Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ arfd.am
Ա.- Վերակառուցակարգել
Հայկական Աշխարհը
Մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն նշանակալի ու ամէնէն ճակատագրորոշ իրադարձութեան 100-ամեակի նշումի նախօրեակին կը գտնուինք ազգովին: Իբրեւ պետականութիւն եւ իբրեւ հայկական աշխարհ ընդհանրապէս աննախադէպ կենսափորձ ամրագրեցինք Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի աշխատանքները համակարգելու եւ նպատակային արդիւնաւորելու ուղղութեամբ: Հայաստանակեդրոն բրգաձեւ կառոյց, պետական յանձնաժողով, տարածաշրջանային եւ գաղութային յանձնախումբեր, հայեցակարգի մշակում, հռչակագիրի բանաձեւում եւ մանաւանդ գաղափարախօսաքաղաքական մակարդակներու վրայ համահունչ, ներդաշնակուած քարոզչաքաղաքական քայլեր:
Բոլոր պատճառները ունէինք, որ այս նախադէպը, իբրեւ աշխատանքային ձեւաչափ համահայկական տարողունակութեամբ եւ համակարգաւորուածութեամբ կրկնուէր նաեւ Ցեղասպանութենէն միայն երեք տարի ետք հայրենիք փրկած եւ պետականութիւն կերտած իրադարձութիւնը նոյն եւ գուցէ յաւելեալ հնչեղութեամբ այս պարագային տօնակատարելու: Տօնակատարութիւնը պայմանական կարգով պէտք չէ ընկալել իբրեւ զուտ արարողակարգային եւ հանդէսային բնութագրումով ու էութեամբ` տրուած ըլլալով, որ պետականութեան հաստատման եւ անկախութեան նուաճման նշումը ունի խիստ քաղաքական այժմէական բովանդակութիւն:
Կը թուի, որ ուշացած ենք նոյն կառուցակարգով աշխատանքային խումբերը գործի լծելու: Այն ինչ որ ձեռնարկուած է ցարդ կառավարական մակարդակի պետական յանձնաժողովի նշանակումն է, ուր ըստ էութեան գերատեսչութիւններու եւ գիտական զանազան խորհուրդներու ղեկավարութիւնը ներկայացուած է, առաւելաբար տօնակատարութիւններուն եւ նշումներուն տալու միջոցառումնային, արարողակարգային եւ գիտական բնոյթ:
Մայիս 28-ով բանաձեւուող պատմական խորհուրդը սակայն շատ աւելին է, քան այն, ինչ որ կը ներկայացուի իբրեւ նախագծային ընդհանուր ուղղութիւն: Մեր ազգի շարունակականութեան երաշխիք հանդիսացած ամէնէն վճռորոշ այս փուլի պատմագիտական եւ քաղաքական արժեւորումի առիթ է 100-ամեակը, որ ըստ էութեան հայկական աշխարհի տարածականութիւնը պէտք է նուաճէ իբրեւ մեկնարկ նշումներու եւ աշխատանքներու համակարգումին:
Բնական է, որ պետականութեան բնօրրանէն` Երեւանէն պիտի ճշդուին ուղղութիւնները, հիմնական ծրագիրները, գաղափարները, մէկ խօսքով հայեցակարգը, որ պիտի ներառէ ամբողջ հայկական աշխարհը: Իսկ այդ քննարկումներուն ու հայեցակարգային նախապատրաստութեան մէջ ներկայացուած պիտի ըլլայ համայն հայութիւնը: Պետականակերտ մայիս 28-ը փրկեց հայրենիքը, հիմնեց հանրապետութիւնը, այնուհետեւ իր գաղափարով պահեց ամբողջ սփիւռքը: Սփիւռքը սերտօրէն կապուած ըլլալով Ցեղասապանութեան հասկացողութեան հետ, խորքին մէջ գոյատեւեց, արարեց, ստեղծագործեց եւ պայքարեցաւ մայիս 28-ի վերակերտման համար: Պետութիւն ստեղծելու աքթը փրկեց ու պահեց հայրենիքը եւ պետութիւն վերակերտելու միտքն ու նպատակը փրկեց եւ պահեց ամբողջ սփիւռքը:
Գաղափարներու ագուցման, միաւորման եւ համազգային տեսլականի ձեւաւորման այս խորհրդանիշը ամէն գնով պէտք է դուրս բերել արարողակարգային, կիսանդրիական, զուտ պատմագիտական մօտեցումներէ եւ մեր գոյութեան ու շարունակականութեան հիմնական փիլիսոփայութեան ընկալումով ժամանակակից արժեւորում տալ ազգի շարունակականութեան երաշխիք-թուականին:
Պետական յանձնաժողովը ուրեմն, աշխարհատարած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն եւ տեղւոյն համայնքներուն մէջ գործող քաղաքական, յարանուանական եւ միութենական ներկայացուցիչներուն ներգրաւումով նախընթաց կառոյցներու նմանողութեամբ օր առաջ հայկական աշխարհը այս առաջադրանքին ընդառաջ կառուցակարգելու անհրաժեշտութեան առջեւ է:
aztagdaily.com