կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2018-10-30 15:45
Հասարակություն

Սահմանադրական գործընթացի իրական նորմերը

Սահմանադրական գործընթացի իրական նորմերը

ՀՀ Սահմանադրութիւնը ձևաւորուած է Արևմտեան ժողովրդավարական կարգերու էական սկզբունքներով։ Ան կը ձգտի քաղաքական հակամարտ ուժերու խաղաղ հաւասարակշռութեան։ Ան չի ջնջեր տարբերութիւնները։ Չի խեղդեր հակադրութիւնները։ Հակառակ յաճախ յեղյեղուած և ոչ-գիտակ կարծիքներու, ան նաև, ինքն ըստ ինքեան, չի ներկայացներ ազգային ընդհանուր համաձայնութիւնը։ Ան օրինակարգուած բեմ կը հայթայթէ հակընդդէմ ուժերուն, որպէսզի այս վերջինները ԿԱՐՈՂԱՆԱՆ դարբնել այդ համաձայնութիւնը ամէնօրեայ փոխներգործութեամբ։

Յիշեալ փոխներգործութեան անունը, սիրելի գործընկերներ, ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ է։ Եւ բանակցութիւնը կ՚ենթադրէ երկուստեք յստակացնել առաջադրութիւնները, հաստատել ընդհանուր թիրախները, կողմերու առաջնահերթութիւնները, կարելիներն ու անկարելիները, բիւրեղացնել բանակցութեան աշխատանքային գօտին և գործել փոխզիջումային մտայնութեամբ։

Բոլոր փաստերը ցոյց կու տան, որ Պր. Վարչապետին կողմէ նշանակուած բանակցողները չեն կրցած բանակցիլ։ Անոնք խօսած են վերջնագրի լեզուով։ Անոնք մերժած են նոյնիսկ նկատի առնել Դաշնակցութեան առաջարկները։ Անոնք առհասարակ չեն գիտցած, թէ որու՞ն հետ կը բանակցին։ Կամ չեն ուզած բանակցային գործընթացի այդ բանալի պայմանը իւրացնել և կիրարկել։

Պէտք է ենթադրել, որ Պր. Վարչապետին կողմէ բանակցողները գործած են այն դիրքերէն, որ այս բանակցային գործընթացը ընդամէնը իրենց կողմէ ստեղծուած սնոտի բեմադրութիւն է։ Գործած են այն թիւր համոզմամբ, որ իրենք մեծամասնութիւն են, այս կէտին վրայ, Ազգային Ժողովին մէջ առանց պահ մը իսկ անդրադառնալու, որ իրենք փոքրամասնութիւն մըն են և հանգուցալուծման հասնելու իրենց միակ ճամբան լուրջ և շրջահայեաց բանակցութիւնն է։

Ըսած եմ ասկէ առաջ և կը կրկնեմ։ Փողոցի գործողութիւնը գտած է վերջ։ Հիմա այլևս ժամանակն է, որ գործէ քաղաքական դատողութիւնը։ ԲՈԼՈՐ ԿՈՂՄԵՐՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԱՏՈՂՈՒԹԻՒՆԸ։ Քաղաքացիական անհնազանդութեան զէնքը, այս կէտին վրայ, սպառած է ինքզինք։ Այս կէտէն անդին, այդ զէնքը ուղղուած է մեր ազգային գերագոյն շահերուն դէմ և, առաջին հերթին, ժողովրդային շարժման դէմ։ Պր. Վարչապետը ունի միայն մէկ շինիչ և ազգանպաստ ճանապարհ։ Բանակցութիւններու ճանապա՛րհը։ Եւ այդ ճամբուն վրայ մաքսիմալիստ լուծումներ չեն կրնար ըլլալ։ Եւ բոլոր անոնց, որոնք կը շարունակեն ամէն քայլափոխի այպանել Դաշնակցութիւնը քաղաքական բեմի ձախաւերութիւններուն համար, կ՚ուզեմ անկեղծօրէն յիշեցնել, որ Դաշնակցութիւնը չէ թշնամին։ Դաշնակցութիւնը հայոց հայրենիքին անկեղծ զինուորն է։

Կարօ Արմենեան
Հոկտեմբեր 29, 2018
Ուաշինկթըն