Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը` arfd.am
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները մեծ ոգեւորութեամբ լուրեր տարածած էին, թէ խումբ մը ռուս փորձագէտներ, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ այցելած էին Լելէ Թեփէի բարձունք ու հակահայկական հարցազրոյցներ տուած էին խրամատներուն մէջ: Լելէ Թեփէ այցելողներու շարքին էին Պետական տումայի պատգամաւորներ:
Եւ որովհետեւ Պետական տումայի բաղկացուցիչ պատգամաւորական խմբակցութիւններէն էին Լելէ Թեփէի այցելուներէն ոմանք, փորձենք մնալ Պետական տումայի շրջանակներուն մէջ եւ յիշենք Ռուսիոյ Պետական տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտինի` Պաքուի մէջ ըրած յայտարարութիւնը, թէ Ազրպէյճանի դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ «միշտ եղած է կառուցողական եւ ճիշդ»:
Պէտք չէ մտահան ընել այն, որ պաշտօնական Մոսկուայի կողմէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը հակակշռելով Պետական տումայի նախագահին կատարած յայտարարութեան բովանդակութիւնը հանդէս եկած էր արցախեան հակամարտութեան նկատմամբ իր երկրի դասական դիրքորոշումներով: Այնուամենայնիւ նկատելի է, որ Պաքուի ձեռնարկած սեփական տարածքներու վրայ ռազմական կուտակումներուն եւ ռազմաթատերական ներկայացումներուն առընթեր քաղաքաթատերական ներկայացումներ կան այս անգամ ռուսական հարթութեան վրայ: Այս շրջագիծին մէջ պէտք է դիտարկել թէ՛ Լելէ Թեփէի, թէ՛ Պետական տումայի նախագահի յայտարարութիւնները:
Բայց արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի յստակացումները գուցէ բաւարար չէին: Որովհետեւ Ռուսիոյ Պետական տումայի ԱՊՀ գործերով, եւրասիական համարկումի ու հայրենակիցներու հետ կապերու կոմիտէի առաջին փոխնախագահ Քոնսթանթին Զաթուլինը անհրաժեշտ նկատած էր մեկնաբանել Պետական տումայի անդամ Տմիթրի Սավելեւի յայտարարութիւնը, որ կը վերաբերէր արցախեան հակամարտութեան միակողմանի լուծման: Զաթուլինը զայն նկատած էր ոչ պատշաճ:
Ռուսական հարթութեան վրայ յատկապէս Պետական տումայի շրջանակներուն մէջ որդեգրած են մէկ քայլ առջեւ երկու քայլ ետեւ մարտավարութիւնը արցախեան հակամարտութեան լուծման պատկերացումներու բարձրաձայնումներուն առումով եւ ի դէպ առաջին անգամը չէ, որ ռուսական Պետական տումայի շրջանակներէն նման միակողմանի յայտարարութիւններ կը հնչեն:
Ազրպէյճանական «կառուցողականութեան» ռազմական նորագոյն դրսեւորումները կը վերաբերին նախիջեւանեան ճակատին: Ազրպէյճանական զինուած ուժերը նախիջեւանեան ուղղութեամբ որոշ տեղամասերու մէջ փորձած են դիրքային ամրապնդման ճարտարապետական աշխատանքներ իրականացնել, որուն ի պատասխան Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը պատասխան կրակ բացած են եւ թոյլ չեն տուած թշնամիին կատարել իր ծրագիրը: Հայկական կրակէն ամբողջովին քանդուած է եւ այրած թշնամիի դիրքը:
Այս գործողութիւնը արդէն զինուորական կուտակումներէն եւ սեփական տարածքներու վրայ տեղաշարժեր կատարելու մարտավարութենէն քայլ մը անդին է: Կը թուի, որ ազրպէյճանական այս «կառուցողականութիւնը» ո՛չ միայն համընթաց է այս օրերուն կազմակերպուող ռուս-թուրք միացեալ ռազմափորձերուն, այլ նաեւ նախիջեւանեան տիրոյթը նկատի ունենալով համաձայնեցուած է Անգարայի հետ:
Լելէ Թեփէի այցելուներն ու ազրպէյճանական կառուցողականութեան մասին խօսողները եթէ պետական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ են, պիտի իմանային, որ ո՛չ միայն իրենց երկրի պաշտօնական դիրքերուն նկատմամբ հակասական տարրեր պարունակող յայտարարութիւնները քաղաքականօրէն կրնան պատշաճ չընկալուիլ, այլ նկատի ունենային այն հանգամանքը, որ համանախագահող երկիրները զգուշ են իրար հակասող յայտարարութիւններ չընելու եւ իրենց ընդհանուր կեցուածքներէն շեղումներ չընելու: Ի հարկէ առանց բացառելու դերերու բաշխումով խառն ուղերձներ փոխանցելու կարելիութիւնը:
«Ա.»
aztagdaily.com