնք էապէս կը վկայէին, թէ Հայուն գոյատեւման ու ծաղկումին գլխաւոր երաշխիքը՝ անոր մշակոյթն է, այս բառին ամէնէն լայն հասկացութեամբ ու տարածքով։ Եթէ Մեծ Վարդապետը հրաշքով մը իր աչքերը բանար 1928-ին, եւ յաջորդ տասնամեակներուն հետեւէր «Համազգային»ի կողմէ մշակուած իրագործումներուն, անվարան պիտի գնահատէր հաւատարիմ ծառաները եւ հաստատէր, որ անոնք իր ուղեկիցներն են։ Եթէ մեր գրաւոր պատմութեան ծիրը առանց ընդհատումի կտրած ըլլար չորրորդ դարու ջրբաժան փուլը, այսօր հաւանաբար ունենայինք այնպիսի արձանագրութիւններ, որոնք կրնային վկայել, թէ Հայը, Հայկ Նահապետի ու Արա Գեղեցիկի օրերէն իսկ, իր կեանքին ու գոյատեւման ամէնէն ամուր ենթահողը նկատած է Մշակոյթը։ Գիրերու գիւտը կանխող դարերէն փրկուած պատառիկները նման ենթադրութիւն ընելու հիմք կու տան մեզի…

Այլ խօսքով, Շանթի, Աղբալեանի, Իփէկեանի ու սերնդակիցներուն սկսած գործը ուղղակի արձագանգ մըն էր Թարգմանչաց սերունդի արարչագործութեան, ու ճամբայ կþելլէր մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն մութ ու տագնապալի փուլէն՝ Ցեղասպանութենէն կարճ ատեն մը ետք, այդպէսո՛վ իսկ վկայակոչելով Մշակոյթին կենարար զօրութիւնը մեր գոյատեւման երթին մէջ, ամէնէն դժուարին խոչընդոտները յաղթահարելու անժամանցելի պատգամ մը հասցնելով յետնորդներուս։

***

«Համազգային»-ի հիմնադիրներուն գործով հպարտանալը, անոնց բացած ուղին շարունակած ըլլալու եւ անոր նոր տարածք տալու գոհունակութիւնը կը կազմեն պատկերի մէկ երեսը, որ արհամարհելի կամ երկրորդական չէ։
Կայ սակայն մէկ այլ երես՝ մեր այսօրն ու ապագայի հորիզոնները, որոնք կազմուած են երկու մեծ «կէսեր»ով. Հայաստանն ու Սփիւռքը։ Այսօրուան իրավիճակները ազնիւ մարտահրաւէրներ ու նոր իրագործումներու խթան են «Համազգային»ին համար, որ կոչուած է պահպանելու եւ վերընձիւղելու մշակոյթի տարբեր արտայայտութեանց որակը։ Իսկ «Համազգային»ը նման մարտահրաւէր դիմագրաւող միակ միաւորը չէ։

Դրական իրագործումներով բաւարարուիլը ի վերջոյ տեղքայլի, հետեւաբար նաեւ նահանջի մատնուիլ կը նշանակէ, վիճակ մը՝ որ ո՛չ մէկ ձեւով կը համապատասխանէ հիմնադիրներուն տեսլականին։ Ու եթէ պահ մը արագ ակնարկ մը նետենք մեր շուրջ-բոլորը, պիտի տեսնենք, որ ինչպիսի՛ խորագիրներ կախուած են «Համազգային»ի յառաջիկայ աշխատանքի դաշտերուն վերեւ։ Իսկ հետագայ նշումներ ո՛չ մէկ ձեւով պէտք է ընդունիլ իբրեւ իրագործումներուն կամ ընթացքի մէջ եղողներուն նսեմացումը, լուսանցքայնացումը։
Իբրեւ Մշակոյթի պահապան եւ կերտիչ՝ «Համազգային»ը իր դիմաց ունի Հայաստանի եւ Սփիւռքի մշակութային դիմագիծը աղարտող բազմաթիւ իրականութիւններ, որոնց դիմաց յեղափոխական կամքով գործելու կոչուած է անիկա, իր բոլոր միաւորներով ու գործակիցներով։ Ծանօթ խօսք է, որ յեղափոխութիւնը միայն զէնքով ու սուրով, աւելցնենք նաեւ՝ ցոյցերով չþըլլար, այլ նաեւ միտքի ու մշակոյթի զէնքերով։ Վկա՛յ մեր գոյատեւման պատմութիւնը։

Արագ թուումի ճամբով կարելի է արձանագրել յիշեալ խորագիրներէն մէկ քանին։

Մեր լեզուն կը գտնուի նահանջի ընթացքի մէջ։ Մաշտոցի, Աբովեանի ու յետնորդներուն պատգամները այսօր սկսած են հնչել առաւելաբար իբրեւ նշանախօսք, քան թէ լիարժէք կիրարկելի ուղի։ Հայաստանի մէջ օտարաբանութիւնը ամէնէն օր նոր «նուաճումներ» կþարձանագրէ բանաւոր ու գրաւոր արտայայտութեանց մէջ, մինչեւ իսկ զանգուածները ներգրաւող «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը առաջնորդուեցաւ ու կþառաջնորդուի «Դուխով»ի նման օտարաբանութիւններով։ Սփիւռքի մէջ, հայերէնի գործածութիւնը արագօրէն կը վազէ… դէպի ետ, ու մինչեւ իսկ հեղինակաւոր դէմքեր կը փորձեն «մեղմացուցիչ դէպ յանցանաց» գտնել՝ հաւաստելով, որ հայախօսութիւնը, հայերէն կարդալն ու գրելը երկրորդական են, կարեւորը հայու ոգի ունենալն է։ Կը ցանկագրուին նաեւ բազմաթիւ «առարկայական ազդակներ»։ Բայց ի՞նչ հոգիի մասին է խօսքը, երբ զայն կաղապարողը կը խորտակուի ու այդ հոգին ցրիւ կþերթայ ամէն տեսակ հովի ազդեցութեամբ…։ Լեզուի պահպանման որոշ բերդեր եւս կը քանդուին՝ արդի արհեստագիտութեան հրաշալիքներուն զանգուածներու կամաւոր գերութեամբ. գիրքն ու մամուլը կը մղուին բեմին յետսամասը, հող կը պատրաստուի զանոնք միանգամընդմիշտ վանելու մեր կեանքէն, գերի դառնալով արագ հաղորդակցութեան զմայլելի հնարքներուն, որոնք կորսնցուցած են իրենց իսկական առաքելութիւնը։ Նոր սերունդները հետզհետէ աւելի՛ արագօրէն կը կտրուին մեր մշակութային անցեալէն ու անոր կերտիչներէն, կը վերածուին մազանման արմատներով բոյսի, որ երկար կեանք չþունենար, կամ ալ ոչնչացումի կը մատնուի կիզիչ արեւուն ու ամէնէն թեթեւ հովին հետեւանքով։ Եթէ այս գիծերուն վրայ աւելցնենք նոյնինքն Գրականութեան՝ մեր անմիջական կեանքին արձագանգող, զայն գեղարուեստականօրէն վերլուծող ու ճամբայ ցոյց տուո՛ղ գրականութեան տժգունացումը, անոր նկատմամբ արհամարհանքն ու անտեսումի մօտեցումները, արդէն պատկերը կը տեսնենք աւելի տարածուն – թէեւ ոչ ամբողջական – շրջագիծին մէջ։ Ալ ի՜նչ խօսք՝ որակաւոր գիրքի տարածման միջոցներու մասին… (անշուշտ կայ հարցին մէկ այլ երեսը, որ գրականութիւնը հեռու կը պահէ ժողովրդականացումի, ընթերցող զանգուած ներգրաւելու կարողութենէն ու ինքզինք կþարդարացնէ Արուեստին ծառայելու յաւակնութեամբ։ Գրողին առաքելութիւնն ու նպատակն է եղած հասնիլ հաւաքականութեան, արուեստէն չզիջիլ, սակայն նաեւ չդառնալ փղոսկրեայ արշատարակի բնակիչ)։ Նահանջի այս վիճակը ոժ մէջ ձեւով կրնայ արդարանալ, մտածելով, որ մենք՝ հայերս առանձին չենք այս տագնապին մէջ, ամբողջ աշխարհը, մարդկութի՛ւնը ինկած է նոյն յորձանուտին մէջ։ Արդարացում չունի՝ որովհետեւ մեզի համար այս վիճակը մահացու է։
Նոյնքան տժգոյն վիճակ կը պարզէ մեր երգի աշխարհը։ Կոմիտասեան եւ աւելի վաղ ժամանակներու աւանդները զանգուածին կողմէ կը դիտուին իբրեւ «հինցած երգ». հանրութեան կրաւորականութիւնը կը սպառնայ ո՛չ միայն մեր ժողովրդային երաժշտութեան փրկիչ-վարդապետի աւանդին փոշիացման, այլ օտարամուտը գրկաբաց ընդունելու տրամադրութիւնը՝ Հայաստանի մէջ եւ Սփիւռի տարածքին, հայը արագօրէն կը հեռացնէ իր մշակոյթի սնուցիչ ակունքներէն։ Ուրախալի իրականութիւն մը կը պարզուի Հայաստանի մէջ, ուր երիտասարդ արուեստագէտներ գտած են ձեւերը մեր ժողովրդային ու աշուղական երգերը վերաձեւաւորելու արդի ճաշակներուն համաձայն, առանց հեռանալու արմատներէն, սակայն անոնց վառած մոմին դիմաց, թրքատիպն ու «ոռնոց»ային երգերը այնքան ուժեղ կը հնչեն ու կը փայլեցուին, որ այլանդակ «հմայք» մը կը ձեւաւորեն իրենց շուրջ, միաժամանակ վայելելով բարձրագոյն հովանաւորչութիւն. որակի նահանջը կը դառնայ անխուսափելի, անոր ճամբուն վրայ կը բարձրանան ամեհի խոչընդոտներ։ Իսկ Սփիւռքը, ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր, այս կալուածին մէջ մեծ մասամբ կը հետեւի Հայաստանէն «արտածուող»ին։ «Այսօրուան աշխարհը ընդհանուր նահանջի մէջ է, մենք չենք կրնար հզօր հոսանքներուն դէմ դնել»ը հոս ալ կրնայ իբրեւ բացատրութիւն դիտուիլ, սակայն արդարացում չունի։ Խորհրդային տարիներուն, Թաթուլ Ալթունեանի «Անսամպլ»էն առաջ ալ, ու մինչեւ 70-ական-80-ական տարիներ, կային հսկող-հակակշռող աղքեր (բացարձակօրէն չենք իտէալականացներ այդ տարիները, այլ կþուզենք կանգ առնել համեմատութեան վրայ)։ Այսօր, «ազատականութիւնը» եւ շուկայականութիւնը ահաւոր սպառնալիքի վերածուած են երաժշտական մշակոյթի կալուածին դէմ։ Այո՛, ունինք որակաւոր երգչախումբեր ու երգիչներ, երգահաններ ու երաժիշտներ, սակայն, ինչպէս նշեցինք՝ անտառայինին աղմուկը շատ աւելի ուժեղ է, անիր դիմաց Որակը կը վերածուի հզօր ալիքներու կուրծք տուող առուակի։ Եթէ պետական մեքենաները անտարբեր կը մնան, կարելի է ու պէ՛տք է գտնել զանոնք զգաստութեան բերելու ազդու ձեւերը, հասկցնել, որ «մարդկային ազատութիւն» կոչուած արժէքը չի կրնար թարգմանուիլ մշակոյթ ու արժէք ցեխը նետելու քայլերով։

Թատրոնի կալուածը մերթ ընդ մերթ փայլատակումներ կþապրի, աւելի մեծ ճիգ ի գործ կը դրուի որակի պահպանումին ի խնդիր, սակայն հոն ալ շուկայիկն ու միտքի ոլորտէն հեռացումը բաւական տիրական են։ Սկսած ենք մինչեւ իսկ անվնաս դատարկաբանութիւններու յարիլ, զանոնք ողջունել-հիւրընկալել առ ի չգոյէ ընդունելի տարբերակ, ի հակադրութիւն միւսին, որ ո՛չ միայն սնամէջ է, այլեւ գռեհիկի սահմաններէն ներս կը դեգերի։ Բազմարուեստ թատրոնը վերածուած է աժան խնդուք մուրացող, հետք չձգող… շահու աղբիւրի։ Իսկ երբ խօսք կþըլլայ հայ թէ օտար իսկական թատերագիրներու գործերուն մասին, յաճախ կը դիմենք «ինքնապաշտպանութեան», առարկելով, որ այդ գործերը «դժուարահասկնալի են», «մարդիկ տրամադրութիւն չունին ծանր բաներ լսելու» (Աստուած երկար կեանք տայ… դիմատետրեան սնկային մտածողութեան), ու տակաւին՝ «պայմանները թոյլատու չեն, առարկայական դժուարութիւնները անյաղթահարելի են», «նիւթական լայն միջոցներու կը կարօտինք» եւ այլն։ Այս կալուածին տագնապը աւելի շօշափելի կը դառնայ, եթէ աչքի առջեւ ունենանք այն վիճակը, որ կը պարզէ թատրոնին յարակից, եւ շատ աւելի ազդու ու տարածում ունեցող կալուած մը՝ պատկերասփիւռն ու ժապաւէններու աշխարհը։ Անբովանդակ, անիրական, օտարի անմակաըդակը կապկող-ընդօրինակող-թարգմանող ու նմանապէս գռեհիկի ոլորտները քերող պատկերասփիւռային շարքեր, խեղաթիւրեալ ժապաւէններ ու նման «իրագործումներ» հեռու են մշակոյթի ծառայելու դերակատարութենէ։ Յաճախ սքանչացումով կարելի է դիտել խորհրդային տարիներուն արտադրուած կարգ մը ժապաւէններ, ուր կեանքն ու տեսլականը գերակշիռ տեղ ունէին ու կը հմայէին դիտողը։ Անոնք այսօր դրուած են «հին են, ձանձրացուցիչ են, ժամանակավրէպ են»ի պիտակներուն տակ։ (Մեր խօսքը բնականաբար չի վերաբերիր այն ժապաւէններուն, որոնք արտադրուած են համայնավար իշխանութիւններուն «ճաշակ»ին գոհացում տալու տրամադրութեամբ, այլ կþուզենք մատնացոյց ընել, որ շարժապատկերի մարզին մէջ ալ, հայ հանճարը այսօր նահանջի մատնուած է ու ահագին տեղ զիջած՝ շուկայիկին ու անվաղորդայնին)։

Կարելի է մտնել նաեւ մեր մշակոյթի ու արուեստի տարբեր դարպասներէն ներս, տեսնելու համար, որ որակն ու մնայունը ընդհանրապէս նսեմացուած են, կարծէք թէ անոնց հանդէպ հակակրանք ստեղծելու դիտումնաւոր գործընթաց մը կայ, եւ այս բոլորը մեզ կը հեռացնեն այն ուղիէն, որ Սփիւռքի մէջ բացուած էր «Համազգային»ի հիմնադրիներուն նման երախտաւորներու կողմէ, իբրեւ ուղղակի շարունակութիւն՝ Հայ Մշակոյթի կերտիչներուն ու պահապաններուն դերակատարութեան։

***

Ահա թէ ինչպիսի՛ հորիզոններու դիմաց կը կանգին «Համազգային»ն ու անոր նման մշակութակերտ, մակոյթի պաշտպան միութիւններ ու կազմակերպութիւններ։ Եւ այս իրականութեան ի տես, պէտք է ընդունինք, որ դէպի 100-ամեակ ու անկէ անդին երթը կը կարօտի խիզախութեան, հոգեկան ամրութեան, տեսլականի ու մանաւանդ մեզի ժառանգ հասած արժէքներուն իմացութեան, այդ իմացութիւնը ժողովրդականացնելու, նոր սերունդներուն սեփականութիւնը դարձնելու ձգտող ԳՈՐԾԻ։
Մշակոյթի պահպանումն ու նորին արարումը կը պահանջեն շա՛տ աւելին, քան ընթացիկ ծրագրումներն ու կարգ մը իրագործումներու կրկնութիւնը։ Կրկնենք. այս տողերը իրագործումները արհամարհելու կամ նսեմացնելու դիտաւորութեամբ չենք արձանագրեր, այլ իբրեւ հրաւէր՝ ըլլալու աւելի շրջահայեաց ու հեռուները սեւեռող, ինչպէս ըրած են հիմնադիրները եւ անոնց դրօշը բարձր պահողները։

Նման մատրահրաւէներ դիմագրաւելը դիւրի՞ն է։

Ո՛չ, հազա՛ր անգամ ոչ։ Սակայն եթէ պահ մը մտաբերենք այն պայմաններն ու վիթխարի դժուարութիւնները, որոնց մէջ հիմնուեցաւ ու գործեց «Համազգային»ը, նաեւ մեր մշակութային այլ միաւորները, կը հասկնանք, որ համեմատութիւն ու բաղդատութիւն ընելը կը դառնայ անիմաստ։ Ոչինչէն արարելը, նիւթական ու այլ պայմաններ ստեղծելը շատ աւելի դժուար է, քան թաւալող անիւներու վրայ յառաջ ընթացող ինքնաշարժին վառելանիւթ հասցնելն ու զայն արդի պայմաններու պատշաճեցնելը։

Նորութիւն ըսած պիտի չըլլանք, եթէ անգամ մը եւս հաստատենք, որ «Համազգային»ը կեանքի կոչուած է՝ նախարարութեան տարողութեամբ գործ կատարելու տեսլականով, ու ըստ կարելւոյն հաւատարիմ մնացած է այս դերակատրութեան։ Մեր ժողվուրդին նիւթական պայմաններն ալ այսօր աւելի նպաստաւոր ենթահող կրնան տրամադրել որակաւոր գործի, եթէ այդ գործը ըլլայ հետեւողական, սկսի ազդեցութիւն ու դրական հետք թողուլ Հայ Կեանքին վրայ։

Տակաւին, կամաւորներով գործելու անփոխարինելի ու վսեմ դրութեան կողքին, այսօրուան աշխարհը կը պարտադրէ, որ արհեստավարժներն ու իսկական մտաւորականները ներգրաւուին մշակութակերտ գործին մէջ։ «Համազգային»ը անցեալին ըստ բաւակաին յաջողապէս կատարած է այս առաքելութիւնը, նոյն ջահը սկզբնապէս բարձր պահուեցաւ վերանկախացած Հայաստանի մէջ, սակայն երկու դաշտերուն մէջ ալ, հազար ու մէկ պատճառով, անիկա նոյն ուժգնութեամբ չեն փայլիր այսօր։ Որքան որ կարեւոր է Քաղաքական Մշակոյթի որակի ստեղծումը, նոյնքան կարեւոր է Մշակոյթի Քաղաքականութեան յստակացումը, հայակեդրոն մշակոյթի վերականգնումը, որ, յամենայնդէպս, չի նշանակեր այլոց որակին մերժումը։ Փոխադարձ հարստացումը նորութիւն չէ, վաղն ալ մերժելի պիտի չըլլայ։ Հետեւաբար, գրողը, արուեստագէտն ու մշակոյթի տարբեր ոլորտներուն մէջ գործողները մագնիսացնելը մեր դիմաց կը կանգի իբրեւ ազնիւ մարտահրաւէր, այն գիտակցութեամբ, որ արուեստի աշխարհին մէջ գործողներուն հետ յաճախ կան «հասկցուելու» դժուարութիւններ, սակայն նոյնինքն «Համազգային»ի փորձը՝ զանազան գաղութներու մէջ, փաստած է, որ սա անշրջանցելի պատուար չէ, ոչ ալ բացատրութիւն ունի մշակոյթի ու արուեստի ծառայողներուն «վանումը» գործի դաշտերէն։ Արդի աշխարհին մէջ նման գործակցութիւն, ինքնին, կրնայ դառնալ մշակոյթի ծրագիրներ ու զարգացում ինքնաֆինանսաւորող դաշտի…

***

Հայաստանի եւ աշխարհացրիւ մեր գաղութներուն մէջ, դէմ յանդիման ենք ուժեղ հոսանքներու, մշակոյթի կալուածը տժգունող ազդեցութիւններու։ Այս ախտը կը կարօտի նոյնքան եւ աւելի ուժեղ հականեխիչներու, զանոնք չէզոքացնող ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐՈՒ յառաջացման, ա՛յն կամքով ու հաւատքով, փայլուն հորիզոններ կերտելու տեսլականով, որ մեզի հասած է հիմնադիրներէն ու անոնց ներշնչում տուող տիտաններէն։

«Համազգային»-ի հիմնադիրներէն՝ Նիկոլ Աղբալեան երիտասարդ տարիքին հեղինակաւոր ու անվիճելի խօսք ունեցող մարդ եղած է մասնաւորաբար մշակոյթի կալուածին մէջ։ Եղած է բազմաթիւ տաղանդաւոր գրողներ յայտնաբերողն ու քաջալերողը, հրապարակ եկողներու մասին անառարկելի վճիռներ արձակողը, ժողովրդականացնողը։ Դաշնակցական Աղբալեանին համար հարց չէ եղած համայնավար Չարենց մը քաջալերելն ու գրական աշխարհին մէջ անոր առաջին քայլերը քաջալերելը, թէեւ հետագային անոր հետ ունեցած է այլապէս պատմական բանավէճ։ Ան խորապէս ըմբռնած է ու մեզի պատգամ թողած՝ որ Մշակոյթը քաղաքականացուելիք ապրանք չէ, չի կրնար խաղալիք դառնալ մասնակի հաշիւներու, որովհետեւ հայութկեան լինելութիւնը սերտօրէն աղերսուած է անոր։ «Համազգային»-ը աղբալեանական այս ներուժը ունի իբրեւ անփոխարինելի աւանդ, որ պէտք է այսօր ու վաղը ի սպաս դրուի մեր մշակոյթի արժէքին պահպանման ու հարստացման։ Այլ խօսքով, այս միութիւնը հրաւիրուած է ունենալու վճռական խօսք՝ մշակոյթի կալուածին մէջ լաւին լաւ, ու անորակին անորակ ըսելու, բարձր կանգնելու իբրեւ լուսատու փարոս, զարգացնելու մշակութային հայակեդրոն քաղաքականութիւն։
Մեկնակէտը՝ ազգային մշակոյթի արժէքներուն գիտակցումն ու ժողովրդականացումն է, նոր արժէքներու արարման հետամտութիւնը, մանաւանդ երիտասարդ սերունդին ներգրաւումը՝ ազգային արժէքներու եւ Մշակոյթի կալուածներուն մէջ, ցոյց տալով, որ արուեստի ու մշակոյթի արժէքները չեն կրնար հիննալ, այլ անոնց կուտակումը կը հարստացնէ մեր այսօրն ու ապագան։

Սա առաքելութիւնն է դարաւոր մշակոյթ կերտած բոլոր ազգերուն։

Այս ոգիով բարի երթ պէտք է մաղթել «Համազգային»-ին ու անոր առաքեալներուն։

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 2018