կարևոր
0 դիտում, 8 տարի առաջ - 2016-07-03 11:02
Քաղաքական

Ֆրանսահայությունը իր բոլոր հոսանքներով անխտիր պիտի շարունակի իր պայքարը. ՀՅԴ Արեւմտյան Եվրոպայի կենտրոնական կոմիտե

Ֆրանսահայությունը իր բոլոր հոսանքներով անխտիր պիտի շարունակի իր պայքարը. ՀՅԴ Արեւմտյան Եվրոպայի կենտրոնական  կոմիտե

 Յուլիսի երեկոյեան նիստին, Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը միաձայնութեամբ քուէարկեց Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ առաջարկուած եւ բանաձեւուած հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի նախագիծին: Ըստ Սահմանադրութեան, այս օրինագիծը առ այդ կը յղուի Ծերակոյտին, որ իր կարգին պիտի քննարկէ եւ քուէարկէ յառաջիկայ Սեպտեմբերին:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի ուղղակի թելադրանքով ընթացած այս օրէնքի հետապնդումը երկար տարիներէ ի վեր մօտէն կը կատարուի Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդին եւ անոր մաս կազմող Հ.Յ.Դ.-ի եւ Հայ Դատի կողմէ:

Կեդրոնական Կոմիտէս կ’ողջունէ Ազգային Ժողովի այս քայլը, շնորհակալութիւն կը յայտնէ արդարութեան ջատագով անոր երեսփոխաններուն եւ կ’ակնկալէ, որ Ծերակոյտը իր կարգին կը դրսեւորէ քաղաքական միեւնոյն կամքը, հակառակ` թրքական բոլոր տեսակի ճնշումներուն : Նախագահ Հոլլանտի նախընտրական խոստումը հանդիսացող այս օրէնքին ձեռքբերմանի խնդիր ֆրանսահայութիւնը իր բոլոր հոսանքներով անխտիր պիտի շարունակէ իր պայքարը, յանուն արդարութեան վերջնական հաստատման :