կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-05-16 11:31
Հասարակություն

Դաշնակցության կառուցողական մոտեցումը կոալիցիոն կառավարմանը

Դաշնակցության կառուցողական մոտեցումը կոալիցիոն կառավարմանը

Աղբյուրը՝ arfd.am

Հակառակ ոմանց մօտ տակաւին յամեցող շիկացած կիրքերը այս կան այն կուսակցութեան դէմ, հայրենի ժողովուրդին համար խորհրդարանական ընտրութիւնները աւարտած են։ Այս հանգրուանին ժողովուրդը իր վերջին խօսքը ըսած է։ Առանց աղմուկի եւ երբեմնի անտեղի ցուցական խանգարումներու, ընտրութիւններու մասնակից բոլոր ուժերը քաղաքական հասունացման իւրօրինակ կեցուածքով ընդունած են ժողովուրդին ընտրական վճիռը։ Այդ հիմամբ, հաստատուած է խորհրդարանական համակարգ, ուր խորհրդարանական ուժերը կը ներկայացնեն հայրենի ժողովուրդի կամքը եւ պիտի գործեն այդ կամքին համաձայն։

Հայրենի խորհրդարանը պիտի ըլլայ երկրի օրէնսդիր իշխանութիւնը։ Այլ յառաջադէմ երկիրներու խորհրդարանական դրութեան նման, Հայաստանի խորհրդարանը պիտի ըլլայ այն ձուլարանը, ուր պիտի յղկուին եւ կոփուին մեր հայրենիքի ու ժողովուրդի քաղաքական իրաւունքները ապահովող, պաշտպանական պահանջները բաւարարող եւ սոցիալ-տնտեսական կարիքներուն հոգացող օրէնքները։

Իրմէ բխող կառավարութեան ճամբով, հայրենի խորհրդարանը նաեւ պիտի գործէ իբրեւ երկրի գործադիր իշխանութիւն։ Կառավարութիւնը պիտի գործադրէ որդեգրուած օրէնքները, որոնց իրականացման կամ թերացման համար համարատու պիտի ըլլայ խորհրդարանին։

Ուստի, ժողովուրդին ու երկրին լաւօրէն ծառայելու աշխատանքին նոր սկիզբը կը հունաւորուի խորհրդարանին ընդմէջէն։ Առաջին քայլը կառավարութեան կազմութիւնն է։ Ըստ սահմանադրութեան, այդ պարտականութիւնը կը պատկանի խորհրդարանական մեծամասնութիւն ունեցող ուժին, որ ներկայիս Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութիւնն (ՀՀԿ) է։ Առանց սահմանադրութիւնը խախտելու, կարելի է մէկէ աւելի խորհրդարանական եւ նոյնիսկ արտախորհրդարանական ուժեր մաս կազմեն կառավարութեան։

Այդ հասկացողութեամբ, ՀՀԿ-ն եւ Հ. Յ.Դաշնակցութիւնը համաձայնեցան միասնաբար կազմել կոալիցիոն կառավարութիւն, որպէսզի համապարփակ կերպով առաջ տանին կառավարութեան աշխատանքները։ Ըստ ոմանց սովորութեան, որոնք հիմա կոալիցիոն կառավարութեան մասնագէտները դարձած են, կը դիմեն անտեղի եւ անհարկի մեկնաբանութիւններու։

Որպէսզի փարատին կոալիցիոն յղացքի մասին թիւրիմացութիւնները, պէտք է ի սկզբանէ հաստատել, թէ կառավարական կոալիցիայի կազմութիւնը քաղաքագիտական պարտադիր օրէնք չէ, այլ միջոց է խորհրդարանական մեծամասնութիւն ապահովելու համար։ Կոալիցիոնը ընդունուած խորհրդարանական մեխանիզմ մըն է։ Առ այդ, որեւէ ժողովրդավար երկրի պարագային գոյութիւն չունի սահմանադրական թէ ընտրական օրէնք, որ կ՚արգիլէ խորհրդարանական մեծամասնութիւն ունեցող կուսակցութեան մը այլ կուսակցութեան կամ կուսակցութիւններու հետ միատեղ կոալիցիոն կառավարութիւն կազմելու գործընթացը։

Ինչ կը վերաբերի կոալիցիոնի մաս կազմող կուսակցութիւններու սկզբունքային, ծրագրային եւ գաղափարական դիրքորոշումներու համատեղելիութեան, այդ իրողութիւնը արգելք չէ կոալիցիոն գործակցութեան։ Նման գործակցութեան օրինակները բազմաթիւ են Իսրայէլի եւ Եւրոպական զանազան երկիրներու մէջ։

Հայաստանի առաջին հանրապետութեան շրջանին մենք կոալիցիոն կառավարութեան նախընթացներ ունեցած ենք։ Օրինակ, Դաշնակցութիւնը, որ ստացած էր խորհրդարանական ընտրութեանց ժողովրդային քուէներու 89 տոկոսը եւ խորհրդարանի 80 պատգամաւորներէն 72ը կը պատկանէին իր խմբակցութեան, յաջորդական կոալիցիոն կառավարութիւններ կազմելու հետամուտ եղած է, որպէսզի կառավարութիւնը ընդլայնուած ուժերով ծառայէ երկրին։

Հետեւաբար, հիմք ունենալով ազգային ու հայրենական աշխատանքները հաւաքական ուժերով հետապնդելու իր փորձառութիւնը, Դաշնակցութիւնը կառուցողական մօտեցում եւ ընկալում կը ցուցաբերէ կոալիցիոն կառավարման դրութեան։

Կառավարութեան հիմնական պարտաւորութիւնը ժողովուրդին եւ երկրին հոգատարութիւնն է՝ խորհրդարանի որոշած օրէնսդրական տրամադրութիւններուն համաձայն։ Կոալիցիոն կառավարման դրութեան ճամբով այդ հոգատարութիւնը աւելի արդիւնաւէտ եւ բազմակողմանի կ՚ըլլայ մէկէ աւելի կուսակցութիւններու մասնակցութեամբ։

Կոալիցիոն կառավարութիւնը հանրային կարծիքի յաւելեալ շերտաւորումներ կը ներառնէ։ Ասոր շնորհիւ, միջոցներու յաւելեալ այլազանութիւն եւ աշխատանքի կիրարկման տարբեր եղանակներ ուժականութիւն կը տրամադրեն կառավարութեան որոշումներուն։

Կոալիցիոն դրութիւնը նաեւ լաւ կառավարման սատար կը հանդիսանայ, երբ մէկը աւելի կուսակցութիւններ փոխադարձաբար զիրար հակակշռելով կը յանգին երկրին ու ժողովուրդին ի սպաս ճիշդ ու արդար աշխատանքներու որդեգրման։

Կոալիցիոն կառավարման նկատմամբ Դաշնակցութեան կառուցողական մօտեցումը էականօրէն կը բխի մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին ճիշդ կերպով եւ լաւօրէն ծառայելու յանձնարարութենէն։ Այդ իսկ պատճառով Դաշնակցութիւնը միշտ նախանձախնդիր եղած է, որպէսզի կոալիցիաներու հիմքը կազմեն քաղաքական եւ գաղափարական սկզբունքները, ոչ թէ պաշտօններու շուրջ առեւտուրը։

Ասոնք են կոալիցիոնի մասնակցութեան եւ կոալիցիոն համագործակցութեան Դաշնակցութեան պայմանները եւ կառուցողական մօտեցումները։ Այս բոլորը իրենց համապատասխան բանաձեւումներով մաս կը կազմեն ՀՀԿ-ի եւ Դաշնակցութեան համագործակցութեան յուշագրին, որ կոալիցիոն կառավարման առաջնորդող ուղեցոյցը պիտի ըլլայ։

Համագործակցութեան յուշագիրը կը բովանդակէ երկու կուսակցութիւններու գաղափարական, քաղաքական եւ ընտրական փլաթֆորմերու սկզբունքներն ու գործակցութեան եղանակները։ Սակայն յուշագրի մասին՝ յաջորդիւ։

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ