Փոխարժեքներ
23 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Աղբյուրը՝ «Ակօս»
Անուանի երգահան Զիւլֆիւ Լիվանելի իր խորիմաստ երգերէն մէկուն մէջ կը յիշէր «Ծնած տեղը մահացողներ»ը։ Ան պատկերալից նկարագրումով մը անցորդներու տեսանկիւնէն կը դիտէր բոլոր այն մարդիկh, որոնք ի տարբերութիւն ճամբորդողներու, միշտ հոն կը մնան։ Ճամբորդը հանրաշարժի լուսամուտէն կը դիտէ զիրենք, որոնք քիչ յետոյ առյաւէտ դուրս պիտի գան իր հետաքրքրութեան դաշտէն, բայց պիտի շարունակեն հոն մնալ։ Հոն պիտի մնան, շատ անգամ ճամբեզրի սրճարանի մը փայտեայ աթոռներուն վրայ։ Օրուան մէջ իրենց գիւղի միջով անցնող, նոյնիսկ երբեմն կարճատեւ դադարի մը համար կանգ առնող -յաջորդ, յաջորդ եւ անվերջանալիօրէն յաջորդ հանրաշարժները, անոնց ճամբորդները պիտի դիտեն նոյն անփութութեամբ։
Կարծես մարդու տեսակի երկու հակասական տիպարներ ըլլան տեղ հասնելու համար յաճախ ժամացոյցի սլաքին հետեւողները եւ օրը՝ հետզհետէ կեանքը աւարտին բերելու համար միապաղաղ կերպով արեգակի մայրամուտը սպասողները։
Յատկապէս վերջին տարիներուն, թէ՛ պայմաններու եւ թէ՛ նախասիրութիւններու բերմամբ մենք մաս կազմեցինք ժամանակի արագ վազքին հետեւող առաջին խմբակին։ Օր եղաւ երկաթեայ թռչունի թեւերով հատեցինք բազմահազար մղոններու հեռաւորութիւններ, օր եղաւ գերարդիաշունչ հանրաշարժի մը հանգստաւէտ նստարաններուն վրայ մրափեցինք շարժակի խլրտիւնը օրօրի վերածելով։
Սակայն այդ նոյն վերջին տարիներուն կատարած մեր բոլոր ճամբորդութիւնները մեզ կը տանին դէպի անցեալ։ Ճանապարհորդութեան նպատակը որոշիչ չէ այս արդիւնքին մէջ։ Ընկերներով ճամբայ ելած ենք դէպի նախկին յունաբնակ Իմրոզ կղզի երթալու, բայց տեսնելով յունաց երբեմնի շէն, իսկ այսօրուայ աւերակ գիւղերը, փլատակ դարձած տուները, մատնուած ենք տառապանքներու։
Պատճառները որքան ալ տարբեր ըլլան, իւրաքանչիւր ճամբորդութիւն նոր հանդիպումներու, նոր ծանօթութիւններու, բարեկամութիւններու կողքին կը բերէ նոր թախիծներ, նոր հիասթափութիւններ, յուսալքութիւններ։
Այս անգամ այդ բոլորը միասնաբար ու լի ու լի կ՚ապրինք՝ քանի որ մեր կողմնացոյցի սլաքը կանգ առած է Արեւմտեան Հայաստանի վրայ։
Գիտեմ թէ «Արեւմտեան Հայաստան» անուանումը ինչ տեսակ պաղ ցնցուղի ազդեցութիւն կ՚ունենայ մեր ապրած երկրին մէջ։ Այստեղ պետական միտքը հանդուրժողութիւն չունի բաները իրենց հարազատ անունով լսելու։ Պետական միտքը իր քաղաքական հաշիւներով անպատասխանատու կերպով իրաւունք ունի տեղանունները խեղաթիւրելու, օրինակի համար «Հայաստան»ի փոխարէն «Արեւելեան Անատոլիայի Շրջան» կամ Քիւրտիստանի, Իրաքեան Քիւրտիստանի Ինքնավար Մարզի փոխարէն «Հարաւ արեւելեան Անատոլիայի շրջան», «Հիւսիսային Իրաքի Շրջանային Վարչութիւն» ըսելու։ Անին դիւրաւ կը վերածուի «Անը»ի կամ «Աղթամար»ը «Աքտամար»ի։ Այս անխիղճ փոփոխութիւնները կատարող մտայնութիւնը իր ըրած սխալը չ՚ընդունիր, կատարուած քննադատութիւններուն կ՚առարկէ «Չհասկցայ, երկրի մը մշակոյթի նախարարը տեղանուն մը փոխելո՞ւ ալ իրաւունք չունի» ըսելով։
Իսկ մենք Արեւմտեան Հայաստան կամ Կիլիկիա ըսելով պատմական ճշմարտութիւն մըն է որ կ՚արտայայտենք։ Թուրքիոյ պետական միտքը չէ հաշտուած այն իրողութեան թէ ֆիզիկական կամ քաղաքական քարտէսներու կողքին կայ նաեւ «պատմութեան քարտէս» սահմանումը։ Անհանդուրժողութիւնը հասաւ այն սահմանին, ուր1980-ական տարիներու զինուորական կառավարութեան օրերուն օտար տպագրութիւն պատմութեան քարտէսները կամ հանրագիտարանները արգիլուեցան պարզապէս այդ անընդունելի «Հայաստան» եւ «Քիւրտիստան» անունները իրենց էջերուն վրայ նշած ըլլալնուն պատճառաւ։
Պահու թելադրած խորհուրդները բոլորովին տարբեր են սակայն։ Երբ հայը ոտք կը դնէ Հայաստանի հողին, որ նաեւ կարելի է կոչել «տուն», «պապենական էրկիր», «սեփական հող», «կորուսեալ հայրենիք» եւ դեռ բազում եզրերով՝ այդ հողը կը թելադրէ իր խորհուրդները։
Այս անգամ շատ իւրայատուկ խումբի մը ընկերակցութեամբ կը շրջինք էրկիրը։ Միջին տարիքի այրերէ ու կիներէ բաղկացող խումբ մըն է այս։ Մեծ մասով մոսկուաբնակ հայեր են որոնց մէջ կայ նաեւ երկու ռուս։ Խումբի ղեկավարը լեռնագնաց մըն է որ բազում անգամներ մագլցած է Արարատի գագաթը։ Այդ արշաւներու միջոցաւ ունեցած է բազմաթիւ ծանօթներ այս շրջակայքի քաղաքներուն մէջ։
22 Սեպտեմբերին խումբին Իսթանպուլի օդակայան ժամանումով սկսաւ մի շաբաթանի շրջագայութիւնը։ Իսթանպուլ-Վան չուերթով հասանք Վասպուրական։ Հայրենի հողին ոտք դրած պահուն մեր բարեկամներու հոգեբանութիւնը մատնուեցաւ խիստ հայկական յուզումներու։ Իրենց համար դժուար զանազանելի եզրեր են պետութիւնը, ազգութիւնը, ժողովուրդը, մեծամասնութեան մէջ փոքրամասնութիւն ըլլալը։ «Եթէ քաղաքի բնակչութիւնը ամբողջովին քիւրտերէ կը բաղկանայ, հապա ինչո՞ւ ամէն տեղ թրքական դրօշակ կը ծածանի», կը հարցնէին։ Չէին կրնար ըմբռնել թէ քիւրտ երախաներու յաճախած դպրոցին մէջ ինչո՞ւ քրտերէն չեն ուսուցաներ։ Իսկապէս ալ հակառակ իրենց պարզութեան, դժուար պատասխանելի հարցումներ են այս բոլորը։ Կայ աւելի բարդ խնդիրներ եւս։ Մերօրեայ հայը միամտաբար կը կարծէ թէ Վանը մերն էր եւ ձեռքերնէս խլեցին։ Մինչ մենք մեր բնակած քաղաքներու իշխանութիւնը ոչ թէ հարիւր տարի, այլ դարեր առաջ կորսնցուցած ենք։ Ճիշդ է, իբրեւ հայ կ՚ապրէինք Հայաստանի մէջ, բայց մեր այդ Հայաստանը ինկած էր նախ հռոմէացիներու, ապա սելչուկեան եւ օսմանեան թուրքերու լուծին տակ։ Սակայն այս բոլորը անշուշտ որ չեն արդարացներ հայ ժողովուրդի մատնուած հայրենազրկութիւնը։ Ուրեմն հանդիպման պահէն սկսելով յաճախ մեր նոր բարեկամներուն հետ զրուցեցինք այս ու նման թեմաներով։
Բայց ինչ թեմա, ինչ զրոյց, երբ Կեւաշի նաւամատոյցէն մեկնող նաւը կը մօտենայ Աղթամարի կղզին եւ կը յստականայ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ կերպարը։ Բոլորս մատնուած ենք մեր ներքնաշխարհի խոհերուն։ Կը յիշեմ ընկերոջս՝ Սեզարին փոխանցած զգացումը։ Կարծես եկեղեցին ինծի հետ կը խօսէր –Հոս եմ, քու գալուստդ կը սպասեմ, ինչո՞ւ համար այսքան ուշացար- կը հարցնէր եկեղեցին», կը պատմէր Սեզար։ Իր ալ հիմնադիրներէն եղած «Քնար» երաժշտական խումբի Տիյարպէքիրի համերգէն ետք այցելած էին Աղթամար։ Այսօր այդ սիրելի խումբը գոյութիւն չունի եւ իր կազմէն երկու սիրելի դէմքեր ալ վերածուեցան քաղցր յիշատակի։
Այս անգամ մենք ենք որ կ՚ապրինք սիրելի Սեզարի զգացումները։ Բայց գոհունակութիւն մըն ալ կ՚ապրինք նոյն պահուն։ Հոգ չէ թէ ուշացած, բայց եկած ենք վերջապէս։ Իսկ տեղւոյն վրայ մեր հանդիպած տեղացիները, նաւավարը օրինակ, կամ պահակը, կղզիի սրճարանի մատուցողները, բոլորն ալ ընդվզում կը յայտնեն Սուրբ Խաչի տաղաւարին հոգեւորականի մը բացակայութեան համար։ «Այդ օր ահագին ժողովուրդ եկած էր, յուսալով թէ պատարագ պիտի մատուցուի, բայց պատրիարքարանը քահանայ մը իսկ չէր ուղարկած», կ՚ըսէին։ Այդ բացթողումը ես շատերուն հետ կրնամ խօսիլ բայց ոչ այլազգի սրտցաւ այս պահակին, նաւավարին կամ սրճարանի մատուցողին հետ։
Աղթամար կղզիի մեր ուխտը կատարեցինք Վանայ ծովու մէջ լողալով։
Խճողուած օրակարգը կը պարտադրէր շտապել։ Կեւաշի նաւամատոյցին դիմաց Իպրահիմի ճաշարանը Վանայ լիճի տառեխը համտեսելով ուղղուեցանք դէպի Վարագավանք։ Բաւական մագլցեցանք Վարագայ սարն ի վեր եւ հասանք մեզի համար Աղթամարի համազօր արժէք ունեցող այս պատմական եկեղեցին։ Եկեղեցական աստիճանակարգով Աղթամար եղած է կաթողիկոսական կեդրոն։ Իսկ սարի վրայ այս եկեղեցւոյ մէջ ալ գործած է հայ ժողովուրդի սիրելի հայրիկը՝ Մկրտիչ Վանեցին։ Ակամայ կը տարուինք խորհելու, մենք որ արդի եւ հանգստաւէտ ինքնաշարժով այսքան դժուարացանք վանք հասնելու, հապա ինք ինչպէ՞ս յաջողած էր տպարանի մը ահագին ծանր սարքերը հոս փոխադրել եւ հրատարակել «Արծուի Վասպուրականի» թերթը։ Վարագավանքի խոնարհած եւ անմխիթար վիճակը կը յուզէ բոլորը։ Առաջին հերթին եկեղեցւոյ գմբէթը շտապ միջամտութեան կը կարօտի ապագային, մօտ ապագային գոյանալիք ծանր վնասները կանխելու համար։ Բայց ինչպէ՞ս միջամտել ուրիշին սեփական տարածքին վրայ գտնուող շինութեան։ Տարիներ առաջ այդ հողատարածքի, հետեւաբար եկեղեցւոյ այսօրուայ տէրը՝ լրագրող Ֆաթիհ Ալթայլը յայտարարած էր թէ ինք պատրաստ է այդ տարածքը հայ ժողովուրդին վերադարձնելու, բայց չէր գիտեր թէ որո՞ւ պէտք է յանձնէ։ Սկսելով անպատասխան մնացած այդ հարցումը յստակացնելէ, պատրիարքարան, իրաւաբաններ, ճարտարապետներ, ճարտարագէտներ, պոլսահայ համայնքի հաստատութիւններ, յատկապէս խնդիրները տեսնելու եւ լուծումները ձեւաւորելու իր մեծ ունակութեամբ Հրանդ Տինք Հիմնարկ եւ տակաւին Հայաստանի Հանրապետութեան կարգ մը կառոյցներ պարտական ենք Խրիմեան Հայրիկի յուշերով լեցուն Վարագավանքին։
Յոգնութիւնը արգելք չէ որ այցելենք Վան քաղաքի պատմական բերդը, Երեւանի հիմնադիր Ուրարտացւոց Արգիշտի թագաւորի գերեզմանը, դիտենք երբեմնի հայոց թաղի՝ Այգեստանի յատակագիծը։ Ինչպէս Աղթամարի վրայ, այստեղ եւս կը հանդիպինք սփիւռքահայ խումբերու, որոնց մէջ ուրախութեամբ կը նկատենք ծանօթ դէմքեր մեր նախապէս Լիբանան կամ Յունաստան կատարած այցելութիւններէն եկող բարեկամներ։ Օրը կ՚աւարտենք Մհերի դուռը տեսնելով։ Համբարձում չէ որ մինչեւ լուսաբաց սպասենք այդ դրան դիմաց, յուսալով թէ պահ մը դուռը պիտի բացուի եւ մենք՝ այդ պահուն ականատես եղողներս, պիտի արժանանանք մեր իղձերու իրականացման։ Հետեւաբար կը նախընտրենք վերադառնալ հիւրանոց, այս տողերը մրոտելու եւ յաջորդ օր դէպի Կարս մեկնելու համար։
Յաջորդ համարով կը կիսենք Անիի աւերակներուն դիմաց մեր մատնուած յուզումները եւ աւելին։
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ