Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
10 դեկտեմբերին ազգովին կը նշենք Արցախի Հանրապետութեան պետական անկախութեան մասին հանրաքուէի եւ Սահմանադրութեան օրը: Բնականաբար հայկական լրատուադաշտը այս ժամանակին գերյագեցած պիտի ըլլար Հայաստանի Հանրապետութեան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներով, մեկնաբանութիւններով եւ այս գործընթացին վերաբերող խորհրդարան անցած կամ չանցած կուսակցութիւններու յայտարարութիւններով:
Ազգային ժողովը կը բաղկանայ երեք կուսակցութիւններէ: Նկատի ունենալով, որ արցախեան հակամարտութեան հանգուցալուծումներուն պատկերացումներու, հայեցակարգերու գաղափարաքաղաքական եւ ծրագրայնութեամբ յատկանշուած բանավէճ ըստ էութեան չկայացաւ, անհրաժեշտութիւն կը նկատուի հիմա խորհրդարանական կուսակցութիւններու նախընտրական ծրագիրներու Արցախին վերաբերող բաժիններուն դիմելու` պատկերացում կազմելու համար արցախեան հիմնախնդիրին մասին անոնց հայեցակարգային հիմնադրոյթներուն մասին:
Այսպէս: Իշխող դաշինքի նախընտրական ծրագիրի Արցախին առնչուած բաժինը կը նշէր.
«Իմ քայլը» դաշինքը գերնպատակ կը նկատէ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի կենսագործմամբ Արցախի ժողովուրդի` սեփական ճակատագիրը տնօրինելու իրաւունքի անքակտելիութեան եւ միջազգային ճանաչումը ապահովելը: Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման նպատակով քաղաքական ուժը կ՛առանձնացնէ հետեւեալ քայլերը`
«1. Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման գործընթացի շարունակական իրականացում,
Արցախի` իբրեւ հակամարտութեան հիմնական կողմ` կարգաւորման գործընթացին մէջ որոշիչ ձայնի ճանաչում եւ բանակցութիւններուն ներգրաւուածութեան ապահովում,
հրադադարի դրութեան խախտման դէպքերու նուազեցման եւ հետաքննութեան մեքանիզմներու ներդրումը, Արցախի բնակչութեան ֆիզիքական անվտանգութեան արտաքին սպառնալիքներու չէզոքացում,Արցախի միջազգային կապերու, բնակչութեան ազատ տեղաշարժի եւ մարդասիրական շփումներու օժանդակում»: Ինչ կը վերաբերի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին, «Իմ քայլը» դաշինքը կարեւոր կը նկատէ պահպանել այդ ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափով ընթացող գործընթացի շրջանակները` հիմք ընդունելով Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային պարտաւորութիւնները, միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքները, մասնաւորապէս` ժողովուրդներու իրաւահաւասարութիւնը եւ ինքնորոշման իրաւունքը:
Դաշինքի ծրագիրին մէջ ամրագրուած է նաեւ, որ «Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման որեւէ տարբերակ, որ ընդունելի չէ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդներուն համար` ընդունելի չ՛ըլլար Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան համար»:
Ազգային ժողով մուտք գործած երկրորդ ուժը` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը (ԲՀԿ) կ՛ամրագրէր.
«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի վերջնական նպատակը Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչում է»: ԲՀԿ-ն կը գտնէ, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը պէտք է հանգուցալուծուի խաղաղ, բանակցային ճանապարհով` փոխհամաձայնութեան հիման վրայ եւ միայն Արցախի մասնակցութեամբ: Ըստ նախընտրական ծրագիրի` «պէտք է յառաջիկայ երկու տարիներու ընթացքին կտրուկ աւելցնել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան առեւտրաշրջանառութեան ծաւալները, բոլոր ուղղութիւններով ընդլայնել փոխադարձ տնտեսական համարկումի գործընթացը»:
Եւ վերջապէս, Լուսաւոր Հայաստանի Արցախի վերաբերող հայեցակարգային բանաձեւը հետեւեալն էր.
Արցախեան հիմնահարցի լուծման եւ Հայաստանի անվտանգութեան գլխաւոր երաշխիքը հզօր տնտեսութիւնն է: Կուսակցութիւնը կը սատարէ արցախեան խնդիրի արդար եւ խաղաղ կարգաւորման ուղղուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն` միաժամանակ Արցախի քաղաքական եւ տնտեսական զարգացումը դիտարկելով Հայաստանի Հանրապետութեան կարեւորագոյն առաջնահերթութիւն: Այս քաղաքական ուժը կարեւոր կը նկատէ նաեւ «բանակցային գործընթացին մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներգրաւումը` իբրեւ բանակցային լիիրաւ կողմ»:
Հիմա փորձենք նկատել երեք ուժերու միջեւ նկատուող ընդհանուր յայտարարները.
Խորհրդարանական երեք խմբակցութիւններն ալ կ՛առաջադրեն հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը: Բանակցային ձեւաչափին Ստեփանակերտի ներառուիլը երեք ուժերու նախընտրական ծրագիրին մէջ իբրեւ հիմնադրոյթ նշուած է:
Իմ քայլն ու Լուսաւոր Հայաստանը կողմ են պահպանելու ԵԱՀԿ-ի միջնորդական առաքելութեան շրջանակներուն մէջ բանակցութիւններու շարունակումը:
Եթէ Իմ քայլն ու Բարգաւաճ Հայաստանը Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումի հրամայականին մասին ունին ուղղակի նշում, ապա Լուսաւոր Հայաստանի որդեգրած բանաձեւին մէջ նշումը անուղղակի է. Արցախի Հանրապետութեան ներգրաւումը իբրեւ բանակցային լիիրաւ կողմ կ՛ենթադրէ իբրեւ պետական անկախ միաւոր ճանչնալ Արցախը` անուղղակիօրէն իրաւական ճանաչումի առաջնորդող մօտեցումի համազօր նկատելով:
Արցախի տնտեսութեան հզօրացման առաջնահերթութիւնը ընդգծած են Բարգաւաճ Հայաստանն ու Լուսաւոր Հայաստանը, մինչ տնտեսական բաղադրիչը կը բացակայի Իմ Քայլի բաժինին մէջ:
Այն ինչ որ Իմ քայլը նշած է եւ որ տեղ չէ գտած միւս երկու խորհրդարանական կուսակցութիւններու արձանագրութիւններուն մէջ հետեւեալներն են.
– հրադադարի դրութեան խախտման դէպքերու նուազեցման եւ հետաքննութեան մեքանիզմներու ներդրումը,
– Արցախի բնակչութեան ֆիզիքական անվտանգութեան արտաքին սպառնալիքներու չէզոքացում,
– Արցախի միջազգային կապերու, բնակչութեան ազատ տեղաշարժի եւ մարդասիրական շփումներու օժանդակում:
– Նախապայմանային մօտեցումի ընդգծում` առանց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի ժողովուրդներու համաձայնութեան հանգուցալուծման որեւէ տարբերակի չհամաձայնելու:
Կ՛ենթադրուի, որ խորհրդարան ներկայացուելիք կառավարութեան ծրագիրին մէջ Արցախի յատկացուելիք բաժինը համադրումը պիտի ըլլայ այստեղ նշուածներուն: Գրաւոր բաժինին մէջ անորոշ ձգուող կամ խառն ուղերձ փոխանցող բաժին գոյութիւն չունի: Խնդիրը այս պարագային այն է, որ տարակուսելի կը թուի քաղաքացիին քուէով դիրքորոշուելու գործընթացին վրայ նման հայեցակարգային խնդիրներու ներկայացման ազդեցութիւնը:
Ծրագրային այս դրոյթներէն անկախ, մինչ այժմ անպատասխան կը մնան հակառակորդին կողմէ հրադադարի համեմատական յարգման բուն շարժառիթները իմանալու հարցադրումները կամ այս պարագային Իմ քայլի ծրագիրով իսկ նշուած «հրադադարի դրութեան խախտման դէպքերու նուազեցման եւ հետաքննութեան մեքանիզմներու ներդրումը», առաջադրանքին ընդառաջ Վիեննայի, Ս. Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի պայմանաւորուածութիւններուն յղում չկատարող այսօրուան միացեալ յայտարարութիւններու մասին ուրուագծուող մտահոգութիւններ փարատելու փորձերը: Ակնկալելի է նաեւ, որ ամէն անգամ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի (որոշ պարագաներու նաեւ սփիւռքի) կամարտայայտութիւնները անպայման նկատի ունենալով եւ անոնց որոշիչ դերը ընդգծելու առընթեր միշտ յիշուի նախ` կարգավիճակի խնդիրին նախապայմանութիւնը կամ Արցախի միջազգային ճանաչումի սկզբունքի կենսագործման շրջանակներուն մէջ հարցի կարգաւորման մօտեցումը: Բանաւորի զուգակցումը գրաւորին կամ երկու տարբերակներուն համահնչեղութիւնը այս պարագային քաղաքական սուր նշանակութիւն ունի:
«Ա.»
aztagdaily.com