Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հոկտեմբեր 19ի այս օրը, 188 տարի առաջ, սկսաւ Կարնոյ (Էրզրում) եւ շրջակայքի հայութեան զանգուածային գաղթը դէպի Արեւելահայաստան՝ Ախալցխա, Ախալքալաք, Ծալկա, Լոռի-Փամպակ եւ Գիւմրի։
Կարնոյ հայութեան մեծ գաղթը կը հետեւէր ցարական զօրքի նահանջին։ Ցարական Ռուսաստանը Օսմանեան Կայսրութեան դէմ իր շղթայազերծած գրոհին ու յաղթական արշաւին վերջ տալով՝ կը վերադառնար Անդրկովկասի մէջ իր ամրացուցած դիրքերուն։ Իսկ Կարնոյ եւ շրջակայքի մեր ժողովուրդին կարեւոր մէկ մասը, օսմանեան զօրքին հաւանական հակայարձակողականէն եւ հակահայ «մաքրագործումներէն» խուսափելու մտօք՝ կը վերցնէր գաղթականի ցուպը…
Հանրագիտական գնահատումներով՝ օսմանեան դաժան լուծը մերժելով եւ թրքական խժդժութիւններէն փրկուելու նպատակով, աւելի քան հարիւր հազար հայեր լքեցին իրենց պապենական բազմադարեան հողն ու շէները, հետեւեցան Արեւմտահայաստանը պարպող ռուսական զօրքերուն եւ հաստատուեցան Արեւելահայաստան։
Այդպէ՛ս, 1829ի Հոկտեմբեր ամիսը ծանր ու դժուարին ընտրանքի ժամանակաշրջան եղաւ ռուսական զօրքին կողմէ գրաւուած Արեւմտահայաստանի հայութեան համար։
1828-1829 թուականի Ռուս-Թրքական պատերազմը վերջ գտած էր Ցարական Կայսրութեան յաղթանակով, ռուսները հասած ու գրաւած էին մինչեւ Պոլսոյ մերձակայքը գտնուող Ադրիանապոլիսը (Էտիրնէն), ուր եւ Սեպտեմբեր 14ին կնքուած էր համանուն հաշտութեան պայմանագիրը։ Թէեւ ռուսական կողմը իր տիրապետութեան տակ առած էր ամբողջ Արեւելահայաստանն ու Արեւմտահայաստանի ռազմագիտական կարեւոր շրջանները, բայց Ադրիանապոլսոյ Դաշնագրով՝ Ցարական Ռուսաստանը բաւարարուեցաւ Արեւելահայաստանը կցելով իր կայսերապետութեան ու համաձայնեցաւ թուրքերու տիրապետութեան վերադարձնել արեւմտահայ ազատագրեալ տարածքներուն մեծ մասը։
Իսկ հայութիւնը, որ յատկապէս ռազմագիտական կարեւորագոյն նշանակութիւն ունեցող Կարնոյ մէջ եւ շրջակայքը աշխոյժ մասնակցութիւն բերած էր պատերազմին՝ ռուսներու կողքին հազարաւոր հայ կամաւորականներ թուրքերու դէմ կռուի դաշտ հանելով, նման պայմաններով խաղաղութեան դաշնագրի կնքումէն ետք, դէմ յանդիման կանգնած էր թրքական վրէժխնդրութեան եւ անխնայ հակահարուածի սպառնալիքին…
Ադրիանապոլսոյ դաշնագիրը նախատեսած էր թուրքերու հակահայ վրէժխնդրութեան այդ վտանգը եւ, յատուկ յօդուածով մը, իբր թէ «իրաւունք» տուած էր արեւմտահայութեան, որպէսզի մինչեւ մէկ տարուան ընթացքին, այսպէս կոչուած «օսմանեան գրաւեալ տարածքները» թուրքերուն վերադարձնող ռուսական զօրքին հետ, գաղթէ դէպի Արեւելահայաստան։
Ահա նման պայմաններու մէջ եւ թրքական անխուսափելի կոտորածներէն փրկուելու մտահոգութեամբ՝ Կարնոյ եւ շրջակայքի հայութիւնը, թեմակալ առաջնորդ Կարապետ Արք. Բագրատունիի գլխաւորութեամբ, տուաւ ծանրակշիռ որոշումը եւ աւելի քան հարիւր հազարով դիմեց զանգուածային գաղթի։ Պատմական այդ մեծ գաղթով թէեւ վերանորոգուեցաւ հայկական Ջաւախքը ու ձեռներէց եւ աշխատունակ հայերով բարգաւաճեցաւ Արեւելահայաստանը, այսուհանդերձ՝ մեծապէս հայաթափուեցաւ Կարինը, որ հնագոյն դարաշրջաններէ սկսեալ, իբրեւ հայ մեծամասնութեամբ բնակուած տարածք, աշխարհաքաղաքական ու ռազմագիտական կարեւորագոյն խաչմերուկ մը եղած էր միջ-ցամաքային ուղիներու վրայ։
Հին Յունական, Հռովմէական եւ Բիւզանդական Կայսրութեանց ժամանակներէն եկող քաղաք էր Կարինը, որուն հայ եւ յոյն բնակչութեան տնտեսական աշխատունակութեան ու առեւտրական ձեռներէցութեան մասին սպառիչ վկայութիւններով հարուստ է պատմութիւնը։ Ընդհանուր տեղեկանքով՝
«Կարին կամ Էրզրում, Բարձր Հայքի մայրաքաղաքը, կը գտնուի Կարնոյ դաշտին հարաւարեւելեան կողմը, Եփրատի եւ Արաքսի ակունքներուն մօտ, 1960 մեթր բարձրութեան վրայ: Հիւսիսէն կը հոսի Եփրատ գետը, իսկ հարաւային կողմը կը բարձրանան Գոհանամք, Այծպտկունք եւ Սուրբ Նշան լեռները: Հարուստ` առատ եւ յորդահոս ակերով, որոնց մէկ մասը քաղաքի բազմահարիւր աղբիւրներուն ջուր կը մատակարարէ, իսկ միւսները իրարու միանալով գետակ մը կը կազմեն, որ կ՛անցնի քաղաքի արեւմտեան կողմէն, երկար եւ կանաչապատ ձորի մը մէջէն եւ կը խառնուի Եփրատի: 1914ին Կարին ունէր 60 հազար բնակիչ, որուն 15 հազարը հայեր էին:
«Քաղաքը բաղկացած է գլխաւոր երեք մասէ: Կեդրոնը բլուրին վրայ` միջնաբերդը իր անմիջական շրջակայքով, որ հնագոյն Կարինը կը կազմէ: Բերդին արտաքին պարիսպները իրենց շրջապատով, որոնք հին Կարինը կը կազմեն: Իսկ բերդին չորս կողմը տարածուող թաղամասերը նոր Կարինը կը կազմեն: Միջնաբերդը ունի հարիւր մեթր երկարութիւն եւ շուրջ 55 մեթր լայնութիւն եւ կառուցուած է Ե. դարուն: Միջնաբերդին հարաւային կողմը կը գտնուի Թեփսի մինարէն, որ իր բարձրութեան շնորհիւ դիտարանի դեր խաղացած է: Արեւելեան կողմը կը գտնուի Չիֆթէ մինարէն, որ կառուցուած է 962ին: Ուլու ճամին կառուցած են յոյները իբրեւ դիւանատուն կամ մատենադարան, իսկ սելճուքնե-րը 1178ին մզկիթի վերածած են զայն:
«Հայոց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած էր 1840ին, հին եկեղեցւոյ վայրին վրայ: Գլանաձեւ քսան սիւներու վրայ կառուցուած եկեղեցին ունէր 24 մեծ եւ 15 փոքր կլոր պատուհան, երեք կամարաձեւ խորան, երկու աւանդատուն եւ երեք դուռ:
«Կեդրոնական վարժարանը հիմնուած էր 1811ին եւ հետագային վերանուանուեցաւ Արծնեան: Սանասարեան վարժարանը հիմնուած էր 1881ին, Մկրտիչ Սանասարեանի միջոցներով եւ Կարապետ Եզեանի ջանքերով եւ կրթական բարձրագոյն հաստատութիւն էր, ունէր գիշերօթիկ բաժին, մանկավարժական եւ արհեստագիտական ճիւղեր, տարրալուծարան, գրադարան, հիւանդանոց, դեղարան, փուռ, ներկատուն եւ թանգարան:
Միւս վարժարաններն էին` Հռիփսիմեանց օրիորդաց, Մսըրեան, Տէր Ազարեան, Գաւաֆեան, Աղապալեան եւ կաթոլիկ ու բողոքական դպրոցները եւ քանի մը մանկապարտէզներ:
Կարնոյ հայութեան մեծ գաղթին նուիրուած յուշատետրի այսօրուան սիւնակը տեղը չէ առանձին լուսարձակի տակ առնելու Կարնոյ հայութեան ներդրումը ընդհանրապէս հայոց պատմութեան եւ հանուր քաղաքակրթութեան մէջ։
Բայց անպայման տեղն է շեշտելու, որ հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան մէջ ռուսական զօրքը երեք անգամ, հայկական հողի վրայ, պատերազմ մղեց թրքական զօրքին դէմ եւ երեք անգամուն ալ գրաւեց Կարինը (1828-29ին, 1877-78ին եւ 1915-16ին)։ Ռուս-Թրքական երեք պատերազմներու պարագային ալ, հայ կամաւորականները իբրեւ փրկարարի ընդառաջեցին ռուսական զօրքերուն եւ, հայ կամաւորականներ տրամադրելով, մեծապէս սատարեցին ռուսական յաղթանակին։ Բայց երեք անգամուն ալ հայութիւնը չարաչար յուսախաբութեան մատնուեցաւ։ Ռուսաստան բնաւ չունեցաւ Արեւմտայաստանն ու անոր «մայրաքաղաքը» նկատուած Կարինը ազատագրելու աշխարհաքաղաքական առաջադրանք եւ թրքական տիրապետութեան վերադարձուց հայկական հողերը։
Կարնոյ հայութեան 1829ի մեծ գաղթին առիթով կարեւորութեամբ պէտք է նշել, նաեւ ու մանաւանդ, որ հայ ժողովուրդը երբեք չհրաժարեցաւ Կարինէն։ Հակառակ 1829ի գաղթին հետեւած թրքական հակահայ խժդժութեանց եւ կոտորածներուն, հայութիւնը շարունակեց համախմբուիլ Կարնոյ մէջ ու շէնացնել զայն։
Աւելի՛ն. 19րդ դարու ամբողջ տեւողութեան Կարնոյ հայութիւնը դարձաւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման կարեւորագոյն հնոց մը, որ յառաջապահի դեր կատարեց թէ՛ ազգային զարթօնքի եւ լուսաւորութեան ճակատին վրայ, թէ՛ հայ հայրենասիրական-յեղափոխական առաջին խմորումներու շղթայազերծման ընթացքին։
Այդ առումով Կարնոյ «Պաշտպան Հայրենեաց» երիտասարդական մարտունակ շարժումը, 1870ականներու վերջերուն, հիմնարար դեր ունեցաւ հայ յեղափոխական կուսակցութիւններու, յատկապէս Դաշնակցութեան կազմաւորման մէջ։
Իսկ Կարնոյ «Սանասարեան» վարժարանը, 19րդ դարու վերջին քսանամեակին եւ 20րդի սկզբնաւորութեան, լոյսի եւ յոյսի փարոս մը եղաւ հայ ժողովուրդի նորահաս սերունդներուն համար՝ ազգային-գաղափարական ներշնչումի ու պատրաստութեան անփոխարինելի կռուան մը դառնալով։
Հոկտեմբերի 19ի այս օրը, Կարնոյ հայութեան մեծ գաղթին 188րդ տարելիցը յուշելով, մեր սերունդներուն առջեւ կը բանայ ազգային-քաղաքական դասերու եւ մտորումներու ամբողջ աշխարհ մը։ Յատկապէս՝ մեր նորահաս սերունդներու ազգային գիտակցութեան մէջ կը վերանորոգէ հայրենի հողին կառչած մնալու հաստատակամութեան մեծագոյն ողջմտութիւնը։
Ն.