Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ Aztagdialy
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Կրթանպաստի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, ուրբաթ, 1 դեկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-հաւաք մը` ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան անդամներու եւ բազմաթիւ հայ ծնողներու ու աշակերտներու:
Հանդիպումը սկսաւ Հայ օգնութեան միութեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կրթանպաստի յանձնախումբին անունով բարի գալուստ մաղթեց Սիւզան Օհանեան:
Ապա օրուան պատգամը ուղղեց Յակոբ Հաւաթեան, որ լուսարձակի տակ առաւ ԼՕԽ-ի կատարած բազմաճիւղ եւ նուիրական գործունէութիւնը, որուն մէջ անպայման իրենց բաժինը ունին կրթական մարզը, հայ աշակերտն ու դպրոցը, որովհետեւ մեր ազգային կեանքին մէջ գործող միութիւնները կը հաւատան, որ հայ դպրոցն ու հայեցի դաստիարակութիւնը առանցքային են մեր գոյերթին մէջ, իսկ ԼՕԽ-ի այս նախաձեռնութիւնը անգամ մը եւս շեշտը կը դնէ այս իրականութեան վրայ: Ան դիտել տուաւ, որ, թէեւ աշակերտին հիմնական պատասխանատուն ծնողքն է, բայց եւ այնպէս, մանաւանդ ներկայիս, հայ դպրոցը ծնողական պարտականութիւն ալ կը կատարէ, գուրգուրանք կը փոխանցէ, հայեցի դաստիարակութիւն կը ջամբէ: Յ. Հաւաթեան հերոսութիւն նկատեց հայկական դպրոց պահելը` դիտել տալով, որ անիկա կանգուն կը մնայ հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն հովանաւորութեամբ եւ նեցուկով` շեշտելով, որ այս գիտակցութեամբ պէտք է մօտենալ հայ դպրոցին եւ անոր գոյատեւման ի նպաստ տարուող աշխատանքներուն:
Յակոբ Հաւաթեան հաստատեց, որ տարուած աշխատանքին դիմաց ոչ մէկ ակնկալութիւն կայ անշուշտ, բայց եւ այնպէս երախտագիտութիւնը գնահատելի եւ գոհացնող երեւոյթ է, մանաւանդ որ մեր դաստիարակութեան առանցքն է անիկա, մեր գոյութեան արժէքային համակարգի երաշխիքը: Ան կոչ ուղղեց` նեցուկ կանգնելու մեր միութիւններուն եւ հաստատեց, որ միայն նիւթականով չէ, որ կ’ըլլայ զօրակցութիւնը, այլ նաեւ հաւաքական աշխատանքին մասնակից դառնալով, այս պարագային` ԼՕԽ-ին մաս կազմելով, անոր ծրագիրներուն յաջողութեան համար կամաւորաբար գործելով եւ ստանալով հոգեկան բաւարարութիւն:
Իր խօսքին մէջ Յակոբ Հաւաթեան ծնողները հրաւիրեց իրենց առաջնահերթութիւնները ճշդելու եւ ըստ այնմ կազմակերպելու իրենց կեանքը, որովհետեւ ներկայիս մեր ընկերութեան մէջ ուշագրաւ դարձած են արժէքներու նահանջը, երեւութապաշտութեան գերակայութիւնը, կարեւորը անկարեւորէն տարբերելու գիտակցութեան պակասը: Ան դիտել տուաւ, որ ծնողները իրենց կարելին պէտք է ընեն, որպէսզի իրենց զաւակներն ու անոնց կրթութիւնը միշտ մնան առաջնահերթ, անոնք իրենց ընկերներէն տարբեր չզգան, ծնողները պէտք է ըլլան զգաստ ու զգօն` իրենց զաւակները տարբեր փորձութիւններէ հեռու պահելու համար:
Իր խօսքի աւարտին ան բարձր գնահատեց ԼՕԽ-ի առաքելութիւնը, որ սերունդներու գոյատեւումը երաշխաւորող աշխատանք է, եւ իր ու ծնողներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց քուլիսներու ետին նուիրական եւ մեծ աշխատանք տանող իւրաքանչիւր անհատի, որուն ներդրումին շնորհիւ այսօր լիբանանահայութիւնը կանգուն կը մնայ եւ անոր երթը կը շարունակուի:
Գեղարուեստական բաժինով քանոնի վրայ նուագեց Սալբի Քէօշկերեան, իսկ երկու երգեր մեկնաբանեց Նաթալի Տեկիրմենճեան:
Մանրամասները՝ սկզբնաղբյուրում: